Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հռչակագիրը Չի Սահմանափակուիր 100-Ամեակով

February 5, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

9764_bՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 5-րդ նիստը պատմական նկատուելու բոլոր տուեալները կ՛ամբողջացնէ։ Համայն հայութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեամբ, Արցախի հանրապետութեամբ եւ սփիւռքով, իր պետական, հոգեւորական թէ ազգային-հասարակական ներկայացուցիչներով հաստատած է գուցէ ամէնէն համահայկական փաստաթուղթը, որուն շուրջ կայացած է ներազգային համաձայնութիւնը։ Այս մէկը առաջնային խորհուրդն ու յաջողութիւնն է այս կարեւորագոյն իրադարձութեան։

Փաստաթուղթի նախագիծը քննարկման առարկան դարձած է հայկական աշխարհի բոլոր ներկայացուցչական մարմիններուն կողմէ։ Ներկայացուցչական հանգամանքները այստեղ եւս պէտք է ընկալել պետական, հոգեւորական եւ հասարակական առումներով։

Այս հռչակագիրը այն փաստաթուղթն է, որ ոչ միայն իբրեւ ուղենիշ պիտի յատկանշէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով ձեռնարկուած , այլ անկէ անդին իբրեւ համահայկական ռազմավարութեան հայեցակարգ իր հիմնադրոյթներուն շուրջ պիտի յաջողի համախմբել համահայկական առաջնահերթ բնոյթի աշխատանքները։ Ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը յաճախ յղում պիտի կատարէ այս հռչակագիրին՝ իր հետագայ ռազմավարական նախագիծերը մշակելու աշխատանքներուն ընթացքին։

Համահայկական հասարակութեան ձեւաւորման ու կայացման, բայց նաեւ համահայկական նոր կառուցակարգերու յառաջացման առաջադրանքին մեկնակէտը կարելի է նկատել այս հռչակագիրը, որուն բովանդակութիւնը ամբողջականութեան եւ համակողմանիօրէն ընկալելիութեան առումով աննախադէպ է։

Հռչակագիրը սակայն, ուղերձ ունի նաեւ ցեղասպան պետութեան այսօրուան ժառանգութիւնը առանց երկմտանքի ստանձնած եւ ժխտողականութեամբ այդ քաղաքականութեան շարունակականութիւնը իրականացնող Անգարայի պետութեան, որ արդէն խորապէս անհանգիստ հայկական կողմի դրսեւորած միակամութեան դիմաց, կը շարունակէ հայութեան հատուածներուն միջեւ հակասութիւններ փնտռելու եւ խաբուսիկ գործողութիւններ կատարելու հնամաշ ոճով յատկանշուած քաղաքականութիւնը։

Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման կամ յաղթահարման միտող իրաւական փաստաթուղթերու հոլովոյթի ներկայացումը, ճանաչման, դատապարտման, հատուցման նշումները` մինչեւ Սեւր ու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռ, պահանջատիրութեան պետականացման ամրագրման յայտարարութիւններ են, որոնք հայկական կողմին հետ հաշուի նստելու պարտաւորութիւնը կը յուշեն Թուրքիոյ։

Այս հռչակագիրը պետական եւ հասարակական մօտեցումներու, ընկալումներու եւ դրսեւորումներու միջեւ հասկնալիօրէն ոճային տարբերութիւններէն վեր նպատակային նոյնութիւն եւ գաղափարախօսական համազգայնութիւն կ՛ընդգծէ, զոր շրջանցելը անկարելի է։

Միջազգային փաստաթուղթերուն կատարուած տեղին նշումները, իրաւական հարթութեան կարեւորումը, ազգային նպատակներու բանաձեւումը, ու տակաւին թուրք հասարակութեան մէջ երանգային տարբերութիւն նկատելն ու միջազգային հանրութեան ճիշդ ուղերձ փոխանցելը հռչակագիրի բովանդակութեան կ՛ապահովեն համազգային տարողութիւն։

Հռչակագիրի ընթերցման վայրը եւս զուտ արարողակարգային կամ ընթացակարգային բացատրութիւն չունի։ Խորքային իմաստ կը պարփակէ նման հռչակագիրի երկրի ղեկավարին կողմէ ընթերցումը հայկական աշխարհի ներկայացուցիչներու ներկայութեան, Ցեղասպանութիւնը եւ համազգային պահանջները խորհրդանշող Ծիծեռնակաբերդի մէջ։

Իրադարձային նշանակութիւն ունին թէ՛ փաստաթուղթի բովանդակութիւնը, թէ՛ անոր մշակման եւ հրապարակման եղանակները, թէ՛ վայրը։

Նման բովանդակութեամբ փաստաթուղթի ամրագրումէն ետք, հայութեան առաջնային խնդիրները հետապնդելու համար անյետաձգելիօրէն անհրաժեշտ են նոր կառոյցներ, ուր պիտի համախմբուի հայկական աշխարհի ներկայացուցչութիւնը։ Պետական յանձնաժողովի 4-րդ նիստին հնչած Համահայկական խորհուրդը առաջադրուած կառուցակարգի մեկնարկային քայլն է։

Հռչակագիրի ոգին կը պահանջէ համահայկական նոր կառոյցներու ձեւաւորումը։ 100-ամեակէն անդին, հաստատութենական հիմքի վրայ կայացած նոր համակարգերով։

 

 

Նախորդը

Նալբանդեան Միւնիխի Մէջ Կը Մասնակցի Անվտանգութեան Ժողովին

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզի 38-րդ Յաղթանակը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ  Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը  Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»
Գաղութային

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»

January 23, 2026
Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման  Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի  Եւ Շարք Մը Միջազգային  Ղեկավարներու Ներկայութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի Եւ Շարք Մը Միջազգային Ղեկավարներու Ներկայութեան

January 23, 2026
Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան  Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ  Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան  Երաշխիքները
Գլխաւոր լուրեր

Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան Երաշխիքները

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.