Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
12 փետրուար 2008-ին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի Ժիհատի խորհուրդի օգնական Իմատ Ֆայեզ Մուղնիէ հասաւ Դամասկոսի Քաֆարսուսա շրջանը, ուր ան մուտք գործեց տուն մը եւ հանդիպում ունեցաւ պաղեստինցի ղեկավարներու, Հըզպալլայի Ժիհատի խորհուրդի մէկ պատասխանատուին եւ իրանեան բանակի բարձրաստիճան զինուորականներուն հետ:
Հանդիպումին քննարկուեցան զինուորական համագործակցութիւնն ու կատարուելիք ռազմափորձերը:
Հանդիպումը չաւարտած, Մուղնիէ դուրս եկաւ այդ բնակարանէն` ներկաներէն խնդրելով հետեւիլ զինուորական համագործակցութեան եւ համադրումի աշխատանքներուն: Մուղնիէի դուրս գալէն վայրկեաններ ետք լսուեցաւ պայթում մը. հանդիպումին մասնակցող պատասխանատուները այն տպաւորութիւնը ստացան, որ շրջանին մէջ լսուած է այդ պայթումը, սակայն փողոցին մէջ ստեղծուած իրարանցումը զանոնք մղեց ստուգելու պատահարը: Արդէն իսկ դէպքին վայրը հասած սուրիական ապահովական ուժերուն ներկայութեան անոնք տեսան Մուղնիէի անշնչացած մարմինը եւ զայն գրկելով` զետեղեցին ինքնաշարժի մը մէջ եւ ուղղուեցան Լիբանան:
Մուղնիէի ընկերակցութեամբ Դամասկոս գտնուող Հըզպալլայի զինուորական պատասխանատուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ սէյիտ Նասրալլայի հետ` անոր փոխանցելու համար Մուղնիէի նահատակութեան գուժը: Սէյիտ Նասրալլա փութաց հիւանդանոց` վերջին հրաժեշտ տալու եւ իր զէնքի ընկերոջ դիակը ծածկելու Հիւսէյնի դրօշակով եւ այդ մասին տեղեակ պահելու Մուղնիէի ընտանիքը:
Մուղնիէ ո՛չ ճաշարանէ մը դուրս կու գար եւ ո՛չ ալ իր ընկերուհիներէն մէկու այցելութեան գացած էր Դամասկոս, ինչպէս շրջանառութեան մէջ դրուած էին կարգ մը լուրեր: Ան ուղղուած էր Սուրիոյ մայրաքաղաք` հանդիպում մը ունենալու այդ զինուորականներուն հետ եւ այնպիսի շէնքի մը մէջ, որ կը պատկանէր իրանեան բանակի պատասխանատուներուն:
Մուղնիէ Լիբանանէն մեկնած էր Սուրիա եւ, ըստ սովորականին, իր թիկնապահներէն պահանջած էր ուղղուիլ Սայիտա Զէյնապի ուխտատեղիին մօտակայքը գտնուող իրենց կեդրոնը, որպէսզի ինք առանձին ուղղուէր ծրագրուած հանդիպումին վայրը: Պէտք է նշել նաեւ, որ Մուղնիէ ինքն իր ապահովական պատասխանատուն էր, ոչ ոք կ՛իմանար անոր ծրագիրները, որոնք գաղտնաբար կը կատարուէին, սակայն ոչ ոք գիտէր, թէ Մուղնիէ, նախքան իր դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը, վեց ամիսներէ ի վեր դարձած էր իսրայէլեան Մոսատին հետեւողական թիրախը:
Իսրայէլ, որ Մուղնիէն կը կոչէր «ոգի» մը, կրցած էր հասնիլ անոր եւ, ըստ Հըզպալլայի գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատուներուն, Իսրայէլ առիթը ունէր Մուղնիէն Լիբանանի մէջ սպաննելու` նախքան անոր Քաֆարսուսա մեկնումը, սակայն Իսրայէլ այդ թուականին եւ այդ վայրին մէջ ահաբեկած էր Մուղնիէն նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թուականին մօտ ըլլալու նպատակով եւ նկատի ունենալով, որ Հարիրիի սպանութենէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ ստանձնած էր Հըզպալլային դաս մը սորվեցնելու պատասխանատուութիւնը` իսրայէլեան Մոսատին ճամբով:
Իսկ իսրայէլեան Մոսատը կը գործէ բոլորին ծանօթ տարազով մը. «Եթէ չկարենաս թշնամիդ պատերազմի դաշտին վրայ սպաննել, ապա սպաննէ զայն ապահովական մութ գործողութիւններով»:
Այս մասին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարութիւն մը կատարեց Մազարեհ Շեպաայի մէջ Հըզպալլայի կատարած գործողութենէն ետք, իսկ սէյիտ Նասրալլա անոր պատասխանեց` հաստատելով, որ պիտի հակադարձէ նաեւ սպանութիւններուն` յստակ դարձնելով անոր, որ ինք կ՛ըմբռնէ երկուքին միջեւ որդեգրուած լեզուին իմաստը:
Մուղնիէի կեանքին մասին տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ անոր «սխալ»-ը այն էր, որ իր կեանքին վերջին հանգրուանին ստանձնած պատասխանատուութիւնները ամբողջացուցած է առանց նկատի ունենալու, որ միջազգային առումով ինք թիւ 1 պահանջուած անձնաւորութիւնը եղած է Ուսամա պըն Լատէնի կողքին:
Իսկ երկրորդ «սխալ»-ը եղած է այն, որ Մուղնիէ Սուրիան նկատած է իր տան ետեւը գտնուող պարտէզ մը, ուր ան կրնար սովորական մարդու պէս կատարեալ անկախութեամբ ապրիլ: Այդ պատճառով է, որ ան սպաննուեցաւ Քաֆարսուսայի մէջ` հակառակ սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ անոր փոխանցուած զգուշացումներուն, որ պէտք է զգուշանայ Սուրիոյ մէջ իր շարժումներուն եւ երթեւեկին ընթացքին:
Մուղնիէ անտեսեց այդ զգուշացումները, Դամասկոսի մէջ ունեցաւ բնակարան, ուր մնայուն կերպով կ՛այցելէր, ունէր յատուկ ժողովատեղի, ինչպէս նաեւ յաճախ կ՛այցելէր իրանեան կեդրոնատեղին, ուր պատահած էր անոր սպանութիւնը:
Սպանութեան հետաքննութեան արդիւնքներուն համաձայն, Մուղնիէի դէմ գործողութիւնը կատարելու նպատակով տրամադրուած էր երեք խմբաւորում. առաջինը կը հետեւէր անոր շարժումներուն, երկրորդը կը հսկէր այդ գործողութիւնը կատարողներուն ապահովութեան եւ կը գտնուէր դէպքին վայրին եւ իրանեան կեդրոնատեղիին դիմաց գտնուող բնակարանի մը մէջ, իսկ երրորդը` «Հարուն» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւերով կը հսկէր արձանագրուող հեռաձայնային բոլոր հաղորդակցութիւններուն: Նշենք, որ «Հարուն» տիպի հետախուզական իսրայէլեան օդանաւերը սուրիական ռատարներուն վրայ չեն նշմարուիր, հետեւաբար անոնք յաջողած էին Մուղնիէի դէմ այդ գործողութիւնը կատարել:
Մուղնիէի սպանութեան հետաքննութեան շրջագիծին մէջ բացայայտուած է նաեւ, որ Հըզպալլայի զինուորական պատասխանատուին սպանութեան գիշերն իսկ Իսրայէլ լիբանանեան ջուրերը փորձած է մուտք գործել` ռազմափորձի մը ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ Ռաուշէի կողմէ յածանաւերով շրջած է ու Խալտէի ջուրերուն մէջ «Տոլֆին» տիպի սուզանաւերով պտոյտներ կատարած` Դիմադրութեան ուշադրութիւնը շեղելու եւ ջրելու Հըզպալլայի մօտ գտնուող այն կասկածները, թէ Իսրայէլ սպանութիւն մը կրնայ ծրագրած ըլլալ:
Հետաքննութեան արդիւնքները յստակ ոչ մէկ տեղեկութիւն կը փոխանցեն Մուղնիէի դէմ սպանութիւնը գործած իսրայէլեան խմբաւորումները դէպքին վայրէն դուրս բերելու մասին: Ըստ անոնց, շատ հաւանական է, որ զանոնք դուրս բերելու դիւրութիւնը տրամադրուած ըլլար սուրիական-յորդանանեան սահմանամերձ շրջանին մէջ:
Ինչպէ՞ս Ապրած Է Իմատ Մուղնիէ
Մուղնիէի կեանքին մասին քիչ բան գրուած է. 1982-ին ան Պաղեստինի Ազատագրութեան կազմակերպութենէն դուրս գալով` միացած է Դիմադրութեան եւ ապա անդամակցած` Իսլամական Ժիհատի խորհուրդին, որ իրանեան գաղտնի սպասարկութեան մաս կը կազմէր:
Այս խորհուրդին անդամակցելով` Մուղնիէ ոչ միայն Իսրայէլի դէմ պայքարած է, այլ նաեւ` Իրանի թշնամիներուն դէմ պայքարած: Անոր անունը փայլած է Պէյրութի մէջ ամերիկեան ծովուժին դէմ գործուած պայթումին եւ արեւմուտքցի պատանդներուն առեւանգումի եւ սպանութեան գործողութիւններուն ընթացքին, երբ տակաւին Հըզպալլայի կազմակերպութիւն, ղեկավարութիւն եւ ընդհանուր քարտուղարութիւն չկար: Օրին կար Շուրայի խորհուրդ մը, որ Լիբանանի մէջ իրանեան գաղտնի սպասարկութեան կառոյցին աշխատանքներուն միջամուխ չէր դառնար, նոյնիսկ երբ շէյխ Սուպհի Թուֆայլի նշանակուեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար` սէյիտ Ապպաս Մուսաուիի սպանութենէն ետք:
Հըզպալլայի հզօրացման եւ կազմաւորման անկիւնադարձային թուականը եղաւ 1992 փետրուարը, երբ Մուսաուին սպաննուեցաւ եւ սէյիտ Հասան Նասրալլա ընտրուեցաւ անոր յաջորդը: Սէյիտ Նասրալլա պահանջեց, որ իրանեան ապահովական կողմերու հետ գործող բոլոր կազմակերպութիւնները միաւորուին Հըզպալլայի դրօշին ներքեւ, եւ Մուղնիէ դառնայ Հըզպալլայի ներքին ապահովական կառոյցին, զինուորական թեւին եւ արտաքին ապահովութեան պետը: Իմատ Մուղնիէ կրցաւ Հըզպալլայի ապահովական բոլոր այդ կառոյցները միաւորել եւ սկսաւ պատրաստել ապահովական մարզի պատասխանատուներ, որոնք բոլորը կը գործեն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին եւ Շուրայի խորհուրդին հովանաւորութեամբ:
1999-ին Մուղնիէ ստանձնեց Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ ապահովական կառոյցին հրամանատարութիւնը. նոյն տարուան ընթացքին Հըզպալլա ստեղծեց Ժիհատի խորհուրդ մը, զոր գլխաւորեց սէյիտ Հասան Նասրալլա, իսկ Մուղնիէ դարձաւ այդ խորհուրդին մէջ սէյիտ Նասրալլայի օգնականը` վայելելով լայն իրաւասութիւններ, յատկապէս` զինուորական եւ ապահովական գործողութիւններու առումով: Մուղնիէ այդ պաշտօնը եւ իրաւասութիւնները կը վայելէր մինչեւ իր սպանութեան օրը, իսկ անոր նահատակութենէն ետք նման իրաւասութիւններ ունեցող ոչ ոք նշանակուած է այդ պաշտօնին համար:
Իր առաքելութեան ծիրին մէջ Իմատ Մուղնիէ բազմաթիւ այցելութիւններ եւ հանդիպումներ կ՛ունենար Դիմադրութեան մարտիկներուն հետ. ան կը շրջէր հարաւային Լիբանանի, Պեքաայի, հիւսիսային Լիբանանի եւ Պէյրութի բոլոր շրջաններուն մէջ: Ան ծանօթ էր բոլորին եւ անոր կեդրոնատեղին կը գտնուէր Պիր Ապըտի մէջ, որ Իսրայէլի կողմէ ամբողջովին քանդուած էր 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին: Այս մէկը ինքնին ցուցանիշ էր, որ Իսրայէլ տեղեակ էր Մուղնիէի կեդրոնատեղիին եւ պատասխանատուութիւններուն մասին:
Մուղնիէ լիբանանցի նախարարներու հետ եւս ունեցած է հանդիպումներ` առանց բացայայտելու իր ինքնութիւնը: Իսկ օր մը երբ նախարար մը խնդրած է իրմէ զինք Մուղնիէի հետ ծանօթացնել, պատասխանած է` ըսելով. «Այդպիսի վերացական անձնաւորութիւն գոյութիւն չունի Հըզպալլայի մէջ», մինչեւ իր սպանութեան օրը այդ նախարարը չէ իմացած անոր իսկական ինքնութեան մասին:
Ժիհատի խորհուրդէն զինք ճանչցող պատասխանատուները կը վկայեն անոր մարդկային վերաբերումին եւ մարդկօրէն գործելու ոճին մասին` բոլորին հետ: Անոնք կը հաստատեն նաեւ, որ Հըզպալլայի մէջ ստեղծած է արհեստագիտական եւ գիտական զարգացման համակարգը, աւելցնելով, որ անոր ղեկավարութեամբ Հըզպալլայի մարտիկներուն թիւը հասած է աւելի քան հարիւր հազարի:
Մուղնիէ հանդիպումներ ունեցած է լիբանանցի կարգ մը լրագրողներու հետ, որոնց մէկ մասը իմացած է իր ինքնութեան մասին. ան հանդիպած է նաեւ միջազգային եւ համաշխարհային լրագրողներու հետ, որոնք օր մը օրանց չեն գիտցած անոր ո՛վ ըլլալը, նոյնիսկ երբ զինք ուղղակի վիտէօ քամերայով նկարած են` արեւմուտքցի պատանդներուն եւ Թերի Ուայթի հարցով:
Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը տարիներէ ի վեր կը փորձէ Մուղնիէի սպանութեան իբրեւ պատասխան` վրէժխնդրութեան գործողութիւն մը կատարել, սակայն ան մեծ խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը գտնուի, յատկապէս` իսրայէլացի ապահովական եւ զինուորական պատասխանատուներուն մասին տեղեկութիւններուն գրեթէ չգոյութեան պատճառով: Կան նաեւ այլ տեղեկութիւններ, որոնց հիման վրայ կը նշուի, թէ ամերիկեան եւ իսրայէլեան կողմերուն հետ գործակցող Հըզպալլայի կարգ մը պատասխանատուներ բացայայտած են Հըզպալլայի վրէժխնդրութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ` Լիբանանէն դուրս անոր ունեցած ուժն ու կարողութիւնը, որուն պատճառով նախապէս ծրագրուած քանի մը գործողութիւն չեղեալ նկատուած է, ինչպէս նաեւ Հըզպալլա հարիւր միլիոնաւոր տոլարի գումարներ կորսնցուցած է, սակայն Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ հաշիւը բաց է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ մինչեւ Մուղնիէի սպանութեան դէմ տրուելիք յարմարագոյն պատասխանը:
Ուաշինկթըն Կը Խոստովանի
Իսրայէլացիներուն հիմնական նպատակը նկատուող Մուղնիէի սպանութեան գործողութեան եւ անոր ունենալիք հետեւանքներուն մասին ամերիկեան վարչակազմը շատ երկար չմտածեց` մեկնելով այն դիտանկիւնէն, որ Իմատ Մուղնիէի դէմ գործուելիք արարքով Հըզպալլա Իսրայէլը պիտի ամբաստանէ:
Նախորդ շաբաթներուն ընթացքին «Ուաշինկթըն փոսթ» օրաթերթը հրապարակեց յօդուած մը, որուն մէջ բացայայտեց ամերիկացի պատասխանատուներուն խոստովանութիւնը, թէ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը իր դերակատարութիւնը ունեցած է Մուղնիէի սպանութեան գործողութեան մէջ:
Ուաշինկթընի կողմէ կատարուած այս խոստովանութիւնը բնաւ անմեղ կարելի չէ նկատել, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անիկա կատարուած է Մուղնիէի սպանութենէն եօթը տարի ետք, Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ պայքարին ընթացքին եւ ճիշդ Քնայթրայի մէջ Իսրայէլի գործած ահաբեկչութենէն ետք, որուն ընթացքին նահատակուեցան Հըզպալլայի վեց պատասխանատուներ, որոնց շարքին Մուղնիէի զաւակը` Ժիհատ Մուղնիէ:
Հաւանաբար ամերիկեան այդ խոստովանութեան առաջին պատգամը կ՛երթայ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` անոր փոխանցելու համար, որ կարելի չէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ գործակցութիւնը խոչընդոտել` նկատի ունենալով Նեթանիահուի ինքնագլուխ որոշումները եւ ամերիկեան վարչակազմն ու նախագահ Պարաք Օպաման շրջանցելու անոր փորձերը:
Հաւանաբար Ուաշինկթըն այդ խոստովանութեամբ ուզեց փաստել, որ ամերիկեան-իսրայէլեան գործակցութիւնը օրին նման «նուաճումներ» իրագործած է եւ կարելի չէ այդ գործակցութիւնը վտանգել:
Ամերիկեան այդ խոստովանութեան երկրորդ պատգամ կարելի է նկատել Հըզպալլայի ուղղուած պատգամ մը, որուն մեկնաբանութիւնն է հետեւեալը. «Մազարեհ Շեպաայի մէջ Քնայթրայի գործողութեան դէմ տրուած պատասխանէն եւ սէյիտ Նասրալլայի կողմէ Իսրայէլի հետ ճակատումի կանոններու փոփոխութեան յայտարարութենէն ետք բնաւ չմտածէք, որ Իսրայէլ առանձին է»:
Ամերիկեան խոստովանութիւնը մեկնաբանող նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Հըզպալլա անակնկալի չէ եկած ամերիկեան կողմին խոստովանութենէն, որովհետեւ ան Իսրայէլի հետ իր պայքարը օր մը չէ անջատած Միացեալ Նահանգներուն դէմ մղած իր պայքարէն: Նոյնիսկ երբ Ուաշինկթընի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները բաւական հեզասահ մակարդակի հասած են, Հըզպալլա շարունակած է «Մա՛հ Ամերիկայի, մա՛հ Իսրայէլի» իր կարգախօսը, ինչպէս նաեւ մերժած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշինքը, պարզապէս այն պատճառով, որ Միացեալ Նահանգներ կը գլխաւորեն այդ դաշինքը:
Հըզպալլա միակն է, որ մնայուն կերպով աշխարհին կը յիշեցնէ, թէ ամերիկեան վարչակազմը կ՛աշխատի գործադրել իսրայէլեան օրակարգեր, անոր իր հովանաւորութիւնը կը տրամադրէ իր գործած բոլոր սպանդներուն եւ պատերազմներուն պարագային: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Մ. Նահանգներ մնայուն կերպով կ՛օգտագործեն վեթոյի իրենց իրաւունքը` արգիլելու համար Իսրայէլը դատապարտող որեւէ բանաձեւի վաւերացումը:
Տակաւին, Հըզպալլա բնաւ անակնկալի չէ եկած այդ խոստովանութեամբ, որովհետեւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը բազմիցս փորձած է Հըզպալլայի անդամներուն հետ գործակցիլ` զանոնք վերածելով ամերիկեան գործակալներու: Այդ իրականութիւնը եւս ապացոյց մըն է` ամերիկեան-իսրայէլեան սերտ գործակցութեան մասին:
Հետեւանքներ
Հըզպալլա իսրայէլեան եւ ամերիկեան թեւերուն միջեւ չի զանազաներ, ընդհակառակը, անոր համար Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները ահաբեկչական նոյն մետալին երկու երեսներն են, եւ համոզուած է, որ անոնք քաղաքական եւ զինուորական թեւեր չունին:
Ներքին լիբանանեան առումով, ոմանք, յատկապէս` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը, կը մերժեն մտածել որոշ հետեւանքներու մասին` Մուղնիէի սպանութեան ամերիկեան մեղսակցութեան գծով: Ըստ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն, «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին հրատարակած տեղեկութիւնները կրնան անճիշդ ըլլալ եւ կը հաստատեն, որ Միացեալ Նահանգները Լիբանանի թշնամի երկիր մը կարելի չէ նկատել:
Այս մօտեցումը կը մերժեն Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը, որոնք Միացեալ Նահանգները կը նկատեն այսպէս կոչուած անկախ եւ գերիշխան երկիր մը. անոնք հարց կու տան, որ ինչպէ՞ս կարելի է լուռ մնալ բարեկամ երկրի մը կողմէ լիբանանցի քաղաքացիի մը սպանութեան մեղսակցութեան ի տես:
Միւս կողմէ, ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը լիբանանեան ապահովական կառոյցին հետ կը գործակցի եւ այդ գործակցութեան արդիւնքները բացայայտ դարձան վերջին հանգրուանին, երբ ահաբեկչական բազմաթիւ գործողութիւններ կանխարգիլուեցան` շնորհիւ անձնասպանական գործողութեան հեղինակներու ձերբակալման եւ ականուած ինքնաշարժներու վնասազերծման:
Ամերիկեան «Սի. Այ. Էյ.»-ին կողմէ իսրայէլեան Մոսատին հետ գործակցութիւնը` Իմատ Մուղնիէն սպաննելու նպատակով, Լիբանանի մէջ կացութիւնը պիտի պահէ նոյնը, յատկապէս` քաղաքական երկփեղկումի առումով: