Հայ Դպրոցի Առաջնահերթ Դերի Ուղիով
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ (Փարիզեան շրջանի Լը Ռենսի քաղաքի ԴՊՐՈՑԱՍԷՐ վարժարանի մանկապարտէզի նոր շէնքի բացման հանդիսութենէն թելադրուած խօսքեր, որոնք սովորական թղթակցութիւն մը ըլլալու միտում չունին): Հոկտեմբեր 1988-ին ֆրանսերէն յօդուած մը գրած էի, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, արեւմտեան աշխարհի հայ համայնքներէն լսուելու համար: Հաւանօրէն նոյն բովանդակութեամբ յօդուածներ պէտք է գրել ովկիանոսի երկու կողմերն ալ: Եթէ մեր աչքի կապանքները հանենք, այլեւս նման յօդուածներ պիտի...




















