Երրորդ Կողմը` Չանաքքալէի Եւ Սարըղամիշի Միջեւ
ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ «Եթէ մեզմէ կը սպասուի մայր հայրենիքի փրկութիւնը, հապա մենք որմէ՞ պիտի պահանջենք մեր ծնողքին` կեանքին, ինչքին եւ պատուին անառարկելի ապահովութիւնը, եթէ ոչ` այն տէրութենէն, որուն համար կը կռուինք»: ՄԵՍՐՈՊ ՔԱՋԲԵՐՈՒՆԻ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այս տարի, ապրիլ 23-25, «իր» պետութիւնը պետական բարձր մակարդակով Կալիփոլիի (Չանաքքալէ) ճակատամարտի զոհերուն հարիւրամեայ յիշատակը պիտի նշէ: Նոյն ռազմին զոհ գացած են...















