– Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունի պատրիարքը:
Կողմերը անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբին ընդունած համահայկական հռչակագիրի դրոյթներուն եւ անոնց պատմական նշանակութեան եւ համազգային արժէքին:
Պատրիարքը իր գոհունակութիւնը յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան հայապահպան գործունէութեան համար առհասարակ եւ մասնաւորապէս շեշտեց սփիւռքի մէջ հայ ինքնութեան պահպանման ուղղուած ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու կարեւորութիւնը: Ան անդրադարձաւ սփիւռքի մէջ կրթօճախներու գոյութեան եւ գործունէութեան անհրաժեշտութեան` աւելցնելով, որ առանց հայոց լեզուի եւ դպրոցի անհնար է պահպանել հայկականութիւնը օտար միջավայրի մէջ:
Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուարժան հիւրին այցելութեան եւ սերտ համագործակցութեան համար, բարձր գնահատեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ արդիւնաւէտ գործունէութիւնը հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ, նշեց, որ կաթողիկէ հոգեւորականները ամէնուրեք իրենց խօսքով եւ գործով հայկական շունչ եւ ոգի կը փոխանցեն սփիւռքահայերուն: Նախարարը նշեց, որ պատրիարքարանը կրնայ օժանդակել` ընդլայնելու նախարարութեան հայրենաճանաչութեանը, մայրենիի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ուղղուած ծրագիրներուն` սփիւռքահայ երիտասարդներու առաւել աշխուժ մասնակցութիւնը ընդլայնելու գործին մէջ:
Կողմերը անդրադարձան 2015 թուականի Զմմառու վանքին մէջ կայանալիք գիտաժողովին, ուր պիտի ներկայացուին հետազօտութիւններ Վատիկանի մէջ, Միջին Արեւելքի եւ ամերիկեան երկիրներու արխիւներուն մէջ պահպանուած եւ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող նիւթերուն վերաբերող: Ինչպէս նաեւ քննարկուեցան գիտաժողովի կազմակերպման հետ կապուած հարցեր:
Անոնք անդրադարձան ապրիլ 12-ին Վատիկանի Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած սուրբ պատարագ մատուցելուն եւ անոր առնչուող հարցերուն:
– Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան 29 յունուարին հիւրընկալեց Լիբանանի խորհրդարանի անդամ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը:
Նախարարը բարձր գնահատեց հայապահպանութեան իմաստով Լիբանանի հայ համայնքին եւ մասնաւորաբար Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան գործունէութիւնը:
Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու իրականացման իմաստով հայ երիտասարդութեան աշխուժ մասնակցութեան եւ օգոստոս 2015-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք համահայկական խաղերուն առնչուող կազմակերպչական հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանի ընկերային-քաղաքական զարգացումներուն, Սուրիոյ հայ համայնքի հիմնահարցերուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն:
– 27 յունուարին նախարար Յակոբեան ընդունեց Լիբանանի նախկին պետական նախարար, զօրավար Փանոս Մանճեանը եւ ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց միութեան Կեդրոնական մարմինի անդամ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի անդամ Արթիւր Գունտաքճեանը:
Զրոյցի ընթացքին նախարարը բարձր գնահատեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման գործընթացին մէջ Լիբանանի հայ համայնքին ներդրումը:
Քննարկուեցան Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքական զարգացումները եւ Լիբանանի հայկական համայնքի առջեւ ծառացած հարցերուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Կողմերը անդրադարձան նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքի հիմնական հարցերուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ իրականացուած քայլերուն, յառաջիկայ ընելիքներուն, սփիւռքի նախարարութեան իրականացուցած աշխատանքներուն:
Հիւրերը հաւաստիացուցին, որ Լիբանանի հայ համայնքը առաւել մեծ ջանքեր կը ներչնէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ձեռնարկները յաւուր պատշաճի իրականացնելու ուղղութեամբ:
– Սփիւռքի նախարարութիւն այցելեցին նաեւ Հայ Աւետարանական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհրդի նախագահ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման մասնակցեցան` Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Յարութ Սելիմեանը, Ամերիկայի Հայ աւետարանական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը եւ նոյն ընկերակցութեան Կեդրոնական գրասենեակի մամուլի եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու Անդրանիկ Մարտոյեանը:
Նախարար Հ. Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար:
Քննարկուեցան Սուրիոյ հայ համայնքին առնչուող խնդիրներ: Հիւրերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին հայոց պետութեան եւ մասնաւորապէս սփիւռքի նախարարութեան ջանքերուն առնչութեամբ, որոնք ի գործ կը դրուին Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն օժանդակելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ մնացած եւ դժուար պայմաններ դիմագրաւողներուն աջակցելու իմաստով:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան մասնակցութեան, ապրիլին նախարարութեան հետ համատեղ կազմակերպուող «Մերձաւոր Արեւելքի հայ հոգեւորականներու դերը Սուրիոյ մէջ` Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին հանգրուանին» խորագիրով գիտաժողովին:
– Սփիւռքի նախարարութիւն այցելեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի անդամներ Ռաֆայէլ Ումուտեանը, Շահան Գանտահարեանը եւ Արթիւր Գունտաքճեանը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ կայանալիք նախաձեռնութիւններուն, որոնց մեկնարկը կը տրուի «Հարիւրամեակ Հայոց ցեղասպանութեան, հետեւանքներ եւ առաջադրանքներ» նիւթով գիտաժողովով: