Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվիասել – Էմ.Թի.Էս.»-ի Հետ Համագործակցութիւնն
Ամենաարդիւնաւէտներից Է». Նախարար Արմէն Երիցեան
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու (ՏԿԱԻՆ) նախարար Արմէն Երիցեան նախարարութեան խումբ մը աշխատակիցներու հետ այցելած է Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակ: Աշխատանքային այցելութեան ընթացքին նախարարը, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի ուղեկցութեամբ, հանդիպած է ընկերութեան աշխատակիցներուն:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի աշխատակիցներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախարարը ներկայացուցած է գերատեսչութեան առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ պատմած` ձեռքբերումներուն եւ իրականացուող բարեփոխումներուն մասին:
Արմէն Երիցեան անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ու «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի համագործակցութեան` արձանագրելով նախարարութեան գործունէութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ արձանագրուած արդիւնքները` մնայուն ելեկտրականութիւն ապահովող բարձրավոլթ շարժակ, բջիջային գերժամանակակից 100 հեռախօս, որոնց միջոցով փրկարար ծառայութիւնը տեսագրուած պատկերներ կը փոխանցէ դէպքին վայրէն (ՏԿԱԻՆ) ճգնաժամային կառավարման կեդրոն (ՃԿԿ), ինչպէս նաեւ կարելիութիւն կու տայ օգտուելու Հայաստանի հզօրագոյն բջիջային ցանցէն:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հետ համագործակցութիւնն ամենաարդիւնաւէտներից է: Այդ համագործակցութեան արդիւնքում մենք ունենք ամենաժամանակակից սերվերային կենտրոնը, ճգնաժամային կառավարման կենտրոնի հետ «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ի հզօր ցանցի միջոցով իրական ժամանակում կապ հաստատելու հնարաւորութիւն, ճգնաժամային կառավարման ոլորտում տեղեկատուական նորագոյն տեխնոլոգիաների կիրառման լայն հնարաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ` գերհզօր ելեկտրածին շարժակ, որը, ելեկտրական հոսանքի բացակայութեան դէպքում, հնարաւորութիւն կ՛ընձեռի ապահովել նախարարութեան անխափան գործունէութիւնը», նշած է նախարար Արմէն Երիցեան:
««Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը, որպէս Հայաստանում հեռահաղորդակցութեան առաջատար, շարունակաբար աջակցում է աշխարհում ամենամեծ մարտահրաւէրներից մէկը հանդիսացող եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքների զարգացմանը` մասնաւորապէս տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակների նախարարութեանն օժանդակելով կենսական նշանակութիւն ունեցող այնպիսի գործառոյթների կազմակերպման հարցերում, ինչպիսիք են` տեղեկատուական անվտանգութիւնը, տուեալների պահպանութիւնը եւ ճգնաժամային իրավիճակներում պետական առանցքային ենթակառուցուածքների անխափան աշխատանքի ապահովումը», դիտել տուած է Ռալֆ Եիրիկեան:
Հրայր Բազէի Գիրքին Շնորհահանդէսը
Շուշիին Մէջ
Փետրուար 6-ին Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեանի «100» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը լուսանկարիչին 1993-2014 տարիներու աշխատանքներուն արգասիքն ու համախմբումն է եւ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Շնորհահանդէսի արարողութեան ներկայ էին` Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահուերդեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սլաւա Ասրեանը, հիւրեր եւ հրաւիրեալներ:
Հեղինակը իրեն հետ Արցախ տարած էր գիրքէն մէկ օրինակ, մնացեալը տակաւին տպագրութեան ընթացքին են: Գիրքին մէջ զետեղուած են Հայաստանի հետ առնչութիւն ունեցող պատմամշակութային արժէքներ, որոնց մեծամասնութիւնը այժմ կը գտնուի անհետացման եզրին: Հեղինակը լուսանկարներով կեանք տուած է այդ արժէքներուն: Հրայր Բազէն այցելած է Արեւմտեան Հայաստանի գրեթէ բոլոր հայկական գիւղերն ու քաղաքները, տասնեակ այլ երկիրներ, բազում երկիրներու թանգարաններ, ուր պահպանուած է որեւէ հայկական իր: Գիրքը կը ներկայացնէ իւրայատուկ մշակութային արժէք, քանի որ անիկա աշխարհին կը ծանօթացնէ հայկական հարուստ, մոռցուած, կորսուած, թալանուած մշակոյթը:
Լուսանկարիչը իր գիրքի իւրաքանչիւր էջին նկատմամբ յատուկ ուշադրութիւն եւ բծախնդրութիւն ցուցաբերած է եւ մեծ վարպետութեամբ կատարած է իր աշխատանքը: Օրինակ, որպէսզի ստեղծէ Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ադոյեան) նուիրուած իր գիրքի էջը, ան այցելած է Կորքիի ծննդավայրը` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ապա գացած է Սպանիա, ուր կը պահպանուի հանրայայտ նկարիչին վերջին կտաւը, այնուհետեւ այցելած է Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի նկարէ Կորքիի շիրիմը:
Յառաջիկային լուսանկարիչը կը ծրագրէ տպագրել 7 գիրքեր եւս:
ՀՕՄ-ի Արցախի Միաւորի 12-րդ
Անդամական Ժողով
Յունուար 31-ին տեղի ունեցած է ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին 12-րդ տարեկան անդամական ժողովը:
Ողջունելով ժողովականները` ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան յաջողութիւն մաղթած է ժողովին, ներկայացուցած` միաւորի 14-ամսեայ գործունէութեան տեղեկագիրը եւ յոյս յայտնած, որ յաջորդ տարի ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը աւելի մեծ եռանդով եւ նուիրուածութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:
Ժողովին կը մասնակցէին Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեսիա Բեջանեանը եւ հրաւիրեալներ:
12-րդ անդամական ժողովին ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին ՀՕՄ-ի շարքերը համալրուած են 9 նոր անդամներով:
Ժողովի աւարտին ընտրուած է ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութիւնը հետեւեալ կազմով` Արմինէ Յարութիւնեան, Կարինէ Դադայեան` փոխատենապետ, Բելլա Յարութիւնեան, Յասմիկ Շինդեան, Անահիտ Գասպարեան: Վարչութիւնը իր կարգին ատենապետ ընտրած է Արմինէ Յարութիւնեանը:
Քարինտակի Մէջ Կը Կառուցուի
Համայնքային Կեդրոն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը շուտով իր լրումին պիտի հասցնէ Լեռնային Ղարաբաղի Շուշիի շրջանի Քարինտակ գիւղի համայնքային կեդրոնին կառուցումը:
Կառոյցը կեանքի կոչուած է հիմնադրամի Արժանթինի տեղական մարմինի (հովանաւորը` Տեւեճիեան ընտանիք) եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ:
Գիւղը կը գտնուի Շուշիէն 2.5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ` զառիթափ վայրի մէջ: Հակառակ զանազան դժուարութիւններուն, որոնց կարգին` աշխարհագրական դիրքին, կեանքը բաւական աշխուժ է հոն: Ընդամէնը ամիսներ ետք այս երկյարկանի կեդրոնին մէջ պիտի գործեն` համայնքի բժշկական կեդրոնը, հանդիսութիւններու դահլիճը, գրադարանը, համակարգչային սենեակը, գիւղապետարանը` համայնքին տալով ինքնուրոյն գործելու եւ իրենց առօրեան առաւել դիւրին կազմակերպելու կարելիութիւն:
Հիմնադրամի գործունէութեան շնորհիւ` աւելի քան 660 բնակիչ ունեցող Քարինտակը ապահովուած է ջուրով, ունի նոր դպրոցական մարզադահլիճ, համայնքային կեդրոնն ալ կու գայ աւելնալու բարենորոգուած ենթակառուցուածքներու շարքին վրայ:
«Շուշիի կիրճին մէջ տարածուած այս հիւրընկալ համայնքի մուտքին վեր բարձրացող կեդրոնը ամիսներ անց ջերմօրէն պիտի ողջունէ գիւղի բնակիչներն ու այցելուները», յայտնած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը:
Յայտնենք, որ նախորդ շաբաթ` 26 յունուարին, նշուեցաւ Քարինտակի հերոսամարտի օրը: 1992-ի այդ օրը ազերիները, շրջափակելով բնակավայրը, նպատակ ունէին բնաջնջել գիւղն ու յառաջանալ: Բայց քարինտակցիները անհաւասար մարտէն եւ յամառ դիմադրութենէն ետք յաղթանակած դուրս եկան:
Մինչեւ Ապրիլ 24 Արցախի Մէջ Պիտի Աւարտի
Ցեղասպանութեան Զոհերուն Նուիրուած
Յուշակոթողի Կառուցումը
Արցախի մէջ կը շարունակուին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի կառուցման աշխատանքերը: Մեծ եղեռնի 100-ամեակին ընդառաջ կը նախատեսուի Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող կանգնեցնել: «Զանգակատուն» խորագիրը կրող յուշակոթողի նախագիծը մշակած են ճարտարապետներ Վլադիմիր եւ Միքայէլ Սարգսեանները: Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարարի օգնական Մխիթար Շիրինեան «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի կառուցման աշխատանքները նախատեսուած է աւարտել Մեծ եղեռնի 100-ամեակին ընդառաջ` մինչեւ 24 ապրիլ: Ըստ քաղաքաշինութեան նախարարի օգնականին, ներկայիս աւարտական հանգրուանին մէջ գտնուող աշխատանքները պիտի աւարտին մէկ ամիսէն:
«Նախագծի մէջ որեւէ փոփոխութիւն չի մտցուել: Այսօրուայ դրութեամբ յուշարձանի կառուցման աշխատանքների մօտ 70 տոկոսն իրականացուած է: Ընթանում են արտաքին յարդարման աշխատանքները», ըսած է նախագիծի համահեղինակ, ճարտարապետ Վլադիմիր Սարգսեանը` աւելցնելով, որ միաժամանակ ընթացքի մէջ են նաեւ յուշարձանի տարածքի բարեկարգման աշխատանքները:
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի արցախեան տարբերակի նախագիծի մշակման աշխատանքները սկսած են 2 տարի առաջ: «Զանգակատուն»-ը պիտի կառուցուի Սզնեքի սպիտակ մարմարով եւ պիտի ունենայ 18 մեթր բարձրութիւն:
Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզին Մէջ
Հայաստանի Հիւպատոսարան Պիտի Բացուի
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի ղեկավար Մեսութ Պարզանի 3 փետրուարի երեկոյեան մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ ընդունած է Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գէորգեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ քրտական ինքնավար մարզի երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղիները: Վկայակոչելով քրտական ինքնավար մարզի շրջանային կառավարութեան պաշտօնական կայքը, «Արմէնփրես» գրած է, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկու ազգերու միջեւ մշակութային եւ հասարակական ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններու զարգացումը:
Հայաստանի դեսպան Կարէն Գէորգեան հանդիպման ընթացքին յայտարարած է յունիսին Էրպիլ քաղաքին մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի բացման մասին: Անոր համաձայն, այս ամսուան վերջաւորութենէն սկսեալ շաբաթը երկու անգամ ուղիղ թռիչքներ պիտի կատարուին Երեւանի եւ Էրպիլի միջեւ:
Իր հերթին Մեսութ Պարզանի ողջունած է Հայաստանի այս նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ քրտական կառավարութիւնը պատրաստ է ապահովելու բոլոր պայմանները` որոշումներու իրականացման համար:
Սրբադասումը՝ Ապրիլ 23-ին
Հայ Առաքելական եկեղեցին այս տարուան 23 ապրիլին պիտի սրբադասէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը:
Լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Բագրատ եպս. Գալստանեանը: Անոր համաձայն, սրբադասումը աննախադէպ իրադարձութիւն է, քանի որ վերջին սուրբը, որ հռչակուած է եւ կը յիշատակուի որպէս տօն ունեցող սուրբ, հայրապետ Մովսէս Տաթեւացին է, որուն սրբադասումը կատարուած է 18-րդ դարուն:
«Հայ եկեղեցին սրբացում չի կատարում, այլ ճանաչում է սրբերի կամ այդ անձանց սրբութիւնը, որն արդէն իսկ տարածում է ունեցել մարդկանց մէջ կամ վկայութիւններով փաստուած է եղել: Այս քայլը նաեւ նշանակում է, որ եկեղեցին ճանաչում է տեղի ունեցածը` Ցեղասպանութիւնը», տեղեկացուցած է սրբազանը` աւելցնելով, որ Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման կարգ կատարելու որոշումը տրուած է նախորդ տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ կայացած Եպիսկոպոսաց ժողովին ընթացքին:
Անոր համաձայն, տեղի պիտի ունենայ սրբադասման համար մշակուած ծիսական արարողակարգ, որուն ընթացքին ալ յատուկ բանաձեւով պիտի կատարուի սուրբերու հռչակումը: «Արարողութեան ժամանակ կարդացուելու է նաեւ սրբադասելիների վկայաբանութիւնը, կատարուելու է սրբապատկերների օծումը եւ մասունքարանների օրհնութիւնը», յայտնած է Բագրատ եպս. Գալստանեան:
Սրբադասման յանձնախումբը յստակ պայմաններ ճշդած է սրբապատկերի ստեղծման համար: «Սրբապատկերի ընտրութիւնը տեղի է ունեցել այդ ոլորտում որոշ փորձառութիւն ունեցող արուեստագէտներին յանձնարարութիւն տալուց եւ պայմանները ներկայացնելուց յետոյ: Քննարկման տարբեր փուլեր անցնելով` պատկերները ներկայացուել են նաեւ 2014 թուականին գումարուած Եպիսկոպոսական ժողովին, որից կատարուել է ընտրութիւնը», ըսած է եպիսկոպոսը:
Շարականի ընտրութեան մասին խօսելով` սրբազանը նշած է, որ Եպիսկոպոսական ժողովին հաստատուած է, որ Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման շարականը պիտի ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն լուսահոգի Զարեհ արք. Ազնաւորեանի հեղինակած «Ապրիլեան նահատակներուն» շարականի կանոնը` իր բոլոր միաւորներով: Ըստ անոր, արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան արեւելեան քոյր եկեղեցիներու պետերը` իրենց պատուիրակութիւններով: Հռոմի պապի մասնակցութեան առնչութեամբ ան յայտնած է, որ դեռ բանակցութիւններ կը կատարուին, սակայն վերջնական պատասխան չկայ տակաւին:
Սրբադասման կարգը տեղի պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, մեկնարկը հաւանաբար տրուի ժամը 16:00-ին, աւարտի` 19:15-ին, որ կը խորհրդանշէ 1915 թուականը: Աւարտին պիտի հնչեն աշխարհի բոլոր հայ եկեղեցիներուն զանգերը, որոնց պիտի յաջորդեն մէկ վայրկեան լռութիւնն ու Տէրունական աղօթքը:
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներու
Կազմակերպման Առնչուող Հարցերու Քննարկում
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ 3 փետրուարին կայացած է նախարարին կից ատեանի 2015-ի առաջին նիստը: Օրակարգին համաձայն, Հայաստանի սփիւռքի նախարարի խորհրդական Ս. Պետրոսեան հաշուետուութիւն ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ: Ան կարեւոր նկատած է այս առիթով ընդունուած համահայկական հռչակագիրի հրապարակումը` որպէս քաղաքական փաստաթուղթ, որուն հիման վրայ նախարարութիւնը պէտք է հիմնէ իր հետագայ քաղաքականութիւնը: «Այսօր ունենք աննախադէպ համախմբուածութիւն հայոց պետականութեան շուրջ, որը լուրջ հանգրուան է Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման պահանջատիրութեան համար», յայտնած է ան: Խօսուած է նաեւ 2015-ին նախատեսուած նախաձեռնութիւններու կազմակերպման, նպատակներուն եւ ակնկալուող արդիւնքներուն մասին:
Զեկուցողէն ետք խօսք առնելով` նախարար Յակոբեան յայտնած է. «Աշխարհի շատ երկրներում Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բազմաթիւ միջոցառումներ, շարժումներ են կազմակերպւում, գիտաժողովներ են անցկացւում, գրքեր, ժապաւէններ, պաստառներ են ստեղծւում, յուշարձաններ, խաչքարեր են տեղադրւում: Ապրիլի 12-ին Հռոմի պապը Ս. պատարագ կը մատուցի Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերի յիշատակին, սեպտեմբերին կ՛անցկացուի սրբադասման կարգ: Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը մեր պայքարի մէկ փուլն է: Պէտք է շարունակենք մեր պայքարը «Կանք, պիտի լինենք եւ դեռ շատանանք» կարգախօսով»:
Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լ. Ստեփանեան ներկայացուցած է հաշուետուութիւն` վարչութեան 2014 թուականին կատարած աշխատանքներուն վերաբերեալ: Ան նշած է, որ 2014-ին կառավարութեան կողմէ գերակայ խնդիր նկատուած է սփիւռքահայերու համարկման ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ մեծ աշխատանք տարուած է սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ, կազմակերպուած է 3 համերգ, սուրիահայերուն ձեռային աշխատանքներու եւ հրուշակեղէնի 8 ցուցահանդէս-տօնավաճառ, 3 հաւաք-հանդիպում, սուրիահայ մանուկներուն համար ամառնային 3 ճամբար, սուրիահայ արուեստագէտներու գիրքերու շնորհահանդէսներ:
Վարչութիւնը 2014-ին ընդունած է շուրջ 2200 սուրիահայ: Լուծում տրուած է անոնց առողջապահական, աշխատանքով ապահովման, ինքնաշարժներու մաքսազերծման, կրթական, նիւթական աջակցութեան, փաստաթղթային եւ այլ խնդիրներու: Վարչութիւնը համագործակցած է սուրիահայերու հիմնախնդիրներով զբաղող պետական մարմիններու, համահայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»-ին հետ համակարգելով աշխատանքը:
Ամփոփելով նիստը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան գոհունակութեամբ անդրադարձած է կատարուած աշխատանքներուն եւ կարեւոր նկատած` 2015-ի ծրագիրներու անթերի իրականացումը: