Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անո՛ւնդ, Հալէ՛պ, Ինչպէ՞ս Մոռնամ

Փետրուար 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

21715_thՅաճախ օրեր, երկար ու կարճ ժամերով օրեր կը կարծեմ, որ մոռցած եմ քեզ ու կամաց կամաց պատկերդ կը պղտորի երազներուս մէջ: Բայց չեմ սարսռար, չեմ արտասուեր, պարզապէս կը կարծեմ, որ մոռցած եմ քեզ եւ անհոգ օրերուս վերադարձած եմ:

Ու ինքնաբերաբար կ՛անցնիմ նախկին նոյն փողոցներէն, անսէր օրերու հանդարտ գնացքովս, ուր միայն ճերմակ յիշատակներս տակաւին կ՛ապրին իրենց քաղցր եւ անուշ խաղերը: Մեկնած եմ արդէն ու հասած` դէպի հորիզոններու երկայնքին փռուած նոր ճանապարհներու եզրին, հաւանաբար ալ` արկածալից, օտար երկինքներու տակ բախտս անէծքի նման կրելով շարունակ: Եւ անզգալաբար ուրախ եմ: Գրեթէ երջանիկ:

Առանց տեսիլքին յայտնութեան սպասելու` արդէն կեանքս սկսած է շուրջս երգել: Ու վայրկեանի մը համար կը կարծեմ, որ մոռացման քողը, ծածկած է արդէն ամէն հին ու անցեալ, ու ես կարծես հրաժեշտ տուած եմ նախկին երջանկութեանս:

Ազատ եմ ու ամէն վայրկեան կ՛երգեմ նոր երգս` բարձրաձայն: Անսահման հպարտութիւն մը տիրացած է սրտիս, որովհետեւ կը զգամ, որ մէջս յուշերուս կարօտը շատոնց մարած է ու նոյնիսկ` խեղդամահ եղած: Կը կարծեմ, որ դուն եւ ես իրարմէ շատոնց բաժնուած ենք, ինչպէս` լոյսն ու մութը:

Բայց, կը յիշեմ յանկարծ, այն օրերուն ուշ էր, երբ գտայ քեզ իմ երիտասարդ ու պատանի անցքիս վրայ`մտածումիս բարձունքին գագաթը նստած, քայլերուս որոտին հետ համախոհ: Դուն մէջս էիր, եւ ես անտեղեակ էի:

Չեմ յիշեր նոյնիսկ` ինչպէ՛ս դուն երգս դարձար ու ծնունդ տուիր ճառագայթի նման պայծառ իրերայաջորդ երազներու ծնունդին` հոգւոյս խորերուն մէջ, որոնք կեանքս ապրեցուցին իրենց մէջ: Գոյն տուին օրերուս եւ յուշերս ներկեցին ուրախութեան եւ պայծառութեան երանգներով:

Հիմա, երբ կը նայիմ հինցած ու աւերակ հագած պատկերիդ, անոր բազմերանգ գոյներուն ու անլոյս երազներուն, յամառօրէն յուշերս կը փնտռեմ: Ու արագօրէն շրթներուս վրայ անունդ կը փորձեմ արտասանել: Դո՛ւն, որ ինծի համար այս աշխարհի սիրուն պարիկներէն մէկն էիր, աւաղ, հիմա անունդ կը փնտռեմ:

Կ՛ուզեմ ձեւով մը այս ապերախտ աշխարհին անունդ աղաղակել: Սակայն չեմ կրնար, որովհետեւ յիշողութիւնս կանուխէն ինծի դաւաճանած է: Հոգիս թափ կու տայ կիրքերուս: Նայուածքս ի զուր կը խուզարկէ յուշատետրիս բոլոր էջերը` գտնելու համար անունդ:

21715_Aleppo_old_city_imageՀաւատա՛, որ խոր ու անմեղ ցանկութիւն մըն է ունեցածս: Պարզապէս անունդ յանկարծ կ՛ուզեմ յիշել: Անո՛ւնդ… կը հասկնա՞ս: Ու ես ինծի հարց կու տամ, թէ արդեօ՞ք դէմքդ տակաւին նոյնն է: Արդեօ՞ք յուշերդ տակաւին թարմ եւ հաճելի ու արցունքախառն իրենց երգերը կը յիշեն:

Անշուշտ որ օր մը պիտի արթննամ կախարդական այս երազէս: Թերեւս կրկին հանդիպիմ քեզի ու կեանքս կրկին անգամ վազէ դէպի ակերը երջանկութեան:

Բայց այս բոլորէն առաջ` ի՞նչ էր անունդ: Շուարած եմ: Յիշողութիւնս` խանգարուած:

Անցկութեամբ կ՛ուզեմ յիշել անունդ, փնտռել զայն, որպէսզի ապրիմ արեանդ տաքութիւնը: Ու վստահ եղիր, որ երբ քեզ գտնեմ, պիտի թափանցեմ աչքերուդ խորը ու փնտռելով անուշ նայուածքդ` համարձակ ու երկարօրէն կրկին անգամ պիտի փորձեմ լողալ անոնց մէջ: Անուանդ հետ միատեղ, այս վայրկեանին մտքիս պաստառին վրայ կը փորձեմ յիշել նաեւ շքեղանքը հասակիդ, մարմնիդ:

Կը զգամ, որ ինքնածին հրաւէր մըն է այս մէկը: Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ յանկարծ մէջս այս զգացումը ծնաւ: Հարազատ հրաւէր մըն է այս մէկը, կը համոզեմ ես զիս: Պարզ եւ սիրուն: Բայց, ըսէ՛ կրկին, ի՞նչ է անունդ: Հաստատ գիտեմ, որ այդ հին ու երջանիկ օրերուն բախտն էր, որ ժպտած էր մեր երկուքին ու հիմա ան ցանկութեան ճամբաներուն նստած, մեր կեանքը բռնած իր ճանկերուն մէջ` վստահաբար մեզ հեռուէն կը դիտէ:

Սակայն ինչո՞ւ յանկարծ այս նոր օրերուն սրտիս մէջ բանի մը նուաղումը կը յայտնուի: Կը զգամ, որ մեծ բան մըն է, որ կը նուաղի, ինչպէս կը նուաղի երջանիկ օրուան մը սիրոյ երազը: Անոր համար ամէն երեկոյեան, երբ արեւը ինքզինք կը ժողվէ փողոցներէն, եւ երբ մութը կ՛իջնէ սենեակիս վրայ եւ դուրսի աղմուկը կը լռէ բաց պատուհանէս, յանկարծ մտովի կը փորձեմ կեանքի մշուշին մէջէն յիշել կորսուած մեր արեւոտ աշխարհն ու անոր հետ ագուցուած անունդ:

Երգուած ու միաժամանակ կրկնուած խօսքերս կը յիշեմ: Օրերով փնտռած եմ` քեզ առանց նոյնիսկ ստուերդ գտնելու: Եւ հիմա, որ կը սոսկամ սիրտիս ամայութենէն, յանկարծ կը յիշեմ անունդ, որ ինծի կը բերէ գարնանային մեղմ հովը:

Հալէպ:

Ա՛յս էր անունդ` անկասկա՛ծ: Եւ այս նոր երջանկութիւնս ճանչնալու համար պատուհանէս ներս մտնող զեփիւռը կ’ողջունեմ:

Հիմա, որ յիշած եմ անունդ, այլեւս գտած եմ երջանկութիւնս:

 

 

 

Նախորդը

Վարդան` Տիպարը Հայ Հաւատացեալին

Յաջորդը

«Կակաչների Միաբերան Կանչն Է Կարմիր». Ա. Ալիքեան

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?