Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գիրքերու Հետ. As The Poppies Bloomed (Հեղինակ` Մարալ Պոյաճեան)

Փետրուար 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

IMG_1275Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան սեմին` 2014-ի վերջերուն, հայ երիտասարդուհի մը` Մարալ Պոյաճեան-Յարութիւնեան լոյս ընծայեց ուշագրաւ վէպ մը` «As the Poppies Bloomed». գլխաւոր խորագիրին վերեւ դրուած է նաեւ «բացատրական» խորագիր մը, որ կ՛ըսէ, թէ` «սիրոյ վէպ մըն է սարսափի օրերէն»:

Անգլերէնով լոյս տեսած վէպը կը տարածուի 282 էջերու վրայ, ունի 49 գլուխ եւ մէկ վերջաբան, որ մաս կը կազմէ վէպին: Հատորը նուիրուած է հեղինակին հօր` Գրիգոր Յարութիւնեանի թոռներուն, սակայն նաեւ կարելի է զայն հասցէագրուած նկատել բոլոր հայ երիտասարդներուն (ոչ միայն հայերու), որոնք կը հանդիսանան Ցեղասպանութեան զոհ գացած սերունդի ժառանգորդները, անոնց, որոնք կոչուած են իմանալու հայութեան հասած ահաւոր պատուհասին մանրամասնութիւնները, թափանցելու անոր ծալքերուն եւ յայտարարելու, թէ տէրն են նահատակներու կտակին: Հեղինակը շնորհակալութեան էջ մըն ալ ունի հատորին խմբագրումին ու լոյս ընծայման օժանդակողներուն:

Այս տողերը չեն արձանագրուիր հատորին ընթերցումը խնայելու մօտեցումով, այլ` հակիրճ կերպով արձագանգելու անոր բովանդակութեան, ոգիին եւ ողջունելու նման հրատարակութիւններ, որոնք 100-ամեակին առիթով նպաստ կը բերեն հայուն թէ օտարին յիշողութեան մէջ վերականգնելու դաժան օրերու յիշատակները, վերակենդանացնելու դար մը ու աւելի առաջ հայութեան ապրած կեանքի լաւ ու տխուր օրերը, որոնք օր մը ընդհատուեցան, աղճատումի ենթարկուեցան ու մնացին աղեկէզ յիշատակ` երանաբաղձութեան ալիքներ ստեղծելով յաջորդող տասնամեակներուն:

IMG_1277Մարալ Պոյաճեան իր վէպին համար միջավայր ընտրած է Սասունն ու մասնաւորաբար անոր Սալոր գիւղը, մերթ տարածուելով մինչեւ Վան ու մօտակայ գիւղեր: Ժամանակը` Ցեղասպանութեան նախօրեակն է, 1913-էն սկսեալ, հասնելու նոյնինքն հայութեան նահատակութեան` 1915, մերթ վերադարձ կատարելով մինչեւ 1890-ական տարիներու ջարդերու շրջանը: Հեղինակը կ՛ըսէ, որ պատմութիւնը երեւակայական է, հերոսները` նմանապէս, սակայն դէպքերն ու տիպարները իրական են, այնքան` որքան իրական էին Սասունի հերոսական ժողովուրդը, անոր ինքնապաշտպանութեան մարտերը, նահատակութիւնն ու փոքրաթիւ վերապրողներուն հետագայ ոդիսականը:

Ինքնատիպ ոճով ու զարգացումով կ՛ընթանայ վէպը: Կը բացուի հարսանեկան օրերու նկարագրականով ու անոր կողքին` քողարկուած սիրոյ դրուագով մը, որ տակաւ պիտի զարգանայ ու ապրեցնէ հայկական գիւղը` իր աւանդութիւններով, նիստ ու կացով, ընտանեկան մթնոլորտով, հայկական աւանդութիւններով ու տոհմիկ սովորութիւններով: Մ. Պոյաճեան երախտաշատ ուսումնասիրութիւններ կատարած է յիշեալ ժամանակաշրջանի հայութեան առօրեային մասին` վէպի էջերուն վերակենդանացնելով ծնողք-զաւակ, հարազատներու, միջգիւղացիական յարաբերութեանց նկարագիրը, ընդհանրապէս վեր առնելով դրական ու հմայիչ իրականութիւններ: Գլխաւոր հերոսները բազմաթիւ են, թէեւ վէպը առաւելաբար կը թաւալի Անիի ու Տարօնի միջեւ գաղտնի սիրոյ պատմութեան շուրջ, սէր մը, որ սկզբնապէս արգիլեալ է ֆետայական կեանքին կապուած գաղտնապահութեան մը պատճառով, սակայն ի վերջոյ գաղտնիքը պիտի բացուի եւ պիտի հասցնէ լաւ աւարտի մը: Միւս հերոսներն են Անիին ու Տարօնին քոյր-եղբայրները, ծնողները, ընտանեկան հարազատները, մէկ խօսքով` հայկական փոքր գիւղի մը բնակիչները, որոնք հարազատ են իրարու եւ կ՛ապրին հայկականութեամբ ողողուած միջավայրի մը մէջ, առանց անտեսելու գիւղացիին նախապաշարումները, հաւատալիքներն ու… Մարութայ սարին կապուածութիւնը:

Իրերայաջորդ գլուխները իրարու զօդուած, ուղղակի զիրար շարունակող դրուագներ չեն անպայման, այլ զանոնք կարելի է դիտել ժապաւէնի մը դիպաշարին հետեւողականութեան ակնոցով, դրուագ մը յաջորդէն կրնայ բաժնուիլ փոքր ժամանակով կամ աշխարհագրական տարածութեամբ, սակայն բոլորը կը կազմեն զիրար լրացնող ամբողջութիւն մը: Ընթերցողը կ՛ապրի Վարդանեան ընտանիքի երկու դուստրերուն ամուսնութեան մթնոլորտը` գիւղական կեանքի բոլոր մանրամասնութիւններով ու արկածախնդրական երեսներով: Կեդրոնական այս զարգացման բնականաբար կ՛ընկերանան ինքնապաշտպանական դէպքեր, լեռները քաշուած ֆետայիներու պայմանները, որոնք հանգրուանաբար կը խլեն կեանքեր ու կը յանգին Սպանդին:

Վերջաբանով, հեղինակը հսկայ ոստում մը կը կատարէ դէպի 1970-ական տարիները, երբ հերոսական միջավայրէն միակ վերապրող հերոսը` Լոս Անճելըս հասած Տարօնը, հայրենի գիւղին մէջ կինը, նորածին զաւակն ու բոլոր հարազատները կորսնցնելէ ու սփիւռքի դառնութիւնները ճաշակելէ ետք, թանկարժէք ժառանգ մը պիտի թողու վերամուսնութենէն ծնած թոռնուհիին` անոր պսակադրութեան օրն իսկ…

Ինչպէս նշեցինք, հեղինակը ի սկզբանէ կ՛ըսէ, թէ վէպը երեւակայական է, հերոսները նմանակներն են Ցեղասպանութեան նախընթաց օրերու իրական մարդոց, որոնք իր մեծ հօր սերնդակիցներն են: Ի դէպ, Սասունին ֆիզիքապէս ծանօթանալու եւ անով հաղորդուելու համար ան քանի մը տարի առաջ այցելած է պատմական Հայաստանի Սասնոյ բարձունքները

Հատորին գլուխներուն լայնքին ու երկայնքին ճամբորդելէ ետք, ընթերցողը ի վերջոյ կ՛անդրադառնայ, թէ Մարալ Պոյաճեան ճիշդ ի՛նչ ըսել ուզած է «երեւակայական վէպ» բառերով: Իսկապէս ալ, ապրող տիպարներու նմանողութեամբ կերտուած հերոսները եւ անոնց ապրած միջավայրը, իրականութիւններու արտացոլացումը ըլլալով հանդերձ, ստեղծուած են երեւակայութեան միջավայրին մէջ: Հայուն համեմատաբար բարօր կեանքի պայմանները, քիւրտին ու թուրքին սարսափին ենթակայ անոր վիճակը, կողոպուտները, մահացու յարձակումները եւ ի վերջոյ` նոյնինքն ցեղասպանական արարքներու նկարագրութիւնն ու Վանի ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտին հպանցիկ «այցելութիւն» մը` զետեղուած են իրականին կողքին գոյառած մթնոլորտի ու միջավայրի մէջ: Հեղինակը չէ նախընտրած մտնել հերոսական դէպքերու եւ անոնց կերտիչներուն ամբողջական աշխարհին մէջ, այլ նախանձախնդիր եղած է լուսարձակի տակ բերելու բարի, աշխատասէր ու հերոսական հայուն հանդէպ թուրքին ու անոր քիւրտ գործակալներուն դաժանութիւնը: Եթէ Անիի ու Տարօնի սիրոյ պատմութիւնը գլխաւորն է, անոր կողքին կան նաեւ սիրոյ աւելի մանր պատմութիւններ, որոնք կը լուսաւորեն «սարսափի օրեր»-ու մթագնած երկնակամարը: Սասունի կամ Վանի պատմական հայդուկապետները չկան վէպին էջերուն, որոնք վէպը կրնային մօտեցնել պատմական-վաւերագրական ժանրին, սակայն երեւակայական հերոսները կու գան փոխարինելու զանոնք, ստանձնելու անոնց դերակատարութիւնը: Ու եթէ պահ մը մտածենք, որ վէպը հասցէագրուած է նա՛եւ ոչ հայ ընթերցողներու եւ անոր գլխաւոր միտումն է Ցեղասպանութեան իրականութիւնները պատկերել, կրնանք վստահօրէն ըսել, որ հեղինակը յաջողած է իր նպատակին մէջ` հարազատօրէն արտացոլացնելով թուրքին ոճրային ուղեղին ծալքերը:

Ըսինք, որ այս տողերուն նպատակը վէպին մանրամասնութեանց ամփոփ վերարտադրութիւնը չէ, այլ գողտրիկ ճաշակ մը փոխանցել անոր մասին: Ուրեմն պէտք է կարդալ զայն:

1 Փետրուար 2015

 

Նախորդը

«Հայ Լեզուն. Անցեալը, Ներկան Ու Ապագան»

Յաջորդը

Հայ Զինուորներու Դրութիւնը Կալիփոլիի Մէջ

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Ապրիլ 1, 2023
Այնթապի Հերոսամարտը
Անդրադարձ

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ապրիլ 1, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In