Հայ Զինուորներու Դրութիւնը Կալիփոլիի Մէջ
Հայոց Ցեղասպանութեան դէպքերու մանրամասնութեանց հարուստ աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան: Մեծ եղեռնի 90-ամեակի օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը թերթի հարազատ ծաւալով վերահրատարակեց «Հայաստան»-ի 1915-ի հաւաքածոն: Ստորեւ կը ներկայացնենք 1915-ի թիւերէն քաղուած տեղեկութիւններու փունջ մը: * * * Հայ զինուորներու դրութիւնը Կալիփոլիի մէջ Գէլիպօլուի (Կալիփոլի «Հ») ռազմադաշտին վրայ կը գտնուին 30-40 000-ի մօտ հայ զինուորներ: Մեծ մասը անզէն` կը գործածուին...




















