Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սկաուտական Խորհուրդներու Սեմինար

Փետրուար 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150127-WA0016Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին, կիրակի, 25 յունուար 2015-ին Ճիւնիի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ սկաուտական խորհուրդներու սեմինար: Այս նախաձեռնութեան, որուն նպատակն էր սկաուտական խորհուրդներու վերաորակաւորումը, մասնակցեցան ՀՄԸՄ Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ժըտէյտի, Ռաուտայի, Պաուշրիէի, Անթիլիասի եւ Այնճարի սկաուտական խորհուրդներու անդամները, վարչութիւններու ներկայացուցիչները, միաւորի եւ մասնաճիւղի խմբապետները եւ շրջանային խմբապետները:

Բացման խօսքը արտասանեց Ալին Քէչէպաշեան, որ նախ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը Գիւմրիի մէջ սպանդի զոհ գացած Աւետիսեան ընտանիքի անդամներուն հոգիներուն: Ահա ան յիշեցուց, որ գտնուելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին մեծ ու ծանր աշխատանքներու դէմ յանդիման կը գտնուինք, ուստի պէտք է ձեռք ձեռքի տալ, համագործակցիլ եւ միասնաբար արժանավայել կերպով իրականացնել նախատեսուած ծրագիրները:

Շրջանային վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան ներկայացուց առաջին նիւթը` «Ժողովական կեանք եւ արխիւային աշխատանքներ»` շեշտելով, որ սկաուտական խորհուրդները իրենց կարեւոր դերը ունին սկաուտական կեանքին մէջ, ուստի պէտք է լաւապէս գիտակցին իրենց պաշտօնին եւ լաւագոյնս կատարեն զայն:

Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Ժանօ Քէչէճեան սեմինարին մասնակիցները տեղեակ պահեց ծրագիրներուն եւ տարուելիք աշխատանքներուն` հաստատելով, որ սակուտական խորհուրդները պէտք է հետամուտ ըլլան անոնց հետապնդման:

Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան խօսեցաւ սկաուտական խորհուրդներու պարտականութեան, պարտաւորութեան եւ իրաւասութեան, ինչպէս նաեւ փոխյարաբերութեան եւ գործակցութեան մասին:

Անկէ ետք տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, քննարկում եւ զրոյց:

Յայտագիրը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ»-ով:

Նախորդը

Գայլիկ Արծուիկ Եւ Մոկլի Ճիւղերու Վերաբերող Գործնական Սեմինար

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?