Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Ներխուժումը Եւ Հարաւի Սահմանային Գօտիի Կազմաւորումը

Փետրուար 11, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

21115_litani_bomb_archaive_idf_cՊաղեստինցի ֆետայիներու կողմէ Իսրայէլի մէջ 11 մարտ 1978-ին կատարած ահաբեկչական գործողութենէն ետք, Իսրայէլ սպառնաց պատժել պաղեստինցիները: Զինուորական գործողութեան մը սպառնալիքը կախուեցաւ Լիբանանի գլխուն, իսկ հարաւի բնակչութեան մօտ ծայր առաւ գաղթի ալիք մը:

Իսրայէլեան հակադարձութեան մը սպառնալիքը խոր մտահոգութեան մատնեց լիբանանցի ժողովուրդը եւ պետական պատասխանատուները: Տեղի ունեցան դիւանագիտական շփումներ, կանխարգիլելու համար որեւէ ժխտական անակնկալ:

Չորեքշաբթի, 15 մարտ 1978-ին, կէս գիշերէն քիչ ետք, ժամը 1:00-ին, իսրայէլեան բանակը, ցամաքային, օդային եւ ծովային 25 հազար զինուորներով ներխուժեց հարաւային Լիբանան:

Գիշերուան մութին եւ պաղեստինեան դիրքերու անորոշութեան բերումով առաջին մէկ-երկու ժամերուն մարտերը յարաբերաբար մեղմ էին: Ժամը 2:00-էն սկսեալ իսրայէլեան զինուորական օդանաւեր թռիչքներ կատարեցին, ծածկելու համար ցամաքահանումը: Ժամը 4:30-էն սկսեալ իսրայէլեան օդուժը եւ հրետանին ուժգնօրէն ռմբակոծեցին հարաւի պաղեստինեան դիրքերը: Յատկապէս Սուրի մօտակայ Ռաշիտիէ գաղթակայանը սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ եւ կիներն ու մանուկները, զգուշութեան համար, հեռացուեցան գաղթակայանէն:

Իսրայէլեան ուժերու ցամաքահանումը սկսաւ ժամը 5:26-ին: Բազմաթիւ միաւորներ մտան Սուրի հարաւը եւ ուղղուեցան դէպի Ազիէ եւ Հընիէ: Բուռն բախումներ սկսան իսրայէլեան եւ պաղեստինեան ուժերուն միջեւ: Իսրայէլեան ուժերը գրաւեցին ֆետայիներու քանի մը դիրքեր եւ մօտաւորապէս տասը քիլոմեթր յառաջացան:

Պաղեստինեան դիմադրութեան ուժերը կենաց մահու կռիւի բռնուեցան քսանեակ մը գիւղերու մէջ եւ շրջակայքը: Բուռն մարտերու ընթացքին անոնք կորսնցուցին բազմաթիւ խարիսխներ, ուր գտնուած զինամթերքը անցաւ իսրայէլացիներուն ձեռքը կամ պայթեցաւ: Անխնայ ռմբակոծուեցան Իպլ Սաքի, Խըրպէթ Պլաթ, Պէյթ Եահուն, Ազիէ, Խիամ, Ռաշայա, Պընթ Ժըպէյլ, Թայրի, Ռըմէյշ, Նապաթիէ, Առնուն ու բազմաթիւ գիւղեր եւ աւաններ, ինչպէս նաեւ Սուրի մերձակայ գաղթակայանները` Ռաշիտիէ, Պուրճ Էլ Շիմալի եւ Պաս:

21115_D337-076_waԱմէնէն աւելի ծանր վնասներու ենթարկուեցաւ Տամուրը (որ քրիստոնեաներու հեռացումէն ետք պաղեստինցիներու խիտ բնակչութեան կեդրոն մը դարձած էր). աւանը իսրայէլեան օդուժի ռումբերուն թիրախ մնաց շուրջ 20 վայրկեան: Բնակարաններուն մեծ մասը քանդուեցաւ, պարտէզներուն մէջ հրդեհ մը բռնկեցաւ, որուն ծուխերը կը նշմարուէին մինչեւ Պէյրութի մերձակայ բարձունքներէն: Ծանր վնասներու ենթարկուեցաւ նաեւ Սուր քաղաքը, որուն ռմբակոծումը կատարուեցաւ ծովէն ու տեւեց մօտաւորապէս երեք ժամ. նաւահանգիստը գրեթէ ամբողջապէս քանդուեցաւ, իսկ բնակարանային թաղերը ծանր վնասներու ենթարկուեցան: Իսրայէլեան «Սքայհոք» օդանաւ մը զարնուեցաւ Սուրի պաղեստինեան հակաօդային թնդանօթներուն կողմէ եւ բոցերու մէջ կորսուած ուղղուեցաւ Իսրայէլ: Այլ օդանաւ մըն ալ զարնուեցաւ Տամուրի վերեւ:

Իսրայէլեան օդանաւեր հասան մինչեւ Պէյրութի օդակայանին վերեւ, որ կարճ ժամանակով փակուեցաւ: Արաբական զսպիչ ուժերու հրամանատարութեան խնդրանքով Սուրիա օդային պաշտպանութեան նոր միջոցներ տրամադրեց Լիբանանի:

Հինգշաբթի, մարտ 16-ին, իսրայէլեան բանակի գործողութիւնները տարուեցան գլխաւորաբար երկու առանցքներով. առաջինը` Թայպէ-Քանթարա-Ղանտուրիէ, իսկ երկրորդը` Պընթ Ժըպէյլ- Եահուն-Թըպնին ուղղութեամբ, գլխաւորաբար սահմանագիծի արեւելեան գօտիին, Արքուպի վրայ, Հերմոն լերան լանջին, ուր լիբանանեան տասնեակ մը գիւղեր գրաւուեցան իսրայէլեան ուժերուն կողմէ:

Հասպայա տիւրզի մեծ աւանը, որ Արքուպի «կղպանքը» կը նկատուէր եւ ուրկէ կ՛անցնէր «Արաֆաթի փիսթ»-ը, իսրայէլեան օդուժի ռումբերուն տակ մնաց: Ցամաքէն եւս յարձակումը շարունակուեցաւ եւ Էֆ. Փէ. Էլ. Փէ.ի Արքուպի խարիսխները գրաւուեցան կամ պաշարուեցան իսրայէլացիներուն կողմէ:

Պեքաայի մէջ Ռաշայա Ֆըխար ինկաւ իսրայէլացիներուն ձեռքը: Իսկ շրջակայ քանի մը գիւղեր ռմբակոծուեցան իսրայէլեան հրետանիին կողմէ:

Սուրի շրջակայ Պայատա եւ Մանսուրիէ շրջանները գրաւուեցան իսրայէլացիներուն կողմէ, որոնք դիրքեր գրաւեցին նաեւ Պընթ Ժըպէյլի յարող բարձունքներուն վրայ: Քուլին գիւղը ծանրօրէն վնասուեցաւ:

Պաղեստինցի ֆետայիներ կարգ մը շրջաններու մէջ յաջողեցան կասեցնել ներխուժումը եւ մնայուն  հարուածի տակ առին ներխուժողները: Իսրայէլեան եօթը հրասայլեր քանդուեցան: Նաքուրայի մէջ իսրայէլեան կեդրոնացումներ ծանր վնասներ կրեցին:

Իսրայէլեան ուժերը իրենց հետախուզութեանց ընթացքին բազմաթիւ մեծ մթերանոցներ գտան, որոնք տոկացած էին հրետանիի եւ օդուժի ռումբերուն, եւ ուր բազմաթիւ զէնքեր, ռազմանիւթ եւ ուտեստեղէն գտնուեցան:

Ուրբաթ, մարտ 17-ին բուռն բախումներ եւ հրետանիի ծանր մարտեր սկսան Հատասա, Այն Զոթ եւ Հարիս գիւղերու շրջանին մէջ:

Իսրայէլացիք շարունակեցին իրենց յարձակումները` ցամաքէն եւ ծովէն, մինչ օդուժը հսկեց ցամաքային ուժերու յառաջխաղացքին: Թըպնինի բնակիչները, ապահովական նկատառումներով, հեռացան իրենց տուներէն:

Ծանր ռմբակոծումներէ ետք, իսրայէլեան հետեւակազօրքը յարձակման անցաւ եւ գրաւեց Հատասան: Բախումներու ընթացքին իսրայէլեան երկու «Քֆիր» օդանաւեր թռիչք կատարեցին շրջանին վերեւ:

Պաղեստինցիք շատ սահմանափակ դիմադրութիւն ցոյց տուին: Տեղ տեղ, հինգէն վեց հոգինոց խմբակներով, զինուած` գնդացիներով եւ Էր. Փէ. Ժէ.ներով, անոնք կը շարունակէին դիմադրութիւնը:

Ամբողջ սահմանային գօտին ամայացած էր եւ գիւղերուն մէջ ոչ ոք կը տեսնուէր. միայն ռումբերու որոտը կը խանգարէր լռութիւնը:

Իսրայէլեան ուժերը սկսան դիրքեր հաստատել լիբանանեանեւիսրայէլեան սահմանին վրայ, իսկ ծովուժը կը հսկէր հարաւային Լիբանանի ափերը:

Մինչ այդ, պաղեստինցի հարիւրաւոր ֆետայիներ սպաննուած էին: Միայն Պընթ Ժըպէյլի մէջ, ուր փողոցէ փողոց բուռն կռիւներ մղուած էին, իսրայէլեան ուժերը գիւղ մտնելէ ետք գտած էին աւելի քան հարիւր դիակ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ծովուժէն քոմանտօ մը ցամաքահանում կատարեց Ատլունի մէջ, Սուրէն 20 քիլոմեթր հիւսիս եւ սպաննեց քառասուն հոգի, որոնց շարքին` Էֆ. Փէ. Էլ. Փէ.ի զինուորական պատասխանատուն` Ժիհատ Քարլոս:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էզէր Ուայզման Մերժայուն այցելեց, ուր հաստատեց, որ իսրայէլէան բանակը իր ծրագրած տասը քիլոմեթր խորութիւն ունեցող գօտիէն անդին պիտի չանցնի:

* * *

Երեք օրուան յաջորդական նիստերէ եւ քուլիսային բազմակողմանի խորհրդակցութիւններէ ետք, Ապահովութեան խորհուրդը կիրակի, մարտ 19-ին որոշեց միջազգային ուժեր ուղարկել հարաւային Լիբանան, հսկելու համար իսրայէլեան զօրքերու հեռացումին եւ օգնելու լիբանանեան օրինական իշխանութեան, որ իր գերիշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը հաստատէ այդ շրջանին մէջ:

Մինչ այդ, գործողութեանց դաշտին վրայ պատերազմը կը շարունակուէր եւ ներխուժող ուժերը արագօրէն կը յառաջանային արեւելեան եւ կեդրոնական ճակատներէն դէպի արեւմուտք, մինչեւ Միջերկրական ծովափէն տասնեակ մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Հարաւային Լիբանանի արեւելեան ամբողջ շրջանը գրաւուած էր, սահմանէն մինչեւ Լիթանի գետէն քանի մը քիլոմեթր առաջ:

21115_warx4Իսրայէլեան հրետանին եւ հրասայլային ուժերը շարունակեցին իրենց յառաջխաղացքը եւ շարժեցան դէպի հիւսիս: Յառաջացումը այն աստիճան արագ ընթացք ունեցաւ, որ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը հազիւ մասնակի, յաճախ խուճապային ընդդիմութիւն մը  կրցան ցուցաբերել:

Իսրայէլեան ուժեր անխնայ ռմբակոծումներով անգործածելի դարձուցին Սուրի նաւահանգիստը եւ կտրեցին ֆետայիներու նահանջի ճամբան, գրաւելով դիրքեր, որոնց շնորհիւ կրնային իրենց կրակին տակ պահել Արքայայի կամուրջը:

Իսրայէլեան զինուորական նաւատորմը, որ կանգ առած էր Սուրի բացերը, երկուշաբթի, մարտ 20-ին անխնայ ռմբակոծեց քաղաքը եւ շրջակայքը, քանդելով բազմաթիւ շէնքեր, վնասելով տասնեակներով ուրիշներ եւ նոյնիսկ չխնայեց  Սուրի հռոմէական նախկին ձիարձակարանին, որ վնասուեցաւ: Ռմբակոծուեցան նաեւ բլուրները, ուրկէ պաղեստինցիք հակազդեցին:

Պաղեստինցիք քաթիուշա հրթիռներ արձակեցին իսրայէլեան դիրքերուն դէմ, ստեղծելով բուռն հակազդեցութիւն մը, որ կու գար նաւատորմէն:

Բազմաթիւ հրթիռներ եւ ռումբեր ինկան Սուրի կից գտնուող Միջազգային Կարմիր խաչի կեդրոնին մօտակայքը: Թղթակիցներ, որոնք այդ կեդրոնին մէջ կը գտնուէին, հեռացան ռումբերու սուլոցին եւ պայթումներու ժխորին տակ:

Ռաշիտիէի գաղթակայանը հրթիռներու տարափին տակ մնաց: Պաղեստինցիք արդէն մեծ մասամբ հեռացած էին գաղթակայանէն: Սուրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը եւս հեռացած էր քաղաքէն, իսկ մնացողներն ալ ապաստանարաններու մէջ թաքնուած էին:

Իսրայէլեան հրետանին եւ օդուժը բուռն կերպով կրակ ու երկաթ կը թափէին Սուրի վրայ, ուր նոյնիսկ գործածուած էին նոր ստացուած ռումբեր, որոնց բեկորները աւեր կը սփռէին:

Իսրայէլացիք նաեւ Արքուպի վրայ բուռն ռմբակոծումներ կատարեցին: Իսրայէլեան հրետանին քար ու քանդ ըրաւ Շուայա, Այն Քանա եւ Միմաս գիւղերը: Հասպայայի մօտակայքը մեծ թիւով ռումբեր ինկան, որոնք մեծ քանդումներ յառաջացուցին:

Մարտ 20-էն 21 լուսցող գիշերուան ընթացքին իսրայէլեան ուժերը, հրետանիի եւ հրասայլերու պաշտպանութեան տակ, ձեռնարկեցին Սուրիոյ սահմանին մօտակայ, Հերմոն լերան ստորոտէն, Շապաայի եւ Ռաշայա Ուատիի միջեւ նոր ճամբայ մը բանալու աշխատանքին: Պաղեստինեան քոմանտօ մը յաջողեցաւ քանդել պուլտոզըր մը, ինչպէս նաեւ զինուորական փոխադրատար ինքնաշարժ մը, սպաննելով իսրայէլացի հինգ զինուորներ:

Իսրայէլացիք նաեւ փորձեցին մտնել Պուրճ Շեմալիի գաղթակայանը, բայց բուռն դիմադրութեան հանդիպելով հրաժարեցան իրենց ծրագիրէն:

* * *

21115_pic053Քանի մը օրուան անխնայ մարտերէ ետք, երեքշաբթի, 21 մարտ 1978-ին Իսրայէլ զինադուլ հռչակեց: Պաշտպանութեան նախարար Էզեր Ուայզման իր զօրքերուն հրահանգեց վերջ տալ կրակին` հարաւային Լիբանանի ամբողջ տարածքին:

Արդէն կռիւները զգալիօրէն մեղմացած էին պաղեստինեան դիմադրութեան կրած ծանր վնասներուն բերումով: Հարաւի ամբողջ տարածքին վրայ միայն քանի մը դիրքեր մնացած էին, ուրկէ ֆետայական սակաւաթիւ միաւորներ կը շարունակէին մերթ ընդ մերթ կրակել:

Միւս կողմէ, պաղեստինեան դիմադրութեան արմատական թեւը` մերժումի ճակատը մերժեց զինադուլը: Էֆ. Փէ. Էլ. Փէ. յայտարարեց, որ որոշած է շարունակել սիոնական գրաւող ուժերուն դէմ մաշումի պատերազմը, մինչեւ որ անոնք ամբողջապէս հեռանան հարաւային Լիբանանէն:

Պէյրութ-Սայտա-Սուր միջազգային ճամբուն վրայ գտնուող Քասիմիէի կամուրջին վրայ պաղեստինցիք կը շարունակէին պահել ամուր դիրքեր, ուրկէ կրակի տակ կը պահէին իսրայէլեան ուժերը:

 * * *

Բախումներու արագ դադրեցման շնորհիւ, մարտ 22-ին ՄԱԿ-ի խաղաղարար ուժեր` կապոյտ սաղաւարտակիրներ սկսան հասնիլ հարաւային Լիբանան: Առաջին օրը Կոլանի վրայ գտնուող ՄԱԿ-ի ուժերուն պատկանող 50 իրանցիներ մտան եւ հաստատուեցան բարձունքի մը վրայ, ուրկէ կարելի էր տեսնել «կարմիր գիծը», որ Լիթանի գետն էր: Յաջորդող օրերուն հարաւ մտան ֆրանսացի, շուէտցի եւ նորվեկիացի զինուորներ, որոնք ստանձնեցին ռազմագիտական շարք մը կէտերու վրայ իրենց վստահուած հսկողութիւնը:

* * *

Հարաւային Լիբանանի ողբերգական կացութեան պայմաններուն տակ, «Ազդակ» 28 մարտ 1978-ի թիւով եւ «Վէրք Լիբանանի» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ եթէ քաղաքացիական պատերազմը աստիճանաբար քանդեց տասնամեակներու ծով քրտինքով կերտուած լիբանանեան տնտեսութիւնը, խլեց տասնեակ հազարներու կեանքը, փլուզումի տարաւ պետականութեան բոլոր կռուանները եւ հոգեպէս թէ աշխարհագրականօրէն երկփեղկեց հայրենիքն ու ժողովուրդը, իսրայէլեան ներխուժումը ամբողջացուց աղէտը:

Իսրայէլեան գրաւումը աւելի վատթարացուց Միջին Արեւելքի անելը, կը շեշտէր «Ազդակ», նշելով, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը լուծարքի ենթարկելու պատրուակով կատարուած իսրայէլեան արշաւանքը ձախողեցաւ իր նպատակին մէջ եւ հարաւային Լիբանանի գրաւումով նոր տագնապ մը բարդեց իր արդէն իսկ անլուծելի հարցերու թղթածրարին վրայ: Տեղահան լիբանանցիներու եւ պաղեստինցիներու ամբողջ ողբերգութեան պատճառ դառնալով, իր դէմ հանեց միջազգային հանրային կարծիքը:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր նշելով, որ ամբողջ շրջանը կը գտնուի քաղաքական ուժերու վերադասաւորման հանգրուանին մէջ: Այն չափով, որ հայրենիքին զաւակները կը յաջողին համապատասխան գիտակցութեամբ իրենց շարքերը միացնել եւ ամրապնդել, նոյն չափով լիբանանեան կամքը իր դրոշմը կը դնէ դէպքերու ընթացքին վրայ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Փետրուար 2015)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?