ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Եկաւ պոլշեւիկը: Ամէնքը ակնապիշ սպասում էին, թէ ինչպէ՞ս հայը հային պիտի կոտորի: Որովհետեւ հայոց պատմութեան մէջ յոյն, թուրք, արաբ, պարսիկ կոտորել էին հայերին, բայց չէր կարող հետաքրքիր չլինել հայի համար, ի հարկէ»:
Լեռ Կամսար «Կարմիր օրեր»
Քաւ լիցի, վերյիշելով հայ ժողովուրդի բացառիկ, վաւերական, սրամիտ ու քաղաքական մտածողութեամբ օժտեալ երգիծաբանին նոյնքան թելադրական տողերը` մեր մօտիկ անցեալի պատմութեան վերաբերող, այսպէս ասած անբաղձալի օրերը չէ, որ անպայման կ՛ուզենք գրգռել:
Այլ կը միտինք կրկին անգամ լոյսին բերել խառնափնթոր եւ մութ ժամանակներու ցաւալի երեւոյթները, լուսարձակի տակ առնել հաւաքական մեր ապիկարութիւններու շղթաները, այո՛, հայ քաղաքական մտքի տուեալ հանգրուաններու բոպիկութիւնն ու սնամէջ իրականութիւնը:
Յայտնապէս, ոգեկան ու պատմական իրաւ շղթաներու մասին է խօսքը, անսայթաք առաջնորդուելու, նուազ վնասուելու, աւելի ամրանալու, հոգեպէս զինուելու եւ ուժգնօրէն հայանալու` յանուն սրբատաշ Արարատի տիրութեան եւ ազգային մէկ ու միակ տեսլականի փայլատակումին:
Ըստ երեւոյթին, իրերայաջորդ սերունդներ տակաւին չեն կրցած ըմբռնել իրողութիւն մը անսեթեւեթ, որ պատմութեան վերաբերող ամէն աքթ ինքնին կը պարփակէ թելադրականութիւն մը անստգիւտ, որուն հարկ է ականջալուր մնալ:
Հայոց պարագային ալ աւելի շեշտուած կը հնչէ նման մօտեցում, պարզապէս որովհետեւ հայ քաղաքական մտածողութիւնը իր բովանդակ հասկացողութեամբ զերծ է մնացեր հայրենակեդրոնի յստակ արեւելումէ:
Հաւանաբար ըսուի, թէ ծայրայեղ ենք մեր գնահատումին մէջ, եւ կամ ընդգծուի, որ, գէթ վերջին 150 տարուան հայոց պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն հայ քաղաքական միտքը դրսեւորած է բաւական հասունացման մակարդակ եւ ազգային գաղափարական լիցք, ատիկա ըլլայ ներազգային կեանքին վերաբերող թէ արտաքին աշխարհի վայրագ եւ համայնակուլ ամբողջ խորապատկերին դիմաց:
Ճիշդ է, որ հայոց թագաւորութիւններու ընդմիշտ բնաջնջումէն ետք, հայ ազգին կը ճակատագրուէր այնպիսի գործընթացներ, որոնց դէմ ելլելու եւ ընդդիմանալու ամէնէն տարրական ուժն ու միտքը էապէս կը բացակայէր, երբ հայութիւնը իր տարբեր հատուածներով կ՛ապրէր ստրկութեան ամէնէն ստորնացուցիչ պայմանները:
19-րդ դարու հայոց ազգային զարթօնքն ու քաղաքական մտքի հրաշափառ ընձիւղումը արդէն բաւարար խայծեր էին` վերաջրդեղելու ազգային գաղափարական ու պետական հասկացողութիւններու առաւել արմատաւորումը:
Յայտնապէս, 20-րդ դարու առաջին քսանամեակի հայոց պատմութեան ամբողջ տեսադաշտը իր ազգային ազատագրական պայքարի ունակութեամբ թէ պետականութեան շունչի ու կամքի յստակատեսութեամբ` հայութիւնը կը թեւակոխէր նոր հանգրուան, այլապէս ինքնահաստատման եւ վերահայացման ընդհանուր պատկերին դէմ յանդիման:
Եթէ երբեք ազգային ազատագրական պայքարի ռահվիրաներու եւ աննման զինուորագրեալներու սուրբ արեամբ նուիրականացաւ հայ պետական մտածողութիւնը, թէկուզ կարճ ժամանակահատուածի մը համար, այդուամենայնիւ, հայոց երկնակամարին վրայ արդէն ուրուագծուեցաւ այն անյեղլի ճշմարտութիւնը, թէ ազգերու պարագային, ու յատկապէս հայութեան համար, ինքնակառավարումն ու քաղաքական մտքի հատու հայեացքներն են, որոնք պիտի կարենան ապահովել շարունակելու եւ տոկալու երթը` համայնակուլ յորձանուտերու դէմ:
Ա՛յս առումով հարկ է դիտել Փետրուարեան ապստամբութեան ընդհանուր հասկացողութիւնը եւ ատով կողմնորոշուիլ` յանուն մեր ազգային իտէալներու իրականացման:
Իսկ նման ապստամբութենէ դասեր քաղելու ամէնօրեայ վիճակի, հոգեկերտուածքի, կազմաւորումի եւ պատրաստակամութեան հարցն է, որ պատեհ առիթներու կ՛արծարծենք, իբրեւ հաւաքական հասունացման չափանիշ:
Արդարեւ, 1921 փետրուար 18-ին պայթած ապստամբութիւնն ու քաջարի մաքառումները Արեւելեան Հայաստանի տարբեր շրջաններու եւ գիւղերու մէջ, թէեւ ուշացած (ինքնազսպումէ թելադրուած), սակայն իրենց ազգային թելադրականութեամբ եւ քաղաքական կեցուածքով միայն պատիւ կը բերեն հայ ժողովուրդին, որովհետեւ կարմիր (համայնավար) հորդաններու դրօշին տակ ծառայող խմբաւորումներու յստակ մտադրութիւնն էր ոչ թէ միայն թալանել ու կողոպտել հայ գիւղացին, ճզմել հայ աշխատաւորին կամքն ու կորովը, կացինահարել ֆետային եւ ազատամարտիկը, հարուածել ՀՅԴաշնակցութիւնն ու անոր հետեւորդ մտաւորական ու հասարակական գործիչները, այլեւ` միանգամընդմիշտ թաղել հայութեան հայրենիք կերտելու երազանքն ու քաղաքական կամքը, որ վերակենդանացաւ 28 մայիս 1918 խորհուրդով:
Եւ այդ ազատութեան ոգիի մէկ արտայայտութիւնն էր այս համաժողովրդային մաքառումը, որուն յաջողութեան եւ կենսագործման իր շեշտակի ներդրումը ունեցաւ հայութիւնը իր բոլոր շերտերով:
Այո՛, հայոց կեանքի բաղկացուցիչ քաղաքական տարբեր հոսանքներ, կուսակցութիւններ եւ միաւորումներ իրենց արդար ձայնը լսելի դարձուցին այն հրէշային ծրագիրին` հայաջնջումի մէկ այլ ձեւին ու տարբերակին, որուն այս անգամ դերակատար էին լենինեան հոսանքի ենթակայ ապազգային խմբաւորումներ:
Այսօր, երբ վերանկախացած է հայոց պետականութիւնը, կայացած են անոր ընթացքը ապահովող էական կռուաններն ու դէպի ապագայ սաւառնելու ազգային տրամադրուածութիւնը, ականատես ենք, ցաւ ի սիրտ, յեղյեղուկ քաղաքական մտքի արտայայտութիւններու եւ ապազգային կողմնորոշումներու:
Կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակներ, միջազգային թէ շրջանային առումով, երբ մեծապետական խօլ մրցակցութիւններու իբրեւ հետեւանք ոչ միայն երկիրներ աւերակներու թատր կը դառնան, այլեւ ազգեր ու յարաբերաբար փոքր հաւաքականութիւններ բնաջինջ կ՛ըլլան, ամբողջ մարդկութեան ամօթխած եւ ստորին հայեացքներուն դիմաց:
Ա՛լ ինչ խօսք մեր ածուին մասին, երբ վերանկախացած հայրենքի հողին վրայ հայ պետական մտածողութեան թէ քաղաքական մտքի խարխափումներու ականատես կ՛ըլլանք, փոխանակ աւելի կայացած եւ ռազմաքաղաքական տիպար գործընթացներու վայելքը ապրելու:
Հայութեան ազատութեան ոգիի ըմբռնումը եւ անարդարութեան դէմ պոռթկալու նախանձախնդրութիւնը, են ու կը մնան ա՛յն հայատիպ առանձնայատկութիւններէն գերկշիռը, որով պէտք է սնուցանել հայ հասարակութիւնն ու ազգային ոգեկան կառուցուածքը:
Այսօրուան ի հայրենիք պատահած քաղաքական ու ժողովրդական տարբեր դրսեւորումները, անպայման որ իրենց անդրադարձը պիտի ունենան հայ իրականութեան քաղաքական կողմնորոշումներու հարթակին վրայ, իբրեւ հետագայ գործընթացներու յենարան:
Ազգային ազատագրական պայքար մղած ու Արցախ կերտած հայութեան յաղթանակները պէտք է մնան անձեռնմխելի եւ ամրապինդ, այլապէս թուրք-ազերիական որոգայթներու թէ թշնամական ուղղակի սադրանքներու դէմ պիտի սասանի ազգային մէկութեան ամէն արտայայտութիւն:
Ահա թէ ինչո՛ւ հայ հասարակական մտքի զարգացման եւ քաղաքական հոտառութեան առաւել ուժեղացման ակնկալութիւններու հրայրքը կ՛ապրինք ազգովին:
Եթէ երբեք ազգովին արժանի ենք ժամանակակից քաղաքակիրթ մարդկութեան ընդհանուր տեսադաշտին վրայ ինքնուրոյն, որակաւոր եւ ինքնահաստատ գործընթացներու իրաւունքը վաստակելու, ապա պարտաւոր ենք ականջալուր մնալ Փետրուարեան ապստամբութեան անառարկելի հայեցողութիւններուն, անշուշտ, մերժելով ինքնակործան եւ ինքնափճացման տանող ամէն վատոգի գործունէութիւն:
Կը յաջողինք այն ատեն, երբ կ՛որոշենք հաւաքական մտածողութեան եւ պատմական ազգային դիպաշարերուն խորհուրդով կողմնորոշուիլ եւ հայեացքերը դէպի սրբազան Արարատի գագաթին սեւեռել միա՛յն: