Խմբագրական. Խաղաղութեան Պարտադրանքը (Վարդանանց Տօնին Առիթով)
Վարդանանց խորհուրդի մասին հրապարակագրական վերլուծման փորձը, անհրաժեշտ է, որ կեդրոնանայ նաեւ նախապատերազմեան ժամանակաշրջանին Յազկերտ-Վարդանանք բանակցութիւններուն տարբեր հանգրուաններուն, այնտեղ տեսնելու համար հայկական կողմի որդեգրած կեցուածքները, հարցը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու կամքը, խաղաղութիւնը նախընտրելը, դրացի երկրին հետ բնականոն յարաբերութիւններ մշակելու ձգտումը: Պարզ խօսքով, պատերազմէն խուսափելու միջոցներու որդեգրման բազմակողմանի ճիգեր թափած է հայկական կողմը. եւ այստեղ Վարդանանք ըսելով պէտք է ընկալել նաեւ Վասակ Սիւնիի...

















