Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Լեզուն. Անցեալը, Ներկան Ու Ապագան»

Փետրուար 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թ. Տ.

20615_hay-lezou-(1)Թեւակոխած ենք Մեծ եղեռնի հարիւրամեակի ոգեկոչումներու տարին. քաղաքական ձեռնարկներ ու ասուլիսներ, յուշակոթողներու ու եկեղեցիներու կառուցում, հանգանակային հաւաքներ, գիտաժողովներ ու այլ ձեռնարկներու շարան մը… Անդին, մարտահրաւէրները անթիւ անհամար կը կուտակուին. սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի, սահմաններու վրայ թէ տուներէ ներս, միջազգային ատեաններու մէջ…. հայը պայքարի մէջ է. պայքար` իր Դատը պաշտպանելու, պայքար` հայրենիք պահելու, պայքար` իր տունը պաշտպանելու, պայքար` իր ինքնութիւնը պահելու, պայքա՜ր, պայքա՜ր ու պայքա՜ր… Ու այդ պայքարներէն մէկն ալ, անշուշտ, կը վերաբերի հայ լեզուին:

– Մոռցիր,- ըսաւ բարեկամ մը վերջերս,- մէկ սերունդ ալ թող անցնի եւ կը տեսնես:

Ի՞նչը մոռնալ, ինչպէ՞ս մոռնալ, ի՞նչ իրաւունքով… կը մտածեմ:

Ու մտքիս մէջ կը տողանցեն Սահեանի տողերը. «…ի՞նչ ունենք էլ աշխարհում, որ այսքան մերը լինի…»:

Ապա` «Կ՛երթամ, կ՛երթամ, լաւ, սակայն մէկ պայմանով կ՛երթամ. հոս, հիմա ինծի հետ համաձայնութիւն կը կնքէք. երբ հոն հասնինք, տան մէջ միայն հայերէն կը խօսիք»…:

Չէ՞ որ ու քոյրս համաձայնութիւն կնքած էինք հօրս հետ` Քանատա չգաղթած…

Հաւաքուած ենք Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանին մէջ. Գրասէրներու խմբակի 29-րդ հաւաքն է, օրը` կիրակի, 25 յունուար: Գրադարանը «բերնէ բերան» լեցուն է շուրջ հարիւր հաշուող մեծ ու փոքրով: Ամսուան հաւաքին նպատակը` ակնարկ մը նետել հայ լեզուի անցեալին վրայ, զրուցել ներկայ իրավիճակին ու ապագայի մասին: Ի հարկէ, նիւթ մը, որ պէտք է արծարծուի երկա՜ր, լրջօրէն, մասնագիտական մօտեցումով, եւ չմնայ միայն թերթերու մէջ կամ ակադեմական ատեաններու ետեւ, այլ մտնէ ժողովուրդին գիտակցութեան մէջ եւ անպայմանօրէն վերածուի գործնական քայլերու:

20615_hay-lezou-(3)Գրասէրներու խմբակի հաւաքներուն շարքը կը կազմակերպէ «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբը: Ընդհանրապէս հայ գրողի կամ գրողներու մասին են նիւթերը. Սակայն այսօր,- կը բացատրէ օրուան հանդիսավար Թամար Տօնապետեանը, գրողներու մասին չէ, որ պիտի խօսինք. այսօր պիտի խօսինք, մեր մշակոյթի սիւն` հայ լեզուին մասին: Եւ ինչպէ՞ս կը յուսադրուինք, որ մենք տակաւին տէրն ենք մեր լեզուին, երբ լեզուն չհնչէ մեր փոքրիկներուն շուրթերէն»: Հանդիսավարը կը հրաւիրէ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանէն շնորհալի աշակերտներ` Տեսիլ Սաղտճեանն ու Թերեզա Մարտիրոսեանը եւ անգամ մը եւս կը հնչեն Մուշեղ Իշխանի ոսկի տողերը` «Հայ լեզուն տունն է հայուն, աշխարհի չորս ծագերուն….»: Կը յաջորդէ Մուշեղ Գարագաշեան. ան մեզ կը տանի դէպի հայ լեզուի ակունքները, կազմաւորումը, գրաբարի ու աշխարհաբարի երթը, ու այսպէս բարձրէն թեւածելով` կը հասնինք դէպի մերօրեայ իրականութիւնը: Տօնապետեան կ՛անդրադառնայ 2010-ին, (ԵՈՒՆԵՍՔՕ)-ի կողմէ հռչակուած` արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու շարքին հաստատման. բաւ է մեր շուրջը դիտենք, անմիջապէս պիտի հետեւցնենք թէ հայ լեզուն, մանաւանդ` արեւմտահայերէնը, նահանջի մէջ է: Ան կը հրաւիրէ ներկաները, որ արտայայտուին եւ իրենց կարծիքը յայտնեն. կ՛արծարծուին հետեւեալ միտքերը.

20615_hay-lezou-(2)– Ծնողները մեծ դեր ունին. ծնողները տան մէջ հայերէն պէտք է խօսին:

– Մթնոլորտ պէտք է ստեղծել, որպէսզի հայերէն լեզուն գործածենք:

–  Հայերէնով պատկերազարդ գիրքեր քիչ կան եւ սուղ են` անգլերէն դասագիրքերուն համեմատ:

–  Հայերէնը ապագային նիւթական բարօրութիւն ապահովելու չի նպաստեր:

– Հայ ուսուցիչներուն գործը շատ դժուար է. պարտականութիւն երբ տրուի, ծնողները կը գանգատին, որ շատ է տրուածը. սակայն եթէ համեմատենք անգլերէնով պարտականութիւններուն, հայերէնի մէջ տրուած տնային պարտականութիւնը շատ աւելի նուազ է իրականութեան մէջ:

– Մենք նիւթական չունինք. եթէ ունենանք, մեր գիրքերն ալ աւելի մատչելի կ’ըլլան, խաղեր կը հնարենք, հեռատեսիլէն շատ աւելի երկար ժամեր կրնանք ապահովել եւ հայերէնը այս ձեւով տարածել:

– Արդեօք գրաւորն ու բերանացին իրարմէ անջատ կարելի՞ է դիտել. ի՞նչ է համեմատութիւնը այսօր սփիւռքի մէջ խօսակցականին եւ գրաւորին. գիտե՞նք, որ

– Հիւսիսային Ամերիկայի շատ մը քաղաքներուն մէջ եկեղեցական պատարագը նոյնիսկ անգլերէնով կ՛ըլլայ. ալ ի՞նչ կը սպասենք ժողովուրդէն:

– Երբ վտանգուած լեզու կ՛ըսենք, պէտք է կեդրոնանալ արեւմտահայերէնին վրայ… չկարծենք, թէ արեւելահայերէնը վտանգուած է,  Հայաստանի մէջ ամէն մարդ հայերէն կը խօսի:

– Ազգային արժանապատուութեան հարց է. ծնողները պէտք է զգան ատիկա:

– Օտար ամուսնութիւնները մեծ հարց են,  դպրոցներուն մէջ զգալի է այս երեւոյթը. օտար ծնողը երբ կու գայ զաւակը տուն տանելու, արդէն անգլերէնի կը դառնայ երեխան:

– Օտար բառերը նկատելիօրէն մուտք գործած են մեր լեզուին մէջ, զգալի է երեւոյթի Հայաստանի մէջ ալ:

– Հայերէնի դասապահերը սահմանափակ են. դպրոցները ստիպուած են հետեւիլ պետական ծրագիրներու…

– Հայկական դպրոց յաճախող աշակերտներուն թիւը համեմատաբար շատ քիչ է:

– Դիւրինին կը վազեն. այսօրուան իրականութեան մէջ ինչ որ աւելի դիւրին է եւ արագ է, ատիկա կը նախընտրէ ժողովուրդը:

20615_hay-lezou-(4)Եւ այլն… Ճշմարտութիւն կայ այս խօսքերուն մէջ, սակայն կէտեր ալ կան, որոնց մասին հարկ է մտածել. արդեօ՞ք արեւելահայերէնը վտանգուած չէ. ընդունելի՞ են նման նախադասութիւններ երեւելի լրատուական միջոցներու կողմէ. «Աշխարհահռչակ հայազգի շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրը հոսփիթալացուել է ինֆեկցիայի պատճառով»: Տակաւին չենք խօսիր ուղղագրութեան մասին. այդ ալ այլ մեծ հարց: Նիւթական չկա՞յ. այո՛, կը զգանք, որ երբ կարգը գայ մշակոյթ պահելու, նիւթականը հարց կը դառնայ… սակայն արդեօ՞ք նիւթականն է բուն հարցը, թէ՞ լեզուի կարեւորութեան գիտակցութեան պակասը, առաջնահերթութիւններու խախտումը` մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ: Օտար ամուսնութիւններ… այո՛, մեր հարցերէն մէկն է ասիկա. գրասէրներու խմբակներու անդամներէն Արփի Ագըլեան, որուն մայրը հայ չէ, կ՛արտայայտուի. «Անձէն կախում ունի. իմ մայրս հայերէն սորված է, հայերէն կը խօսի. մենք հայկական դպրոց կ’երթանք. հայերէն կը խօսինք, կը կարդանք, կը գրենք, եւ ես հայերէնով ներկայացումներ կ’ընեմ. եթէ մայրս չզգար կարեւորութիւնը հայ լեզուին, ես ալ հաւանաբար հայերէն չխօսէի»:

Ընդունինք, որ Արփին բացառութիւն է. ընդունինք նաեւ, որ գրասէրներու խմբակի անդամ Տարօն Հալաճեանը, որ հայկական ամէնօրեայ վարժարան չէ յաճախած, սակայն հայ լեզուն իրեն համար առաջնահերթ է, ինք ալ բացառութիւններէն մէկն է:

Էջը դարձնենք, նայինք դէպի ապագայ: Ռուբէն Ճանպազեան կ՛արտայայտուի.

– Մեր լեզուն, մեր ինքնութիւնը կրնանք ապահովել հայրենիքով. առանց հայրենիքին հետ առնչուելու` լեզուն արտասահմանի մէջ կ՛անհետանայ ի վերջոյ:

Անդին, Թուրքիայէն Քանատա գաղթած, «Բաց դռներդ ես եկայ» գիրքի հեղինակ Յակոբ Արսլանեան կրքոտ կ՛արտայայտուի.

– Ինծի հայերէն սորվեցուցէք. հոս կու գամ, դաս տուէք ինծի, ես կ՛ուզեմ հայերէն սորվիլ:

Ի հարկէ, սեղմ ժամանակի մէջ այսպիսի լայնածաւալ եւ խորունկ նիւթ մը կարելի պիտի չըլլար ըստ արժանւոյն արծարծել. առ այդ, Գրական յանձնախումբը պիտի շարունակէ հայ  լեզուի ապագային մասին զրոյցը` յաջորդին: Կը գիտակցինք, թէ հարկ է նաեւ հաւաքներէ անդին անցնիլ եւ ուսումնասիրուած մօտեցումով, գիտական մակարդակի վրայ ընդհանուր ռազմավարութիւն մշակել: Կան շօշափելի քայլեր` Համազգայինի առաջնորդութեամբ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին առաջնորդութեամբ, եւ այլ… սակայն կը պակսի ընդհանուր ռազմավարութիւն:

 Թորոնթօ, Քանատա

Նախորդը

Ֆեթհիէ Չեթին. «Այո՛, Թուրքիոյ Պատմութիւնը Ամօթալի Դէպքերով, Անպատիժ Յանցանքներով Ու Մութ Ոճիրներով Լի Է»

Յաջորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. As The Poppies Bloomed (Հեղինակ` Մարալ Պոյաճեան)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Հինգերորդ Շարասիւնը Եւ Ամբողջատիրական Դրսեւորումները

Մարտ 20, 2023
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Անդրադարձ. Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքներ Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

Մարտ 20, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակ-ին Առիթով

Մարտ 18, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In