ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Իմ Վարդանը (կոթողային քանդակը) վահանը գցել է մէջքին եւ ահարկու սուրը բարձրացրած` արշաւում է թշնամու վրայ: Նա բարոյապէս բարձր է թշնամու զօրութիւնից: Նրա դիրքն արդէն յաղթողի վսեմ դիրք է»:
ԵՐՈՒԱՆԴ ՔՈՉԱՐ
Հայազգի աշխարհահռչակ քանդակագործ
Յաճախ մենք մեզի հարց կու տանք, արդարօրէն, թէ մարդկային ի՜նչ ԿԱՐՕՏի եւ զգացական աշխարհի մասին է խօսքը, երբ կ՛ապրինք ներկայ ժամանակներու ամէնէն վատահամբաւ եւ ստորնացուցիչ օրերը:
Հետզհետէ, այսպէս ասած, մարդկային կեանքի աննպատակ եւ կամ բացարձակապէս նիւթականացած առօրեայի մը հեւքին եւ արագասոյր արհեստագիտութեան պարտադրանքին ներքեւ, ալ պիտանի են, ճիշդ կը հնչե՞ն, իրենց իմաստն ու հնչեղութիւնը կը պահե՞ն, մեզ կ՛ուժեղացնե՞ն` թշնամիին դէմ սլանալու, կը պաշտպանե՞ն` խառնափնթոր որոգայթներէ, այլապէս մեզ` հաւաքաբար կ՛ոգեւորե՞ն այն բոլոր համամարդկային եւ առանձնապէս ազգային ապրումներն ու հաւաքական տեսլականներու արժեհամակարգերը, որոնց կարօտը կ՛ապրինք ամէն քայլափոխի:
Աւելի քան 1560 տարիներու հեռաւորութենէն առ այսօր սրբազան ՁԱՅՆ մը ինքզինք կը պարտադրէ, հայոց ազգային կամքի, եռանդի, քաջութեան ու սխրանքի մը վսեմ արտայայտութիւնը եղող ԿԱՆՉ մը առհասարակ եւ անընդհատ կը ղօղանջէ, հայրենիքի ու ժողովուրդի պաշտպանութեան կոչուած նուիրեալներու բարձրագոռ եւ հուժկու սլացքի մը տարերքը ամբողջ ազգի մը հոգիները ԿԸ ԴՂՐԴԱՑՆԷ: Աւելի՛ն, սեփական ուժին եւ ամրակուռ պահուածքին վստահելու պատգամ մը իր հրաշափառ ուժականութեամբ իւրաքանչիւրիս ներաշխարհը անընդմէջ ԿԸ ԹԱԿԷ, բայց մանաւանդ` դէպի թշնամին ճախրելու եւ մահէն երբեւէ չվախնալու աստուածահաճոյ գիտակցական, հրաբորբ, ազնիւ ու ապագայակերտ մտածողութիւն մը դարերէ ի վեր մեզ կ՛առաջնորդէ` յանուն մէկ ու բացարձակ ճշմարտութեան մը, թէ ազգեր արժանի կ՛ըլլան ապրելու եւ գոյատեւելու այնքան ատեն որ տէրն են իրենց հողին ու ազգային արժանապատուութեան:
Եւ այս հասկացողութեամբ է, որ հայոց իրերայաջորդ սերունդներ կրցան պահպանել եւ պաշտպանել այն հողատարածքը, բնօրրանը, նաեւ` ազգային տեսակն ու իւրայատկութիւնը սնուցանող միջավայրը, այո՛, հայրենիքը` իր հրաշագեղ Արարատով եւ հայաբոյր ընդերքով:
Մտածա՞ծ ենք երբեւէ, որ եթէ հայոց պատմութեան աւելի քան չորս հազարամեայ պատմութեան լուսաւոր թէ տրտմաթախիծ էջերու ամբողջ լայնքին ու երկայնքին չըլլային այն արտասովոր պահերն ու արիութեամբ յագեցած սխրանքները, գոյութիւն չունենային այն բուռ մը հրաշածին ու անկրկնելի հրամանատարական կազմերն ու համեստ զինուորագրեալները, որոնք իրենց մարդկային զօրեղ ու տիպար կառուցուածքին եւ ազգային շունչին ապաւինած` ամէն օրհասի թէ դժուար կացութիւններու դէմ յանդիման ցոյց չտային հայոց աշխարհի իւրայատուկ դիմագիծի ու կեցուածքի գեղեցկութիւնը:
Վարդանանք թէ Աւարայր առանց այդ սքանչելի կեցուածքին եւ ազգային մտածողութեան պիտի դառնային պատմութեան թաւալքին մէկ տժգոյն եւ կամ անդիմագիծ արարը, եթէ երբեք հայութիւնը բաւարարուէր սոսկ ճակատամարտ մղելու` յաղթական թէ պարտեալ հոգեկանութեամբ, եւ ինքզինք մատնէր հետագայ դարերու մոռացութեան գլանին:
Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, թէ Վարդանանք ժամանակաշրջանի եւ ընդհանրապէս 5-րդ դարու աշխարհաքաղաքական պայմաններու պատկերը այնպէս մըն էր, որ յարաբերաբար փոքր ժողովուրդներ եւ այդ ալ նորահաստատ` իրենց կրօնական կողմնորոշումով թէ ազգային դիմագիծով կարենային դէմ դնել հզօր կայսրութիւններու թէ գերադաս ուժերու, մէկ կողմէ Սասանեան Պարսկաստանի ուղղակի թշնամանքին, եւ միւս կողմէ` Հռոմի պատեհապաշտ ու գձուձ հաշիւներու:
Ու դարեր շարունակ մենք սիրեցինք Վարդանը, պաշտամունքի պատուանդանին արժանացուցինք Մամիկոնեանք իրերայաջորդ սերունդներու ներկայացուցիչներ, հաւատացինք անոնց ջամբած սրբազան պատգամին, խորապէս ըմբռնեցինք ազգային մօտեցումներու անոնց հրայրքն ու ճշմարտացի կեցուածքը, ընդունեցինք զիրենք որպէս անվրէպ հայորդիներ, արքայազուն տիպարներ, յստակ ու պինդ, հասու եւ կողմնորոշիչ քաղաքական դիմագիծի տէր անհատականութիւններ, որոնք կրցան բացառիկ հեռատեսութեամբ եւ ռազմավարի ունակութեամբ դառնալ տուեալ պահու շունչն ու ոգեկան ամրութիւնը:
Փաստօրէն, Սասանեան Յազկերտներու ստորնացուցիչ եւ դէպի մահ տանող պարտադրանքներու դէմ յանդիման, եւ, հակառակ կարգ մը հայ անհատներու եւ շրջանակներու այսպէս ասած քաղաքական թէ զինուորական տարբեր մօտեցումներուն, Վարդանանք կերտեցին այն փառքը` դէպի թշնամի որջեր սլանալու, հարուածելու եւ մահուամբ հաստատագրելու այն մեծագոյն ռազմավարութիւնը, քաղաքական թէ զինուորական բոլոր ժամանակներու ուսմունքը, թէ` երբ ազգ մը կ՛ուզէ գոյատեւել եւ արժանավայել կեանք մը ունենալ, երբ պարտադրուած եւ անխուսափելի պատերազմի մը դէմ յանդիման կը գտնուի, թէկուզ իրմէ աւելի հզօր թշնամիին դէմ անգամ, անոր յաղթանակը` բարոյական թէ ֆիզիքական կը սկսի այն ՊԱՀՈՒՆ երբ չբնաջնջուելու եւ չվախնալու գերագոյն որոշումը կու տայ եւ այդ յանձնառութեամբ յառաջ կը շարժի:
Այս քաղաքական հասկացողութեան եւ ռազմագիտական ուսմունքին ամէնէն իրաւացի եւ ապագայատես օրինակը հանդիսացան Սարդարապատեան գոյամարտերն ու Արցախեան ազատագրական պայքարի նուիրական ճակատամարտերը, ուր հզօր բանակներն անգամ ծունկի եկան հայոց քաջարի ու աննման տղաներու հարուածելու կամքին, հայրենատիրութեան եռանդին եւ գաղափարայնութեան դիմաց:
Այդուհանդերձ, Վարդանանք կերտած եւ Արցախեան ազատամարտ ապրած հայութիւնը վերջին տասնամեակներուն կը գտնուի իր ամէնէն օրհաս պայմաններուն դէմ յանդիման:
Ճիշդ է, աշխարհաքաղաքական աննպաստ պայմաններու, տնտեսական խօլ մրցակցութիւններու թէ համայնակուլ յորձանուտի եւ բնաջինջ պատերազմներու իրողական պատկերին դիմաց, հայրենի պետականութիւնն ու հայկական սփիւռք(ները) կը մղեն ահաւոր ու գերիվեր ճակատումներ բոլոր մակարդակներու վրայ, եւ, հակառակ տուեալ մարտերուն արդիւնքէն, մեզի համար ամէնէն խոցելին կը մնայ այն իրականութիւնը, երբ ներքին տեսադաշտի եւ ազգային պարունակին մէջ կը յամենան ապազգային կողմնորոշումներ, ապիկար մօտեցումներ, շատ անգամ լկտի ու խենեշ վերաբերումներ, որոնց անդարմանելի գինը կը վճարէ հայութիւնը:
Յայտնապէս նման հակասական լիցքով խորապատկերի դիմաց, երբ Վարդանանք կ՛ուզենք ոգեկոչել, Մամիկոնեանք սխրանք յիշատակել, Աւարայրի եւ Տղմուտ գետի թէկուզ բարոյական փառքը հիւսել, սերունդներու միտքերն ու հոգիներ սնուցանել, ազգը ոգեկանութեամբ սպառազինել եւ հետագայ յաղթանակներու տեսիլքը ընդգծել, ցաւ ի սիրտ, առանց խղճմտանքի ու խպնանքի կը շարունակենք տատանիլ մեր իսկ ստեղծած սուտ եւ ապաբարոյ քաղաքական մտմտուքներու քաոսին մէջ, տնտեսական անհորիզոն եւ արտագաղթի ահաւոր ճգնաժամի մը եղերերգին դէմ յանդիման, փոխանակ ամէն ստեղծագործ արարքի, անշահախնդիր մօտեցումի եւ իրաւ հայրենասիրութեան փայլքը ապրեցնելու եւ ատով հպարտանալու:
Ի զուր կը յիշենք Վարդանանք, երբ անոր դարաւոր եւ ճարճատող քաղաքական ու զինուորական մտածողութենէն նուազագոյն դասեր քաղելու ոչ մէկ պատրաստակամութիւն իսկ կը ցուցաբերենք:
Մամիկոնեանք ամէն բանէ առաջ հրդեհեցին ազգային մտասեւեռումով յագեցած հայորդիներու ներաշխարհը եւ տղամարդու կեցուածքի ներշնչարանը հանդիսացան քաղաքական գործիչներու:
Աւարայրի դաշտին վրայ առ Աստուած արձակուած հայոց բանակի սրտապինդ ու հեզահամբոյր աղօթքը կ՛ընդգրկէր երկու տառ լոկ «Ոչ»-ի եւ կամ «Ոչ» ըսելու քաղաքական մտքի համարձակութիւնը: