Սուրիա
Դամասկոսի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Դոկտ. Փրոֆ.
Արշակ Փոլատեանի Գիրքին Շնորհահանդէսը
Երեքշաբթի, 3 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին Դամասկոսի «Ասատ» գրադարանի դասախօսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի արաբերէն գիրքին շնորհահանդէսը: Հանդիսութիւնը կը վայելէր Սուրիոյ մշակոյթի նախարարի հովանաւորութիւնը:
Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով պետական ու կառավարական դիւանագէտներ, պատասխանատուներ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ, աշիրաթապետներ, հոգեւոր առաջնորդներ, մտաւորականներ, լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ ու դամասկահայ ազգայիններ:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ցուցադրուեցան «Օսմանցիներու մեծ ոճիր» ժապաւէնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու խորհրդանիշ «Անմոռուկ ծաղիկ»-ի բացատրողական ժապաւէնը:
Շնորհահանդէսին ընթացքին ձեռնարկի կազմակերպիչ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Սուրիոյ մարմինին խօսքը փոխանցեց Սարգիս Պրունսուզեան:
Դեսպան Փոլատեանի «Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ» գիրքը ներկայացուց դոկտ. Նորա Արիսեան` հաստատելով, որ անիկա մեծ ներդրում մըն է արաբական աշխարհին մէջ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան մասին ականատեսներու վկայութիւններ եւ փաստաթուղթեր արաբ հանրութեան ծանօթացնելու իմաստով: Դոկտ. Արիսեան դիտել տուաւ, որ գիրքը կը բովանդակէ երեք ականատեսներու Ֆայեզ Ղուսէյնի, Նայիմ պեքի եւ ասորի հայր Իսհաք Արմալայի վկայութիւններն ու վաւերագրութիւնները, որոնք կը բացայայտեն Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ ցեղասպան քաղաքականութիւնը: Ան հաստատեց, որ նման հրատարակութեամբ մը արաբական աշխարհին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող իրազեկուածութիւնը կը բարձրացնէ:
Հանդիսավար Վանիկ Կէոնճեան բեմ հրաւիրեց դոկտ. Փոլատեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հրատարակչատան եւ մշակոյթի նախարարութեան գիրքի լոյս ընծայման համար, հաստատելով, որ գիրքը կը նպատակադրէ լոյս սփռել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ոչ հայկական փաստաթուղթերուն եւ վկայութիւններուն վրայ: Դեսպանը հաստատեց, որ Թուրքիան կը շարունակէ ժխտողական քաղաքականութիւն վարել` հակառակ բազմահարիւր փաստաթուղթերուն:
Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Դամասկոսի մէջ 100-ամեակին առթիւ կատարուելիք ձեռնարկներուն եւ հաստատեց, որ հայերը մէկ մասնիկն են Սուրիոյ հողին, որոնց համար Սուրիան հաւասար է յարութեան եւ կեանքի իմաստին: Այս տեսանկիւնէն ան պահանջեց, որ սուրիական կառավարութիւնը ճանչնայ եւ դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Սուրիոյ մշակոյթի փոխնախարար Թաուֆիք Իմամը ներկայացուց նախարար Իսամ Խալիլի խօսքը` ակնարկելով յաւիտենական դարձած հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն:
Նշենք, որ սոյն շնորհահանդէսը դարձաւ Սուրիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն մեկնարկը:
Ձեռնարկի աւարտին դեսպանը մակագրեց գիրքէն օրինակներ ու նուիրեց ներկաներուն:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Երեւանի
«Հալէպ» Հայրենակցական Բարեսիրական
Հասարակական Կազմակերպութեան Գրասենեակ
Յունուար 30-ին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան այցելեց Երեւանի «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան գրասենեակ:
Կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Անի Պալըխեան ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` ընթացիկ եւ հետագայ ծրագիրները:
Սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց կազմակերպութեան առաքելութիւնն ու սուրիական պատերազմին պատճառով Հայաստան հաստատուած սուրիահայութեան առջեւ ծառացած դժուարութիւններու յաղթահարման օժանդակելու նպատակով ծաւալած գործունէութիւնը ու նշեց, որ կազմակերպութեան «ՀԱԼԷՊ» անուանումը իւրայատուկ նշանակութիւն կը ստանայ սուրիահայ կարօտեալ ընտանիքներուն համար:
Նկատի ունենալով կազմակերպութեան նախատեսած հետագայ գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ եւս` անդրադարձ կատարուեցաւ այս ուղղութեամբ գործակցութեան մասին:
Հանդիպման աւարտին սրբազան հայրը ծանօթացաւ կազմակերպութեան տարածքին մէջ տարուող վերանորոգման աշխատանքներուն:
Միացեալ Նահանգներ
Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան
Մարմինի Երգահանդէս
Յունուար 25-ին, «Փասատենա սիթի քոլեճ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանգանակային համերգ` ի նպաստ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինին:
Շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինի ատենապետ Ժան Թիթիզեան, որ յայտնեց, թէ ցարդ կատարուած զանազան հանգանակային աշխատանքներուն կողքին, այս եզակի երգահանդէսին ամբողջ հասոյթը եւս պիտի փոխանցուի Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինին` իբրեւ զօրակցութիւն Սուրիոյ հայ գաղութին:
Համերգին ներկայացուեցաւ ազգագրական երգերու փունջ մը` մեկնաբանութեամբ սիրուած երգիչներու եւ ընկերակցութեամբ պարախումբի:
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի
Շրջանային Վարչութեան
Նորընտիր Կազմի Ներկայացուցիչները
Յունուար 27-ին Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան նորընտիր կազմի անդամները:
Սրբազանը շնորհաւորեց վարչութեան նոր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր սերնդակերտ աշխատանքին:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու Ազգային առաջնորդարանին հետ ՀՄԸՄ-ի գործակցութեան ծրագիրներուն մասին, որոնք տարիներու աւանդութիւն ունին: Նկատի առնուեցան Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւնն ու այդ առիթով սկաուտական կազմին հետ առաջնորդ սրբազանին հանդիպումը:
Ներկայացուցիչները առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեցին միջդպրոցական մարզախաղերուն փակման ու Նաւասարդեան 40-րդ խաղերու բացման հանդիսութիւններուն, որոնք նախատեսուած են 15 մարտին, նաեւ` Նաւասարդեանի պարահանդէսին ու փակման փառատօնին ու տողանցքին` 4-5 յուլիսին:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի
Պատասխանատուներու Հանդիպումը
Սրբազանին Հետ
Յունուար 27-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեանի եւ գործադիր տնօրէն Սարգիս Գոթանճեանի:
Հիմնադրամին պատասխանատուները ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցին տարուած աշխատանքները եւ խօսեցան ապագայի ծրագիրներուն մասին: Անոնք յայտնեցին, որ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի հիմնադրամին գործունէութիւնը նոր մակարդակ նուաճէ, ինչ որ աշխատանքի նոր հորիզոններ պիտի բանայ անոր դիմաց:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց հիմնադրամին հայրենաշէն գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ապագայ ծրագիրներուն համար:
«Սայաթ Նովա» Երգչախումբի Համերգ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի վարչութեան, 24 յունուարին Հայ Առաջին Երիցական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սայաթ Նովա» երգչախումբին համերգը: Երգչախումբին ղեկավարը եւ դաշնակահարն էր Նորա Ռումեան (Պայրամեան):
Վարչութեան անունով Սրբուհի Մսրեան ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց «Սայաթ Նովա» երգչախումբին կազմութեան եւ գործունէութեան մասին:
Այնուհետեւ երգչախումբին 44 անդամ-անդամուհիները մեկնաբանեցին Սայաթ Նովայէն եւ ազգագրական երգերու փունջ մը:
Երկրորդ բաժինով Մարալ Վարժապետեան ներկայացուց Ա. Կիրակոսեանի «Նամակ առ Հայաստան»-ը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց երգչախումբին, որ գնահատելի աշխատանք կը կատարէ հայ երգը տարածելու մէջ, նաեւ շնորհաւորեց խմբավար-դաշնակահար Նորա Ռումեանը, որ յաջողած է խումբի իւրաքանչիւր անդամին մօտ ծաղկեցնել հայ երգի բառերն ու եղանակը:
Ֆրանսա
«Սի. Սի. Էյ. Էֆ.»-ի Ճաշկերոյթը` Մասնակցութեամբ
Նախագահ Հոլանտի Եւ`
Շարլ Ազնաւուրի Պարգեւատրում
Յունուար 28-ին Փարիզի «Հոթել Տիւ Քոլեքսիոնէօր»-ի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ ընկերակցութիւնները համակարգող խորհուրդի «Սի. Սի. Էյ. Էֆ.»-ի տարեկան ճաշկերոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, Շարլ Ազնաւուր, նաեւ` գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները:
Օրուան հաղորդավար, լրագրող Ֆրանց-Օլիվիէ Ժիզպեր բեմ հրաւիրեց «Սի. Սի. Էյ. Էֆ.»-ի համանախագահներ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը: Թորանեան իր ելոյթին ընթացքին մասնաւորաբար անդրադարձաւ Փերինչեքի հարցով նոյն օրը առաւօտեան Սթրազպուրկի մէջ կայացած դատական նիստին եւ դատապարտեց Ցեղասպանութեան ցարդ անպատիժ մնալու արարքը: Մուրատ Փափազեան իր կարգին ըսաւ, թէ Փերինչեքի դատական վճիռէն կախեալ է Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը դատապարտող օրէնքին որդեգրումը:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Շարլ Ազնաւուր, որ պարգեւատրուեցաւ «Սի. Սի. Էյ. Էֆ.»-ի կողմէ 100-րդ տարելիցի շքանշանով, իբրեւ «Տարուան անձնաւորութիւն»-ը հայ ժողովուրդին եւ Հայ դատին ի նպաստ իր ներդրումին համար: Իր ելոյթին մէջ Ազնաւուր շեշտեց իրեն համար ֆրանսերէն լեզուին կարեւորութիւնը եւ խօսեցաւ ինքնութեան հարցին մասին:
Նախագահ Հոլանտ բեմ հրաւիրուելով` մանրամասնօրէն խօսեցաւ Հայ դատին եւ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւոր հանգամանքի մասին` նշելով, թէ Թուրքիա արդէն որոշ քայլեր առած է այդ գծով, սակայն պէտք է շարունակէ նոյն ուղիով իր ընթացքը: Նախագահը վերահաստատեց, թէ 24 ապրիլ 2015-ին Երեւան պիտի գտնուի ոչ իբրեւ Ֆրանսուա Հոլանտ, այլ` իբրեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ: Նկատի ունենալով, որ միեւնոյն օրը Թուրքիան ալ Կալիփոլիի ճակատամարտը պիտի ոգեկոչէ, հետեւաբար իր Հայաստան ներկայութիւնը այլապէս նշանակալի կը դառնայ, զօրաւոր յանձնառութիւն մըն է`
Ցեղասպանութեան ճանաչման առումով: Նախագահը նաեւ շեշտեց հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը:
Աւարտին 2015-ի ոգեկոչման յանձնախումբի նախագահ Ալեքսի Կէօվճեան ներկայացուց ընթացիկ տարուան գործունէութեան դաշտը` 2015-ի առաքելութեան ծիրէն ներս:
Վենետիկ
Յակոբ Մանուկեանի «Հայերու Ներկայութիւնը
Իտալիոյ Մէջ 1915-2000» Գիրքի Շնորհահանդէսը
Յունուար 30-ին Վենետիկի մէջ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ հայերու միութեան նախկին նախագահ, Միլանի ու Տրենտոյի համալսարաններու դասախօս Յակոբ Մանուկեանի «Հայերու ներկայութիւնը Իտալիոյ մէջ 1915-2000» գիրքի շնորհահանդէսը:
Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեան իր խօսքին մէջ շեշտեց գիրքի հրատարակման կարեւորութիւնը` զայն համարելով լուրջ ներդրում իտալահայ համայնքի կեանքը ներկայացնող փաստագրական գրականութեան մէջ: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ սոյն գիրքը հրատարակուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին եւ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Իտալիոյ մէջ ապաստան գտած, Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու կեանքը:
Ելոյթ ունեցան նաեւ Վենետիկի քաղաքապետարանի մշակութային վարչութեան տնօրէն Ռոպերթօ Էլլերօ, թղթակից Էտուարտօ Պիտալիս եւ գիրքի հեղինակ «Հայերու ներկայութիւնը Իտալիոյ մէջ 1915-2000» Յակոբ Մանուկեան:
Պուլկարիա
Վառնայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ
Երիտասարդներու Օրհնութեան Արարողութիւն
Յունուար 31-ին Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու օրհնութեան արարողութիւն:
Աւելի քան 50 հայ երիտասարդներ իրենց օրհնութիւնը ստացան Վառնայի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Բարթողիմէոս քհն. Յակոբեանին կողմէ, որ իր խօսքին մէջ յորդորեց երիտասարդները, որ նոյն ոգեւորութեամբ շարունակեն իրենց կապը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետ ամբողջ տարուան ընթացքին: Ան նաեւ մանրամասնօրէն ներկայացուց Ս. Սարգիսի տօնի դերն ու նշանակութիւնը հայ երիտասարդներու կեանքին մէջ:
Փետրուար 1-ին Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ եկեղեցւոյ տօնը: Բարթողիմէոս քհն. Յակոբեան իր քարոզին մէջ շնորհաւորեց Վառնայի հայութիւնը եւ ամփոփ կերպով ներկայացուց Ս. Սարգիս Զօրավարի վարքը` կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն` հետեւելու սուրբի օրինակին:
Աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Վրաստան
Սուրբ Սարգիսի Տօնի Նշում
Յունուար 30-31, շաբաթավերջին, Թիֆլիսի մէջ նշուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, 30 յունուարին, ըստ աւանդութեան, թիֆլիսահայութիւնը հաւաքուեցաւ Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ եւ ուխտաւորներու թափօրը Ս. Սարգիսի սրբանկարով եւ խաչվառներով, ուղղուեցաւ դէպի Խարփուխ թաղամասին մէջ գտնուող Ս. Սարգիս մատուռը:
Ուխտաւորներու թափօրը, մատուռի աւերակներուն մօտ աղօթեց, մոմեր վառեց եւ իր ուխտը կատարելէն ետք, շարականներու երգեցողութեամբ քայլերթով հասաւ Հաւլաբարի Ս. Էջմիածին եկեղեցի ու միացաւ հարիւրաւոր հաւատացեալներուն:
Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակ երեկոյեան ժամերգութիւն: Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սամուէլ քհնյ. Թորոսեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին, Ս. Սարգիս Զօրավարին, անոր որդիին եւ զինակիցներուն քրիստոնէութեան համար նահատակութեան մասին:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. հայրապետին տնօրինումով Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը հռչակուած է Երիտասարդներու օրհնութեան օր: Առ այդ, երեկոյեան ժամերգութեան կատարուեցաւ երիտասարդներու օրհնութեան կարգ:
Յունուար 31-ին, Հաւլաբարի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ: Նարեկ քհնյ. Ղուշչեան իր քարոզին մէջ կրկին անգամ խօսեցաւ Ս. Սարգիս Զօրավարին եւ անոր զինակիցներուն քրիստոնէութեան համար նահատակութեան մասին:
Յայտնենք, որ վիրահայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը եւ մատուցուեցաւ պատարագ: