Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Փետրուար 4, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Հայրենիքին Մատուցած Ծառայութիւններուն Համար
Երկրորդ Աստիճանի Մետալ»` Զօրավար Մովսէս Յակոբեանին

0129Movses-HakobyanԲանակաշինութեան բնագաւառին մէջ ունեցած աւանդին համար նախագահ Սերժ Սարգսեան «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար երկրորդ աստիճանի մետալ»-ով պարգեւատրեց Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Մովսէս Յակոբեանը:

Հայկական բանակի 23-ամեակին առիթով Հայաստանի նախագահը պարգեւատրեց նաեւ խումբ մը զինուորներ: Նախագահական հրամանագիրներով ծառայութեան ընթացքին ցուցաբերած մարտական բարձր պատրաստուածութեան եւ ակնառու ձեռքբերումներուն համար խումբ մը զինուորական ծառայողներ, որոնց կարգին նաեւ նահատակուածներ, պարգեւատրուեցան պետական բարձր պարգեւներով:

«Այսօր պարգեւներ պիտի յանձնենք, ցաւօք, նաեւ յետմահու: Փա՛ռք անոնց յիշատակին: Հայոց բանակին օրը մենք կրկին եւ կրկին կը բարձրաձայնենք զինուած ուժերու իրականացուցած առաքելութեան կարեւորութեան մասին, անոր նշանակութեան եւ բարդութեան մասին: Բայց նաեւ կը խօսինք մեր զինուորականներու անձնուիրութեան եւ հերոսականութեան մասին», յայտնեց նախագահը:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին զօրավար Մովսէս Յակոբեան ըսաւ. «Սերնդափոխութիւնը կը բերէ նորութիւն, բանակի երիտասարդացում, ինչպէս նաեւ` պատասխանատուութիւն, որովհետեւ այսօրուան երիտասարդին համար քիչ մը աւելի դժուար է, որովհետեւ ինքը ոչ միայն պէտք է կարողանայ պահել, պահպանել աւագ սերունդին կատարածը, այլ նաեւ պէտք է ապացուցէ, որ ինքը արժանի զաւակն է մեր հերոս տղաներուն»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ զինուորներուն մարտական ոգին կը շարունակէ՞ բարձր մնալ` նկատի առնելով յունուարեան լարուածութիւնները, Մ. Յակոբեան նշեց, որ հակառակորդը երկրին մէջ տեղի ունեցած որեւէ վատ դէպքի, ցնցումներու ատեն կը կարծէ, թէ իր պահը եկած է եւ կրնայ յաջողութիւններու հասնիլ: «Մինչդեռ, այդ դժուարութիւնները հայ ժողովուրդը միշտ յաղթահարած է եւ պիտի յաղթահարէ», հաստատեց ան:

«Պատերազմը իբրեւ այդպիսին աւարտած չէ, որովհետեւ խաղաղութեան պայմանագիրը տակաւին կնքուած չէ, բայց սրացումները ժամանակ առ ժամանակ եղած են, կը կարծեմ, որ կը շարունակուին, բայց ատոնք բանակին համար որեւէ խնդիր չեն: Բանակը ճիշդ անոր համար ստեղծուած է, որպէսզի այդպիսի ոտնձգութիւններու կարողանայ դիմակայել եւ համարժէք պատասխան տալ», դիտել տուաւ Մ. Յակոբեան:

«Արցախի Լիարժէք Խաղաղութիւնը Այս Դարուն Մէջ
Պիտի Իրականանայ» Ցվեթանա Փասքալեւա

0129PasgalevaՊուլկարացի լրագրող եւ բեմադրիչ Ցվեթանա Փասքալեւա, որ արցախեան ազատամարտին ընթացքին ռազմի դաշտին վրայ բազմաթիւ նկարահանումներու հեղինակ է, 28 յունուարին` հայոց բանակի կազմաւորման 23-ամեակին առիթով, Հայաստանի նախագահին կողմէ արժանացաւ «Երախտագիտութեան» մետալի:

Նախագահական պալատին մէջ խօսք առնելով` Փասքալեւա ընդգծեց, որ բոլորս միասին անցած ենք արցախեան ազատամարտի ուղին, որ թէեւ լի էր դժուարութիւններով, սակայն տարաւ դէպի թանկարժէք յաղթանակ:

«Մենք ունինք ընդհանուր յիշողութիւն եւ ընդհանուր պատասխանատուութիւն: Յիշողութիւն, որուն համար մենք միշտ գլուխ կը խոնարհենք եւ պատասխանատուութիւն` այն ամէն ինչին համար, որ ունինք այսօր: Այսօր բոլորս` ըլլայ այստեղ` Ղարաբաղի, թէ արտերկրի մէջ, պատասխանատու ենք պահպանելու սահմանները», յայտնեց ան:

Ցվեթանա Փասքալեւա խոստացաւ, որ ընդմիշտ պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին կողքին, որովհետեւ նոյնինքն հայերուն շնորհակալութիւնն ու սէրն է, որ զինք այսքան զգայուն դարձուցած է հայ ժողովուրդի ցաւին նկատմամբ:

«Իմ թանկագի՛ն սահմանի զինուորներ, իմացէք, թէ ի՛նչ կը պահպանէք այսօր, եղէք համարձակ, եղէք խիզախ, պատուով պահեցէք այդ սահմանները: Յարգելի՛ ծնողներ, կորուստը մեծ է, եւ այդ վէրքերուն բուժում չկայ: Համարեցէք, որ կեանքէն հեռացածներուն ստուերները մեր կողքին են, անոնք ընդմիշտ մեր կողքին են, անոնք մեզի ուժ կու տան կանգնելու մինչեւ վերջ, մինչեւ Արցախի հողի ամբողջական եւ լիարժէք խաղաղութիւնը: Մենք կ՛ապրինք եւ կը հասնինք այդ օրուան: Ես գիտեմ` ատիկա մեր դարուն մէջ պիտի ըլլայ, շա՛տ շուտով, ուղղակի պէտք է հաւատալ եւ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Յարգելի՛ ծնողներ, կը խոնարհիմ ձեր առջեւ, կը ներէք, որ կորսնցուցիք ձեր որդիները, անոնք ընդմիշտ կը մնան փառաւոր հերոսներու շարքին», ըսաւ ան:

Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Գտնուած Է
«
Հատում» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութեան

0131serjՅունուար 30-ին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գերմանաբնակ թուրք բեմադրիչ, Վենետիկի փառատօնի մրցանակակիր Ֆաթիհ Աքինի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող «Հատում» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը:

Ներկայ էին Հայաստանի նախագահ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը:

Ֆաթիհ Աքին Այցելած Է Ծիծեռնակաբերդ

0131Akin«Հատում» (The Cut) ժապաւէնի ազգութեամբ թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքին 30 յունուարին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան եւ ծանօթացած է հոն ներկայացուող ժամանակաւոր ցուցադրութեան: Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ ան յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

15,5 միլիոն եւրօ պիւտճէով եւ 138 վայրկեան տեւողութեամբ «Հատում» ժապաւէնի նկարահանումները սկսած են մարտ 2013-ին եւ կատարուած են` Յորդանանի, Գերմանիոյ, Քուպայի եւ Մալթայի մէջ: Ժապաւէնը իրականութիւն դարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբին աջակցութեամբ:

Վաղահաս Նորածիններուն Օժանդակելու
Բժշկական Սարքեր Էջմիածինի Հիւանդանոցին

IMG_149819 յունուար 2015-ին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը եւ «Պըրթլինք» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Քեթի Մելըրը այցելած են Էջմիածին քաղաքի կեդրոնական հիւանդանոցի ծննդատուն: Ծննդատան տրամադրուած են վաղահաս ծնած եւ առողջական խնդիրներ ունեցող երեխաներու խնամքին համար անհրաժեշտ սարքաւորումներ` վերակենդանացման սարք, ջերմացուցիչ, շնչառութեան կանոնաւորման համակարգ, ինչպէս նաեւ երակային ներարկման սարք: Տրամադրուած բժշկական սարքաւորումներուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ պատշաճ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերել առողջական խնդիրներ ունեցող եւ ոչ բաւարար կշիռքով ծնած երեխաներուն` ապահովելով առողջական վիճակի կայունացում նախքան Երեւան կամ մարզային այլ հիւանդանոց տեղափոխելը: Որոշ պարագաներուն նոյնիսկ կարելի է տեղւոյն վրայ ապահովել անհրաժեշտ խնամքը, եւ նորածինը այլ տեղ փոխադրելու կարիքէն հրաժարիլ:

«Ամէնէն վհատեցնող զգացումները յուսահատութիւնն ու անզօրութիւնն են, յատկապէս երբ ատիկա երեխայի կեանքին եւ առողջութեան կը վերաբերի: Դժուար պահերուն, երբ երեխային կեանքը վտանգուած է, կարեւոր է գիտնալ, որ կայ վայր մը, ուր փորձառու բժշկական անձնակազմը հոգ կը տանի առողջական խնդիրներ ունեցող երեխային` նորածինի կեանքը փրկելու համար անհրաժեշտ բոլոր սարքաւորումներով յագեցած բաժանմունքին մէջ: Մենք կ’ուզենք, որ ծնողները զգան, որ իրենք առանձին չեն դժուարութիւններուն դիմաց», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի կողմէ իրականացուող ծրագիրը առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տայ նորածինի կեանքի առաջին օրուան ընթացքին ցուցաբերուող բժշկական օգնութեան` ձգտելով բոլոր ծննդատուները ապահովել անհրաժեշտ սարքաւորումներով եւ վերապատրաստուած մասնագէտներով` առողջական խնդիրներով ծնած երեխաներու մահացութեան ցուցանիշի նուազեցման համար: Բժշկական սարքաւորման տրամադրման զուգահեռ կը շարունակուի բժշկական անձնակազմի վերապատրաստումն ու անոր աջակցութիւնը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ «Պըրթլինք» կազմակերպութեան միջեւ այս գործակցութիւնը 7-րդ տարին ըլլալով կը շարունակուի: Ծրագիրը մեկնարկած է 2008-ին եւ մինչ այժմ ընդգրկած է Երեւանի տասներկու եւ Հայաստանի եօթը մարզերու քսաներեք նորածնային բաժանմունք: Ծրագիրի իրականացման համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մինչ օրս յատկացուցած է շուրջ 535 միլիոն դրամ:

Թորոնթոհայերու Միջոցներով
Արդիականացած Է Շոշի Դպրոցը

00Shosh-School-01«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը արդիականացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանի Շոշ գիւղի` մօտաւորապէս մէկ տասնամեակ առաջ Թորոնթոյի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ կառուցուած եռայարկ դպրոցը: Թորոնթոհայերու շարունակական հոգածութեան շնորհիւ այս անգամ ալ մասնակի վերանորոգութիւն կատարուած է դպրոցին մէջ, մասնաւորապէս` յարդարուած են արտաքին պատերը, միջանցքները, դահլիճը, գրադարանը եւ բուժկէտը, պատուած են` խտացուած կրանիթէ սալայատակով, նորոգուած են պատշգամները: Տեղումներէն արդիւնաւէտ պաշտպանելու նպատակով պատուհաններու եւ պատշգամներու վրայ տեղադրուած են ծածկեր: Դպրոցին տարածքը ցանկապատուած է:

Դպրոցին մէջ այսօր կ՛ուսանի մօտաւորապէս 150 աշակերտ. այս թիւին մէջ կը մտնեն նաեւ հարեւան համայնքներէն աշակերտներ: Թորոնթոհայ բարերարին աջակցութեամբ 2012-ին դպրոցը ձեռք բերաւ փոխադրակառք, որ կը սպասարկէ յարակից գիւղերու աշակերտներուն: Երկու տարի առաջ Թորոնթոյի հայ համայնքին ջանքերով դպրոցի համակարգչային սրահը ապահովուեցաւ նաեւ համացանցի կապով: Տարբեր տարիներու դպրոցականներուն նուիրուած են սփիւռքահայ մեր հայրենակիցներուն կողմէ կարուած գեղեցիկ դպրոցական համազգեստներ:

«Հիմնադրամը իր հոգածութեամբ կ՛ապահովէ այս համայնքը: Շուտով այստեղ օգտագործման պիտի յանձնուի նաեւ հիմնադրամին կողմէ ներկայիս տարբեր գիւղերու մէջ կառուցուող ինը համայնքային կեդրոններէն մէկը, ուր կեդրոնացուած պիտի ըլլան` գիւղին բուժկէտը, գրադարանը, խաղասրահը, հանդիսութիւններու սրահը եւ գիւղապետարանը», ըսած է «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը:

Շուշիի Եւ Մարտունիի Մէջ Յարգեցին
Աւետիսեաններուն Յիշատակը

0127Mardouni0127Shushi1Յունուար 25-ին Լեռնային Ղարաբաղի Շուշի եւ Մարտունի շրջաններուն մէջ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Գիւմրիի մէջ ահաւոր սպանդի ենթարկուած Աւետիսեաններու ընտանիքի 7 անդամներուն հոգիներուն համար:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 25 յունուարին հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուած է Աւետիսեաններու ընտանիքի անդամներուն եւ այս տարուան ընթացքին հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ատեն զոհուած զինուորներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօնին:

Նոյն օրը Մարտունիի Ս. Ներսէս եկեղեցւոյ մէջ Սահակ վրդ. Շաքարեան մատուցած է Ս. պատարագ` ի յիշատակ Գիւմրի քաղաքին մէջ սպանդի ենթարկուած Աւետիսեաններու ընտանիքին:

Պատարագէն ետք Ազատ հայրենիք կուսակցութեան Մարտունիի երիտասարդական թեւի նախաձեռնութեամբ կատարուած է մոմավառութիւն, որուն մասնակցած են` Մարտունիի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Նելսոն Սողոմոնեանը, քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեանը, շրջանային եւ համայնքային կառոյցներու պատասխանատուներ, դպրոցականներ եւ երիտասարդներ:

«Հայոց Պատերազմները Եւ Ռազմարուեստը»
Մատենաշարի Երեք Հատորներու Շնորհահանդէս

Բանակի տօնի նախօրէին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հայոց ռազմարուեստի մասին մատենաշար ներկայացուցած է հանրութեան` այդպիսով վերարժեւորելով ռազմական այն անցեալը եւ հմտութիւնները, զորս ունեցած է հայ ժողովուրդը:

Յունուար 27-ին պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ կայացաւ «Հայոց պատերազմները եւ ռազմարուեստը» մատենաշարի երեք հատորներու շնորհահանդէսը:

«Կը նախատեսուի հրատարակել քառասուն հատոր: Ես այս մատենաշարը նախաձեռնած եմ` սկսիլ այն օրէն, երբ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դարձայ: Քառասուն հատորեակը մեծ յաւակնութիւն է, այս հատորները պիտի հրատարակուին նաեւ օտար լեզուներով` ռուսերէն եւ անգլերէն: Ասոնցմով պէտք է հպարտանանք, այս պատերազմի մշակոյթի դրսեւորում է», յայտարարարծ է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր կարգին կարեւոր նկատած է այն, որ մատենաշարի լոյս ընծայումը բանակի տօնին ընդառաջ կը կատարուի: Ս. Օհանեանին համաձայն, հայկական բանակը յաղթանակ տօնած է արցախեան պատերազմին, ինչ որ նաեւ անցեալին ունեցած փորձառութեան ուսումնասիրութեան արդիւնք է: «Անցեալի իմացութիւնը յոյժ կարեւոր է ներկան եւ ապագան կերտելու համար: Հայ ռազմագիտութեան ուսումնասիրութեանը նուիրուած նախագծի առաքելութիւններէն են նաեւ տարբեր տարիքի ընթերցողներուն հասցէագրուած հրապարակումները, որոնք որոշակի նպաստ կը բերեն հայ երիտասարդութեան ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեանը», ըսած է նախարար Ս. Օհանեան:

Viva-cell-logo1

Նախորդը

Լիբանանահայ Հոգեւոր, Քաղաքական Եւ Միութենական Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յաջորդը

Անդրադարձ. Թրքական Երգչախումբին Հին-Նոր Երգը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 22, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 15, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 8, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In