Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բարերար Երկրաշարժ» Յունաստանի Մէջ

February 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Երկրաշարժը բարերար կ՛ըլլա՞յ:

Փաստօրէն` երբեմն այո՛, ինչպէս անցնող կիրակի պատահեցաւ Յունաստանի մէջ` ցնցելով ոչ թէ նոյնինքն Յունաստանը, այլ` Պրիւքսելը, Միջազգային դրամական հիմնադրամը (IMF), Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատունը եւ վայրագ դրամատիրութեան յաղթարշաւով գինովցած Արեւմուտքի ելեւմտական աշխարհը` առհասարակ:

Արմատական ձախի դաշնակցութիւնը` Սիրիզա(*), խլելով յոյն ժողովուրդի քուէներու աւելի քան 36 տոկոսը, տիրացաւ խորհրդարանի 300 աթոռներէն 149-ին: Սիրիզայի` փողկապ չսիրող ղեկավար Ալեքսիս Ցիփրաս ստանձնեց վարչապետի պաշտօնը:

Անդրազգային ընկերութիւնները եւ միջազգային ելեւմտական հաստատութիւնները, որոնք պատճառ հանդիսացան համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին, 2008-ին (ու ատոր համար ալ… վարձատրուեցան հարիւրաւոր միլիառներով) համաշխարհային ծաւալի տնտեսական պատերազմ մը շղթայազերծած են բառացիօրէն կողոպտելու համար այլոց բնական հարստութիւնները: Արեւմուտքի քաղաքական ուժի կեդրոնները իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ առած նոյն այս շրջանակները կը փորձեն պարտադրել այնպիսի տնտեսական վարքագիծ մը, որով հարստութեան բաշխումը տեղի ունենայ ոչ թէ վերէն վար, այլ` վարէն վեր, զայն կեդրոնացնելու համար իրենց ձեռքը:

Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ այս քաղաքականութիւնը կը բացատրեն «անմեղ», բայց մոլորեցնող բառով մը` ժուժկալութիւն (austerity): Այսինքն` ծախսերու կրճատում: Կրճատում` բոլոր այն ծախսերուն, որոնք կը կատարուին հանրային բարօրութեան համար` թոշակներ, առողջապահութիւն, դպրոցներ, ընկերային յատկացումներ եւ այլն: Այս բոլորը` որպէսզի վերի 1 տոկոսը նուազ տուրք վճարէ (տոկոսային առումով, միլիառատէր Ուորըն Պաֆեթ աւելի քիչ տուրք կը վճարէ, քան` իր հեռաձայններուն պատասխանող քարտուղարուհին): Այս վարքագիծը նաեւ կառավարութիւններուն կը պարտադրէ սեփականաշնորհել իրենց հակակշիռին տակ գտնուող կառոյցները (հանրային փոխադրութիւն, ջուր, ելեկտրականութիւն եւ այլն), որպէսզի անոնք վերածուին անհատներու կամ ընկերութիւններու համար դրամական շահ կուտակելու միջոցի: Յունաստանի նոյնիսկ առաջարկուեցաւ…վաճառել Աքրոփոլիսը. կրնա՞ք երեւակայել ագահութիւնը:

Մէկ խօսքով, այս վարքագիծը կ՛առաջադրէ կթան կովի վերածել ժողովուրդներ ամբողջ:

«Բնականաբար» այս տիպի ժուժկալութիւնը չ՛ընդգրկեր…զինուորական մարզը: Հոն, մեղա՜յ, այդ բառը թապու է: Սա` ի միջի այլոց:

Յունաստանի մէջ «ժուժկալութիւնը» պատճառ դարձաւ, որ երկիրը կուտակէ մօտաւորապէս 315 միլիառ եւրօ արտաքին պարտք, անգործութիւնը անցնի 20 տոկոսի սահմանը, եւ տնտեսութիւնը հասնի փլուզումի սեմին:

Սիրիզան Յունաստանի մէջ դիմադրեց այս վարքագիծին: Անիկա եկաւ ըսելու, որ բա՛ւ է, եւ առաջարկեց երկու հիմնական կէտ: Առաջին` ջնջել երկրին արտաքին պարտքին մէկ մասը, եւ երկրորդ` մնացածին համար սակարկութիւններու բանակցութիւններ վարել:

Մսրայ Մելիքին նման, սարսափը պատեց…Անկելա Մերքելին, որ այս վարքագիծը յառաջ մղող հիմնական ուժն է:

Նման պարտքերու ջնջումը կամ կրճատումը բնականաբար ունի բազմաթիւ նախընթացներ: Ամէնէն ցայտունը Գերմանիոյ պարագան է: Արդարեւ, Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, 1953-ին, Արեւմուտքը ջնջեց պարտուած Գերմանիոյ արտաքին պարտքին (30-50 միլիառ տոլար` ըստ զանազան աղբիւրներու) մեծ մասը, իսկ մնացեալը տարածեց 30 տարուան վրայ:

Սակայն Սիրիզան միայնակ չէ իբրեւ դիմադրող գաղափարական շարժում: Սպանիոյ մէջ եւս յառաջ եկած է համանման շարժում մը` Փոտեմոսը: Եւ գիտէ՞ք ինչ: Սպանիոյ ընտրութիւնները յառաջիկայ մայիսին են: Յունաստանի ընտրապայքարի ընթացքին Փոտեմոսի եւ նման շարժումներու ներկայացուցիչներ եկան Յունաստան` զօրակցելու Սիրիզային: Այս առումով նոյնը պիտի պատահի Սպանիոյ մէջ: Սա ցոյց կու տայ, որ Եւրոպայի մէջ գաղափարական առումով առողջ շունչ մը սկսած է: Վայրագ դրամատիրութեան հակակշիռին տակ ինկած Եւրոպայի մէջ ստեղծուող այս նոր շունչը Հայաստանի ու հայութեան համար եւս յուսադրիչ է, որովհետեւ ռազմավարական նոր գործակցութիւններ ու կարելիութիւններ կրնայ ստեղծել մեզի համար:

Հայ քաղաքական միտքը պարտաւոր է հաշուի առնել այս իրականութիւնները եւ առնէ մարտավարական այնպիսի քայլեր, որոնցմէ Հայաստան կարենայ օգուտ քաղել: Ի վերջոյ, պէտք է օգտուիլ «բարերար երկրաշարժներէն»®

 

(*) Յունաստան ծնած-մեծցած խմբագիր ընկերս բացատրեց` Սի. Ռիզ. Ա- Սինասփիզմոս Ռիզոսփասթիքա Արիսթերա, Արմատական ձախի դաշնակցութիւն: Արմատական եւ ոչ թէ` «ծայրայեղական», ինչպէս բնութագրած էր մեր թերթերէն մէկը:

 

 

Նախորդը

Ազգային Պետոիթիւնը Համաշխարհայնացման Պարունակում ( Բ. Մաս )

Յաջորդը

Յոբելինական Երեկոյ Մը` Նուիրուած Ազգային Հերոս Զօրավար Անդրանիկի 150-Ամեակին

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.