Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայոց Բանակի 23-րդ Տարեդարձի Նշում
Սուրիա
Յունուար 28-ին Հայոց բանակի 23-րդ տարեդարձին առիթով Հայաստանի Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն:
Ձեռնարկին ընթացքին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան անդրադարձաւ հայոց բանակին ունեցած անգնահատելի դերակատարութեան` Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան, սահմաններու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման գործին մէջ:
Ընդունելութեան ընթացքին Հայաստանի քաղաքացիութեան անձնագիրներ յանձնուեցան խումբ մը հալէպահայերու, որոնք խօսք առնելով` վստահեցուցին, որ բարձր պատուով եւ պատասխանատուութեան մեծ զգացումով պիտի կրեն այս նշանակալի եւ յիշարժան օրուան առիթով իրենց ստացած Հայաստանի անձնագիրները:
Յունաստան
Յունուար 28-ին Յունաստանի զինուած ուժերու Սպայից տան մէջ նշուեցաւ Հայաստանի բանակի կազմաւորման 23-րդ տարեդարձը:
Գնդապետ Սամուէլ Ռամազեան անգլերէնով ներկայացուց օրուան խորհուրդը` անդրադառնալով հայ-յունական ամուր կապերուն, պատմական զինակցութեան եւ ներկայի համագործակցութեան, շեշտելով հայոց բանակին անգնահատելի դերը Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան, սահմաններու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման գործին մէջ:
Շնորհակալական եւ ողջերթի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ օտար ռազմական կցորդներու հնագոյն ներկայացուցիչ Սպանիոյ կցորդը, որուն յաջորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հրամանագիրի համաձայն, յոյն զինուորական ղեկավարութեան պարգեւատրման արարողութիւնը:
Թեհրան
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Յուշարձանի Բացում
Վերջերս Թեհրանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանի բացում:
Յուշարձանին օծումը կատարեց կաթողիկէ հայոց պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.: Ան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց եկեղեցւոյ կողքին Հայոց Մեծ եղեռնի յուշարձանի գոյութիւնը, որ Ցեղասպանութեան ժառանգներուն անգամ մը եւս կը յիշեցնէ մեր արմատներուն եւ անկէ բխող արժէքներուն եւ ինքնութեան կառչելու ու կտակուած իրաւունքները ձեռք բերելու պահանջը:
Պատրիարքը նշեց նաեւ, որ 12 ապրիլին Ֆրանչիսկոս պապի նախագահութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի Վատիկանի մէջ:
Յունաստան
Հոգեհանգիստ` Գիւմրիի Մէջ Զոհուած
Աւետիսեան Ընտանիքի Անդամներու Յիշատակին
Յունուար 25-ին Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Գիւմրիի մէջ զոհուած Աւետիսեան ընտանիքի անդամներու յիշատակին:
Սմբատ աբղ. Սապունճեան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ հայ ազգը պիտի յիշատակէ Սերեոժան` որպէս հայրութեան տիպար, Յասմիկը որպէս մայր` պիտի դառնայ հայ ազգի բոլոր մայրերուն մխիթարանքը, Արմէնին իրաւունքը պիտի առնեն հայ ազգի զաւակները, Արաքսը օրինակ պիտի դառնայ հայ հարսերուն, որոնք պիտի շարունակեն անոր սկսած ճանապարհը, Այտայի արեանդ գինին պիտի տիրանայ հայ ազգը, փոքրիկ Յասմիկը որպէս անուշահոտ ծաղիկ` իր ընտանիքին յիշատակին բոյրը պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ, իսկ փոքրիկն Սերեոժա, որ տակաւին կեանքը չտեսած մեկնեցաւ, մեր կեանքով պիտի ապրի յաւերժական:
Ֆրանսա
Հրանդ Տինքի Սպանութեան 8-րդ Տարելիցին
Առիթով Յիշատակի Ոգեկոչում
Յունուար 18-ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցին առթիւ Վիլեթի աւազանին մէջ խարսխած «Անաքօ» տափանաւուն մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ոգեկոչում: Հոծ բազմութեան մէջ ներկայ էին Թուրքիոյ ոչ հայ քաղացիներ:
Ձեռնարկը սկսաւ Հիւսէյն Քարապէյի «Ոչ մէկ խաւար պիտի կարենայ մեզ մոռցնել տալ» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց Աստղիկ Գառնիկեանի բացման խօսքը: Ապա լրագրող Ուիլմա Գույումճեան-Թաճիրեան զեկուցեց դատավարութեան ներկայ վիճակին մասին:
Ձեռնարկի ընթացքին կարդացուեցան Հրանդի գրութիւններէն հատուածներ` Աստղիկ Գառնիկեանի եւ թուրք դերասանուհի Սելին Ալթըփարմաքի կողմէ, իսկ Մարալ Քերովբեան կարդաց Լոռ Մարշանի եւ Կիյոմ Փերիէի «Թուրքիան եւ հայկական ուրուականը. ցեղասպանութեան հետքերով» հատորին Թաներ Աքչամի ստորագրութիւնը կրող նախաբանէն հատուածներ:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ « Հրանդ Տինք Հիմնադրամ»-ի ժապաւէններու մրցումին պարգեւատրուած Մարալ Քերովբեանի «Միւսը» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ:
Քանատա
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին
Հանդիպումը Վարչապետ Սթիւվըն Հարփըրի Հետ
Յունուար 29-ին, Քանատայի «Ռիչմընտ հիլ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Քանատայի յառաջիկայ ընտրութիւններուն Պահպանողական կուսակցութեան նոր թեկնածուներուն ի նպաստ յատուկ հաւաք, որուն ներկայ գտնուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Նորայր Պէրպէրեան, Սամ Մանուկեան եւ Յակոբ Թորոսեան: Հաւաքին գլխաւոր հիւրն էր Քանատայի վարչապետ եւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Սթիվըն Հարփըր:
Հաւաքի աւարտին, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները առանձնազրոյց մը ունեցան վարչապետ Հարփըրի հետ եւ անոր փոխանցեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումներուն մասին տեղեկութիւններ: Վարչապետը իր կարգին հաստատեց, որ Քանատան յստակ դիրքորոշում ունի Հայոց ցեղասպանութեան գծով, որ արտայայտած է պետական յատուկ յայտարարութեամբ` 2006-ի ապրիլ 19-ին, ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Արժանթին
Հայկական «Գուսան» Խումբը Արժանթինի Մէջ
Ներկայացաւ Ժողովրդական Երգերու
Փառատօնին
Յունուար 26-ին, Արժանթինի «Գուսան» հայկական ժողովրդական երգերու խումբը Քոսքուինի ազգային ժողովրդական երգերու փառատօնին առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուց ազգային ժողովրդական երգեր:
Արժանթինի եւ Լատին Ամերիկայի ժողովրդական երգերու ամէնէն կարեւոր փառատօնին ներկայացուցիչը յայտարարեց, թէ հակառակ Ցեղասպանութեան` անոնք գոյատեւած են, պահպանած են իրենց ինքնութիւնը, մշակութային արժէքները եւ այդ բոլորը կը փոխանցեն սերունդներուն:
«Գուսան» խումբի ղեկավար Էնրիքէ Աւագեան նկատել տուաւ, որ` «Մարդիկ միշտ կապ կը պահէին հայութեան հետ եւ երբ խօսէինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ժողովուրդը կը միանար մեզի»: Ան նաԵւ գնահատեց համերաշխութեան այդ զգացողութիւնը:
Ներկայացման աւարտին, խումբը նուագեց երկրի ժողովրդական շարք մը երգեր` հայկական նուագարաններով:
Միացեալ Նահանգներ
Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Նուիրուած
Փասատինայի Յուշարձանի Կառուցման Մեկնարկ
Հայց. Առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու եւ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու ներկայացուցչական անձնաւորութեանց ներկայութեամբ, կիրակի, 25 յունուար 2015-ի յետմիջօրէին, Փասատինայի «Մեմորիըլ փարք» հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողի մեկնարկի արարողութիւնը:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան գլխաւորեց արարողութիւնը: Անոր կողքին էր Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան: Արարողութեան բացման խօսքը արտասանեց յուշարձանի յանձնախումբի համաատենապետ Ռոպեր Քալընեան, որ նաեւ ներկայացուց հիւրերը: Յանձնախումբի անդամներէն Լեւոն Ֆիլեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց մասնակիցներուն եւ յայտարարեց, որ յուշարձանին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 18-ին:
Իր բացման աղօթքին ընդմէջէն առաջնորդը գոհունակութիւն յայտնեց այս առիթին համար` ընդգծելով, որ այս յուշարձանը Ցեղասպանութեան նահատակներուն մասին յուշարար մը պիտի ըլլայ ոչ միայն Փասատինայի, այլեւ ամբողջ հայութեան համար:
«Թուրքիոյ պետութիւնը փորձեց ոչնչացնել հայութիւնը: Հարիւր տարի ետք մենք ոչ միայն չենք մոռցած ահաւոր ոճիրը, այլ աւելի՛ կը բարձրաձայնենք մեր իրաւունքները. այս ու աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ կանգնող նմանօրինակ յուշարձաններ վկայութիւն են մեր պահանջատիրական կամքին», նշեց առաջնորդ Մարտիրոսեան` յիշեցնելով, որ Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշակոթող մը պիտի կանգնի նաեւ Լաս Վեկասի մէջ: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս յուշակոթողի ծրագիրը իրականացնողներու ճիգերուն մասին եւ մաղթեց, որ աշխատանքը ընթանայ հեզասահ եւ յաջողութեամբ պսակուի:
Տնօրէն Կրէյս Անտոնեան
Կը Մեծարուի
Յունուար 5-ին, Մորակայի «Սէյնթ Մերիզ» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Քալիֆորնիոյ միջնակարգերու միութիւնը «Տարուան դաստիարակը» մրցանակով մեծարեց Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի տնօրէն Կրէյս Անտոնեանը:
Միութիւնը լուսարձակի տակ առած էր յատկապէս Կրէյս Անտոնեանին նուիրումը` կրթական նորարարական եւ յառաջդիմական մեթոտներ որդեգրելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ` աշակերտներուն մէջ հայ մշակոյթին նկատմամբ սէր ու յարգանք սերմանելու նպատակով անոր որդեգրած քայլերը, որոնց շնորհիւ աշակերտները կը հասնին այն համոզումին, թէ իրենցմէ իւրաքանչիւրը հայութիւնը ներկայացնող «դեսպան» մըն է:
Քալիֆորնիոյ միջնակարգերու միութեան տնօրէն Փիթըր Մըրֆի դրուատեց Կ. Անտոնեանին նուիրումը:
Լուսանկարիչ Յակոբ Վանէսեանի
Ցուցահանդէսի Բացում
Վերջերս Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հալէպահայ լուսանկարիչ Յակոբ Վանէսեանի «Հայրենիքս» խորագրով 26 լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացումը:
Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէր Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Հալէպի ողբերգական էջերը լուսարձակի տակ առնելով մարդ արարածին, յատկապէս մանուկներուն, կիներուն տառապանքը, քաղաքի աւերակներն ու քանդումները: Այլ խօսքով` մշակութային հսկայ ժառանգութիւն ունեցող այս քաղաքին կոտտացող վէրքն ու հալէպցիին կեանքին կառչած մնալու եւ պայքարելու վճռակամութիւնը:
ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ճաաֆարի դիտելով լուսանկարները` նկատել տուաւ, թէ Նիւ Եորքի մէջ առաջին ցուցահանդէսն է, որ կը ներկայացնէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն անմարդկային արարքներն ու բարբարոսութիւնները, որպէսզի մարդիկ իմանան իրականութիւններն ու տեսնեն մեր ժողովուրդին ապրած տառապանքը:
100-Ամեայ Ցեղասպանութիւնը`
Հրանդ Տինքի Հետքերով
«100-ամեայ Ցեղասպանութինը` Հրանդ Տինքի հետքերով» նիւթով դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ 18 յունուարին, Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ: Դասախօսական երեկոն կազմակերպուած էր Թէքէեան մշակութային միութեան Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, իսկ դասախօսն էր Թորոնթոյէն հիւրաբար հրաւիրուած վերապատուելի Եսայի Սարմազեանը:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամներէն Գէորգ Քէօշկէրեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց մեր ալեհեր բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի ներկայութեան առթիւ եւ ներկայացուց օրուան բանախօսը` վեր. Եսայի Սարմազեանը:
Վերապատուելի Սարմազեան իր խօսքին մէջ քսաներորդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը վերակոչեց Հրանդ Տինքի հետքերով, որովհետեւ այդ օրը կը զուգադիպէր Տինքի նահատակութեան 8-րդ տարելիցին: Արդարեւ, չարագուշակ այդ օրը, «Ակօս»-ի իր գրասենեակի մուտքին, Հրանդ Տինք զոհը գնաց անմիտ թուրքի մը գնդակին:
Վերապատուելի Սարմազեան հանդիպած էր Հրանդ Տինքին, Պոլսոյ մօտակայ Թուզլա քաղաքի «Արմէն» ճամբարին մէջ, երբ Տինք տակաւին պատանի էր: Յարգելի բանախօսը արդարօրէն դիտել տուաւ, որ Տինք զոհը գնաց Թուրքիոյ սահմանադրութեան 301-րդ յօդուածին, որ խստօրէն կը դատապարտէր Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ արտայայտուող ոեւէ անհատ: «Իսկ Հրանդ Տինք կը հաւատար,- նշեց վերապատուելին,- որ ձուկը գլուխէն կը հոտի եւ անհրաժեշտ է պոչէն սկսիլ: Այսինքն թուրք թէ օտար պետութիւններէն պէտք չէ յուսալ որեւէ լուծում մեր դատին կապակցութեամբ, այլ պէտք է մեր դատը ժողովուրդի մակարդակին իջեցնել: Մէկ խօսքով, մեր դատը պէտք է առաջին հերթին ծանօթացնենք խնդրոյ առարկայ թուրք կառավարութեան արմատներուն` պարզ ժողովուրդին: Եւ այսօր մենք, բարեբախտաբար, ականատես ենք այդ երեւոյթին, երբ տասնեակ մտաւորականներ, արթնցած իրենց խոր քունէն, կը դատապարտեն թուրք կառավարութիւնը եւ կ՛արտայայտուին ի նպաստ մեր իրաւունքներուն, որոնց յառաջագոյնն է Ցեղասպանութեան ճանաչումը», շարունակեց յարգելի բանախօսը:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան: Ան բնաբան ընտրած էր Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի լոզունգը` «Յարգել անցեալը, ճանչնալ ներկան եւ կերտել ապագան»: Տէր Սարգիս դիտել տուաւ, որ մենք պէտք է կարենանք անցեալը ներկային միջոցով փոխանցել ապագային, ապա թէ ոչ պիտի կորսնցնենք մեր ինքնութիւնը: Ասոր համար ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է թրծել մեր նոր սերունդը ազգային ոգիով, որովհետեւ անիկա կը հանդիսանայ անցեալը ապագային կապող շղթային էական օղակը:
Ռուսիա
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկներ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ հայկական համայնքի տարբեր միութիւններ ծրագրած են ձեռնարկներու շարք մը, որ կը նպատակադրէ հանրութեան ծանօթացնել 20-րդ դարուն մարդկութեան դէմ իրականացուած մեծագոյն ոճրագործութիւնը, նաեւ` նոր սերունդի զաւակներուն ներշնչել պատմական հայրենիքի կորստեան հետ երբեք չհաշտուելու հաստատակամութիւնը:
Ձեռնարկներու շարքին առաջինը տեղի ունեցած էր 24 յունուար 2014-ին, Քրասնոտարի Պաշկովկա թաղամասի «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» հայկական եկեղեցւոյ մէջ, ուր ելոյթ ունեցած էր եկեղեցւոյ «Կոմիտաս» երգչախումբը: Ամբողջ տարուան ընթացքին տեղի ունեցան Ցեղասպանութեան եւ այդ նիւթին առնչուող թեմաներով հանդիպումներ, զեկուցումներ, շարժապատկերի ցուցադրութիւններ, եւ այլն:
Այս միամեայ շրջափուլը եզրափակուեցաւ «Արմատ» դպրոցին մէջ կազմակերպուած «Եղիշէ Չարենցը եւ եղեռնաշունչ ժամանակը» գրական երեկոյով:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց կեդրոնի տնօրէն Սարգիս Թաշճեան, ապա «Արմատ» դպրոցի ղեկավար Երազիկ Յարութիւնեան անդրադարձաւ երեկոյի խորհուրդին: Ան նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը հանգիստ չէ ունեցած, սակայն 20-րդ դարասկիզբը տառապանքներու գագաթնակէտը եղած է:
Այնուհետեւ վարժարանի աշակերտները ելոյթ ունեցան գեղարուեստական յայտագրով եւ իրենց ասմունքով ու երգով արժեւորեցին Եղիշէ Չարենց բանաստեղծը:
Ներկայիս, 2015-ին, համայնքը կը պատրաստուի կազմակերպել ձեռնարկներու երկրորդ փուլը: