Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայկական Ու Արտաքին Աշխարհին Հասցէագրուած Փաստաթուղթ Մը

February 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

20315_vaho29 յունուարին, Հայոց ցեղասպանութեան 100¬ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100¬ամեակի Համահայկական հռչակագիրը, որ պատշաճ քայլով մը հրապարակուեցաւ նոյն օրը` նշեալ յանձնախումբին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութեան ընթացքին: Ստորեւ` այդ փաստաթուղթին վերաբերեալ նախնական նկատումներ:

Նախ եւ առաջ հռչակագիրը համահայկական ու պատմական փաստաթուղթ մըն է, իսկ երկրորդ` անիկա թէ՛ ներքին սպառման համար է, թէ՛ ալ արտաքին. ահա թէ ինչու անոր մայր օրինակը պահ դրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան¬հիմնարկին մէջ եւ անկէ օրինակ մըն ալ փոխանցուեցաւ ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղարին: Հռչակագիրէն բնականաբար կը բացակային շօշափելի, գործնական ու անմիջական քայլերը: Փաստաթուղթին բնագիրը ցոյց կու տայ, որ այդ մէկը ոչ միայն խաղաքարտերը թշնամիին առջեւ չբանալու այլապէս ճիշդ մարտավարութեան մը արդիւնքն է, այլ նաեւ կու գայ ընդգծելու անոր բովանդակած շարք մը կէտերը, որոնք կը շեշտեն պահանջատիրութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին շարունակելիութիւնը, ինչ որ կարեւոր քայլ մըն է վնասազերծելու 100-ամեակին առիթով յառաջացած անտեղի սպասումներու եւ ակնկալութեանց փուչիկն ու անոր պայթումէն յառաջանալիք  բարոյահոգեբանական հետեւանքներու վտանգը: Հռչակագիրը «կը վերահաստատէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը` շարունակելու միջազգային պայքարը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնման եւ պատմական արդարութեան հաստատման համար», «Կ՛արտայայտէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի միասնական կամքը` Հայոց ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու եւ ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ, ինչի համար կը մշակէ իրաւական պահանջներու թղթածրար` նկատելով զայն անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքներու եւ օրինական շահերու վերականգնման հոլովոյթի սկիզբ», «Հայոց ցեղասպանութեան 100¬ամեակը կը դիտարկէ իբրեւ կարեւոր հանգրուան պատմական արդարութեան համար մղուող պայքարը «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսով շարունակելու հոլովոյթին մէջ», ինչպէս նաեւ «հայորդիներու գալիք սերունդներուն» կոչ կ՛ուղղէ` այլ կէտերու շարքին ծառայելու «համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակներու իրականացման»:

Փաստաթուղթը զգացական զեղում մը չէ, այլ` քաղաքական փաստաթուղթ մը, որ հիմնաւորուած է միջազգային օրէնքի սկզբունքներով, ինչ որ բնական է` նկատի ունենալով, որ մուտք կը գործենք մեր պահանջատիրութիւնը իրաւական դաշտ փոխադրելու հանգրուան: Ուշադրութեան արժանի է «Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի» ձեւակերպումը. փաստաթուղթը պետական է, որովհետեւ որդեգրուած է պետական յանձնաժողովի մը կողմէ եւ անոր հրապարակումը անձամբ կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը. այլ խօսքով` փաստաթուղթը յանձնառութեան տակ կը դնէ նաեւ Հայաստանի պետութիւնը:

Հռչակագիրին 8-րդ եւ 9-րդ կէտերը, որոնց մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կոչ կ՛ուղղուի ճանչնալու եւ դատապարտելու «Օսմանեան կայսրութեան կողմէ» գործուած ցեղասպանութիւնը եւ յոյս կը յայտնուի, որ այդ «ճանաչումը եւ դատապարտումը կարեւոր կէտ կը դառնան հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական հաշտեցման հոլովոյթին համար», կը բացառեն պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ մը յառաջացնելու անհրաժեշտութիւնը: Այստեղ կը խօսուի «հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական հաշտեցման հոլովոյթին» մասին, այլ խօսքով` անուղղակի կերպով կը նշուի, թէ ցեղասպանութեան ճանաչումը նախապայման մը չէ Հայաստան¬Թուրքիա պետական յարաբերութեանց բնականոնացման համար, սակայն պէտք է նշել, որ նշեալ հրամայականին բացակայութեան իբրեւ հետեւանք, այդ «բնականոնացումը» պիտի շարունակէ մնալ թերի ու խոցելի: Իսկ թէ միաձայնութեամբ որդեգրուած այս փաստաթուղթը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստան¬Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման վիճելի արձանագրութիւններուն վաւերացման հոլովոյթին վրայ` սպասենք ու տեսնենք:

Նախորդը

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Թեմակալ Առաջնորդներու Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Չի Բացառեր ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Համար Իրաք Ցամաքային Զօրք Ուղարկելը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.