Վարդանանց խորհուրդի մասին հրապարակագրական վերլուծման փորձը, անհրաժեշտ է, որ կեդրոնանայ նաեւ նախապատերազմեան ժամանակաշրջանին Յազկերտ-Վարդանանք բանակցութիւններուն տարբեր հանգրուաններուն, այնտեղ տեսնելու համար հայկական կողմի որդեգրած կեցուածքները, հարցը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու կամքը, խաղաղութիւնը նախընտրելը, դրացի երկրին հետ բնականոն յարաբերութիւններ մշակելու ձգտումը: Պարզ խօսքով, պատերազմէն խուսափելու միջոցներու որդեգրման բազմակողմանի ճիգեր թափած է հայկական կողմը. եւ այստեղ Վարդանանք ըսելով պէտք է ընկալել նաեւ Վասակ Սիւնիի կողմէ դրսեւորուած դիւանագիտական խաղաղ միջոցները գերադասելու մօտեցումի կողմնակիցները: Քննական պատմութիւնը կը նախընտրէ սեւ-ճերմակի դասակարգումներէն հեռու, ո՛չ Վարդանի մօտ տեսնել ռազմատենչ, միայն պատերազմի ճամբով խնդիրը լուծելու քարացած մտայնութիւնը, ո՛չ ալ Վասակ Սիւնիի պատերազմէն խուսափելու համար որդեգրած դաւաճանական կեցուածքը: Մօտեցումներու տարբերութիւնները նկատելով հանդերձ, հայկական կողմը իբրեւ ամբողջութիւն շարժած է դէպի պատերազմէն խուսափելու եւ խաղաղ միջոցներով վտանգը շրջանցելու կարելիութիւն:
Սակայն, երբ պահանջը մնացած է անդրդուելի, երբ պահանջուած է միակողմանի զիջում, երբ խնդրոյ առարկայ դարձած է իբրեւ ազգ հայութեան շարունակականութիւնը, այն ատեն յանձնուելու փոխարէն հայկական կողմը մղած է իր գոյութեան պատերազմը: Անհաւասար կռիւին գիտակցելով Վարդանանք նախընտրած են իմացեալ մահը, որպէսզի ապահովուի ազգի շարունակականութիւնը:
Վարդանանցէն անմիջապէս ետք վահանեան շարժումը եւս, դիմելով փարթիզանական կռուելաձեւին, թշնամիին պարտադրած է խաղաղութիւն: Ճակատային պատերազմէ խուսափելով եւ թշնամին ներքաշելով փարթիզանական մաշեցնող կռիւի մէջ, վահանեանք նպատակ ունեցած են խաղաղութեան համաձայնագիր պարտադրել սպառնալիքի լեզուով խօսող թշնամիին:
Հակառակորդին խաղաղութիւն պարտադրելու այս կեցուածքը ինքզինք զգալի դարձուցած է տարբեր հանգրուաններուն: Այսօր եւս, երբ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ կ՛արձանագրուի դանդաղ պատերազմ, երբ թշնամին կը դիմէ ամէն միջոցի ռազմական պիւտճէի գերուռճացումէն, ռազմատենչ յայտարարութիւններէն մինչեւ հայատեացութեան տարածում, մինչեւ կացինահարող մարդասպանի հերոսացում, արձակազէններու աշխուժացում, հետախուզական-ներթափանցման մնայուն գործողութիւններու շարք ու տակաւին անզէն բնակչութեան դէմ ուղղուած արարքներ, կը մնայ պատասխանել բացառապէս մէկ ոճով:
Զսպելու համար հակառակորդը, հայկական կողմը ակամայ, պարտադրուած կը դիմէ պատասխան գործողութիւններու, որոնք ցաւոտ են, որոնց հետեւանքով սպաննուող բազմապատիկ ազրպէյճանցի զինուորներուն պատասխանատուն ի՛նքն է` Պաքուն: Հայ իւրաքանչիւր զոհի դիմաց ազրպէյճանցի բազմաթիւ զինուորներու ոչնչացում, հետախուզական ներթափանցման իւրաքանչիւր գործողութեան դիմաց ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու վերացում, խոցուած ուղղաթիռի դիմաց հայ օդաչուներու աճիւններուն հայրենադարձութեան հայկական ռազմարուեստի պատմութեան մէջ առանձնացող եզակի օրինակ:
Հայկական կողմը իր պատասխան գործողութիւններով, գերեվարուած ազրպէյճանցի հետախոյզներու բաց ու թափանցիկ դատավարութիւններով, գերեվարուածներու նկատմամբ որդեգրուած միջազգային պայմանագիրները յարգելով ի վերջոյ յաջողեցաւ պատասխանատուութեան համահաւասարեցման միջազգային մօտեցումներու կանոնները խախտել: Վերջապէս միջնորդական առաքելութիւնը ստանձնողները մատնացոյց ըրին Պաքուն ստեղծուած լարուած իրավիճակին համար:
Խաղաղութիւն պարտադրելու հայկական կողմի այս ոճը արդէն կը մղէ ազրպէյճանցի զինուորները զանգուածային ձեւով հրաժարելու հայկական դիրքերու դէմ յարձակումներ կազմակերպելէ: Հետեւանքները ծանր են:
Շրջուած է նաեւ Վարդանանց աւագանիին Արտաշատի ժողովին կողմէ Յազկերտին յղուած պատգամին մէկ բաժինը: «Ձեր սուրը, մեր պարանոցը»-ի տեսութիւնը չ՛աշխատիր այլեւս Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ: Ձեր սուրին դիմաց մե՛ր սուրը: Աւելի՛ն, սադրիչ գործողութիւններու շարունակութեան պարագային: Մեր սուրը, ձեր պարանոցը օրէնքը սկսած է աշխատիլ արդիւնաւէտ: