Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եղեռնի 100-Ամեակի Յիշատակին Նորակառոյց Ազգային Միացեալ Վարժարան

February 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

16364846352_b2edb7829f_oՏարիներէ ի վեր փայփայուած երազ մը իրականութիւն դարձած է: Պուրճ Համուտի մէջ կառուցուած է արեւաշող տարածքի մը վրայ, Ազգային Միացեալ վարժարանը: Եթէ Լիբանանի ռազմական վերիվայրումները արգելք չըլլային, այս վարժարանը գոյութիւն պիտի ունենար տարիներ առաջ: Յանդգնութիւնը բաւարար չէր, կարիքը կար ոտքերը ամուր դնելու հողին` չսայթաքելու համար: Պայմանները թոյլատու չէին եղած, բայց կար կամքի եւ հաւատքի ներգործութիւնը: «Կ՛ըլլայ-չ՛ըլլար»-ը կասկածի եւ հաւատքի բախումներ ստեղծած էին, բայց վերջապէս յաղթեց կամքին զօրութիւնը:

Շնորհիւ Ազգային առաջնորդարանի, Ուսումնական խորհուրդի եւ ազգային այլ մարմիններու շարունակական ժողովներուն, հանդիպումներուն` կեանքի կոչուեցաւ շքեղ կառոյցը: Արդիական գիտական եւ մանկավարժական պայմանները լրացնող գեղակերտ եւ պատուաբեր այս կառոյցը նոր խրախոյս մըն է Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ: Այսուհետեւ մեր ազգային վարժարանները չեն արհամարհուիր կրթական պէտք եղած շքեղութիւնը պարզած չըլլալուն համար:

Լիբանանահայ գաղութը իր կրթական հիմնարկներով 90 տարիներ շարունակեց եւ պահպանեց իր գոյութիւնը: Առաջնակարգ պարտաւորութիւն էր պահպանել հայոց լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը, հայոց պատմութիւնը, հայկական բարքերը: «Մեր տեղերը նեղ էին, բայց սիրտերը` լայն»: Անցեալի նեղլիկ դասարաններու, խարխլած նստարաններու վրայ եւ գրասեղաններու դիմաց, սերունդներ շնչաւորուեցան հայ բազմադարեան մշակոյթով, հայեցի դաստիարակութեամբ: Անձնուէր ուսուցիչներ համեստ նիւթական պայմաններով, համբերութեամբ եւ հաւատքով կերտեցին ազգային հպարտութիւն շնչող սերունդներ: Անոնց զաւակները այսօր ոտքի ելած են լաւագոյն պայմաններով եւ դարու գիտական նորութիւններով սերունդներ դաստիարակելու համար:

Յոյսն ու հաւատքը միացեալ ներշնչումով մղում տուին իրագործումի մը, որ հոյակերտ դպրոցի մը լաւագոյն դրուածքով կենսաւորումն էր: Անոնք հաւատացին բանաստեղծին ներշնչումին, թէ` «Կեանքը երազ է եւ երազը կեանք»: Այսօր խօսքը վերածուած է կենդանի գործի: Հերթը մի պահ մեր ծնողներունն է` արժեւորելու եւ հարստացնելու այս կառոյցը նորածիլ զաւակներով, զանոնք առաջնորդելով դէպի «Աղբիւրը լոյսի»-ն…

Տա՛ր Աստուած, որ մեր սիրելի Լիբանանը վերագտնէր իր հանդարտ կայունութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլար առանց երկմտութեան շարունակելու նորաստեղծ այս գործը:

Այս ուրախ եւ հաճելի առիթով խօսքը կ՛ուղղենք մեր բարերարներուն, նիւթապէս եւ բարոյակապէս ներդրում յատկացուցած հայորդիներուն, առանց անոնց հաւատքին եւ յանդգնութեաան կարելի պիտի չըլլար իրագործել նման պատասխանատու աշխատանքը:

Սիրելի՛ ծնողք, լարէ՛ կամքդ, առաքինութեանդ ապացոյցը ներկայացո՛ւր վասն զարգացման եւ հայադրոշմ դաստիարակութիւնը զաւակներուդ: Թող յորդի նորակառոյց Ազգային Միացեալ վարժարանը թարմատի «բողբոջ»-ներով, «ծաղիկներ»-ով, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի փառքը փառաբանող աշակերտութեամբ, նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդականի սերունդը:

«Սկսուած գործ մը յաջողութեամբ կը պսակուի», ըսած է իմաստունը: Ցեղասպանութեան 100-ամեակը ոգեկոչող իրագործումն է սա, նուէր` լիբանանահայ գաղութին:

Ազգովին տիրութիւն ընենք մեր ինքնութիւնը զօրացնող այս հոյակերտ կառոյցին, որպէսզի գալիք սերունդներ օրհնեն մեր նուիրեալ, հաւատացեալ եւ ազգասէր բարերարները եւ հայ ժողովուրդին հերոսատիպ զաւակները:

Կեցցէ՛ Ազգային Միացեալ վարժարանը:

Նախորդը

Հայ Դպրոցի Առաջնահերթ Դերի Ուղիով

Յաջորդը

100-Ամեակ. Հետեւանքներ Եւ Առաջադրանքներ

RelatedPosts

Երկու Դիտարկումներ
Անդրադարձ

Երկու Դիտարկումներ

October 20, 2026
Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը
Անդրադարձ

Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը

October 20, 2026
Երկար Ապրի Փաշինեանին  «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով
Անդրադարձ

Երկար Ապրի Փաշինեանին «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.