Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 100. «Տերսիմ Եւ Տերսիմի Հայութիւն» Նիւթով Ներկայացում

Փետրուար 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

16458225722_ccce86a4d7_z«Ազդակ»-ի մամլոյ հարիւրերորդ լսարանը, որ կը համընկնէր Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 6 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի Երեւանի թղթակից Թաթուլ Յակոբեան, որ ներկայացուց օրուան բանախօսը` ազգագրագէտ եւ հանրային գործիչ Հրանուշ Խառատեանը:

Հրանուշ Խառատեան, որ Տերսիմ այցելելով եւ գիւղէ գիւղ շրջելով տուեալներ հաւաքած է, նախ ներկայացուց Տերսիմ տարածքի աշխարհագրական սահմանումը` իբրեւ Լեռնային անառիկ եւ արտաքին աշխարհին համար անմատչելի մնացած երկրամաս:

Խառատեան ըսաւ, որ շրջանի բնակչութիւնը բաղկացած է ալեւի եւ սիւննի զազաներէ, քուրմանճներէ եւ թրքախօս ալեւիներէ:

Տերսիմի ալեւիները իրենք զիրենք իսլամ չեն նկատեր, եւ անոնց հաւատալիքները քրիստոնէութենէ ու հայ եկեղեցիէն ազդեցութիւններ կրած են:

Տերսիմ հայ եւ ալեւի խառն բնակչութիւն ունեցած է, բայց ժամանակի ընթացքին զգալի թիւով հայեր ալեւիացած են, հայերու եւ ալեւիներու յարաբերութիւնները բարեկամական եղած են:

Խառատեան շեշտեց, որ ալեւիներ 1915-ի ջարդերուն չմասնակցեցան եւ Մեծ եղեռնի տարիներուն զգալի թիւով հայեր ալեւիացան, նաեւ շատ մը հայեր ալեւիներուն մօտ ասպնջականութիւն գտան:

Թրքական բանակը 1938-ին նուաճեց Տերսիմը եւ ջարդեց ու բռնագաղթի մղեց անոր բնակչութիւնը: Այնուհետեւ, հոն մնացած հայութիւնը իսպառ ալեւիացաւ:

Ներկայիս Տերսիմի բնակչութեան մէջ հայութեան վերադառնալու ձգտում կայ, եզրափակեց Հրանուշ Խառատեան:

Այնուհետեւ Խառատեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Փետրուար 1965)

Յաջորդը

Սատարեցէք Մանուկներու Համար Հայերէն Խաղերու «Համազգային»-ի Ծրագիրին

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?