Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հեռացած Ընկերներ

Յունուար 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

2014 տարին հայութեան համար մեծ կորուստներու տարի մը եղաւ: Մեզմէ յաւերժ բաժնուեցան յայտնի մտաւորականներ, կուսակցական եւ ազգային գործիչներ ու արուեստագէտներ: Յարգա՛նք իրենց յիշատակին: Որքան ալ սրտի մօտիկ եղած ըլլան, անոնց հետ մօտէն ծանօթութիւն ունենալու պատիւը չեմ ունեցած եւ այդ իսկ պատճառով սրտի խօսքս կը փոխանցեմ քանի մը բառով միայն:

Հողը թեթեւ գայ վրանիդ:

Նախորդող քանի մը տարիներուն մեզմէ յաւերժ բաժնուեցան նաեւ բաւական մեծ թիւով հայ երգիչներ ու երաժիշտներ. բոլորը անխտիր մտերիմ բարեկամներս եղած էին երկար տարիներ:

Կային, հիմա չկան:

Կարծես «ներկայ-բացակայ»-ի ստուգում մըն է, որ կը կատարեմ եւ յանկարծ յուզումով կը նկատեմ, թէ երաժիշտ ու երգիչ բարեկամներէս բանակ մը հեռացած է մեզմէ` իբրեւ յիշատակ ձգելով  իրենց երգն ու նուագը: Չկան, սակայն կը լսենք իրենց երաժշտութիւնը: Տակաւին կը լսենք իրենց ձայնը մեր տուներուն մէջ, ձայնասփիւռներէն, հարսանիքներու եւ խրախճանքներու ժամանակ: Թիւով շատ են հեռացած ընկերներս:

Կային, հիմա չկան, սակայն միշտ ներկայ են:

BSH_Alex-MenakianԱլեքս Մնակեան: Հանրածանօթ Ալեքսը, որ իր հասակին կէսին մեծութեամբ ձեռնադաշնակով հմայեց ամբողջ Միջին Արեւելքը: Ռահպանի եղբայրներուն աջ բազուկը: Երգչուհի Ֆէյրուզի նախընտրած երաժիշտը: Ամէնուն բարեկամը: Սրամիտ Ալեքսը. ընդհանուր զարգացումով մէկ հատիկ Ալեքսը: Կրնայիր իրեն հետ խօսիլ որեւէ նիւթի մասին` քաղաքականութիւն, արուեստ, մշակոյթ, գրականութիւն, հայագիտութիւն, մանաւանդ` երաժշտութիւն:

Ալեքս եղած է ոչ միայն Լիբանանի, այլ Միջին Արեւելքի լաւագոյն աքորտէոնիստը: Մխիթարեան միաբանութենէն հայր Գրիգոր վրդ. Հեպոյեան եղած է ձեռնադաշնակի իր առաջին ուսուցիչը, որ նկատելով Ալեքսին տաղանդը` քաջալերած է, որ անպայման ստանայ ձեռնադաշնակի բարձրագոյն ուսում: 18 տարեկանին Ալեքս մեկնած է Իտալիա` մասնագիտանալու, եւ երեք տարուան դասընթացքը աւարտած` մէկ տարիէն, ու վերադարձած է Լիբանան: Ղեկավարած է «Նանօր» եւ «Ծնծղայ» պատանեկան երգչախումբերը:

Իր  ամէնէն նշանաւոր եւ ամէնէն գնահատելի գործը եղած է մեր գաւառական եղանակներու պահպանումը: Կոմիտաս վարդապետին նման` ան հաւաքեց մեր բոլոր կորսուած գաւառական եղանակները, դասաւորեց, վերամշակեց, արձանագրեց եւ ձայնապնակներու վերածելով` կորուստէ փրկեց: Ալեքս մահացաւ Քանատայի մէջ, 1986-ի ապրիլին:

Սիրելի՛ Ալեքս, հիմա, որ յաւերժական հանգիստդ գտած ես քեզի այնքան սիրելի Լիբանանէն շատ հեռու, ու աճիւններդ կը հանգչին Քանատայի ցուրտ հողին մէջ, հողը թեթեւ գայ վրադ:

Սերունդէ սերունդ անունդ յաւերժ պիտի յիշուի:

