Գրադարանս
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ինծի կը մնար միայն շնորհակալութիւն յայտնել եւ, աւելի՛ն, երախտապարտ մնալ: Ուրիշ ոչի՛նչ: Այդ օր երկու մանչերս, տարեդարձիս առթիւ, մեր նստասենեակի պատերէն մէկը ծածկող, ապակիէ վեց փեղկերով զարդարուած գրադարան մը գնած ու ինծի նուիրած էին: Ամբողջ օրը այսպէս պոռալով, կանչելով, բարկանալով եւ քրտնելով` երկուքը միասին աշխատած, անոր կտորները միացուցած եւ վերջապէս գրադարանը տեղաւորած էին իր ճշդուած տեղը: Հիմա կարգը...
















