Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սատարեցէք Մանուկներու Համար Հայերէն Խաղերու «Համազգային»-ի Ծրագիրին

February 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

21215_armenian-(1)Մեր ապրած իրականութեան մէջ հաղորդակցութեան արդիական գործիքները կը հրապուրեն նաեւ մանուկները: Մանուկներու դաստիարակութեամբ զբաղող հաստատութիւններ ու անհատ մասնագէտներ կը հնարեն զանազան միջոցներ, որպէսզի փոքրերը հետաքրքրական եւ օգտակար ձեւերով կարենան գործածել այդ գործիքները, անոնցմէ դասեր քաղեն եւ զանոնք ծառայեցնեն իրենց համար պիտանի գիտելիքներու ամբարման:

Սփիւռքի մէջ հայ մանուկներէն շատեր կը յաճախեն օտար վարժարաններ եւ չունին հայերէն սորվելու միջոցները: Իսկ համակարգիչներու եւ արդի հաղորդակցական գործիքներու ժամանցի խաղերը օտար լեզուներով են: Ելեկտրոնային տարածութեան մէջ հայերէնը համեմատաբար փոքր տեղ կը գրաւէ որպէս գործող լեզու: Անհրաժեշտ է ձեռնարկել հայերէնի ուսուցման համար արդի գործիքները օգտագործող նախաձեռնութիւններու: Անհրաժեշտ է հայ մանուկին տրամադրութեան տակ դնել հետաքրքրական խաղեր, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ անուղղակի ձեւերով զարգացնել հայերէնի իր ծանօթութիւնը:

Առ այդ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ձեռնարկած է ստեղծելու ipad, iphone եւ smartphone գործիքներուն վրայ տրամադրելի, հայերէնով մանկական դաստիարակչական խաղեր, որոնք պիտի ներկայացուին որպէս անկախ ծրագիրներ (app-եր): Փոքրիկը, երեք տարեկանէն սկսեալ, զանազան app-երու միջոցով պիտի կարենայ հաճելի ձեւով սորվիլ հայերէն լեզուն:

21215_lala-ara-app10891479_777089762377771_2487300434349599126_nԽաղերու լեզուական այլընտրանքները պիտի ըլլան արեւմտահայերէնը եւ  արեւելահայերէնը: Խաղերու ծրագրուող առաջին խումբին նիւթը պիտի ըլլայ գոյնը: Խաղերու մակարդակները պիտի զանազանուին 10 գոյներով, իւրաքանչիւր գոյն` 4 խաղերով. ընդամէնը` 40 խաղեր:

Համազգայինը արդէն իսկ սկսած է խաղերու առաջին այս խումբի պատրաստութեան աշխատանքներուն:

Այս ծրագիրին իրականացման ուղղութեամբ աշխատող խմբակի անդամներն են` Արին Գալուստեան (ծրագրի պատասխանատու, Նայիրի Ալեքսանտրեան (գծանկարչական յղացք եւ իրագործում), Սերուժ Պաղտասարեան (կայքի ձեւաւորում) եւ Թալին Եահնիյեան (մանկավարժական խորհրդատու):

Այս նախաձեռնութեան իւրայատկութիւններէն մին այն է, որ խաղերուն պատրաստութեան գումարը պիտի հաւաքուի ժողովրդային առցանց (on-line) մասնակցութեամբ: Կրնաք օգտագործել հետեւեալ կապը (link) http://donate.lalanouaran.com ձեր փափաքած նուիրատուութիւնը առցանց կատարելու համար: Մեր թիրախն է 15,000 տոլարի գոյացումը: Այս գումարը կը համապատասխանէ ծրագրի ներկայ հանգրուանի  գործադրութեան ծախսերուն: Եթէ յաւելեալ գումար հանգանակուի, զայն պիտի յատկացնենք յաջորդ հանգրուաններուն, որոնց թեմաները պիտի ընդգրկեն ձեւերը, թիւերը, գիրերը եւ այլն…

Մեր ծրագիրի գործընկերներն են «Ազդակ» օրաթերթը եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը:

Ուրախ ենք յայտնելու, որ այս ծրագիրը մեծ ընդունելութիւն գտած է մեր հայրենակիցներուն մօտ եւ արդէն իսկ կարելի եղած է հանգանակել 9 հազար տոլար, 82 նուիրատուներու մասնակցութեամբ:

Ծրագիրին ծանօթանալու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքերը http://www.lalanouaran.com/hy/ եւ  https://www.kickstarter.com/projects/lalanouaran/lala-and-ara-world-of-colors:

ԽԱՂԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՂ ԽՄԲԱԿ

Նախորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 100. «Տերսիմ Եւ Տերսիմի Հայութիւն» Նիւթով Ներկայացում

Յաջորդը

Տեառնընդառաջը

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.