Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Յաջողութիւնը` Էրտողանին, Իսկ Ձախողութիւնը` Տաւութօղլուին

February 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

20815_vahoԹուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 6 փետրուարին Պուրսայի մէջ ընտրական հաւաքի մը ընթացքին պահանջեց յուլիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին ապահովել Թուրքիոյ խորհրդարանի 550 աթոռներէն 400-ը` նշելով, որ այդ մէկը կարեւոր է նախագահական ուժեղ համակարգ մը ապահովելու, քրտական հարցը լուծելու, նոր սահմանադրութիւն մը ապահովելու եւ «նոր Թուրքիոյ» մը համար: Նշանակը այդքան բարձրացնելով Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան տէ ֆաքթօ ղեկավարը հսկայական պատասխանատուութեան եւ ճնշումի տակ դրաւ վարչապետ եւ կուսակցութեան տէ ժիւրէ ղեկավար Ահմեթ Տաւութօղլուն:

Ըստ հարցախոյզներ կատարողներուն, Տաւութօղլու սուլթանութեան թեկնածուին պահանջածը ապահովելու համար պէտք է ընտրութեան ընթացքին ապահովէ քուէներուն 60-էն 65 առ հարիւրը, բան մը, որ ինքնին Էրտողան չէ յաջողած ընել իր 11-ամեայ իշխանութեան ընթացքին: Վերջինիս ապահոված քուէներուն առաւելագոյն համեմատութիւնը 2011-ին էր, երբ իր ղեկավարած կուսակցութիւնը ստացաւ քուէներուն 50 առ հարիւրը:

Նախագահական համակարգի ապահովման պարագային Էրտողան իբրեւ վարչապետ 11 տարի իշխելէ ետք, կարելիութիւնը պիտի ունենայ յաւելեալ 10 տարի իշխելու, այս անգամ իբրեւ նախագահ` նկատի ունենալով, որ նախագահութեան նստաշրջանը հինգ տարի է, սակայն վերանորոգելի է: Միւս կողմէ, Տաւութօղլու այս ընտրութիւններէն ոչինչ ունի շահելիք` լաւագոյն պարագային Սատըր Աազամի պաշտօն մը, եւ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ Էրտողան սուլթանութեան տիրանալէ ետք զինք այդ պաշտօնէն ալ զրկէ եւ մէկդի նետէ, ինչպէս հինցած կօշիկ մը:

Սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելու համար բաւարար է ապահովել խորհրդարանի աթոռներուն երկու երրորդը` 367 աթոռներ, սակայն  Էրտողան կը պահանջէ 400 աթոռ: Ան  նշանակը այսքան բարձրացնելով անխուսափելի դարձուց Տաւութօղլուի ձախողութիւնը եւ հարցականի տակ առաւ վերջինիս վարչապետի պաշտօնով վարձատրուելուն կարելիութիւնը:

Յամենայն դէպս, ընտրութիւններուն արդիւնքը ինչ որ ալ ըլլայ, թերեւս կարելի է այժմէն իսկ ըսել, որ յուլիսի խորհրդարանական ընտրութեանց յաջողութիւնը կը պատկանի Էրտողանի, իսկ ձախողութիւնը` Տաւութօղլուի: Այլ խօսքով` Էրտողան Պուրսայի ընտրական հաւաքին ընթացքին քաղաքական մեծ հարուած մը հասցուց արդէն իսկ անելանելի կացութեան մէջ գտնուող Տաւութօղլուին:

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը Միասնական Ոգիով Ու Ամուր Վճռակամութեամբ Նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

Յաջորդը

Մարտակերտի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 124-Ամեակը

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.