BSH_Ara-kekejian-aԱրա Քեքեճեան, մանկութեան դասընկերս, կիթառի ուսուցիչս, երաժշտական գործընկերս, եղաւ Լիբանանի առաջին էսդրատային երգիչը: Այո՛, ինքն էր, որ առաջին անգամ լիբանանեան հեռատեսիլի նուագախումբերու մրցումի ժամանակ քաջութիւնը ունեցաւ մասնակցելու հայերէն երգով, ապա արձանագրեց իր առաջին հայերէն էսդրատային ձայնապնակը` «Մեղք եմ ես»: Թէեւ շատ ժողովրդականութիւն չունեցաւ, սակայն չյուսահատեցաւ: Արձանագրեց տասնեակ մը հայերէն երգեր, բոլորն ալ` իր յօրինումներէն, ապա դարձեալ եղաւ առաջինը, որ մտածեց գոհացնել մանուկները` իր շարք մը մանկական երգերով` «Շոգեկառք»-ով, «Փոքրիկ կօշկակար»-ով, «Նապաստակ»-ով ու «Իշուկ»-ով:  Արան տաղանդաւոր երաժիշտ էր: Պատանեկութեան շրջանին եղած է լաւ կիթառահար, սակայն քանի մը տարի ետք որոշեց ստանալ երաժշտական ուսում, եւ դարձաւ լաւ դաշնակահար` ուսուցիչ ունենալով տաղանդաւոր երաժիշտ Ստեփան Էմմիեանը: Անխոնջ աշխատող էր: Օրական երկար ժամեր կը տրամադրէր տիրապետելու համար դաշնակին: Եւ յաջողեցա՛ւ: Դաշնաւորումներ կատարեց կարգ մը երգիչներու, որոնցմէ կարելի է յիշել Ատիս Հարմանտեանն ու Լեւոն Գաթրճեանը:

Ես իմ երաժշտական ասպարէզս Արային կը պարտիմ: Ան եղաւ կիթառի իմ ուսուցիչս, ապա իրեն հետ նուագելով է, որ ճանչցուեցայ երաժշտական շրջանակի մէջ: Արան ընկեր-բարեկամ շատ քիչ ունեցած է, եւ երկար ժամանակ ես իր հազուագիւտ ընկերներէն եղած եմ: Լիբանան ձգելէս ետք կապերնիս կտրած էր, սակայն լսած էի, թէ կը պայքարէր մահուան դէմ, եւ ահա օր մը իր անակնկալ մահուան լուրը կը կարդամ «Ազդակ»-ի էջերէն:

Հողը թեթեւ գայ, սիրելի՛ Արա: Անունդ միշտ պիտի յիշուի երաժշտասէր հայութեան մօտ:

BSH_Vatche-YeramianՎաչէ Երամեան` բացառիկ կարողութեամբ երաժիշտը լիբանանահայ էր, սակայն տարիներէ ի վեր հաստատուած էր Հալէպ եւ իր խօսքերով` «Հպարտ էր իր Հալէպ»-ով, սակայն միշտ «մէկ ոտքը» Լիբանան էր, տրուած ըլլալով, որ այդ ժամանակներուն լաւագոյն ձայնագրութեան սթիւտիոները Պէյրութ կը գտնուէին, կու գար քանի մը օրով, կ՛արձանագրէր ու կը վերադառնար Հալէպ: Առանց բացառութեան, Հալէպի հայ երաժիշտները, որոնք բոլորն ալ որակաւոր են, Վաչէին աշակերտներն են: Վաչէ անզուգական սաքսոֆոնիստ եւ ջութակահար եղած է: Դաշնաւորումներ կատարած է տարբեր հայ երգիչներու եւ մինչեւ իսկ գերմանական կարգ մը ճազ նուագախումբերու: Վաչէ, որուն հետ մօտիկ եղած եմ, հակառակ իր տաղանդին, շատ պարզ, խոնարհ եւ ընկերային անձ մըն էր, որուն հետ «կոճկուած» չէիր խօսեր: Անոր միակ թերութիւնը եղած է ոգելից ըմպելիի հանդէպ իր ունեցած տկարութիւնը: Ան կը նուագէր Հալէպի քլապներէն մէկուն մէջ, օրական քանի մը ժամ միայն: Իր գործի աւարտին կարգով կ՛այցելէր Հալէպի մնացած քլապները, ուր իր նախկին աշակերտները կը նուագէին: Գաւաթ մը հոս, գաւաթ մը հոն, եւ արդէն բոլորովին «հասունցած»` առաւօտեան մօտ կը հասնէր տուն եւ այդ պատճառով ալ դժբախտ ամուսնութիւն մը ունեցաւ:

Մահացաւ Հալէպի մէջ, չքաւոր վիճակի մէջ:

BSH_George-TutunjianՃորճ Թիւթիւնճեան հալէպահայ էր: Երկար տարիներ երգած էր Հալէպի աննշան սրճարաններու մէջ: 1976-ին Ուրֆայի հայրենակցական միութեան հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ, յեղափոխական երգերու երգահանդէս մը ունեցաւ Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» հսկայ սրահին մէջ, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան: Այդ երգահանդէսէն ետք Ճորճ «ջուրի ճամբայ» ըրաւ Հալէպ-Պէյրութ գիծը: Քանի մը ամիսը անգամ մը Լիբանան կ՛այցելէր: Կ՛երգէր ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար երիտասարդութեան սրտին մօտիկ յեղափոխական երգեր: Բոլորը վերյիշեցին մեր աննման ֆետայիները: Ներկայ էին` Գէորգ Չաւուշը, Սերոբ Աղբիւրը, Անդրանիկը: Վերակենդանացան մեր բոլոր հերոսները: Ամէն կողմ յեղափոխական երգերն էր, որ կ՛ունկնդրէինք:

Ճորճ ունէր բարձր ու ջինջ ձայն մը եւ յեղափոխական երգերը ժողովուրդին կը ներկայացնէր առանց աղաւաղելու:

Հաստատուեցաւ Մոնրէալ, Քանատա, ուր առիթը ունեցայ հանդիպելու սիրելի Ճորճին: Հրաւիրուեցաւ Լոս Անճելըս, եւ միասնաբար երգահանդէս մը ունեցան Ճորճ եւ Գառնիկ Սարգիսեան: Պատիւը ունեցայ ընկերակցելու յեղափոխական երգերու երկու հսկաներուն: Քանի մը տարի ետք սրտի խոր կսկիծով ստացայ  իր մահուան լուրը Քանատայի մէջ:

Սիրելի՛ Ճորճ, ֆիզիքապէս մեզի հետ չես, սակայն օրական կը լսենք քու ջինջ ձայնդ: Ներկայ ես քու երգերովդ ամէն հայու սրտի մէջ:

BSH_Garo-TerzianԿարօ Թերզեան: Առանց վարանելու կրնամ ըսել` երաժշտական հանճար մը: Կարօ շատ լաւ կիթառահար էր, պէյսիստ, օրկանիստ, թմբկահար, ու երգիչ, եւ այս բոլորը` կատարեալ: Ունէր նաեւ յօրինելու ու դաշնաւորելու շնորհք: Կարօ երաժշտական ասպարէզ մուտք գործած է որպէս կիթառահար: Իր մտերիմ բարեկամներէն լսած եմ շատ հետաքրքրական դէպք մը: Կարօ կ՛այցելէ Լիբանանի երաժիշտներու գործ հայթայթող (Impresario) Արթին Պահատուրեանին գրասենեակը` հետաքրքրուելու համար, թէ Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ նուագի գործ մը ունի՞: Արթին, որ Կարոն իբրեւ կիթառահար կը ճանչնայ, կ՛ըսէ. «Իտալական խումբ մը պէտք ունի օրկանիստի մը, սակայն դժբախտաբար կիթառահար գործ չունիմ: Եթէ օրկանիստ մը կը ճանչնաս, քովս ղրկէ, երկու շաբաթէն պէտք է մեկնի»: Կարօ, որ մինչ այդ երգեհոն նուագելէ բնաւ գաղափար չունէր, երկու շաբաթ անդադար փորձ ընելէ ետք կը վերադառնայ Արթինին գրասենեակը` ըսելով, որ  «գտած է իր ուզած օրկանիստը» եւ կը սկսի նուագել Արթինի գրասենեակին մէջ գտնուող երգեհոնին վրայ` ապշեցնելով զայն: Կը մեկնի իտալացի խումբին հետ` իբրեւ օրկանիստ եւ շատ լաւ արդիւնք կու տայ: 1968-ին Փիեռ Ժետէոնի Փել-Մել երգիչներու մրցումին խլեց առաջնութիւնը: Իր յաջողութիւններու շարքը շատ երկար է, որոնց մասին անդրարարձած եմ «Յիշատակներ… Անցած օրեր» հատորիս մէջ: Հաստատուեցաւ Մոնրէալ, սակայն դժբախտ օր մը խումբ մը բարեկամներ անակնկալ ե-նամակ մը ստացանք, որ կը գուժէր Կարոյին մահը սրտի կաթուածի պատճառով:

Կարոյին մահը մեծ կորուստ մըն է հայ երաժշտասէր հասարակութեան:

BSH_Paul-BaghdadlianԻնչպէս գրեթէ բոլոր հայ երգիչները, Փոլ Պաղտատլեան (բուն անունով` Գոգօ), երաժշտական ասպարէզ նետուած է օտար երգացանկով եւ ինքզինք անուանած է Paul the Prince. Այդ շրջանին մասնաւոր յաջողութիւն չէ արձանագրած: Տարիներ ետք, երբ հայ երգը մուտք գործեց Լիբանան, ուրիշ կարգ մը երգիչներու նման, անունը հայացուց (գրեթէ), ինքզինք կոչեց Փոլ Պաղտատլեան եւ նուիրուեցաւ հայ երգին: Երկար տարիներ, Լիբանանի մէջ գործակցած եմ Փոլին հետ եւ բնականաբար` հետը բարեկամութիւն հաստատած: Ամէնէն դժուար բանն է գրել Փոլին մասին: Ընդհանրապէս երգիչ մը սիրուած է, կամ չէ սիրուած: Նոյնը չէ պարագան Փոլին: Որոշ դասակարգի մը մօտ ամէնէն սիրուած ու փնտռուած երգիչը եղած է երկար տարիներ, իսկ ուրիշ դասակարգի մօտ` ուղղակի անհանդուրժելի, եւ այդ իսկ պատճառով դժուար է դատել զինք: Իմ կարծիքովս, աւելի սիրող ունէր, քան` չսիրող: Իր երգելու ոճը, որքան ալ շատերու համար ոչ տանելի, պարտք կը զգամ ընդունելու անժխտելի իրականութիւն մը:  Երաժիշտի աչքով դիտուած` լաւ արուեստագէտ էր: Բնաւորութեամբ` ընկերային ու կատակասէր: Հրաւէրներ ստացած էր աշխարհի չորս անկիւններէն ու հայկական գաղութներէն: Արձանագրած` տասնեակներով ձայներիզներ ու խտասկաւառակներ, սակայն անողոք հիւանդութիւնը չխնայեց իր երիտասարդութիւնը եւ յուլիս ամսուն, 2011-ին, Կլենտէյլի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ աչքերը յաւիտեան փակեց` խոր սուգի մատնելով տասնեակ հազարաւոր երկրպագուներ: Յուղարկաւորութեան ներկայ էին Լոս Անճելըսի գրեթէ բոլոր հայ երգիչներն ու երաժիշտները, նաեւ` հազարաւոր հայեր, որոնք կը հիանային Փոլի արուեստին:

BSH_Sam-BalekianՍեմ Պալըքեան Փոլին մտերիմ ընկերն ու դրացին էր: Ան եղած է Լիբանանի ամէնէն նշանաւոր ու փնտռռւած թմբկահարներէն մին: Շատ երիտասարդ տարիքէն արդէն արհեստավարժ ըլլալով` գործակցած է հայ թէ օտար երգիչներու հետ: Երկար տարիներ մնայուն թմբկահարը եղած է Ատիսի եւ Մանուէլի: Սեմին ծանօթացայ, երբ առաջին անգամ սկսայ նուագել Ատիս Հարմանտեանի հետ` իր բարձունքի տարիներուն, եւ այդ օրէն լաւ բարեկամներ դարձանք ու հետագային երկար տարիներ գործակցեցանք միասին տարբեր երգիչներու հետ: Սեմ հաստատուած էր Լոս Անճելըս, ուր առիթներով միայն կը հանդիպէինք իրարու, ու օր մը յանկարծ հեռաձայն մը ստացայ իր կնոջմէն, որ կը գուժէր Սեմին անակնկալ մահը:

BSH_Gaby-Khoury-Կեպի Խուրի` «Տը տարք այզ» նուագախումբին միակ օտար անդամը, որ այնքան մօտիկ էր հայ երաժիշտներուն, հաստատուած էր Դանիա: Անողոք հիւանդութիւնը զինք ալ ընտրած էր իբրեւ որս: Այցելեց Լոս Անճելըս` վերջին անգամ տեսնելու տասնեակ մը հայ երաժիշտ բարեկամները: Զօրաւոր կամքի տէր էր ու բնաւ չընկճուեցաւ: Բժիշկները միայն քանի մը ամիս կեանք տուած էին, սակայն ան դիմացաւ 6 տարի եւ… տխուր օր մը, խումբ մը երաժիշտ բարեկամներ, ե-նամակ մը ստացանք իր կնոջմէն, որ կ՛ըսէր. «Կեպին այլեւս պիտի չչարչարուի»:

BSH_Haro-Pourian
Քինկ Արթուր
Էտի Քէվ
Էտի Քէվ

Քինկ Արթուր, բուն անունով` Յարութ Հոփուռեան, երկար տարիներ իր երգացանկին մէջ ունէր եւրոպական երգեր, յատկապէս անգլերէն, ի մասնաւորի Թոմ Ճոնզի երգերը: Տեսնելով հայերէն էսդրատային երգերու լաւ ընդունելութիւն գտնելը` հայացուց անունը` Յարօ Փուռեան եւ նուիրուեցաւ հայ երգարուեստին: Երգելու իւրայատուկ ոճ մը ունէր, երգացանկն ալ իւրայատուկ էր, ընդհանրապէս երգին բառերը առնուած էին Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն, իսկ երաժշտութիւնը` Ժագ Գոճեանինն էր, որուն դաշնաւորումով պատրաստեց 12 երգերէ բաղկացած ձայնապնակ մը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, շատ մը հայ երգիչներու նման, ինքն ալ հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս, ապա քանի մը տարի ետք` Անգլիա: Լոս Անճելըս գտնուած միջոցին առիթներով աշխատած ենք` միասին, սակայն Լոնտոն հաստատուելէն ետք` ոչ մէկ տեղեկութիւն իր մասին, ու յանկարծ օգոստոս 18, 2014-ին, «Ազդակ»-ի մէջ կը կարդամ իր անակնկալ մահուան լուրը: Հայ արուեստագէտ մը եւս յանձնուեցաւ հողին, բոլորին այնքան սիրելի Լիբանանէն հեռու:

Էտի Քէվ (Գէորգ Խաչերեան) եղաւ առաջին հայ երգիչը, որ Լիբանանի հեռատեսիլի երգիչներու մրցումին, առաջնութիւնը խլելով, կարճ ժամանակ ետք դարձաւ յայտնի անուն:

Ճեք Թամուքեան
Ճեք Թամուքեան

Մահացաւ Իտալիա, հեռու` իր ընտանիքէն, հեռու իր ընկերներէն եւ հայութենէն:

Ճեք Թամուքեան «Տը Նիուզ» նուագախումբին պէյս կիթառահարը, դարձեալ սիրելի ընկեր մը, մահացաւ Լոս Անճելըսի մէջ, երիտասարդ տարիքին, սրտի կաթուածի պատճառով:

Վարուժ Արմէնեան` «Տի արմինիըն ֆեմիլի» նուագախումբին երգիչը, մօտ ընկերս, որուն հետ տարիներ աշխատեցայ, զոհ գնաց անարգ  ոճիրի մը` Լոս Անճելըս, իր 40-րդ տարեդարձին օրը:

Վարուժ Արմէնեան
Վարուժ Արմէնեան
Վարուժ Վարդանեան
Վարուժ Վարդանեան

` «Վարուժ էնտ տէյզ» նուագախումբին երգիչը, որուն վերջին անգամ հանդիպեցայ  Լոս Անճելըսի մէջ, ապա վերադարձաւ իր քաղաքը Նիւ Ճըրզի, ու կարճ ժամանակ ետք լսեցի իր մահուան գոյժը, անողոք հիւանդութեան  պատճառով:

Սիրելի՛ հեռացած ընկերներ, այս քանի մը տողերը ընկերոջ մը կողմէ ընդունեցէք իբրեւ յարգանքի տուրք` ձեր անմար յիշատակին:

 

Կային, հիմա չկան:

Խունկ ու մոմ իրենց յիշատակին:

 

 

Լոս Անճելըս 2015

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Յունուար 1965)

Յաջորդը

Համացանցային Անդրադարձներ. Առօրեայ Մտորումներից. Անվճար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Աշխարհակարգին Ընդառաջ

Մայիս 21, 2025
Հաւաքական Յաղթանակ
Անդրադարձ

Հաւաքական Յաղթանակ

Մայիս 21, 2025
Դաշնակցութիւնը Յաղթեց
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Յաղթեց

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?