Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոբելինական Երեկոյ Մը` Նուիրուած Ազգային Հերոս Զօրավար Անդրանիկի 150-Ամեակին

Փետրուար 4, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

13015_KHOSNAGԿազմակերպութեամբ  Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի մշակութային մարմինին, Ահրամճեան կեդրոնին մէջ, ուրբաթ 30  յունուար 2015-ին` երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ յոբելենական երեկոյ մը` նուիրուած ազգային հերոս` զօրավար Անդրանիկի 150-ամեակին:

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ -ի քայլերգներով: Բացման խօսքը  ՀԲԸՄ-ի  մշակոյթային մարմինի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին անունով փոխանցեց Օհան Պոտրումեան: Ան ողջունելով ներկաները նշեց. «Հաւաքուած ենք միասնաբար նշելու հայ ժողովուրդի ազատութեան փրկիչ ու կեանքի գոյամարտին անպարտելի հերոս Անդրանիկի ծննդեան 150-ամեակը»:Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստան հրեղէն բառին, որմէ ծնունդ առին հերոսներ, որոնցմէ էր Շապին Գարահիսարի ծնունդ արծիւը` Անդրանիկ Օզանեան:

Ապա ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Արփի Գարամանլեան ասմունքեց «Անդրանիկին», իսկ Անի Մաջուլեան երգեց «Ծիծեռնակ» եւ «Կիլիկիա» երգերը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Նանոր Մաճարեանի: Ապա դաշնամուրի վրայ Յովիկ Փոլաճեան նուագեց Առնօ Պապաճանեանէն կտոր մը:

Արփի Աւետիքեան ընթերցեց Կարօ Պասթրմաճեանի վկայութիւններէն` Անդրանիկի հեռատեսութեան մասին:

Ապա Մարալ Առնէլեան ու Վազգէն Մուղալեան ընթերցեցին Աւետիս Ահարոնեանի «Շէֆը», ուր Ա. Ահարոնեան մանրամասնօրէն անդրադարձած է զօր. Անդրանիկի առանձնայատկութիւններուն. «Անդրանիկ աչք ունի, ան տեսնող է. այստեղ էր նրա մեծութիւնը»:

Օրուան բանախօսին` Էտուարտ Գրիգորեանի կենսագրականը ներկայացուց Նոէլի Ազնաւուրեան: Ապա հրաւիրեց զայն`փոխանցելու օրուան պատգամը:

Էտուարտ Գրիգորեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ հերոսին կեանքին ու անոր զանազան քաջագործութիւններուն: Ան շեշտեց. «Ան այն հերոսն էր, որ ժողովուրդին ռազմական առաքինութիւնն ու անպարտելի ոգին բարձունքներու հասցուց: Ան փոքրաթիւ զինուած զօրախումբերով կրցած է դիմադրել թշնամին»:

Փակման խօսքը փոխանցեց Համբիկ Մարտիրոսեան: Մէջբերելով «Ամբոխները խելագարուած» գիրքէն` շեշտեց. «Այսօրուայ հայը. անցեալի հայը չէ, որովհետեւ ունի հզօր հայրենիք ու հզօր բանակ»: Ան նաեւ օրուան բանախօսին յուշանուէր մը յանձնեց իրենց առաջարկին ընդառաջելուն համար:

Յոբելինական երեկոն փակուեցաւ «Տուն իմ հայրենի», «Մայր ծնողի» եւ «Անդրանիկի» երգերով` Նժդեհ Պոտրումեանի կատարողութեամբ:

 

 

Նախորդը

«Բարերար Երկրաշարժ» Յունաստանի Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանահայ Հոգեւոր, Քաղաքական Եւ Միութենական Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?