Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ձեր Սուրերը` Մեր Պարանոցները (Վարդանանց Ճակատամարտի 1564-Ամեակ)

Փետրուար 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ

sahagbartev7Տարօնի աշխարհը աշխարհագրական իւրայատուկ շրջան մըն է Հայկական լեռնաշխարհին մէջ: Անիկա պատմութեան կանուխ ժամանակաշրջաններէն մինչեւ հայոց ժամանակակից պատմութիւն խորհրդանշած է հայութեան բազուկի ուժը, հերոսական ոգին, քաջութիւնը: Հերոսական այդ ոգին ալ իր հարազատ դրսեւորումը կը ստանայ նոյն այդ շրջանը իբրեւ իրենց միջնաբերդը ընդունած Մամիկոնէից ուխտի ներկայացուցիչներուն գործունէութեան մէջ` քանի մը դար շարունակ: Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ կեդրոնախոյզ ձգտումները կը կրծէին Արշակունիներու Մեծ Հայքը, Մամիկոնեանները հրապարակի վրայ էին պաշտպանելու համար հայոց կեդրոնական պետականութիւնը: Այն ժամանակ, երբ վտանգ կը սպառնար հայոց նոր որդեգրուած քրիստոնէական հաւատքին, Մամիկոնեանները հրապարակի վրայ էին զինու զօրութեամբ պաշտպանելու հայոց աշխարհի լոյս հաւատքը:

Մէկ խօսքով, Մամիկոնեանները իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին համադրումը կատարեցին հայրենիքի եւ հաւատքի համար պայքարին: Այս իմաստով ալ անոնք յատկանշական աւանդ ունին հայ ռազմարուեստի պատմութեան մէջ, եւ զարմանալի չէ այս իմաստով, որ երբ նախորդ դարու 30-ական թուականներուն հայ ռազմական մեծ գործիչ Գարեգին Նժդեհ իր ընկերակիցներուն հետ փորձ կը կատարէր գաղափարական ամուր հիմք տալու հայ ազգային վերածնունդի շարժումին, մեկնելով Մամիկոնէից ուխտի մարտական եւ հայրենասիրական աւանդներէն այդ զուտ ազգային շարժումի դրսեւորումներէն մէկը դարձուց տարօնականութիւնը` բառին բովանդակած ամբողջ խորհրդանշականութեամբ:

Ահա Տարօնոյ աշխարհի այդ ամբողջ աւանդներուն կրողն էր նաեւ հայոց զօրքերու սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան, որ իր եւ իր զինակիցներուն մղած Աւարայրի ճակատամարտին 1564-ամեակը կը նշենք այսօր` ազգային հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ: Գերազանցապէս ազգային հանդիսաւոր մթնոլորտ է այս տարի, որովհետեւ ինչպէս սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան եւ իր զինակից զօրականները մարտիրոսուեցան յանուն հայրենիքի ու հաւատքի, նոյնպէս 100 տարի առաջ հայ ազգը ցեղասպանուեցաւ յանուն հայրենիքի ու հաւատքի, ինչպէս 1564 տարիներ առաջ անհաւասար ուժերով հայոց զօրքերը դէմ դրին Սասանեան Պարսկաստանի հայաջինջ քաղաքականութեան, նոյնպէս ալ 100 տարի առաջ բուռ մը հերոսներ Վանի, Տարօնի աշխարհի, Մուսա լերան, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի եւ այլ շրջաններու մէջ, անհաւասար պայմաններու մէջ փորձեցին դէմ դնել Օսմանեան կայսրութեան հայաջինջ քաղաքականութեան:

Այո՛, այդ փորձերուն մեծամասնութիւնը, ինչպէս որ էր պարագան Վարդանանց ճակատամարտին, աւարտեցաւ ողբերգական ելքով, բայց ինչպէս Վարդանանց ճակատամարտին ընթացքին, նոյնպէս ալ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած հերոսամարտերուն եւ ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն ընթացքին թշնամին չկրցաւ յաղթել հայու գոյատեւումի ոգիին:

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց այս տօնը այսօր խթան մըն է, որ հայը աւելի եւս կառչած մնայ իր գոյատեւման ոգիին, ոչ միայն բարոյական յաղթանակներ տանելու, այլ նաեւ այդ նոյն բարոյական ուժով ու կորովով իրական յաղթանակներ եւս տանելու: Հայը իր բազուկի ուժով այլեւս յաղթահարած է վախի ու պարտութեան տրամադրութիւնը: Շուշիի ճակատամարտին եւ արցախեան ազատագրական պայքարի իւրաքանչիւր ճակատամարտի ընթացքին հայը փաստեց, որ ատակ է իրական յաղթանակներ ալ կերտելու: Հայ մարտական աւանդը փոխանցուած է արդէն դարերու խորերէն, եւ այսօր հայոց զինեալ ուժերը նոյն հաւատքով, նոյն ոգիով եւ նոյն կորովով կը հսկեն Հայոց արեւելից կողմանց սահմաններուն: Մամիկոնէից ուխտի եւ Տարօնոյ աշխարհի նոյն ոգին է, որ կը համակէ հայկական բանակը այսօր` թշնամիի ամէնօրեայ սադրանքներուն դէմ դնելու ընթացքին, եւ ինչպէս Աւարայրի ճակատամարտին ընթացքին, նոյնպէս ալ այսօր, հայոց զինեալ ուժերը միակ երաշխաւորներն են հայ ազգի անկախ ու ազատ գոյատեւման եւ լինելիութեան:

Եղիշէ պատմիչը բաւական մանրամասն կը նկարագրէ նախքան Աւարայրի ճակատամարտը, ճակատամարտին ընթացքին եւ անկէ ետք տիրած մթնոլորտը: Կը ներկայացնէ նաեւ հայոց մեծամեծներուն մանրամասնեալ պատասխանը` պարսից Յազկերտ թագաւորին դրած զրադաշտականութիւնը ընդունելու պահանջին: Հայոց մեծամեծները այդ նշանաւոր պատասխան-նամակին մէջ ընդգծելէ ետք, որ հայոց հաւատքէն եւ հայրենիքէն ոչ ոք կրնայ շեղել զիրենք կամ հրաժարիլ տալ իրենց` թշնամիին ուղղելով իրենց խօսքը կ՛ըսեն. «Ձեր սուրերը` մեր պարանոցները»:

Այսօր ալ հայ ազգին դիմագրաւած մարտահրաւէրները շատ են: Քրիստոնէական հաւատքի տկարացման մարտահրաւէրը, սփիւռքի մէջ ուծացման եւ ձուլումի մարտահրաւէրը, Միջին Արեւելքի հայագաղութներուն պահպանման մարտահրաւէրը, հայոց պետականութիւնը աւելի եւս ամրապնդելու եւ թշնամիի սադրանքներուն պատասխանելու մարտահրաւէրները: Այն ժամանակ` 1564 տարի առաջ, երբ Վարդանանք իրենց պատասխան-նամակին մէջ ըսին «Ձեր սուրերը` մեր պարանոցները», ասիկա թշնամիին նետուած ձեռնոց մըն էր, որ ուշադի՛ր, այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ հակահայ ծրագիրներուն իրագործումը: «Ո՛չ հուր, ո՛չ սուր, ո՛չ ալ հրեշտակներ: Ձեր սուրերը` մեր պարանոցները» պատգամը այսօր ալ` որեւէ ժամանակէ աւելի, այժմէական է հայ ազգին համար: Միայն թէ, զօրավիգ պէտք է կանգնիլ հայոց զինեալ ուժերուն, որպէսզի ձախողութեան մատնեն նորագոյն յազկերտներուն ծրագիրը: Եւ իրական ու ոչ թէ բարոյական յաղթանակներէն ետք, անպայմանօրէն մօտ պիտի ըլլայ նաեւ նորագոյն «Նուարսակներու» իրագործումը:

 

 

Նախորդը

Սլացող Վարդաններու Կարօտով (Մամիկոնեանք 451 Թ.)

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» – «Օլ-Սթար». Արեւմուտքը Ունի Նոր Կորուստ Մը

RelatedPosts

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակի Առիթով) Բ. Մաս

Մարտ 24, 2023
Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ
Անդրադարձ

Իրաւական Փորձագէտները Միջազգային Դատարանէն Կը Պահանջեն Քննութեան Ենթարկել Թուրքիոյ` Մարդկութեան Դէմ Գործած Յանցանքները

Մարտ 24, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In