Զրուցեց` ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
2013-ին հրատարակուեցաւ Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Անահիտ Աստոյեանի «Դարի կողոպուտը. հայերու ունեզրկումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ,1914-19 թթ.է գիրքը: Հեղինակին վկայութեամբ, հայ ժողովուրդի անհատական եւ հաւաքական ունեցուածքի իւրացումը թրքական պետութեան կողմէ ծրագրուած ըլլալու մասին վկայութիւններ կան թէ՛ վերապրողներու, թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գործած օտար դիւանագէտներու զեկուցագիրներուն մէջ եւ թէ՛ թրքական աղբիւրներու մէջ, որոնք կը հաստատեն, որ հայերու ունեզրկումը հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագրի մէջ եղած է կարեւոր գործօն: Այդ նպատակով երիտթրքական իշխանութիւնները 1915 թ. յունիս 1-ին հրապարակեցին «Տեղահանութեան օրէնքը», որուն գործադրմամբ 1,500,000 հայ բռնի տեղահանուեցաւ ու բնաջնջուեցաւ:
Իսկ հետագային արդէն օրինականացուեցաւ հայերու անշարժ եւ շարժական գոյքերու, ամբողջ հարստութեան բացայայտ կողոպուտն ու իւրացումը, այս բոլորին անդրադարձած է Անահիտ Աստոյեան, որուն հետ զրուցեց քանատահայ մեր պաշտօնակից «Հորիզոն»-ը պարզելով որոշ մանրամասնութիւններ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ եղաւ ձեր գիրքի հրատարակման շարժառիթը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Գիտնական Լեւոն Վարդանը, որ հեղինակն է «1915 եւ հայերու լքեալ գոյքերը» գիրքին, ինք առաջին անգամ ուսումնասիրեց այս խնդիրը` միաժամանակ յորդորելով շարունակել ուսումնասիրութիւնները:
Որքան ալ զարմանալի հնչէ, բայց վերջին տարիներուն յատկապէս թուրք պատմաբանները սկսած են անդրադառնալ այս հարցին: Եւ վերջին 5-6 տարիներուն հրատարակուած է 5 գիրք, որոնց հեղինակներն են` Թաներ Աքչամ, Ուկուր Ումիթ, Սայիթ Չեթինօղլու, Նեւզաթ Օնարայ, Այշէ Հիւր:
Թուրք հեղինականերու կարծիքով, թրքական ժխտողականութեան հիմքը հայերու ունեցուածքի վերադարձի խնդիրն է: Եթէ թուրքերը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա ստիպուած պիտի հաշտուին այն իրականութեան հետ, որ պարտաւոր են հատուցելու հայերուն կրած նիւթական կորուստները: Այդ պատճառով կը նախընտրեն ժխտել եւ ուրանալ Ցեղասպանութիւնը:
Ես զբաղած եմ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու տնտեսական գործունէութեան ուսումնասիրութեամբ, որուն ընթացքին պարզուեցան շատ հետաքրքրական փաստեր:
Հայերը Թուրքիոյ տնտեսութեան տէրն էին, այդ մէկը շատ կ՛անհանգստացնէր թուրքերը, յատկապէս` երիտթուրքերը, որոնք մտահոգուած էին, որ կարճ ժամանակահատուածէ մը ետք հայերը պիտի տիրանան նաեւ երկրի քաղաքական իշխանութեան: Հայերը Օսմանեան կայսրութեան բոլոր ասպարէզներուն մէջ առաջնակարգ էին` ճարտարապետութիւն, երաժշտութիւն: Իսկ օսմանեան դպրոցներու 80 տոկոսը հայկական էին:
Շատ մը պատմաբաններու, քաղաքագէտներու, օտար դիւանագէտներու կարծիքով, հայերու ունեզրկումը եղած է հայոց մեծ եղեռնի դրդապատճառներէն մէկը: Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներ դեսպան Հենրի Մորկընթաու բացայայտօրէն կ՛ըսէ` տեղահանութեան հիմնական նպատակը կողոպուտն է: Նոյնը կ՛ըսեն նաեւ թուրք պատմաբանները:
իսկապէս, ունեզրկումը առաջնահերթ նպատակներէն էր, որովհետեւ պետութիւնը մեծ պարտքեր ունէր: Նաեւ, երիտթուրքերը ունէին երկիրը թրքացնելու ծրագիր, որուն տնտեսական քաղաքականութիւնը իրականացուեցաւ հայերու եւ յոյներու ունեցուածքի թրքականացումով:
Հ.- Ի՞նչ ուսումնասիրութիւններ ըրած էք գիրքի պատրաստման համար:
Պ.- Մատենադարանին մէջ կը պահուին Օսմանեան կառավարութեան ներքին գործոց նախարարութեան հրամանները հայերու ունեցուածքը բռնագրաւելու մասին, որոնք կը վերաբերին Կեսարիոյ լքեալ գոյքերու յանձնախումբերուն:
Հայերու տեղահանութենէն ետք հայերու ունեզրկման գործընթացը դրուած է օրինական հիմքերու վրայ: 1915 թուականի յունիս 10-ին հրապարակուեցան հայերու լքեալ գոյքերու հետ վարուելու 34 յօդուածէ բաղկացած հրահանգները, իսկ արդէն սեպտեմբերին` «Լքեալ գոյքերու մասին» օրէնքը: Օսմանեան խորհրդարանի մակարդակով օրինականացուեցաւ հայերու ունեցուածքի իւրացումն ու բռնագրաւումը, որ արդէն կ՛իրականացուէր ամբողջ երկրի տարածքին:
Ապա այս օրէնքի կիրարկման համար պատրաստուեցաւ կանոնադրութիւն: Իսկ իրաւական փաստաթուղթերու հիման վրայ ստեղծուեցան լքեալ գոյքերու յանձնախումբեր, որոնք կազմակերպեցին հայերու ունեցուածքի բռնագրաւումը: Այս փաստաթուղթերը կը պահուին Մատենադարանին մէջ:
Շատ կարեւոր փաստաթուղթեր են լքեալ գոյքերու յանձնախումբերու արձանագրութիւնները, որոնք կրնան իրական պատկերը տալ այն մասին, թէ մենք ի՛նչ կորսնցուցած ենք:
Գիրքին համար օգտագործուած աղբիւրները շատ-շատ են: 1918 թուականի հոկտեմբեր 30-ի Մուտրոսի զինադադարէն ետք Պոլսոյ թերթերը հարուստ են այս նիւթերով, հրապարակումներով, որոնք գլխաւորաբար թրքական թերթերու արտատպումներ էին: Պարտուած թուրքերը սկսած էին խոստովանիլ:
Ինծի շատ օգնած են նաեւ այս վերջին շրջանին հրատարակուած թուրք պատմաբաններու աշխատութիւնները:
Հ.- Եթէ հայերու ունեզրկումը, «օրինական» ձեւով կատարուած է, մենք այլեւս այդ բոլորը պահանջել չե՞նք կրնար:
Պ.- Լքեալ գոյքերու մասին օրէնքները, որոնք 1920 թուականին Դաշնակից երկիրներու ճնշման տակ չեղեալ յայտարարուեցան, քեմալականները վերականգնեցին, եւ անոնք գործած են մինչեւ 1988 թուականը:
Իբրեւ իրաւական փաստաթուղթ մեզի կրնան օգնել Լոզանի դաշնագրի մէջ ընդգրկուած կէտերը, որոնք կը վերաբերին հայերու ունեցուածքին: Հանրապետական Թուրքիան պարտաւորուած էր վերադարձնել հայերու ունեցուածքը: Բայց քեմալական Թուրքիան 1923 թուականի սեպտեմբերին Լոզանի դաշնագրի յօդուածներու կիրարկումը եւ յօդուածներու հիման վրայ Ազգերու լիկայի միջամտութիւնը բացառելու նպատակով 1923 եւ 1927 թուականներուն ընդունեց օրէնքներ: Այդ օրէնքներով հայերը զրկեց իրենց հայրենի երկիրը վերադառնալու իրաւունքէն: Տեղահանուածներու կամ կամաւոր գաղթածներու անձնագիրներուն մէջ դրուեցաւ կնիք որ Թուրքիա վերադարձը յաւերժ արգիլուած է: Այդպիսով, ան տիրացաւ հայերու ձգած ունեցուածքին:
Քեմալական շարժման տարիներուն աւելի դաժանօրէն շարունակուեցան թէ՛ կոտորածները, թէ՛ հայերու ունեցուածքի բռնագրաւումը: Քեմալական շարժման շարժիչ ուժը հայերու ունեցուածքն էր: Քեմալը ամէնուր կ՛ըսէր. «Դուք ինծի պէտք է օգնէք, եթէ չօգնէք, ապա հայերը կը վերադառնան եւ իրենց ունեցուածքին տէր կը դառնան»:
Թուրք, քիւրտ մահմետական երեւելիները կը ֆինանսաւորէին քեմալական շարժումը, որուն յաղթանակի իբրեւ արդիւնք` 1923 թուականին ստեղծուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը:
Հ.- Արդեօք հնարաւո՞ր է հաշուել մեր նիւթական կորուստները:
Պ.- Մարդկային ուղեղը ի զօրու չէ հաշուելու այդ գումարը: Ես գիրքին մէջ անդրադարձած եմ մօտաւոր հանրագումարին` բերելով թիւերու վերածուած փաստեր:
Գոյութիւն ունին նաեւ տարբեր յանձնախումբեր, որոնք հաշիւներ ըրած են: Բացի 1919 թուականի Փարիզի վեհաժողովէն եւ Ազգային միացեալ պատուիրակութեան ներկայացուցած պահանջներէն, որ կազմուած է օտար մասնագէտներու միջոցով, հնարաւոր չէ ստոյգ հաշիւներ կատարել:
Օրինակ մը բերեմ. այս գիրքին հրատարակութենէն ետք Մատենադարան եկաւ կին մը, որուն մեծ հայրը վանեցի եղած է: Ան բերած էր մեծ հօր օսմանեան դրամատան Վանի մասնաճիւղին գրքոյկը, որուն ան 7 հազար կտոր ձուլածոյ ոսկի պահ տուած էր: Եթէ սովորական մարդը կրնար դրամատան մէջ այդքան ոսկի պահ տալ, ապա միւսնե՞րը, հարուստ ու երեւելի մարդիկ դրամատուներու մէջ որքա՞ն գումար կրնային ունենալ:
Ահռելի են նիւթական կորուստները, որ դարերու, հազարամեակներու ընթացքին ստեղծուած հարստութիւն է:
Լքեալ գոյքերու հրահանգներուն մէջ կար յատուկ կէտ, որ կը վերաբերէր հայկական եկեղեցական գոյքի եւ մշակութային արժէքներու կողոպուտին, որ անչափելի է:
Ըստ թրքական տուեալներու, մինչեւ 1914 թուական հայերը Թուրքիոյ մէջ ունեցած են 2538 եկեղեցի, 451 վանք, 2000 դպրոց: Այս հաստատութիւններուն մէջ պահուող հարստութիւնը եւս իւրացուեցաւ, կողոպտուեցաւ, աւերուեցաւ: Եւ ասիկայ անդառնալի կորուստ է ոչ միայն հայ, այլեւ համաշխարհային մշակոյթին համար: Մօտաւոր տուեալներով, փորձած եմ ի մի բերել կորուստը. 30 հազար մասնատուփ, 600 հազար ծիսական առարկաներ:
Մինչեւ հիմա թուրքերը մեր հաշուոյն կը հարստանան: Հայերու մեծամասնութիւնը վստահ եղած է, որ տեղահանութիւնը ժամանակաւոր է: Բոլորը իրենց հարստութիւնը «ապահով» տեղ մը թաղած են: Արդէն 100 տարի թուրքերու մօտ ոսկիի տենդ կայ` կը քանդեն, կ՛աւերեն նոյնիսկ հայկական եկեղեցիներու, տուներու, գերեզմաններու հիմքերը: Առ այսօր յատուկ սարքաւորումներով որոնումներ կը կատարեն: Հայերու ունեցուածքի հաշուոյն թրքացուցին տնտեսութիւնը: Թուրքիոյ ազգային դրամագլուխի 32-35 տոկոսը հայկական ունեցուածքն է. այս մասին կը վկայեն թուրք պատմաբանները: Թուրքերը վճարեցին արտաքին պարտքերու զգալի մասը, լեցուցին պետական պարապ գանձանակը: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ Հայոց ցեղասպանութէան հենքի վրայ, անոր նիւթական, ռազմական, քաղաքական շահոյթներու հիման վրայ:
Հ.- Արդեօք այլ պետութիւններ մասնակցա՞ծ են հայերու ունեզրկման:
Պ.- Շատ տարօրինակ երեւոյթ կը նկատուի. մինչեւ 1914 թուականը Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ թերթերը ողողուած են օտար ապահովագրական ընկերութիւններու գովազդներով: 19-րդ դարու կէսերէն երկիրը սկսաւ ողողուիլ օտար ապահովագրական ընկերութիւններով, որոնք բոլորն ալ հայ յաճախորդներ ունէին: Թուրքիոյ մէջ գործող 63 օտար ապահովագրական ընկերութիւններ ունեցած են հայ յաճախորդներ: Իսկ ապահովագինը կը ստանային ոսկիէ դրամով: Ապահովագրական ընկերութիւնները կեդրոնական բոլոր քաղաքներու մէջ ունեցած են մասնաճիւղեր: Անոնք եւս իւրացուցած են մեր ունեցուածքը: Միայն «Նիւ Եորք Լայֆը» չնչին գումարներ վերադարձուց:
Թուրքիոյ մէջ կը գործէին նաեւ օտար դրամատուներ: Ինչպէս նշեցի, Թուրքիոյ տնտեսութեան հիմնական մասը հայերու ձեռքն էր, եւ հայ առեւտրականները, արդիւնաբերողները կ՛աշխատէին դրամատուներու հետ: Դրամատուները նոյնպէս հայերու գումարները իւրացուցին: Փաստեր կան, թէ ինչպէ՛ս գերմանական դրամատուները կ՛իւրացնէին նաեւ հայերու լքեալ գոյքերը:
Հ.- Գիրքը գրելու ժամանակ ո՞ր փաստերու հետ առնչուիլը շատ աւելի ծանր եղած է ձեզի համար:
Պ.- Առնչուած եմ շատ ծանր փաստերու հետ, որոնք յիշելը առ այսօր շատ ծանր է ինծի համար: Ամենասարսափելին վճարուող փրկագինն է: Հայերու կարաւանները փողոց, կամուրջ, գիւղէ-գիւղ անցնելու համար փրկագին կու տային, անընդհատ ոսկիներ կը բաժնուէին: Ժանտարմայի հրամանատար մը խոստովանած է, որ իրեն 40 արկղ ոսկի հասած է հայկական կարաւանէն:
Մարդիկ իսլամանալու համար փրկագին կու տային: Յայտնի մեծահարուստ Իպրանոսեան 15 հազար թրքական ոսկիի համարժէք շէնք տուած է իսլամանալու համար: Իսկ իսլամացած հայերու թիւը դեռ պէտք է պարզել:
Յայտնի է, որ 63 հազար երեխայ մնաց Թուրքիոյ մէջ, ըստ Մորկընթաուի, 250 հազար հայ կիներէն ու աղջիկներէն, որոնց մեծ մասը հարեմներու մէջ եղած է, միայն 10 հազարը հնարաւոր եղած է ետ բերել` ամերիկեան նպաստամատոյցի աշխատակիցներու ջանքերով: Մարդիկ մեծ գումարներ կու տային մորթուելու փոխարէն գնդակահարուելու, այդ մէկ փամփուշտին համար:
Տեղեակ էք, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ յանցագործներու յատուկ կազմակերպութիւն մը կը գործէր: Բանտերէն դուրս հանուած յանցագործներու յատուկ կազմակերպութիւններու հետ երիտթուրքերը կը համագործակցէին, խոստանալով` անոնք կ՛ազատին քրէական հետապնդումէ, պայմանաւ, որ հայերու կողոպուտը կիսէին:
Ըստ ամերիկեան տուեալներու, անոնց թիւը եղած է 300 հազար եւ հաշուած եմ, որ իւրաքանչիւրին հասած է 15 հազար հնչուն ոսկի: Եթէ բազմապատկենք, ապա միայն այդ յատուկ կազմակերպութեան հասած է 70 միլիառ թրքական հնչուն ոսկի:
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
Նայիրի Մկրտիչեան