Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ականատեսներու Վկայութիւններ-Հեղնար Գաբրիէլի Ղուկասեանի Վկայութիւնը

Փետրուար 11, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐԺԻՆԷ ՍՎԱԶԼԵԱՆ

21115_heghnar-gougasianԵս ծնած եմ Բասէնի գաւառի Տալիպապա գիւղին մէջ: Ծննդեանս թուականը յայտնի չէ, քանի որ սովորութիւն էր, որ նորածինի

անունը եւ թուականը գրէին եկեղեցւոյ Աւետարանի կողքին: Մեր Աւետարանը գերի մնաց թուրքին:

1915 թ. գաղթի ժամանակ իմ հաշիւներով մօտ 18-19 տարեկան էի: Հայրս` տէր Գաբրիէլը, հոգեւորական էր, օծուած էր Վանի մէջ: Մեր Տալիպապա գիւղին մէջ շատ գեղեցիկ եկեղեցի կար: Հօրմէս բացի մէկ այլ տէրտէր ալ ունէինք` տէր Անտոնը:

Մայրս` Եղիսաբէթը, շատ շնորհքով ու գեղեցիկ կին էր: Կաւէ այնքան սիրուն սափորներ ու կճուճներ կը սարքէր, որ տեսնողը կը հիանար: Ափսո՜ս շուտ մահացաւ. տեղահանութենէն քանի մը տարի առաջ հիւանդացաւ թիֆով: Մայրս հինգ երեխայ ծնած էր:

Մօրական պապս գութան սարքող էր, այնպիսի գութան` ինչպէս որ մատ կպած չըլլար: Հեռու գիւղերէն կու գային, որ իրենց համար պապս գութան սարքէր:

Ես լսած էի օձերու կռիւի մասին: Գիւղէն դուրս, բաց դաշտի մը վրայ հարիւրաւոր օձեր բաժնուած էին երկու խումբի եւ կը կռուէին: Մէկը խորհուրդ տուաւ, թէ` բերէք տաշտերով կաթ տանենք, թող խմեն, հանգստանան: Իրօք, օձերը սկսան կաթը խմել ու կամացկամաց քաշուեցան, հեռացան:

21115_pasen-kiughՄեր գիւղէն աւելի սիրուն գիւղ աշխարհի մէջ դժուար թէ ըլլար: Չորս կողմը սարեր ու բլուրներ կային` ծաղիկներով ու մարսի թուփերով ծածկուած: Ի՜նչ աղբիւրներ ունէինք, ի՜նչ աղբիւրներ` Գռնով աղբիւրը, Գեադուկի աղբիւրը, Հոռհոռի աղբիւրը: Անմահական սառը ջրէր էին: Երազիս` մէկմէկ Գռնով աղբիւրը կ՛երթայի: Ջուրը այդքան սառն է, որ հազիւ երկու բուռ կը խմես:

Հայրս, ճիշդ է, հոգեւորական էր, բայց նաեւ լաւ ռանչպար էր: Ամենախոշոր ցորենը մեր արտերու ցորենն էր, համարեա նռան հատիկի չափ: Հայրս մեզ կը ստիպէր, որ արտի ամենաբարձր ու խոշոր հասկերը հաւաքենք: Անոնցմէ ան սերմացու կը ընտրէր: Հարեւան գիւղերէն` Արճարակէն, Գոմաձօրէն ու Տոտիէն կու գային մեր արտերը տեսնելու, հօրմէս խորհուրդ առնելու:

Գիւղի չորս բոլորը լաւ հողեր կային, տարբեր գոյներու` սեւ, սպիտակ, կարմիր: Ես ամէնէն շատ կը սիրէի մեր կարմիր արտը: Հա՛, չմոռնամ ըսել, որ սեւ արտի հողը այնքան սեւ էր, մուրի նման սեւ, մայրս այդ հողէն կը հունցէր կճուճներու ու գութնի թասերու համար:

Ջրաղաց ունէինք` Աւետիս հօրեղբայրս կը բանեցնէր: Գիւղի մէջտեղէն գետ կը հոսէր: Մեծցած եմ` հիմա մէկ-մէկ ականջներս կը խշշան, ինձ կը թուի, թէ մեր գետի ձայնը կը լսեմ կամ ալ հեռուէն մեր ջրաղացի չախչախի ձայնը կը հասնի ինձ:

Մեր գիւղին մէջ լաւ դպրոց կար. Էրզրումի Սանասարեան վարժարանի մասնաճիւղն էր: Միայն տղաներ հոն կը սորվէին` հայերէն, ֆրանսերէն, տաճկերէն: Ղուկասենք` իմ երկրորդ ամուսինիս ընտանիքը, ֆրանսերէն թերթեր ու գիրքեր կը կարդային: Անոնց քիթը քիչ մը բարձր էր:

Ա՜հ, ինչ ըսեմ: Տալիպապան մեծ, շէն գիւղ էր: Բասէնի գլխաւոր ճանապարհը մեր գիւղէն կ՛անցնէր: Վան, Էրզրում գացողները ուրիշ ճանապարհ չունէին:

1915 թիւն էր: Դեռ գիւղէն դուրս չէինք եկած: Թուրքերը գիշերուան մը մէջ 126 տղամարդ հաւաքեցին` իբր թէ կը տանէին ճանապարհներու վրայ աշխատելու: Յետոյ իմացանք, որ մեծ մասին սպաննած են, միւսները տարած էին Էրզրումի բանտը: Հայրս անոնց մէջ էր: Վեց ամսուան հարս էի, ամուսինս սայլով բանտարկեալներուն շոր եւ ուտելիք կը տանէր: նաց` ալ չվերադարձաւ: Մնացածներուն բանտին մէջ սպաննած էին:

1915-ին գաղթի հրամանը յանկարծակի եղաւ: Ինչ ունէինք` տուն, անասուն, գորգ ու կարպետ, թողեցինք, փախանք: Պատմելու բան չէ: Գիւղէն նոր դուրս եկած էինք, ետ նայեցանք` հօրաքոյրենցս մարագը բոցերու մէջ էր: Իբր թէ զէ՜նք ունէին: Ծծկեր երեխայէն բռնած, թուրքերը լցրել էին դարմանի մարագը` կրակի տուին:

Օ՜ֆ, օ՜ֆ, երթան այն օրերը, ալ ետ չգա՛ն: Աչքե՜ր, ինչե՛ր տեսած էք: Գաղթի ճամբան, խոտերու մէջ բարուր մը տեսայ: Երեխան դեռ կը շնչէր: Ջուր չկար, ուտելիք չկար, բայց մենք կ՛երթայինք, չէինք իմանար, թէ` ո՜ւր…

Մեզ փրկեց Անդրանիկը: Եթէ ան չըլլար, մենք ալ շատերու նման կը կոտորուէինք: Հազարաւոր ժողովուրդ, տարբեր քաղաքներէ ու գիւղերէ տեղահանուած, մէկը մեծ մօրը շալկած էր, միւսը` հիւանդի կամ վիրաւորի, կիները` երեխաներու ձեռքերէն բռնած, ծծկերներուն` կրծքերնուն կապած…

Անդրանիկը մեզ հաւաքեց ու առաջնորդեց: Հասցուց խոր կիրճի մը. վերը թուրքին զօրքը կար: Անդրանիկը մեզ հոնկէ պէտք էր անցնէր, տանելու համար Խոյ` Պարսկաստան: Սպասեցինք մինչեւ մութը ինկաւ: Կիրճը պէտք էր անցնէինք առանց ձայնի, ծպտուն հանելու: Ոտքերուս տակը ոչ մէկ քար չէր շարժէր: Անդրանիկը հրամայած էր. մայրը ծիծը երեխայի բերանէն պէտք չէր հաներ, թէկուզ խեղդուի, որ լացի ձայն չլսուի:

Գիշերով անցանք, անցանք` անձայն, զգուշ: Լուսադէմին Անդրանիկը իր վերջապահ զինուորներուն հարցուց` բոլո՞րը անցան: Չէ՛, ըսին, կին մը կը ցաւէր. դայակի հետ մնացին: Անդրանիկը հրամայեց` «Գացէ՛ք, շալակած բերէ՛ք»: Զինուորները ետ դարձան, բերին: Խե՜ղճ Անդրանիկ, ժողովուրդին ձագի նման բերանը առած` այս կողմ կը տանէր, այն կողմ կը տանէր, որ փրկէ զանոնք:

Խոյ չհասանք. կռիւ կար: Անդրանիկը մեզ տարաւ Զանգեզուր: Այդտեղէն ցրուեցանք, մէկը Ղարաքիլիսա գնաց, միւսը` Թիֆլիս, Պաքու: Մենք եկանք Ալեքպոլ (այժմ` Գիւմրի): Մեր երեսուն հոգինոց ընտանիքէն մէկ տղամարդ մնացած էր: Քոյրերէս երկուքը ճանապարհին կորսուեցան: Փոքր քոյրս` Սոնան, 16 տարեկան էր: Ամերիկացիները որբերուն հաւաքած էին: Սոնան լսած էր, որ պէտք էր մազերը խուզեն, ինքն ալ ծովի պէս մազ ունէր, մտածած էր, կը խուզեն, կ՛այլանդակուիմ: Ցանկապատի վրայէն անցնելու ատեն ինկաւ: Եկաւ, մեզ գտաւ: Չորս օր անց մահացաւ: Ձեռքե՜ր, կոտրուէ՛ք դուք: Պատանքը ձեռքերով կարեցի: Երբ հասայ երեսին, դադար տուի: Այս սիրուն երեսը ինչպէ՞ս պիտի փակեմ: Այն ժամանակ փողոցին մէջ մէկը կը գոռար. «Որո՞ւ տունը մեռել կայ, որո՞ւ տունը մեռել կայ…»: Արագարագ կարեցի, կանչեցինք սայլապանին: Չիմացանք, թէ ո՛ւր տարին:

Ա՛լ ինչ պատմեմ, մեր տունը թուրքը քանդեց…

յետոյ ամուսնացայ երկրորդ անգամ,  Լենինականի մէջ: Ամուսինս Գէորգ Մինասի Ղուկասեանն էր` Տալիպապա գիւղէն: Ունեցայ երեք դուստր` Սիրուշ (ծն. 1923 թ.), Մարգօ (ծն. 1927 թ.), Քլարա (ծն. 1928 թ.):

Մարգօ Ղուկասեանը վաստակաւոր լրագրող է, հրապարակախօս, ութ գիրքի եւ 300-է աւելի յօդուածներու հեղինակ: Անոր գործերէն շատեր թարգմանուած են ռուսերէն, քանի մը յօդուածներ` գերմաներէն, սերպերէն, վրացերէն, Պիելոռուսերէն: Կը գրէր իր հանրապետութեան եւ ժողովուրդին յուզող խնդիրներու մասին:

Շա՜տ կ՛ուզեմ բաժակ մը մեր հայրենի գիւղի Գռնով աղբիւրի ջուրէն խմեմ` տարտերս մոռանամ, բայց ինչպէ՞ս երթամ…

«Հայոց Ցեղասպանութիւն. ականատեսներու վկայութիւններ»

 

Հեղնար Գաբրիէլի Ղուկասեանի վկայութիւնը*
Ծն. 1896 թ., Բասէն, Տալիպապա գիւղ

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Հայերու Ունեզրկումը Եղած Է Հայոց Մեծ Եղեռնի Դրդապատճառներէն Մէկը». Անահիտ Աստոյեան

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In