Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Ֆայատիէի Կռիւները Սկիզբ` Քաղաքական Պատերազմի Երկրորդ Հանգրուանին

Փետրուար 4, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

2415_Kamal_Jumblatt
Քամալ Ժոմպլաթ

Սուրիական ուժերու Լիբանան մուտքէն եւ պատերազմի դադրեցումէն ետք, 1976-ի աշնան, երկիրը թեւակոխեց համեմատական հանդարտութեան ժամանակաշրջան մը:

16 մարտ 1977-ին, Պէյրութէն Մուխթարա ճամբուն վրայ, Շուֆի մէջ, Տէյր Տուրիթի եւ Պաաքլինի միջեւ, զօրաւոր դարձուածքներու վրայ ահաբեկուեցաւ ընկերվարական յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Քամալ Ժոմպլաթ:

Քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրէն իսկ Ժոմպլաթ միացած էր ձախակողմեան ճակատին եւ հրապարակ նետած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բարեկարգութեանց հանգրուանային ծրագիրը: Իր կուսակցութեան միլիսները կը գտնուէին պաղեստինեան եւ յառաջդիմական զինեալներուն գլուխը` կռիւի դիրքերուն վրայ: Իր ճիգերուն շնորհիւ էր, որ կարեւոր թիւով քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող Շուֆը եղած էր պատերազմէն ամէնէն քիչ վնասուող շրջանը: Սուրիոյ հետ անոր սերտ յարաբերութիւնները պատերազմի ընթացքին պաղած էին եւ խզուած եւ ինք եղած էր գլխաւոր ընդդիմացողը սուրիական զօրքերուն Լիբանան մուտքին:

Քամալ Ժոմպլաթի թաղման արարողութենէն ետք, զաւակը` Ուալիտ, յատուկ արարողութեան մը ընթացքին հագաւ հօր ապայէն, որ կը խորհրդանշէր թէ այնուհետեւ ինքն է գերդաստանին պետը:

Նշենք, որ Ժոմպլաթները (բուն հնչումով` ճան պուլաթ. ճան կը նշանակէ հոգի, պուլաթ` պողպատ), պատմական տարեգրութեանց համաձայն, Էյուպեաններէն եւ կամ Օմայեատ  եւ Աբասեան խալիֆաներէն սերած են, քրտական ուժեղ իշխանութիւն հիմնած են եւ օսմանեան պետութեան դէմ Ալի փաշա Ժոմպլաթի ապստամբութեան ժամանակ, 1607-ին Լիբանան հաստատուած եւ տիւրզի դաւանանքը ընդունած են:

* * *

Գահիրէի համաձայնագիրի գործադրութեան առաջին փուլը սկսաւ 1977-ի յուլիսի վերջաւորութեան, պաղեստինեան գաղթակայաններուն շուրջ արաբական զսպիչ ուժերու հաստատումով:

Արաբական զսպիչ ուժերու փոխադրութիւնը եւ նախապէս ճշդուած դիրքերու վրայ հաստատումը անցաւ խաղաղօրէն: Զինեալները քաշուեցան փողոցներէն եւ ծանր զէնքերը հանուեցան գաղթակայաններէն: Որոշուեցաւ բոլոր ծանր զէնքերը հաւաքել յատուկ մթերանոցներու մէջ: Գաղթակայաններուն մէջ պիտի մնային միայն քիչ թիւով թեթեւ զէնքեր, անհրաժեշտութեան պարագային միայն ներքին անկարգութիւնները զսպելու համար: Արաբական զսպիչ ուժերու կողքին, լիբանանեան ոստիկանական ուժեր եւս դիրքեր գրաւեցին գաղթակայաններուն շուրջ:

Սեպտեմբերի սկիզբը, Արաբական Լիկայի որոշումով, արաբական զսպիչ ուժերուն Լիբանան կեցութիւնը երկարաձգուեցաւ վեց ամիսով:

9 նոյեմբեր 1977-ին իսրայէլեան օդուժը եւ հրետանին սաստկօրէն ռմբակոծեցին Սուրի շրջակայ գիւղերն ու աւանները: Ռմբակոծումներու շրջագիծը կ՛ընդգրկէր շուրջ քսան գիւղ եւ աւան: Ազզիէ գիւղը հիմնայատակ քանդուեցաւ: Ինկան հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ: Ռմբակոծումները շարունակուեցան յաջորդող օրերուն: Սուրի շրջակայ պաղեստինեան Ռաշիտէի գաղթակայանը ծանր վնասներու ենթարկուեցաւ:

Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթ նոյեմբեր 19-ին Երուսաղէմ մեկնեցաւ եւ ուղղակի բանակցութեան մէջ մտաւ իսրայէլացի ղեկավարներուն հետ: Խաղաղութեան կոչով մը, Սատաթ իսրայէլացիներուն հրամցուց արաբական աշխարհի ճանաչումը, փոխան գրաւուած հողերու պարպումին եւ պաղեստինեան պետութեան մը ստեղծումին:

* * *

 

Պեշիր Ժըմայէլ փաղանգաւոր միլիսներու հետ
Պեշիր Ժըմայէլ փաղանգաւոր միլիսներու հետ

Ֆայատիէի նորագիրներու զօրանոցին առջեւ, երեքշաբթի, 7 փետրուար 1978-ին բախումներ ծայր առին բանակային տարրերու եւ արաբական զսպիչ ուժերու միաւորի մը միջեւ:

Հինգշաբթի, փետրուար 9-ին, բախումները սաստկացան արեւելեան շրջաններուն մէջ: Ռումբերու, թնդանօթներու, ծանր եւ թեթեւ գնդացիրներու, հակաօդային հրթիռներու եւ Էր. Փէ. Ժէ.-ներու որոտումը ահ ու սարսափի մատնեց քաղաքացիները: Ծանր ռմբակոծումներէն ամէնէն աւելի ազդուեցան Այն Ռըմմանէն եւ Էշրեֆիէն:

Ֆայատիէի մէջ կռիւները կը շարունակուէին բուռն թափով: Լիբանանեան բանակին պատկանող 52 զինուորներ կը մնային զօրանոցին մէջ, որոնց մեծ մասը վնասուած ու այրած էր: Իսկ վիրաւորուած ութ զինուորներ ալ Կարմիր խաչի հիւանդատար ինքնաշարժներով կարելի եղած էր հիւանդանոց փոխադրել:

Այն Ռըմմանէի մէջ հարիւրէ աւելի հրթիռներ ինկան եւ մարդկային ու նիւթական մեծ կորուստներ արձանագրուեցան: Ահ ու դողի մատնուած բնակչութիւնը շէնքերու գետնի տակի ապաստանարանները իջաւ:

«Հաուատէս» շաբաթաթերթին կեդրոնական շէնքը եւս վնասուեցաւ, մինչ դէպի Շիահ գացող ճամբուն վրայ զինուորական ինքնաշարժ մը ածխացաւ եւ քանի մը զինուորներ զոհուեցան: Արձակազէններ գործի անցան Այն Ռըմմանէ-Շիահ բոլորակին եւ Թայունէի մուտքին վրայ:

Կալըրի Սըմաանի շրջանին մէջ ծանր բախումներ արձանագրուեցան: Միւս կողմէ, Պաապտա գացող բոլոր ճամբաները փակուեցան, իսկ պատկերասփիւռի շէնքը մեկուսացուեցաւ:

Ալէյ-Պէյրութ միջազգային ճամբան փակուեցաւ, իսկ Ժամհուրի եւ Լուէյզիի մէջ եւս բնակչութիւնը ապաստանարան իջաւ:

Յիսուսեան եղբայրներու Ժամհուրի Մոն Քոլէժ վարժարանին աշակերտներուն մէ կ մասը քանի մը օր բանտարկուած մնաց վարժարանէն ներս եւ կարելի չեղաւ ձեւ մը գտնել զանոնք տուն հասցնելու համար:

Էշրեֆիէի մէջ ռումբերուն հետ հասնող կորսուած փամփուշտները աւերներ գործեցին, ոմանք նոյնիսկ իրենց տուներուն մէջ նստած պահուն սպաննուեցան կամ վիրաւորուեցան, մինչ հիւանդատար կառքերու եռուզեռը դադար չունեցաւ:

Խորհրդարանի փոխ նախագահ Միշէլ Սասին, Դամասկոսէն վերադարձին, երբ իր բնակարանը հասած էր, անծանօթ ուղղութենէն եկած փամփուշտով մը ոտքէն վիրաւորուեցաւ եւ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ:

Աքքաուիի եւ Ժըմմէյզէի մէջ զօրաւոր պայթումներ ծայր առին, եւ բաց փուռերուն առջեւ շարք բռնողները փախուստ տուին:

Սին էլ Ֆիլի եւ Տըքուանէի շրջանները եւս ռմբակոծուեցան, մինչ ամէն կողմէ հրացանաձգութիւն կը լսուէր: Պուրճ Համուտ եւս ամայացաւ:

Հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին, քանի մը ժամուան համեմատական հանդարտութենէ ետք, ուրբաթ, փետրուար 10-ի առաւօտուն բախումները վերսկսան: Կալըրի Սըմաանի ճակատը ամէնէն լարուածն էր, ուրկէ փաղանգաւորներ եւ ազատականներ սուրիական ուժերուն կողմէ վայրկեանէ վայրկեան յարձակում մը կը նախատեսէին եւ արտակարգ պատրաստութեան մէջ էին: Ընդհատ պայթումները ահ ու սարսափի մատնած էին շրջանի բնակիչները: Մինչ Էշրեֆիէի մէջ, բարձր շէնքերու վրայ թաքնուած արձակազէնները կը շարունակէին աւեր գործել:

Արեւելան Պէյրութի եւ արուարձաններու կարգ մը թաղերու մէջ անպատասխանատու տարրեր հրապարակ իջան եւ գողութեան ու կողոպուտի ձեռնարկեցին: Այդ օր բազմաթիւ ինքնաշարժներ գողցուեցան:

Կէսօրուան մօտ բախումները սաստկացան մէկ կողմէ փաղանգաւորերուն եւ ազատականներուն եւ միւս կողմէ սուրիական զօրքերուն միջեւ: Այն Ռըմմանէ` Կալըրի Սըմաան-Թահուիթա շրջանին մէջ գօտեմարտեր մղուեցան, մինչ Էշրեֆիէ սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ:

Քանի մը օրուան ծանր բախումները խլեցին հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ: Տագնապը հարթելու եւ ազգային համերաշխութիւն կայացնելու առաջադրանքով լիբանանեան եւ սուրիական կողմերուն մասնակցութեամբ կազմուեցաւ դատական խառն մարմին մը, «արտակարգ պայմաններու մէջ պատահած անցողակի բախումներու» պատասխանատուները դատելու համար:

Նախագահ Հաֆէզ Ասատ յայտարարեց, որ «Սուրիա վճռած է Լիբանանը պաշտպանել անոր սպառնացող բոլոր վտանգներուն դէմ», իսկ նախագահ Իլիաս Սարգիս ըսաւ, որ «բծախնդիր ենք թէ՛ բանակին եւ թէ արաբական զսպիչ ուժերու վարկին»:

Ֆայատիէի եւ յարակից բախումներուն գծով խառն ատեանը հարցաքննեց շարք մը սպաներ: Միւս կողմէ, Պէյրութ-Դամասկոս միջազգային ճամբան, որ փետրուար 8-ին փակուած էր, վերաբացուեցաւ փետրուար 24-ին:

Արեւելեան Պէյրութի ռմբակոծումները 1978 փետրուարին
Արեւելեան Պէյրութի ռմբակոծումները 1978 փետրուարին

Հակառակ համեմատական հանդարտութեան, Լարուածութիւնը հետզհետէ կը շեշտուէր մէկ կողմէ սուրիական զօրքերուն եւ միւս կողմէ լիբանանեան ճակատին միջեւ: Զինեալ միլիսներ, որոնք աւելի քան տարիէ մը ի վեր քաշուած էին, կրկին հրապարակի վրայ էին, իսկ ակումբներուն մէջ պահակութեան ամէնօրեայ դրութիւնը վերահաստատուած էր:

«Ազդակ» օրին, 27 եւ 28 փետրուար եւ 1 եւ 2 մարտ 1978-ին, «Լիբանանեան դասեր» խորագրեալ չորս խմբագրականներով կ՛անդրադառնայ տագնապին:

«Ջայլամի քաղաքականութեան էջը վերջնական փակուած է Լիբանանի համար, որ իրաւունք չունի սեփական գլուխը աւազի մէջ պահելու եւ անհոգութեամբ ինքնախաբէութեան երթալու,  մտածելով, որ անդորրութիւնը կը բաւէ, որպէսզի հարցերը ինքնաբերաբար լուծում գտնեն», կը գրէր «Ազդակ», նշելով, որ տագնապներ ու բախումներ ներողամտութեամբ փակելու եւ հաշտուելու լիբանանեան իւրայատուկ ոճը օգտագործելի ազդակ մըն է կայուն խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ:

«Ֆայատիէի բախումները դիտմամբ թէ ակամայ սեղանի վրայ բերին սուրիական  նախաձեռնութեան խնդիրը», կը շեշտէր «Ազդակ», մեկնաբանելով որ սուրիական միջամտութիւնը կատարուեցաւ լիբանանեան աղէտի այն հանգրուանին, երբ քաղաքական ու զինուորական ահաւոր բաց մը ստեղծուած էր լիբանանեան բեմին վրայ: Պետութիւնը փուլ եկած էր, իսկ հայրենիքը` կրպակներու վերածուած միջարաբական թէ միջազգային պայքարներու հաշուոյն: Լիբանանեան ընտանիքի մէկ թեւը հասած էր ամբողջական կործանումի սեմին, երբ Դամասկոս ոչ պատասխանեց ուժի քաղաքականութեան: Սուրիական միջամտութիւնը եկաւ լիբանանեան կորսուած հաւասարակշռութիւնը վերահաստատելու:

Մըր եւ Ռըզք աշտարակներէն արեւելեան Պէյրութի ռմբակոծումը
Մըր եւ Ռըզք աշտարակներէն արեւելեան Պէյրութի ռմբակոծումը

«Լիբանանցիներու մեծամասնութեան համոզումով ազգային համերաշխութենէն դուրս չիք փրկութիւն հայրենիքին համար: … Եթէ կեանքի բնական ընթացքը իրարու կը մօտեցնէ իսլամն ու քրիստոնեան, աջն ու ձախը, եւ երբ լիբանանցին համակեցութենէն դուրս փնտռուող տագնապներու մէջ փաստօրէն չի կրնար շնչել ու ապրիլ, ոչ մէկ կողմ կրնայ երկարաշունչ յաջողութեան մասին մտածել` այնքան ատեն որ իր քայլերը չեն ներշնչուիր ժողովրդային ու ապրող իրականութենէն», կը շեշտէր «Ազդակ»:

Հայ համայնքի միասնական կեցուածքին անդրադառնալով «Ազդակ» կ՛եզրափակէր որ հայութիւնը մերժեց պատերազմիկի իմաստով կողմ ըլլալ. կը մերժէ, որովհետեւ զինեալ ու հակամարտ կողմերու ներկայութիւնը ինքնին հերքումն է Լիբանանի գոյութեան կոչումին: Լիբանան չի կրնար ապրիլ այլամերժութեամբ. մանաւանդ չի կրնար թոյլատրել, որ լիբանանեան պետութեան մէջ պետութիւններ ապրին. կամ տարբեր արժէքներու համադրումին եւ միաձուլումին կը ձգտի այս հայրենիքը, եւ կամ ալ կը կորսնցնէ գոյատեւելու իր իրաւունքը:

* * *

Շաբաթ, 11 մարտ 1978-ի երեկոյեան պաղեստինցի Տէյր Եասին միաւորէն 211 ֆետայիներ ձգախէժէ մակոյկներով Հայֆայէն շուրջ 25 քիլօմեթր հարաւ ցամաք ելան եւ մինչեւ միջազգային ճամբան ոտքով կտրելէ ետք գրաւեցին Մերսետես մը եւ ուղղուեցան դէպի Թէլ Աւիւ: Կարճ ատեն մը ետք ֆետայիները նշմարեցին օթոպիւս մը, զոր կանգնեցնելով բարձրացան հոն, սարսափի մատնելով երեսնեակ մը ճամբորդները: Այդ օթոպիւսէն, ֆետայիները մերթ ընդ մերթ կրակ բացին հակառակ ուղղութեամբ ընթացող ինքնաշարժներուն վրայ: Օթոպիւսին երեսնեակ մը պատանդներուն թիւը անբաւարար համարելով, ֆետայիները գրաւեցին ուրիշ օթոպիւս մը, ուր կը գտնուէին շուրջ 60 հոգի եւ իրենց պատանդներուն հետ հոն բարձրանալով շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Թէլ Աւիւ:

Սակայն, ահաբեկչական գործողութեան մը լուրը արդէն հասած էր իսրայէլեան ոստիկանական մարմիններուն, որոնք արագօրէն անցարգելներ հաստատեցին ճամբուն վրայ: Առաջին երկու անցարգելներուն տարրերը փախուստ տուին սուրացող օթոպիւսին եւ ֆետայիներուն ուժեղ կրակին առջեւէն, բայց երրորդ անցարգելէն տարրեր կրակ բացին օթոպիւսին անիւներուն վրայ ու պայթեցուցին` զայն զրկելով յառաջանալու ամէն կարելիութենէ: Ֆետայիները ցրուեցան մերձակայ աւազուտքին վրայ եւ սկսաւ իսկական ճակատամարտ մը:

Շուրջ 90 պատանդները մնացին երկու կրակի մէջ ու անոնցմէ միայն շատ փոքր թիւ մը յաջողեցաւ ինքզինք ազատել, մինչեւ որ օթոպիւսը կրակ առաւ եւ պայթեցաւ, խլելով բազմատասնեակ զոհեր: Ֆետայիներէն ոմանք սպաննուեցան, ոմանք ալ վիրաւորուեցան, իսկ օթոպիւսի պայթումին ստեղծած շփոթին մէջ, միւսները յաջողեցան խոյս տալ եւ կորսնցնել իրենց հետքը:

Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը անմիջապէս շատ խիստ շղթայի տակ առաւ Թէլ Աւիւի, Երուսաղէմի եւ այլ քաղաքներու եւ աւաններու մուտքերը, հսկողութեան տակ առաւ պանդոկներն ու զբօսաշրջիկային վայրերը` պատանդներ բռնելու նոր գործողութիւններ կանխելու համար, իսկ մեծ թիւով բանակայիններ ձեռնարկեցին մանրակրկիտ փնտռտուքի` իրենք զիրենք փրկած ֆետայիները ձերբակալելու համար:

Ահաբեկչական այս գործողութեան  իբրեւ հակադարձութիւն, քանի մը օր ետք, չորեքշաբթի, 15 մարտ 1978-ին իսրայէլեան ցամաքային, օդային եւ ծովային 25 հազար զինուորներ ներխուժեցին հարաւային Լիբանան:

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Փետրուար 1965)

Յաջորդը

Ազգային Պետոիթիւնը Համաշխարհայնացման Պարունակում ( Բ. Մաս )

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?