Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջը

Փետրուար 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

21215_aaaՏեառնընդառաջը քառասնօրեայ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման օրն է, որ Հայ առաքելական եկեղեցին կը տօնէ 13-14 փետրուարին:

Երբ Յիսուս Քրիստոս քառասուն օրուան կ՛ըլլայ, Յովսէփն ու Մարիամ Աստուածածինը զայն կը տանին Աստուծոյ տաճարը. մեծ աղմուկով կը բացուին տաճարի արեւելեան դռները, որոնք փակ էին դարերէ ի վեր:  Երուսաղէմի մէջ փոքրիկ Յիսուսը տեսնելով` անոր ընդառաջ կու գայ Սիմէոն ծերունին, որուն Աստուած խոստացած էր, թէ պիտի չմահանայ, մինչեւ տեսնէ աշխարհին Փրկիչը: Սիմէոն ծերունին կ՛ըսէ. «Կրնամ խաղաղութեամբ մահանալ, որովհետեւ տեսայ Քու խոստացած փրկութիւնդ»: Հոսկէ ծագած է տօնին անունը:

Ըստ աւանդութեան, 14 փետրուարին նորապսակներու օրհնութեան օր է, որ կապ չունի հեթանոսութեան հետ, այլ խարոյկ վառելու սովորութիւնը կու գայ Քրիստոսի` լոյսով մաքրագործելու խորհուրդէն:

Տեառնընդառաջի օրը Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագ կը մատուցուի, տեղի կ՛ունենայ անդաստանի արարողութիւն, կ՛օրհնուին երկրի չորս կողմերը, որպէսզի տարին ըլլայ արգասաբեր, ապա տեղի կ՛ունենայ նախատօնակի ժամերգութիւն, որմէ ետք բակերուն մէջ կրակ կը վառեն, հաւատացեալները այդ կրակէն մոմեր վառելով տուն կը տանին` Քրիստոսի աստուածային լոյսով իրենց օճախները օրհնութեամբ լեցնելով: Տեառնընդառաջին խարոյկ վառելը լուսաւորելու` գիրն ու գրականութիւնը, արժէքներն ու հարստութիւնները պահպանելու գաղափարը կը կրէ նաեւ:

Կայ նաեւ խարոյկին վրայէն ցատկելու սովորութիւնը. չբեր կիները այդ մէկը կը կատարեն զաւակ ունենալու մաղթանքով, տղամարդիկ` մաքրագործման խորհուրդէն մեկնած, իսկ մանուկները` չարէն պաշտպանուելու նպատակով:

Յիսուսի տաճար ընծայումի տօնին առիթով ո՛չ միայն եկեղեցական տօնակատարութիւն կը կատարուի, այլեւ առիթ է հայ մանուկները Աստուծոյ ընծայելով փառք տալու Անոր մեր երջանկութեան համար: Անոնք Աստուծոյ պարգեւներն են ծնողներուն տրուած: Աստուած զանոնք յանձնած է իբրեւ աւանդ: Ուստի, պէտք է այս տօնը առիթ ըլլայ մեր զաւակները դաստիարակելու այնպէս, ինչպէս Աստուած ի՛նք պիտի ուզէր, որ անոնք դաստիարակուէին:

Նախորդը

Սատարեցէք Մանուկներու Համար Հայերէն Խաղերու «Համազգային»-ի Ծրագիրին

Յաջորդը

Իմատ Մուղնիէի Սպանութիւնը Եւ Միացեալ Նահանգներու Մեղսակցութիւնը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?