Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Թրքական Երգչախումբին Հին-Նոր Երգը

February 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

20315_vahoԹուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ, խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք եւ մինչեւ իսկ վարչապետի խորհրդական Էթիեն Մահճուբեան վերջերս իրերայաջորդ կերպով հնչեցուցին տողատակի «վատ հայ-լաւ հայ»-ի կամ «ծայրայեղական հայ-չափաւորական հայ»-ի ակնարկող յայտարարութիւններ: Առայժմ քառաձայն եղող այն երգչախումբը ելոյթ կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Այդ հին յանկերգը կը հնչէ ամէն անգամ, որ Թուրքիոյ ղեկավարները անճրկին: Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ սեպ խրելու արդէն հազար անգամ փորձուած քայլը հարազատ արտացոլումն է անոնց մատնուած անել կացութեան: Անիկա յուսահատութեան ու ջղագարութեան արտայայտութիւն մըն է, եւ ոչ թէ` քաղաքականութիւն:

Ըստ վերոնշեալ երգչախումբի մենակատարներէն Առընչի, Հայոց ցեղասպանութեան «պնդումները» հայաստանցիներու եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ չեն արծարծուիր, այլ` միայն սփիւռքին», որ «Թուրքիան արատաւորելու արշաւ»-ը շարունակելու կողքին կը ջանայ իր հակակշիռին տակ առնել Հայաստանի քաղաքականութիւնը: Կը թուի, թէ Հայաստանը շրջափակումի ենթարկած Անգարան այն անտեղի եւ անհեթեթ յոյսը ունի, որ Երեւան իրեն հետ կը դաշնակցի ընդդէմ «չարիքի արմատ» հայկական սփիւռքին:

Առընչ, սակայն, այդ անհեթեթ փորձն իսկ կ՛ականահարէ, երբ նոյն հարցազրոյցին մէջ փորձ կը կատարէ սփիւռքահայութեան մտքերուն մէջ կասկածներ արթնցնելու, երբ յիշեցնելով 5 տարի առաջ ստորագրուած տխրահռչակ արձանագրութիւնները, կ՛ըսէ. «Ես մինչեւ ապրիլ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւում չեմ տեսներ: Սակայն ապագայի առումով գիտեմ, որ դրական զարգացումներ տեղի պիտի ունենան»: 29 յունուարին միաձայնութեամբ որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրը հայ ժողովուրդը պառակտելու թրքական իշխանութիւններուն այս վերջին փորձին ուժգին պատասխան մըն է:

Թուրքիոյ փոխվարչապետը նաեւ յոյս կը յայտնէ, որ տարեվերջին կամ յառաջիկայ տարիներուն մենք պիտի հասկնանք, որ բարեկամութենէն բացի Հայոց ցեղասպանութեան հարցը լուծելու ճամբայ չկայ: Եթէ ան «մենք» ըսելով կ՛ակնարկէ միայն թրքական կողմին, ապա այդ մէկը  «անցուկը մոռցուկ է» սկզբունքի կիրարկումին նկատմամբ թրքական կողմի «վարդագոյն երազ»-էն ծնունդ առնող ինքնախաբէութիւն մըն է: Սակայն եթէ նաեւ հայկական կողմին կ՛ակնարկէ, ապա թուրք ղեկավարները պէտք է հասկնան, որ այս հարցին լուծումը «բարեկամութիւն»-ը չէ, այլ` արդարութիւնը, առանց որուն այդ բարեկամութիւն կոչուածը շինծու է եւ անկեղծ չի կրնար ըլլալ: Աւելի՛ն, բարեկամութիւնը ինքնին ընդամէնը արդարութեան պտուղներէն մէկն է, անոր ծնունդը: Անիկա արդարութեան համարժէքը չէ եւ չի կրնար փոխարինել զայն:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ակնարկ. Համահայկական Հռչակագիր

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.