Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երախտագիտութեան Երեկոյ»` Համազգայինի «Ռ. Զարդարեան» Մասնաճիւղի Կազմակերպութեամբ Եւ Նայիրի Ղազարեանի Մասնակցութեամբ

Փետրուար 11, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSCN1877Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին,  կազմակերպութեամբ  Համազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 7 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ երախտագիտութեան երեկոյ մը` Ազատամարտ ակումբի «Ժաք Չուխատարեան» սրահին մէջ, Էշրեֆիէ:

Մոսիկ Պարսումեան
Մոսիկ Պարսումեան

Համազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղին խօսքը փոխանցեց մասնաճիւղի ատենապետ Մոսիկ Պարսումեան, որ դիտել տուաւ, թէ հանդիպումը իր բնոյթով եզակի է, որովհետեւ անիկա երախտագիտութեան արտայայտման առիթ է` երէկուան արուեստի աշակերտներուն կողմէ, որոնք այսօր արդէն իսկ երիտասարդ երաժիշտներ դարձած են, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնելու առիթ է բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան մասնաճիւղի ծրագիրներու իրականացման: «Մասնաճիւղիս հիմնադրութեան առիթով, 2003 թուականէն սկսեալ իրերայաջորդ վարչութիւններ մշակութային արշաւի նախաձեռնեցին` հաւատալով հայ մշակոյթի արժէքներու, լեզուին, երգին ու պարին պահպանման կարեւորութեան, որովհետեւ այդպիսով կառչած կը մնանք մեր արմատներուն», հաստատեց Մ. Պարսումեան` յիշելով մասնաճիւղին կատարած նախաձեռնութիւնները: Ան յատուկ կերպով յիշեց այս ծիրին մէջ ստեղծուած երաժշտական ֆոնտը, որ առիթ տուաւ տաղանդաւոր սաներու որդեգրումին, անոնց քաջալերող եւ մղիչ ուժ հանդիսանալու:

Մասնաճիւղին եւ անոր հիմնադիրներուն անունով Մոսիկ Պարսումեան այս առիթով երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք` «ճիգ չխնայեցին աւելցնելու համար նոր տասնամեայ օղակներ մասնաճիւղին պատմութեան այս ոսկի շղթային վրայ` միշտ մնալով հաւատարիմ համազգայինի առաքելութեան»:

Մոսիկ Պարսումեան հայ մշակութային հարազատ արժէքները բարձր պահելու պատգամը փոխանցելէ ետք շնորհակալութիւն յայտնեց վճռական ու նախանձախնդիր հիմնադիրներուն, յաջորդական Շրջանային վարչութիւններու,երաժշտանոցի տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, շրջանի ՀՅԴ կոմիտէին, ծնողներուն, որոնք ամէն գնով աշխատեցան կայուն պահել այս բերդը, ինչպէս նաեւ` պատանիներուն, որոնք արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը:

 Նայիրի Ղազարեան
Նայիրի Ղազարեան

Գեղարուեստական բաժինով թաւջութակի վրայ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը աւարտած եւ բարձրագոյն կրթութիւնը Հայաստանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ շարունակած Նայիրի Ղազարեանը, որուն առաջարկին ընդառաջելով` Համազգայինը կազմակերպած էր այդ երախտագիտութեան երեկոն: Ն. Ղազարեանին դաշնակի վրայ ընկերակցեցան Նարէ Աղասարգիսեանն ու Բալիկ Լատոյեանը, իսկ ջութակով` Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեանը: Անոնք արուեստասէր հանրութեան ներկայացուցին բարձրորակ երաժշտական կտորներ, զորս մեկնաբանեցին վարպետութեամբ եւ տպաւորիչ կերպով:

Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Նայիրի Ղազարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցին եւ «Ռ. Զարդարեան» մասնաճիւղին, որոնք մեծ դեր խաղացին իրերայաջորդ սերունդներու արուեստի դաստիարակութիւն ջամբելու, զանոնք բեմ բարձրացնելու, արուեստն ու մշակոյթը ոչ միայն պահպանելու, այլ նաեւ զանոնք վերամշակելու եւ տարածելու առումով: «Այս հաստատութիւնները ինծի համար եղան մեծ դպրոց, եւ ինչո՞ւ չէ,  նաեւ` մեծ ու անբաժան ընտանիք», հաստատեց ան:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ մասնաճիւղին մօտ տարիներու Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Պետիկ Ծառուկեանը, որ շեշտեց, թէ Համազգայինը ամէն տեղ ներկայութիւն կը հանդիսանայ եւ իր դրոշմը կը դնէ: Ան անհրաժեշտ նկատեց զարկ տալ մասնաճիւղերուն եւ միասնաբար գործել` արդիւնաւէտ ծրագիրներու իրականացման ի խնդիր:

Համազգայինի Շրջանայինի վարչութեան նախկին անդամ Յակոբ Լատոյեան եւս փոխանցեց իր սրտի խօսքը` նշելով, որ այս բոլորին ի տես` կարելի չէ երախտապարտ չըլլալ «Լ. Շանթ» կեդրոնի հիմնադիրներուն, որոնք իրենց տեսիլքը իրականացուցին դժուար ժամանակներու` դրական ներդրում ունենալով մեծաթիւ սերունդներու կեանքերուն մէջ:

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ  կեանքի մէջ ամէն մարդ, ի՛նչ բնագաւառի մէջ ալ ըլլայ, ընդհանրապէս կարիք ունի նեցուկի, քաջալերանքի եւ մղիչ ուժի, որպէսզի աւելի եւս ամրապնդուի իր կատարած աշխատանքին մէջ, կարենայ աւելի յառաջդիմել ու զարգանալ եւ նուաճումներ արձանագրել:

Ձախէն աջ՝ Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Նարէ Աղասարգիսեան, Նայիրի Ղազարեան եւ Բալիկ Լատոյեան
Ձախէն աջ՝ Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Նարէ Աղասարգիսեան, Նայիրի Ղազարեան եւ Բալիկ Լատոյեան

Արդարեւ, այս համոզումն ու հաւատքն են, որ մղած են Համազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղը տարիներ շարունակ տաղանդաւոր երիտասարդներուն նեցուկ կանգնելու, անոնց երթին շարունակութեան մէջ օժանդակ ըլլալու, նաեւ համոզուելով, որ այս տղաքն ու աղջիկներն են, որոնք պիտի ըլլան մեր մշակութային ու ազգային արժէքներու պահապաններն ու տարածողները:

«Այսօր արդէն իսկ ցանուած հունտին բերքահաւաքը կատարուած է, ի գործ դրուած աշխատանքին արդիւնքը կը տեսնենք եւ հպարտ ենք թէ՛ մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ եւ թէ՛ մեր երիտասարդ տաղանդներով, որոնք լուսաշող ապագայ կը խոստանան», յայտնեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան` հաստատելով, որ կոմիտէն միշտ թեւ ու թիկունք է նման նախաձեռնութիւններու եւ պատրաստ է ամէն ինչ ընելու` նման քայլերու օժանդակ կանգնելու համար:

Աւարտին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթապլեան արտայայտեց իր սրտի խօսքը` նշելով, որ երախտագիտութեան երեկոն գեղեցիկ եւ օրինակելի երեւոյթ մըն է: Օրինակելի, որովհետեւ մարդկային կարեւոր ազդակ մըն է անձնական ճակտի քրտինքէն  բաժին հանելն ու հանրային կեանքի նպաստելը: Իսկ` իւրայատուկ, որովհետեւ կարծես հայ իրականութեան մէջ սփիւռքահայ արժէքը գիտակցութիւն մըն է կամաւոր ծառայութեան` յանուն  մշակոյթի կրթութեան:

Նախորդը

«Հայերու Ունեզրկումը Եղած Է Հայոց Մեծ Եղեռնի Դրդապատճառներէն Մէկը». Անահիտ Աստոյեան

Յաջորդը

«Բարոյականութեան Պակաս». Մեղաւոր Ենք Բոլորս Զրոյց Գրող, Հրապարակախօս Ռուբէն Յովսէփեանի Հետ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?