Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Ուլուսալ Քանալ»-ի Մատնած Անհանգստութիւնը

Փետրուար 11, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21015_UlusalՀասկնալի է ու պարզ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը աննկատ չէր կրնար անցնիլ Անգարայի կողմէ: Անշուշտ նախ եւ առաջ Հայաստանի Հանրապետութիւն – սփիւռք թրքական տարանջատման խաղերուն տեղ չէ ձգուած, բայց խորքին մէջ ամէնէն անհանգստացնող բաժինները կ՛ենթադրուին ըլլալ Սեւրի պայմանագիրին եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին կատարուած կարեւոր յղումները:

Այս երկու նշումները փաստօրէն 100-ամեակին նախօրեակին պատրաստութեան ընթացքի մէջ եղող հատուցման իրաւական թղթածրարին յստակ նախանիշեր են, որոնք միջազգային օրէնքներու սահմանած իրաւաչափութիւններուն ընդառաջ անպայման իրենց արձագանգումը կ՛ունենան առաջադրուած թղթածրարին մէջ:

Իսկ ա՛յս մէկը խորքին մէջ 100-ամեակի ապահովելիք շրջադարձին կարեւորագոյն կէտն է: Մենք ազգովին, իբրեւ 2 պետութիւն եւ սփիւռք, կ՛ամրագրենք մեր համաձայնութիւնը տարածքային պահանջատիրութիւնը հիմնելու Սեւրի պայմանագիրի ընդհանուր պարունակին մէջ  կայացած ուիլսընեան սահմանագծումին վրայ:

Իրադրութիւնները ունին հետեւողականութիւն: Պատահական չէր նախագահ Սարգսեանի այցելութիւնը Ուիլսընի շիրիմին եւ այնտեղ կատարած յայտարարութիւնները. մանաւանդ, աւելի ուշ, Ուիլսընի իրաւարար վճիռի 90-ամեակին առիթով  ըսուածը, թէ Սեւրի պայմանագիրը կը շարունակէ պահել իր այժմէական եւ իրաւական նշանակութիւնը:

Նոյնքան հանգամանալի կրնայ չհնչել, այսուհանդերձ աննկատ չէր մնար նաեւ հայ իրաւաբաններու համաժողովին, օրուան գլխաւոր դատախազի այն միտքը, որ թէկուզ անձնական տեսակէտի տեսքով, կ՛ընդգծէր Հայաստանի Հանրապետութեան կորսնցուցած տարածքներուն վերատիրացման նախապատրաստուելու անհրաժեշտութիւնը:

Հիմա, 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրով ամրագրուած տարածքային հատուցումը կարեւորագոյն բաղադրիչն է առաջադրուած իրաւական թղթածրարին: Եւ խորքին մէջ ա՛յս է, որ ամէնէն շատ կ՛անհանգստացնէ Անգարայի վարիչները: Մնացեալը, ցաւակցութիւն, ընդհանուր ցաւ, նոյնիսկ ցեղասպանութիւն եզրոյթի օգտագործումի պարագայական թոյլտուութիւն, եկեղեցիներու վերանորոգում, հատուցման թրքական տարբերակի գործնականացում, քաղաքացիութեան վերականգնումի խոստում, այդ բոլորը, բացի տարածքայինէն, յաչս միջազգային ընտանիքին եւ հանրային կարծիքին, խուսանաւումի նպատակայարմար թեմաներ են, զորս արծարծելով, էրտողանական համակարգը պիտի փորձէ ձիթենիի ճիւղի խաբկանք ստեղծել:

Տարածքային հատուցումի նախաբանին ձգած անհանգստութիւնը բացայայտած է թրքական կայքը:

Թուրքական «Ուլուսալ քանալ» կայքը անդրադարձ  կատարած է համահայկական հռչակագիրի հրապարակման:

Կայքը կը գրէ, թէ հայկական սփիւռքը հիասթափութիւն ապրելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ «Փերինչեք ընդդէմ  Զուիցերիոյ» դատական գործին մէջ, կայսերապաշտական ուժերու հետ միասին նոր ուղի ճշդած է: Թէ` Համահայկական հռչակագիրի օրինակը ուղարկելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութիւն` յատկապէս յղում կատարուած է  Սեւրի պայմանագիրի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին, ինչ որ որակուած է իբրեւ հողային պահանջ Թուրքիայէն:

Լրատուական կայքը կը գրէ, որ 10 կէտէ բաղկացած հռչակագիրը ուղարկուած է ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն` իբրեւ կոչ պատժելու Թուրքիան եւ անոր պարտադրելու  Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումն ու հողերու վերադարձը:

Թրքական այս կայքը Փերինչեքի պատկանած կուսակցութեան կը յարի, եթէ ոչ ուղղակի անոր պաշտօնական խօսափողն է իբրեւ պատկերասփիւռի կայանի կայք: Զուիցերիոյ մէջ ընթացող դատին թրքական կողմին տուած առաւելութիւնը շեշտելը պարզ է այս պարագային: Բայց աւելի կարեւորը հռչակագիրին ամէնէն անհանգստացնող բաժնին ընկալումն է: Հայկական կողմը, իբրեւ համազգային համաձայնեցուած պահանջ, կը դիմէ միջազգային ընտանիքին, որպէսզի պատժէ Թուրքիան եւ պարտադրէ, որ անիկա տարածքները վերադարձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Փերինչեքները ճիշդ ընկալած են հռչակագիրը: Այդ պատճառով ալ երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենայ Զուիցերիոյ մէջ ընթացող դատին արդիւնքը: 100-ամեակի ճշդած առաջնահերթութիւնը որակումներէն եւ եզրոյթի օգտագործումներէն աւելին է. հատուցումն է. եւ անոր մէջ յատկապէս տարածքային բաժինը:

«Ա.»

Նախորդը

Խորհրդակցութիւն` Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ձեռնարկներուն Նախապատրաստման Վերաբերեալ

Յաջորդը

Պարսելոնա-2-ի Մարզիչը Պաշտօնանկ Եղաւ

RelatedPosts

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են  Արցախի Միւս Բնակավայրերէն
Գլխաւոր լուրեր

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են Արցախի Միւս Բնակավայրերէն

Մարտ 30, 2023
Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը  Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի  Պաշտպանած Բանաձեւը
Գլխաւոր լուրեր

Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի Պաշտպանած Բանաձեւը

Մարտ 30, 2023
Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան  Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In