ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Այսօր տերեւաթափ է կրկին, Հալէպ կ՛ողբայ իր երիտասարդներու կորուստը: Պատուհանէն ականատես կը դառնամ այս լուռ եւ անվերջանալի տառապանքին` իբրեւ հայ, իբրեւ մայր եւ իբրեւ մարդ արարած: Նահատակներէն մէկը հայ երիտասարդ է, իսկ միւսը`արաբ քրիստոնեայ պարմանուհի: Յուղարկաւորներու փաղանգներուն մէջ անոնց մայրերն ալ կան անկասկած… Պատուհանէն կիրակիի համայնապատկերը կը վերածուի դժոխային եղանակի, ամառ չէ, ուրիշ եղանակ` մահուան եղանակի: Անդենականին հետ կապուած ինչ, որ յիշեցումի:
Առանձին նստած աթոռին հայեացքս ապակիին, կողքիս աթոռները դատարկ, կը զրուցեմ անոնց մայրերուն հետ, յանցաւոր կը զգամ անոնց վիշտին ու տառապանքին համար, գացողներուն ջախջախուած, դալար եղէգի պէս խորտակուած կեանքերուն համար: Կրնային եւ իրենք չըլլալ զոհերը, ես ըլլայի… հոգ չէ, կրնամ պատկերացնել ատիկա, բայց տարբեր բան` այսինքն իմ հարազատներէս մէկը… ո՛չ, ո՛չ… անոր համար ալ կրկին յանցաւորութեան զգացումը կը պատէ հոգիս: Միեւնոյն քաղաքի բնակիչ, միեւնոյն արմատներու նոյն ազգի զաւակ ըլլալու վերացական եւ արենակցական գաղտնի կապ մը հարազատութեան ու հոգեկան մօտիկութեան վերածուած` կը ճչայ…
Այս քանի երրորդ նահատակն է, քանի քանի տասնեակներով կ՛երթան, զոյգ զոյգ, նոյնիսկ պատահեցաւ` ընտանեօք: Ամբողջ քաղաքը ընտանիքի մը վերածուեցաւ ժամանակի ընթացքին: Բոլորը` իրարու ցաւակից… Բուռ մը հայեր էինք, այժմ սեղմուած բռունցքի ճեղքերէն, աւազի հատիկներու պէս կը ցրուինք կ՛անհետանանք օդին մէջ…
Չարացա՞ծ, թէ՞ բարիացած մտքեր… զիրար կը դարպասեն:
Տարօրինակ տխրութիւնն ու վիշտը զիս ալ կը համակեն, կը սկսիմ լալ: Անոնց չապրուած, կիսատ մնացած կեանքերն ու սէրերը, կարօտները, իմս կը դառնան կարծես ու ես կը մնամ անօգնական: Տակաւին երէկ կային, ինծի պէս սովորական կեանքով կ՛ապրէին` բնաւ իրենց մտքերէն չանցընելով, թէ այսօր պատմութեան ետեւ գացող սլաքին գիրկն ու կողմը պիտի անցնէին: Բայց անոնց մայրերէն ոչ մէկը իմ մխիթարութեանս կարիքը ունի, ո՛չ կարեկցանքի, ո՛չ ալ արգահատանքի. անոնց մայրերուն ոչ մէկ բան կրնայ օգնել` ո՛չ սրտի խորերէն եկած բառեր, ո՛չ ալ սովորաբար արտասանուած, հոգիի լուսաւորութեան կրկնուած խօսքեր… ինչ դիւրին է թուղթին փոխանցել որեւէ միտք որ դուն չես ապրած, չես տառապած կամ մեռած անոր համար: Բայց ահա ապակիէն անդին ողբն ու տառապանքը կը համակեն քաղաքին կեդրոնական փողոցները, սուգի թափօրները կը յաջորդեն իրարու…. Ես հիմա կը հետեւիմ անոնց, կը ճանապարհեմ անոնց յիշատակը, ետքը ամէն բան կրկին մոռացութեան կը տրուի ու կը հալի ցաւէն սմքած քաղաքին առօրեայ անցուդարձին մէջ, բայց անոնց տան ձեղուններուն տակ անշէջ կրակներ` մայրական սիրտեր, ճարճատող խարոյկ… որքա՞ն կը շարունակեն դիմանալ, այդ միայն Աստուծոյ յայտնի կրնայ ըլլալ:
Ես չեմ գիտեր, թէ երբեւէ կը հանդիպի՞մ այս մայրերուն, արդեօք ի՞նչ լեզուով պէտք է խօսիլ անոնց հետ` ա՛լ աւելի ցաւ չպատճառելու համար: Աշխարհին նայող անոնց աչքերով երբեք պիտի չուզէինք նայիլ, եւ Աստուած չընէ, որ ոչ մէկ մայր նայի այդ աչքերով: Արդեօք քաղաքի փողոցները պատասխան ունի՞ն տալու, գէթ մխիթարանքի խօսք մը, թէ ոչ միակ անկարողը ես եմ… որ հիմա ոչ միայն տանս, այլ ամբողջ քաղաքին մէջ առանձին եղերամա՞յր եմ, թէ` բու… ո՞վ ինծի այս իրաւասութիւնը տուաւ` մարդոց ճանապարհելու, ճամբայ դնելու դէպի ուրիշ հարթութիւն…. թէ ոչ իմ իսկ ճամբորդութեանս պատրաստութիւնն է, որ կը սկսիմ, ինչպէս այստեղ ապրող ամէն ոք…
Ուրկէ՞ դէպի ո՛ւր, անյայտ տարածութիւններ, անընդհատ կը շարունակուի կրակոցը… փամփուշտները բոլորն ալ ունին իրենց նշաւակները:
Սարսափ յառաջացնող փամփուշտներ` ինչը՞, ո՞վ կամ ո՞ւր կը գտնեն իրենց թիրախ…
Բոլորն ալ կ՛ուզեն խուսափիլ կեանքին վերջը սահմանող անագորիւն փամփուշտէն, կամ` հրթիռէն.
Տարին սկսաւ երիտասարդ կորուստներու ցաւով, նախ` Գիւմրիի անասելի ողբը ,ընտանիք մը ամբողջ ծաղկեփունջի մը պէս արմատախիլ եղաւ, անիմաստօրէն եւ անհասկնալի պատճառներով խամրեցաւ: Ետքը հայրենի սահմաններուն վրայ, մէկիկ մէկիկ, ողկոյզներուն վրայէն գետին ինկող ճիռերու պէս, մեր ոսկի տղաքը, չերիտասարդացած, աղուամազով` դեռ պատանի, իւրաքանչիւրը գերդաստանի մը ապագայ սիւն ըլլալու կոչուած` կոխկռտուեցաւ…
Հողմերէն քշուած կարմիր կակաչներու կուտակուած թերթիկներով լեցուն ձոր մը կայ, եւ միայն այդ ձորին մէջ մոռցուած, բայց ամենատես ցուպն ու գաւազանը կրնան մխիթարել եւ գիտնալ մեր բոլոր ինչուներուն պատասխանները:
Հարիւր եւ աւելի տարիներու վրայ երկարող կակաչները միաբերան իրենց կանչով կը փռուին նորերուն ճամբուն վրայ, արնաներկ մետաքսի պէս կը ջերմացնեն իրենց սիրով: «Կակաչերէն» արնակարմիր կանչով ու բառերով, ձայնակցելով նորերուն հետ կը գոչենք-հեռու մանգաղահունձ անողոք մահէն. կը հնձէ անխնայ, կը տարածուի դէպի հեռուներ, զգուշ…
Կոչնակներուն ձայնը անզանգ ու ժանգոտած ահազանգի պէս կը դառնան համատարած ու խեղդող, մեր մեծ վիշտի հարիւրամեակի դեռ սկզբնաւորութեան: