«ՀՈՐԻԶՈՆ»
Ստորեւ կը ներկայացնենք յունուար 16-ին Պոլսահայ մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ կայացած` Հրանդ Տինքի մահուան ոգեկոչման հանդիսութեան ընթացքին Տինքի դատի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթինի թրքերէն լեզուով ելոյթին հայերէն թարգմանութիւնը:
Մեծ մայրս մօտաւորապէս եօթանասուն տարեկան էր, երբ իրմէ սորվեցայ, թէ ինք ինը տարեկան փոքր աղջիկ մը ըլլալով` ականատես եղած էր 1915-ի եղեռնին, վկայ եղած էր դէպի մահ անձայն քալող խումբերուն` զգալով անոնց առանձնութիւնն ու յուզումը:
Ատեն մը վերջ մօտեցայ իրեն, որպէսզի նոթագրեմ իր պատմած դէպքերը ու յիշած անունները: Իր ապրած վայրագութիւններուն վրայէն վաթսուն տարիներ անցած էին, բայց մեծ մայրս (մօրս մայրը) շատ լաւ կը յիշէր իր գիւղի տունը, մեծ ծնողքը, բոլոր ազգականները, զարմիկները, նոյնիսկ գիւղապետը` իրենց ճշգրիտ անուններով: Այդքան լռութեան ու մոռացութեան դատապարտուելով հանդերձ, ընտանիքին ապրածները տակաւին իր մտքէն չէր ելած, անցեալը կարծես թէ վաթսուն տարիէ ի վեր տեւաբար ապրած էր, որպէսզի մոռացումի չենթարկուի:
Երբ այս պատմութիւնը սկսայ փոխանցել իմ մտերիմներուս, նկատեցի, թէ բոլորն ալ Հայոց ցեղասպանութեան մասին որոշ գաղափարներ ու պատմելիքներ ունէին:
Մեծ մօրս պատմութիւնը թէեւ կը յիշեցնէր իր նման իսլամացած կիներու եւ մանուկներու կեանքը, բայց նաեւ ունէր տարբեր բացատրութիւններ:
Օրինակ` մէկ ընկերս պատմեց, թէ իրենց մէկ սենեակի պատին գաղտնի մէկ մասին մէջ գտեր են տուփ մը արծաթ կոճակ: Մեծ հայրը ըսեր է, թէ այդ կոճակները եւ նաեւ դրացի բոլոր շէնքերը հայերուն կը պատկանին եղեր, եւ անոնք վայրագօրէն սպաննուած էին ու իրենց ինչքերը` թալանի տրուած: Ուրիշ մէկ բարեկամս փոխանցեց ախոռի մը մէջ պահուած դաշնակի մը պատմութիւնը: Այսպէս, ո՛ր տարիքին որ ըլլան, ապրուած տաժանելի դէպքերը, հակառակ անցնող տարիներու կատարուած ճնշումներուն, չեն մոռցուիր:
Պատմութիւնը լի է անցեալի յոռի դէպքերը մոռացութեան մատնելու ճիգերով: Միթէ կարելի՞ է մոռնալ:
Այս նոյն պատմութեան մէջ է, որ կը տեսնենք թէ Փելեփոնէզի պատերազմները մոռացութեան ենթարկելու համար օրէնք մը հանուած է: Նաեւ հռովմայեցի Կիկերոն, Կեսարի սպանութենէն ետք ծերակոյտին մէջ ըսած է. «Ոճիրին մասին բոլոր յուշերը պէտք է յաւերժական մոռացումի ենթարկել»:
Թրքական պաշտօնական պատմութեան դիրքորոշումին համաձայն ալ կ՛ուզուի 1915-ը յաւիտենապէս մտքերէն սրբել: Շեւքեթ Սիւրէյեա Այտեմիր, որ Աթաթիւրքի կենսագրութիւնը գրած է, այսպէս կ՛ըսէ. «Թուրք-հայ կռիւն ու հաշուեյարդարը, այնպէս կը խորհիմ, թէ մարդկային պատմութեան այն էջերէն է, որ մոռնալը լաւագոյնն է: Արդեօք ասոր պատասխանատուն ո՞ր կողմն էր, որո՞նք էին: Կը խորհիմ, թէ այս հարցումներուն պատասխանները չփնտռելն ու դէպքերը յաւերժապէս մոռնալը աւելի ճիշդ է»:
Բայց, հակառակ մոռացումի ամբողջ քաղաքականութեան, յիշելու արգելքներուն ու օրէնքներուն` այդ տեւական մոռացումը չէ իրականացած: Սթեֆան Ցվայկի խօսքերով` «Երբ խիղճը կը յիշէ, ոչ մէկ յանցանք կարելի է մոռնալ»:
Մարդ ապրածն ու սորվածը միշտ կը յիշէ: Երկար լռութենէ մը ետք կը սկսի մոռցուածները յիշել: Այսպէսով որեւէ մղումով մը մոռացում-յիշողութիւն տրամաբանութիւնը կը սկսի գործել ու մոռցուած կարծեցեալ դէպքերը յիշողութեան խորութիւններէն դուրս գալով` առօրեայ կեանքի մաս կը կազմեն:
Յաւիտենական մոռացումի քաղաքականութիւնը պատմութեան տուժողներու, զոհերու եւ նաեւ գործադրողներու եւ վկաներու կողմէ ալ կարելի չէ: Վնասուողները քանի արդարութիւն պահանջեն, մոռացութեան թեզը կը սկսի ճաթռտիլ եւ հակառակ բոլոր կարկտաններուն` անխուսափելին կը պատահի, եւ իրականութիւնը ի յայտ կու գայ: Որովհետեւ, ըստ Նիցչէի մարդս մոռնալ չէ սորված, անկէ որքան ալ արագ հեռանայ, շղթան ալ իրեն հետ կը տանի:
Միւս կողմէ, պետութիւնը, որ անցեալը յիշելը արգիլած է, միեւնոյն ժամանակ անցեալի բոլոր տեղեկութիւնները կղպուած պահարաններու մէջ պահելով` փոքրամասնութիւններու, սուրի մնացորդներու եւ օտարներ որակուողներու դէմ առօրեայ միջոցառումներ կը կիրարկէ: Այսինքն, երբ մէկ կողմէ կը ջանայ անցեալը մոռնալ, միւս կողմէն ալ տարբեր ըլլալը կը յիշեցնէ ու, այսպիսով, զանազան միջոցներով այդ զգացումը վառ կը պահէ:
Օրինակ` մօրեղբայրս, որուն մայրը իսլամացած հայուհի մըն է, զինուորական դպրոց չէ ընդունուած: Վետատ Թիւրքայի կ՛ըսէ, թէ ինք որպէսզի այդ դպրոցը կարենայ արձանագրուիլ, եօթը պորտով թուրք ըլլալը փաստել ստիպուած է: Յիշենք, որ հանրապետութենէն առաջուան կալուածաթուղթերու եւ անձնագիրներու արձանագրութիւնները կը պահուին գաղտնի պահարաններու մէջ:
Վերջին ժամանակներուն վկայ եղանք զանազան անձերու կողմէ պատմուած ու գրի առնուած յիշատակներու հրապարակումին, նաեւ` վաւերագրական ժապաւէններու, բանախօսութիւններու, որոնց բովանդակութեան քննարկումին իբրեւ հետեւանք` պետութիւնը իր յիշողութեան մենաշնորհը կորսնցուցած է:
Բայց հարիւրամեայ ժխտումի, խեղաթիւրումի ու թշնամական քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք` յառաջ եկած է վախնալու հոգեբանութիւն մը, որ անհատներու արգելք կը հանդիսանայ անկողմնակալ արժեւորում կատարելու:
Պետութիւնը այս նիւթերը թուանշաններու եւ տեսակէտներու պատերազմի մը վերածելով` դար մըն է ժողովուրդը մարդկային զգացումներէ հեռացուցած ու ջանացած է հակահայ մթնոլորտ մը ստեղծել:
2014-ին պետութիւնը ըսաւ, թէ պատմութեան բոլոր ցաւերը հաւասարապէս պէտք է յիշել: Այսպիսով, Հայոց ցեղասպանութիւնը արհամարհել փորձեց: Այս քաղաքականութիւնը տուժող զանգուածին մեծ վնաս կը պատճառէ: Երկխօսութիւններու հասկացողութիւնը պէտք է դրսեւորէ աւելի տարբեր ու ազդու յիշողութեան կերպեր:
Ամէնուրեք յիշողութիւնները սկսան վերակենդանանալ, որովհետեւ յանցանքը բոլորին աչքերուն առջեւ գործուած էր: Հետքերը ոչնչացումի ու մոռացումի ենթարկելու ջանքերը ապարդիւն կը մնան, քանի որ տեղացին կոտորածներուն ու յիշատակներուն շատ մօտիկը կ’ապրի:Մեր ապրած տեղերու անունները ու անոնց բուն արմատները, մեր մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն պատմածները, վերապրածներ, դրացիներ, մեր ճաշերը, ընտանեկան անցեալը, բոլորն ալ մեզ կը մղեն դէպի նոր պատմութեան մը հետ առերեսուելու:
Որովհետեւ անցնող ժամանակը բեռը չի վերցներ, ընդհակառա՛կը, կը ծանրացնէ ու նոր հոգեր մէջտեղ կը բերէ: Մեր խիղճերը մաքրուելու եւ մեր հոգիները դարմանուելու պէտք ունին: Յիշել ու իրականութեան հետ հաշտուիլ թուրք հաւաքականութեան համար անխուսափելի է:
Գաղտնապահութիւն, լռութիւն, մոռացում եւ ժխտում` յանցագործի մը առաջին ինքնապաշտպանութիւնն են: Որովհետեւ ինք թէ՛ տուժողին եւ թէ՛ ականատեսին լռութիւնը կը փափաքի, իրականութիւնն ու արդարութիւնը զինք մահուան չափ կը խրտչեցնեն: Յանցագործը իր բոլոր գործունէութիւնը կը լարէ իրականութիւնը սքողելու համար. այնպէս որ, յիշողութիւնը պետութեան թշնամին կը համարուի:
Քունտերա ըսած է. «Կառավարութեան դէմ պայքարիլը կը նմանի յիշողութեան ընդդէմ մոռացում կռիւին»:
Այլեւս նետը կապարճին մէջ չի սեղմուիր, յիշողութիւնը իր պայքարը կը շարունակէ ընդդէմ մոռացութեան:
Իմ ապրած հողերուն վրայ այս դիմադրութեան կարեւորագոյն անձնաւորութիւնը Հրանդ Տինքն է:
Արդարեւ, ան իր ունեցած դիրքով ու կեցուածքով տեւականօրէն կը յիշեցնէր այն, որ ի գին ամէն բանի բնաւ չէին ուզեր յիշել, առերեսուիլ կամ ալ միշտ մոռցնել կը ջանային:
Որովհետեւ Հրանդ չբաւականանալով իրենց անցեալը յիշեցնելով` ընկերներուն, բարեկամներուն, իր բոլոր մօտիկ շրջապատին, ընթերցողներուն այնպէս մը կը պատմէր, որ բոլորն ալ իրեն կը հաւատային:Հրանդ Տինքը սպաննեցին, որովհետեւ ան պետութեան մտավախութեան եւ դրած սահմանագիծներու եւ թապուներուն հատման կէտին վրայ տեղ գրաւած էր: Սպաննուեցաւ, որովհետեւ ան ամէն տեսակ ճմշումի դէմ էր եւ իր ապրած երկրին մէջ ժողովրդավարութեան անսակարկ հաստատման համար մեծ ջանք կը թափէր: Հայու մը հրապարակ նետուիլն ու արդարութիւն, ճշմարտութիւն եւ ժողովրդավարութիւն աղաղակելը անընդունելի էր:
Իրենց համար անդիմադրելի այս շարժումը ջանացին կասեցնել Հրանդի սպանութեամբ:
Երբ զգացին, թէ աշխարհը համոզելու ջանքերը ապարդիւն կը մնան, «Ցեղասպանութեան անհեթեթ պնդումներու դէմ պայքար» անուան տակ Հրանդին դէմ ճակատ բացին, իրենց բարկութիւնը յայտնեցին զայն թշնամւոյն դէմ բարոյական պատերազմի մը թիրախը դարձնելով: Այս օրերը ընդհանրապէս Եւրոմիութեան հովերու փչած շրջանն էր: Արեւմուտքին դէմ պայքարելու պատրուակով անգոյ վտանգ մը յերիւրեցին եւ միսիոնարութեան դէմ շարժման անցան: Այսպիսով, Հրանդին միջոցով երեւակայական թշնամիներ հալածել սկսան:
Քաղաքական գետնի վրայ իշխանութիւնը ձեռքէ չփախցնելու եւ ընդդիմադիրները լռեցնելու արարքներու համար միշտ Հրանդ Տինքը շահագործեցին: Իրենց բախումները սաստկացած այդ շրջանին ամէնէն կարեւորն էին մօտալուտ նախագահական ընտրութիւնները: Բոլոր այս խնդիրները կերպով մը Հրանդին վրայէն ձեւեցին:
Քաղաքական այս անզիջելի կռիւներուն հատման կէտին վրայ Հրանդ ինքնաբերաբար թիրախ դարձած էր պարզապէս պատմութեան մէջ արմատ նետած ու հետզհետէ սաստկացած հայատեացութեան պատճառով:
Երբ նիւթը հայու մը կեանքն էր, այս թշնամանքին ու հայերու դէմ գոյացած նախապաշարումին իբրեւ հետեւանք` նոյնիսկ ընդդիմութիւն եւ իշխանութիւն համակարծիք էին: Այս պատճառով է, որ Հրանդին կեանքը պաշտպանելի չէր նկատուած, ու այսպիսով, իրարու աչք փորողներ միացած էին իբրեւ հայու թշնամիներ:
Ոճիրէն ետք կատարուած հարցաքննութեանց ու դատավարութեան ընթացքին բուն յանցաւոր պետութեան ու իր պաշտօնեաներուն անձեռնմխելի մնալը այս հայատեացութեան իր դրոշմը դրաւ: Ութ տարի անցաւ, եւ տակաւին Հրանդի սպանութիւնը իբրեւ կռուախնձոր կը գործածուի երկու կողմերու միջեւ:
Հաւաքականութեան մը մէջ, ուր յիշողութիւն չկայ, անարդարութիւնն ու մոլեգնութիւնը սովորական կը նկատուին: Մինչդեռ ասոր դրդապատճառը եւ բանալին պահուած է նախ Հայոց ցեղասպանութեան եւ ապա զայն մեժող պետութեան կառոյցին մէջ: Հրանդ Տինքին սպանութիւնը այս համայնապատկերը բոլոր կողմերով ու ճիշդ գագաթէն դիտող ոճիր մըն է:
«Առանց ականատեսի չարչարանք չ՛ըլլար», կ՛ըսեն: Ինչպէս աշխարհի տարբեր տեղեր, այս հողերուն վրայ ալ բռնակալներ միշտ դիտող ամբոխէն ուժ առին, իրենց մեղքը քաւուեցաւ ժողովուրդին կողմէ, չդատապարտուեցան, անպարտ արձակուեցան:
Մուրատ Պելկէ այսպէս գրած էր. «Երբ հաւաքականութիւն մը առանց միջամտելու միայն անցած դարձածը կը դիտէ, կերպով մը այդ յանցանքին մասնակից կ՛ըլլայ: Մնաց որ կեանքը չ՛արտօներ, որ առանց մասնակցելու դիտես»:
Հարիւր տարի առաջ այս հողերուն վրայ գործուած մեծ յանցանքն ալ ունեցաւ ականատեսներ եւ աւելի ուշ իրենք ալ դարձան մեղսակիցներ: Ի վերջոյ ալ վատերուն գործած յանցանքները հանրութեան մօտ ուր որ է սովորական եւ ընդունելի նկատուեցաւ, այսինքն վաւերական դարձան: Ուրեմն վաւերացեալ մեղսակցութիւն մը ունինք, եւ յանցագործը ասով է, որ կը սնանի:
Հրանդ Տինքի սպանութեան ամենամօտիկ ականատեսներէն մին եմ ես: Ոճիրին նախապատրաստման շրջանին իրեն հետ էի եւ վկայութիւնս անձամբ ապրած եմ:
Իմ վկայութիւնս, ոճիրին մասին գիտցածներս, տեսածներս եւ զգացածներս դատական իշխանութիւններուն յանձնեցի եւ տակաւին ալ կը շարունակեմ այդ գործը: Բայց իմ ջանքերս հսկայ դատական փաստաթուղթերուն մէջ հազիւ լուսանցքային նոթեր մնացին, չքննուեցան, յիշուած անձերը չհարցաքննուեցան անգամ:
Այս երկրին պատմութիւնը կը պարունակէ յանցագործները չդատապարտող, ոճիրները մոռացութեան տուող եւ ոճրագործները անյայտ մնացող դէպքեր:
Սպանութենէն առաջ Հրանդին փաստաբանն էի, այժմ իր ընտանիքին փաստաբանն եմ: Ոճիրը կազմակերպող ու իրականացնող ուժը երեւան հանելու ուղղութեամբ դատախազներու իրաւասութիւնները չունիմ: Չունիմ նաեւ ինծի գաղտնի տեղեկութիւններ հայթայթող աղբիւրներ: Միայն իմ պնդումներս յառաջ կը քշեմ` իմ վկայութիւններուս դատական թղթածրարներուն վրայ հիմնուելով:
Այո՛, մեր պատմութիւնը ամօթալի դէպքերով, անպատիժ մնացած յանցանքներով ու մութ ոճիրներով լի է: Մենք այս ամօթը անցեալէն ժառանգեցինք, բայց պարտաւոր ենք յաջորդ սերունդներուն չփոխանցել:
Ամօթին հաշիւը հարցնելու եւ մեր յաջորդներուն առանց ամօթի մաքուր ապագայ մը ձօնելու նպատակով ձեր առջեւ դարձեալ կրկնել կ՛ուզեմ.- «Խօսքս խօսք է, Հրա՛նդ: Պիտի շարունակեմ իրականութիւնն ու արդարութիւնը պահանջել, որքան որ ուժերս ու կեանքս թոյլատրեն»: