Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարաշի Հայրենակցական Միութեան Նորոգուած Տան Բացումը

Յունուար 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ 

15634221914_880fee014a_oԼիբանանահայ գաղութին մէջ Մարաշի հայրենակցական միութիւնը իր ուրոյն դերը ունի իբրեւ բարեսիրական միութիւն: Աւելի քան 80 տարիներէ ի վեր ան կը շարունակէ իր կրթանպաստ, աղքատախնամ եւ այլ հայրենասիրական գործունէութիւնը:

Լիբանանի մէջ կրնանք ըսել, որ ան եղաւ առաջին հայրենակցական միութիւններէն մէկը, որ գիտցաւ ջերմութիւն ստեղծել Կիլիկիոյ Մարաշ քաղաքէն գաղթական եկած ժողովուրդին մէջ, մասնաւորաբար իր հայրենակիցները միացնելու աշխատանքով: Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք Պուրճ Համուտի գոյութեան ստեղծման, առաջին գիծի վրայ կը տեսնենք Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը, որ օգնութեամբը հայր Պօղոս Արիսի եւ հայր Պօղոս Պզտիկեանի, կրցաւ 1928-1930-ական թուականներէն կեանքի կոչել Նոր Մարաշ թաղամասը: Շուտով հիմնեցին Հայ Առաքելական Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները, երեքն ալ` իրարու մօտիկ թաղամասերու մէջ:

Մարաշի հայրենակցական միութիւնը եղաւ նոյնպէս իր սեփական «Տունը» կառուցողը: Ան ստեղծեց Մարաշ «Սենթըր» շէնքը, «Գերմանիկ» կառոյցը` իրարու մօտիկ հողամասերու վրայ:

Միութիւնը ունեցաւ նաեւ իր մշակութային գործունէութիւնը, հրատարակեց իր գրող հայրենակիցներուն գիրքերը, օգտակար եղաւ հիւանդ եւ չքաւոր հայրենակիցներու:

16069088988_61ae0c7e00_oՎերջին տարիներուն ան չգոհացաւ իր հայրենակցական տան ներկայ վիճակով, որոշեց զայն վերածել գեղակերտ արդիական կառոյցի մը, որուն բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 11 յունուար 2015-ին: Ներկայ եղան` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան, Մանուէլ եպս. Պաթաքեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան ատենապետ Ժան Մոմճեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց միութեան գործունէութիւնը եւ նորակառոյց տան շինութեան մասին տեղեկութիւններ: Նոյն ատեն տեսերիզով ցուցադրուեցան միութեան սկզբնական տարիներէն մինչեւ օրս կատարուած աշխատանքները: Խօսք առաւ վեր. Փոլ Հայտոսթեան, որ դրուատեց Մարաշի հայրենակցական միութեան գործունէութիւնը, ազգօգուտ պարտականութիւնը եւ հպարտ զգաց, թէ ինք մարաշցիի զաւակ եղած է:

Իր հայրական խօսքը ներկայացուց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս., ան յայտնեց իր ուրախութիւնը եւ յորդորեց, որ այս տունը ըլլայ բոլոր հայրենակցական միութիւններուն հանդիպման վայրը, որպէսզի հայ ընտանիքները ապրին հայկական աւանդութիւններով, երիտասարդները առաջնորդելով դէպի ազգային կեանքի պահպանում: Ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը` կատարուած իւրայատուկ նախաձեռնութեան համար: Յիշենք նաեւ, որ Լիբանանի խռովայոյզ կեանքին մէջ նման բարեբաստիկ երեւոյթներ նոր ուժ եւ նոր հաւատք կը ներշնչեն գաղութահայ կեանքին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղեցին վարչութեան անդամներէն` միութեան գործունէութեան եւ կատարուած այս բացառիկ վերանորոգման մասին:

Նախորդը

Ակնարկ. Հայեւթուրք Երկխօսութեան Կնճիռը Ու Հասան Ճեմալի «Հանգոյցը»

Յաջորդը

Հայ Համայնքի Միջբարեսիրական Հաստատութիւններու Ժողով. Գաղութի Անտէր Եւ Կարիքաւոր Ծերունիներուն Նուիրուած Ամանորեան Եւ Ս. Ծնունդի Խրախճանք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Աշխարհակարգին Ընդառաջ

Մայիս 21, 2025
Հաւաքական Յաղթանակ
Անդրադարձ

Հաւաքական Յաղթանակ

Մայիս 21, 2025
Դաշնակցութիւնը Յաղթեց
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Յաղթեց

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?