ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
24 ապրիլ 2015-ին Հայաստանն ու Թուրքիան միաժամանակ, բայց` իրարու հակադրաբար, կը նշեն երկու հարիւրամեակներ:
Հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը կ՛ոգեկոչեն 100-ամեակը թրքական պետութեան գործադրած Հայոց ցեղասպանութեան, որ աւելի քան մէկուկէս միլիոն անմեղ ու անզէն հայերու կեանք խլեց եւ Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան հայաթափման ենթարկեց:
Իսկ Թուրքիան եւ Էրտողանի վարչախումբը կը տօնեն 100-ամեակը Կալիփոլիի ծովային ճակատամարտին` աշխարհին յիշեցնելու համար, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը ինչպէ՜ս զոհ գնաց Դաշնակից ուժերուն նախաձեռնած միացեալ գրոհին:
Ուշագրաւ է, որ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Թուրքիան դիւանագիտական ծաւալուն աշխատանքի ձեռնարկած են, որպէսզի ապահովեն առաւելագոյն թիւով երկիրներու պետական գլխաւոր պաշտօնատարներուն ներկայութիւնը:
Նոյնպէս ուշագրաւ է, որ նախ Հայաստանի նախագահը պաշտօնական հրաւէր ուղղեց Թուրքիոյ նախագահին, որպէսզի վերջինս անձամբ ներկայ գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման երեւանեան ձեռնարկներուն: Իսկ Թուրքիոյ նախագահը, ի պատասխան Հայաստանի նախագահի հրաւէրին, իր կարգին Թուրքիա հրաւիրեց վերջինս` ներկայ ըլլալու եւ մասնակցելու Կալիփոլիի 100-ամեակի տօնակատարութեան:
Թերեւս կարելի է տարբեր արժեւորում ունենալ Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին ուղղուած Հայաստանի նախագահին հրաւէրին վերաբերեալ` վիճելով, թէ որքանո՛վ դիւանագիտական յաջող քայլ էր ատիկա` թրքական պետութիւնը ճնշման տակ առնելու եւ նեղ դրութեան մատնելու առումներով:
Բայց կարելի չէ տարակարծիք գտնուիլ Կալիփոլիի 100-ամեակը նշելու թրքական նախաձեռնութեան բուն դիտաւորութեան վերաբերեալ: Թրքական պետութիւնը իր այդ քայլով փաստօրէն կը յուսայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը «շուքի տակ առնել»` թէ՛ խեղաթիւրելով պատմական ճշմարտութիւնները, թէ՛ ուրանալով ամբողջ ազգի մը ու հայրենիքի մը ցեղասպանական կործանման մէջ թրքական պետութեան ունեցած պատասխանատուութիւնը:
Նախագահ Էրտողանի վարչախումբը տարիներէ ի վեր գետինը կը պատրաստէ ուրացման իր այս նոր յարձակողականին շղթայազերծման համար:
Այդ նպատակին կը ծառայէին թրքական դիւանագիտութեան ատենի պնդումները, ըստ որոնց, Այսրկովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Թուրքիա իբր թէ հետամուտ է հարեւաններուն հետ (նաեւ` Հայաստանի հետ) «զերօ վէճեր» ունեցող, այլեւ խաղաղութեան ու համագործակցութեան սատարող «դրական» մեծ ուժի դերակատարութեան:
Նոյն ուղղութեամբ աշխուժացան Թուրքիոյ դիւանագիտական լարախաղացութիւնները այսպէս կոչուած հայեւթուրք արձանագրութեանց» մշակման եւ ստորագրութեան տխրահռչակ խաղի ամբողջ ընթացքին, նաեւ` արձանագրութեանց սառեցումէն ետք: Թուրքիա հետեւողականօրէն փորձեց պատմական վէճ հռչակել Հայոց ցեղասպանութեան փաստը` առաջադրելով կեանքի կոչել պատմական խնդիրներու քննութեան եւ յստակացման միացեալ յանձնաժողով մը, որպէսզի կարենայ, Հայոց ցեղասպանութեան վիճարկման միջոցով, մեր հողերուն եւ իրաւունքներուն ամբողջական հատուցման խնդիրը խեղդել… պատմաբաններու միջեւ ծաւալած վէճերու մէջ:
Տարբեր աղբիւրէ ջուր չէր խմեր Էրտողանի կողմէ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներէն մէկուն նշանակումը` իբրեւ նախագահի հայկական հարցերով խորհրդականի: Նաեւ պատահական չէր, որ նոյն այդ հայ խորհրդականը փութաց յայտարարելու, թէ 2015-ին դրական զարգացում պէտք չէ սպասել Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ…
Ամէն պարագայի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին պահանջատիրական հնչեղութիւնը «շուքի տակ առնելու» թրքական մարտավարութիւնը պաշտօնապէս շարժման մէջ դրուեցաւ նոր տարուան առաջին օրերուն, երբ նախագահ Էրտողան իր քով հաւաքուած թուրք դեսպաններուն եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն յստակացուց, թէ հայոց Մեծ եղեռնի նահատակներուն յիշատակը յարգելով հանդերձ, թոյլ պէտք չէ տալ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը քաղաքականացուի եւ առարկայ դառնայ Թուրքիոյ դէմ քաղաքական շահարկումներու:
Կալիփոլիի 100-ամեակը պետական մեծ շուքով նշելու թրքական նախաձեռնութիւնը պէտք է դիտել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ոգեկոչումը քաղաքական ու հողային պահանջատիրութենէ պարպելու թրքական ուրացման նոր յարձակողականին լոյսին տակ:
Ատենի Օսմանեան կայսրութեան եւ Եւրոպական դաշնակից պետութեանց միջեւ 1915-ին ծաւալած կայսերապետական մրցապայքարը, Կալիփոլիի ծովային ճակատամարտին օրինակով, այսօր լուսարձակի տակ բերելով` թրքական պետութիւնը կը փորձէ նախ իբրեւ գաղթարար Եւրոպայի զոհ գացած երկիր ու ժողովուրդ ներկայացնել Թուրքիան եւ համակրանք ստեղծել անոր նկատմամբ: Ապա` Էրտողան կը միտի Հայկական հարցին դէմ վերստին շահարկման նիւթ դարձնել թրքական ուրացման այն աւանդական ծանօթ յանկերգը, ըստ որուն, հայերը իբր թէ թիկունքէն հարուածած են թրքական պետութիւնը Ա. Աշխարհամարտին, երբ այս վերջինը կենաց-մահու կռիւ կը մղէր… Դաշնակիցներուն դէմ:
Թրքական դիւանագիտութեան նորագոյն այս յարձակողականը հեռահար անդրադարձներ պիտի ունենայ, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը այսպիսով կը դրուի թրքական պետութիւնը օսմանական իր փառքին վերադարձնելու Էրտողանի մեծ քաղաքականութեան հունին մէջ:
Թրքական ուրացման այս նոր յարձակողականը կ՛արհամարհէ ուժն ու կշիռը նախ Հայաստանին` իբրեւ պետական իրաւատիրոջ Հայ դատին, ապա եւ հայկական պահանջատիրութեան թափ հաղորդող հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ հատուածներուն:
Իրաւունք չունինք թերագնահատելու կամ արհամարհելու թրքական դիւանագիտութեան ներկայացուցած վտանգը: