Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Փետրուար 18, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Կոմիտաս Վարդապետին 145-Ամեակին
Նուիրուած Ձայնասկաւառակ

IMG_1623Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի ձայնադարանը համալրուած է Կոմիտաս վարդապետին 145-ամեակին նուիրուած ձայնասկաւառակով, որ կը ներառէ հայերէն եւ անգլերէն հրապարակուած լսատեսողական տուեալներ: Սկաւառակին մէջ կան Կոմիտասի լուսանկարներ եւ մատիտանկարներ, վարդապետին կատարմամբ պահպանուած ձայնագրութիւններ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի երաժշտական երգչախումբերու կոմիտասեան ստեղծագործութիւններու լաւագոյն կատարումներ:

Այս ծրագիրը իրականութիւն դարձած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ «Փրոլայթինկ» ընկերութեան համագործակցութեան շնորհիւ:

Այս ինքնատիպ հաւաքածոն կարեւոր է ոչ միայն, իբրեւ սերունդներուն փոխանցուող մշակութային արժէք, այլ նաեւ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ ներկայացուող կոչնակ` ուղղուած ամբողջ աշխարհին: Հաւաքածոն նախատեսուած չէ վաճառքի համար: Թուայնացուած ալպոմը պիտի տրամադրուի աշխարհի հռչակաւոր համալսարաններու գրադարաններուն: Ձայնասկաւառակը ապագայ սերունդներուն ուղղուած պատգամ է` պահպանելու եւ տարածելու մեզի հասած մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը:

«Մեր երաժշտական լեզուի համար Կոմիտասը կատարեց նոյնը, ինչը դարեր առաջ Մաշտոցը կատարեց մեր խօսակցական լեզուին համար: Ասոնք Պարոյր Սեւակին խօսքերն են: Ժամանակն է, որ պատշաճ մակարդակով եւ հետեւողականօրէն աշխարհին ներկայացնենք հանճարեղ հայուն ստեղծած երաժշտական գանձերը: Կոմիտասեան հարուստ ժառանգութեան ընտրանին Հայոց եղեռնի 100-ամեակին ներկայացնելը ունի բարոյական մեծ խորհուրդ: Պէտք է ո՛չ միայն խոնարհինք, ակնածանք տածենք Կոմիտասի նկատմամբ, այլ նաեւ անոր ապրած կեանքին տիրական ներկայութեան օրինակով փորձենք նպաստել ազգին միասնականութեանը ազգային նպատակներու իրագործման` ապրելով եւ գործելով այնպէս զուսպ, հետեւողականօրէն եւ մտածուած, ինչպէս` անոր ձգած ժառանգութիւնը եւ կերպարը», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:

Նշենք, որ ծրագիրը կեանքի կոչելու համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը յատկացուցած է 25 միլիոն դրամ, իսկ Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի ոսկէ ձայնադարանը համալրելու ընդհանուր ծրագրին համար` աւելի քան 64 միլիոն դրամ:

«Ա. Իսահակեան» Գրադարանին Մասնաճիւղերը
Օժտուած Են Անթել Համացանցի Անվճար Կապով

«Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը եւ Երեւանի կառավարման արհեստագիտութեան կեդրոնը Աւ. Իսահակեանի անուան գրադարանի մասնաճիւղերը օժտած են համացանցային հասանելիութեամբ:

Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը տեղեկատուական ժամանակակից ենթակառուցուածքներով ապահոված է մայրաքաղաքին մէջ ծանրաբեռնուած սպասարկութիւն իրականացնող գրադարանները: Քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանի բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ ստեղծուած են անթել համացանցի անվճար անկիւններ: Տրամադրուած է «Հոմ-զոն թուրպօ» փաթեթի ծիրին մէջ գործող 13 հատ 3 Ճի. երթուղիչ:

«Պետութեան եւ սեփական հատուածի այս համագործակցութեան հիմքին մէջ ընթերցասէր հասարակութեան ընդառաջելու ցանկութիւնն է: Ծրագիրը երիտասարդ սերունդին հասանելի կը դարձնէ նորարարական գիտութիւններու ընձեռած կարելիութիւնը: Համացանցի տեղեկատուական մեծ շտեմարանէն օգտուողներուն թիւը տարուէ տարի կ՛աւելնայ: Վիճակագրական տուեալներով, միայն անցեալ տարուան ընթացքին մօտաւորապէս 13 հազարով աւելցած է նշուած գրադարաններ այցելողներուն եւ առկայ կարելիութիւններէն օգտուողներուն թիւը: Ծրագիրին տարեկան արժէքը կը կազմէ աւելի քան 2.4 միլիոն դրամ: Այս գրադարաններուն մէջ այսօրինակ կարելիութիւններու տրամադրման համար, ընդհանուր առմամբ, յատկացուած է 4.8 միլիոն դրամ», նշուած է այս առիթով հրապարակուած «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի յայտարարութեան մէջ:

Նկատի առնելով արդիւնաւէտութիւնը` համագործակցող կողմերը որոշած են ընդլայնել ծրագիրը: Այս տարուան ընթացքին կը նախատեսուի համացանցի հասանելութեան սարքերով ապահովել մշակութային 4 օճախ եւս` Երեւան քաղաքի պատմութեան եւ Ժամանակակից արուեստի թանգարանները, Կարէն Դեմիրճեանի տուն-թանգարանը, ինչպէս նաեւ` «Էրեբունի» պատմական հնագիտական արգելոց-թանգարանը:

Հայերէն Առցանց Բացատրական Եւ
Թարգմանչական Բառարան 10 Լեզուներով

Հայաստանի մէջ արդէն գործածութեան յանձնուած է հայոց լեզուի` (արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, գրաբար) բացատրական եւ թարգմանչական օտար 10 լեզուներով` անգլերէնով, ռուսերէնով, թրքերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով, թալիշերէնով, լեզգիերէնով, լատիներէնով, քրտերէնով առցանց բառարան, որ համացանցի վրայ օգտագործելի է www.translator.am հասցէով: Այս բառարանը ներկայիս ամէնէն ծաւալունն է եւ զայն ստեղծողները համոզուած են, որ անով էական ներդրում կ՛ունենան հայերէնի պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ: Բառարանի որակին կը վերահսկէ Լեզուի պետական տեսչութիւնը:

Գարեգին Բ.ի Կողմէ Հիմնուած Կեդրոնը 1.5
Միլիոն Տոլար Փոխանցած Է Սուրիահայութեան

 

Մայր Աթոռին մէջ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ հիմնադրուած Ընկերային ծառայութիւններու կեդրոնը 2014-ին 1.5 միլիոն տոլար փոխանցած է Սուրիոյ մէջ ապրող հայերուն եւ մօտաւորապէս 80 միլիոն դրամի աջակցութիւն ցուցաբերած է աւելի քան 25 հազար կարիքաւոր հայաստանցիներու: Փետրուար 11-ին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութեան տնօրէն Իսահակ վրդ. Պօղոսեանը:

«Կեդրոնին կարեւոր սկզբունքն է` նիւթական եւ հոգեւոր-բարոյական ուղղութիւններով աջակցիլ մեր ժողովրդի բոլոր շերտերուն, ամէնէն կարիքաւորներուն եւ ամէն օր առնուազն մէկ ընտանիքի: Ընկերային ծառայութեան կեդրոնը 1.5 միլիոն տոլար փոխանցած է Սուրիոյ մէջ ապրող հայերուն եւ զանազան ծրագիրներու միջոցով մօտաւորապէս 80 միլիոն դրամի օգնութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի մէջ ապրող աւելի քան 25 հազար անձի», ըսած է Իսահակ վրդ. Պօղոսեան:

Վարդապետին համաձայն, 2015-ին կեդրոնը կը նախատեսէ ընդարձակել իր բարեսիրական գործունէութեան ծիրը:

«2015-ին մեր կեդրոնը դրամական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ 2014-ին մարտական գործողութիւններէ զոհուած զինուորներու 36 ընտանիքներուն, գումար պիտի յատկացուի գրատպութեան, ինչպէս նաեւ 200 ընտանիքի դրամական օգնութիւն պիտի տրամադրուի: Այս տարի բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու հովանաւորութեամբ պիտի աջակցինք նաեւ Հայաստանի մէջ ապրող հիւանդ փոքրիկներու», յայտնած է ան:

Ընկերային ծառայութեան տնօրէնը նշած է, որ կեդրոնին առաջին աջակիցը եղած է «Էկլոպ Հայաստան» հիմնադրամը` 70 միլիոն դրամի ներդրումով, Արարատեան հայրապետական թեմը կեդրոնին 50 միլիոն դրամով աջակցած է, ինչպէս նաեւ ներդրումներ կատարուած են անհատներու եւ եկեղեցւոյ տարբեր թեմերու կողմէ:

Մահացած Է Հայաստանի Մշակոյթի Վաստակաւոր Գործիչ
Ռոպերթ Կարայեանը

0210RobertgarayanՎերջերս իր մահկանացուն կնքած է 81-ամեայ ճանչցուած արձակագիր, բանաստեղծ, երգիծաբան, հրապարակախօս, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Ռոպերթ Կարայեանը: Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութիւնը:

Ռոպերթ Կարայեան ծնած է 7 յուլիս 1934-ին, Երեւան: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը: Տարբեր տարիներու պատասխանատու պաշտօններ վարած է «Հեռուստա-ռադիոպետկոմ»-ին, սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին մէջ: Եղած է Բաղրամեանի շրջանի «Երասխ» թերթի խմբագիր, «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան թղթակից: 1970-էն ի վեր Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ է: Հեղինակ է 28 գիրքի: Հրատարակած է արձակ եւ չափածոյ ստեղծագործութիւններ, գրած է նաեւ մանուկներու համար գիրքեր: Անոր գործերէն են` «Փրկութիւն», «Անդրանիկի երգը», «Աչք Պահել Վանքին, Ոչ Թէ թվանքին», «Առանց թիթեռ ինչ ծաղիկ», «Մարդազարդի տօն արարենք» եւ այլն, ուշագրաւ են կեանքի ճշմարտացի արտացոլմամբ եւ քաղաքացիական աշխուժ դիրքորոշմամբ: Երգիծական ստեղծագործութիւններուն մէջ անհաշտ մարտիկ էր` պայքարելով իրականութեան արատաւոր, բացասական երեւոյթներուն դէմ: Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են շարք մը լեզուներով:

Արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու` Մ. Շոլոխովի անուան մետալի, «Զօրավար Անդրանիկ», Համազգային միութեան եւ «Հայաստան» թերթի մրցանակին:

2013-ին անոր գրական վաստակը գնահատուած է Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի բարձր կոչումով:

Հայաստանի Գրողներու Միութեան
Տարեկան Մրցանակներու Տուչութիւն

Հայաստանի Գրողներու միութիւնը մրցանակներ եւ պարգեւներ յանձնեց ստեղծագործական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած եւ ուշադրութիւն գրաւած գրողներուն: Հայաստանի Գրողներու միութեան տարեկան մրցանակներու եւ պարգեւներու յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 6 փետրուարին: Միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը պատուոյ գիրեր յանձնեց նաեւ միութեան գործունէութիւնը լուսաբանող լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն:

Միլիտոնեան ընդգծեց, որ ամէն տարի Գրողներու միութեան համապատասխան յանձնախումբը կը քննարկէ, այնուհետեւ մրցանակներ կը յանձնէ գրողներուն:

«Այն բոլոր լրատուամիջոցները, որոնք մնայուն ուշադրութիւն կը դարձնեն միութեան աշխատանքներուն, անոնք եւս կ՛արժանանան պարգեւներու: Մրցանակները մեր գրողներուն համար իւրայատուկ նշանակութիւն ունին, որովհետեւ կը կրեն մեր մեծ գրողներուն անունները: Չկայ գրող, որ չի ցանկար ստանալ այդ մրցանակներէն», նշած է Է. Միլիտոնեան:

Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Դերենիկ Դեմիրճեանի անուան մրցանակը ստացաւ Յովիկ Վարդումեանը, Աւետիք Իսահակեանի անուան մրցանակը` Մանուէլ Միկոյեանը: Շանթի անուան մրցանակին արժանացաւ Լեւոն Մութաֆեանը, Նիկոլ Աղբալեանի մրցանակին` Նորայր Ադալեանը: Միքայէլ Նալբանդեանի անուան մրցանակը յանձնուեցաւ Ռուզան Ասատրեանին, իսկ Վախթանգ Անանեանի անուան մրցանակը` Նորայր Գրիգորեանին: Շարք մը գրողներ ստացան նաեւ Հրանդ եւ Մանուշակ Սիմոնեաններու անուան մրցանակ: Հայաստանի Գրողներու միութեան վաստակի մետալ ստացաւ Սերգէյ Վարդանեանը:

Բանաստեղծ, մանկագիր Սուրէն Մուրատեանը եւս արժանացաւ Հրանդ եւ Մանուշակ Սիմոնեաններու անուան մրցանակին: «Այս մրցանակը ինծի համար պատուաւոր է: Այս տարի նշանակալից է, որովհետեւ վեց գիրք հրատարակած եմ: Կը շնորհաւորեմ բոլոր մրցանակակիրները եւ շնորհակալ եմ միութեան` աշխատանքս գնահատելուն համար», նշեց Մուրատեան:

«Հայաստան» Հիմնադրամը Գիւմրիի Մանկատան Մէջ
Փակ Լողաւազան Կառուցած Է

0210gyumripool«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, Զուիցերիոյ իր տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ, Գիւմրիի «Երեխաներու տուն» մանկատան մէջ փակ լողաւազան կառուցած է: Այս մասին յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը:

«Լողաւազանը մեծ կարեւորութիւն ունի յատուկ կարիք ունեցող երեխաներու մկաններու եւ յենաշարժողական կառոյցի զարգացման համար: Անհրաժեշտութեան պարագային, լողաւազանէն կրնան օգտուիլ նաեւ շրջանի ընտանիքներուն մէջ ապրող սահմանափակ կարողութիւններով փոքրիկները, որոնց ջրաբուժումը յատուկ պատրաստուածութիւն կը պահանջէ սպասարկող բուժանձնակազմ», յայտնած է «Երեխաներու տուն» մանկատան տնօրէն Ռուզաննա Աւագեանը:

Լողաւազանը ապահովուած է անհրաժեշտ պայմաններով` հանդերձարան, լոգարան, մարձումի անկիւն, ինչպէս նաեւ` թեքահարթակ եւ սայլակները տեղափոխող ինքնեկ անուորդ: Ջերմացուցիչ պատերու, ջեռուցման եւ օդափոխութեան համակարգերու շնորհիւ` լողաւազանը կրնայ գործել ամբողջ տարուան ընթացքին:

Մտաւոր եւ ֆիզիքական շեղումներով 6 տարեկան մօտաւորապէս 130 փոքրիկ մանկատան մէջ մասնագիտական խնամք կը ստանայ յատուկ պատրաստուած մանկավարժներու եւ բժշկական անձնակազմի կողմէ: 6 տարին լրանալէ ետք մանկատան սաները պիտի տեղափոխուին դեռահասներու համար նախատեսուած այլ հաստատութիւններ:

Հայաստանի Մանուկներու Հիմնադրամը
Կը Վերանորոգէ Հացիկ Գիւղի Դպրոցը

0210COAFՀայաստանի տեղական կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան 9 փետրուարին ընդունած է Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի նախագահ Կարօ Արմէնը, հայաստանեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Անուշ Եդիգարեանը եւ խորհրդական Ճոն Էվընսը: Հանդիպման նպատակն էր քննարկել եւ միացեալ ծրագիրներ մշակել համայնքներուն մէջ կրթութեան, առողջապահութեան, մանուկներու եւ ընտանիքի աջակցութեան ծառայութիւններուն, ընկերային ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ ենթակառուցուածքային բարեփոխումներու վերաբերող:

Ողջունելով հանդիպման մասնակիցները` նախարար Երիցեան նշած է, որ բարձր կը գնահատէ 2004-էն ի վեր բարեսիրական կազմակերպութեան իրականացուցած ծրագիրները եւ անոնցմէ ձեռք բերուած արդիւնքները:

Նախարարը ներկայացուցած է մարզերուն մէջ, յատկապէս սահմանամերձ շրջաններուն մէջ առկայ առաջնային խնդիրները, ինչպէս նաեւ` մանրամասնօրէն խօսած այն մասին, թէ ի՛նչ հարցեր եւ խնդիրներ ներկայացուցած են գիւղացիները իր մարզային այցելութիւններուն ընթացքին: «Գիւղացիին հիմնական պահանջները այսօր ոռոգման եւ խմելու ջուրն է, կազի ապահովումը եւ ճամբաները, փոքրիկներուն համար մասնաւորապէս հարկաւոր է մտածել դպրոցներուն մարզական դահլիճներուն ջեռուցման հարցերուն լուծման մասին, որպէսզի երեխաները կարողանան լիարժէք յաճախել մարմնամարզութեան դասերուն,  սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ունինք նաեւ դպրոցները թշնամիին կրակոցներէն պաշտպանելու հարց», նշած է Արմէն Երիցեան:

Անուշ Եդիգարեան յառաջիկայ ծրագիրներու յառաջընթացը ապահովելու առումով կարեւոր նկատած է գիւղական համայնքներու ինքնաբաւ ըլլալը, որպէսզի մարդիկ կարենան օգտագործել տեղական ներուժը` մարդկային, նիւթական եւ բնական: Նախարար Երիցեան շեշտած է, որ նման մօտեցում համահունչ է ներկայիս Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող ապակեդրոնացման գործընթացին, որուն նպատակն է համայնքներու մտաւոր եւ մասնագիտական կարողութիւնները զարգացնել այնքան, որ վերջիններս կարենան կարելի եղածին չափ ինքնուրոյն լուծել իրենց հարցերը եւ ապահովել համայնքի զարգացումը:

Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի ներկայացուցիչները նախարար Երիցեանին ներկայացուցած են իրենց իրականացուցած ծրագիրներու տեղեկատուական ծրարները, զորս նախարարը յանձնարարած է ուսումնասիրել եւ ապա մշակել միացեալ գործունէութեան ծրագիր: Կ՛ակնկալուի ծրագիրին մէջ ներգրաւել յաւելեալ շրջաններ եւ առաւել մեծ թիւով մարդիկ, որոնց համար հետագայ յառաջընթացի նորանոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին:

Նշուած է նաեւ, որ 11 փետրուարին Արմաւիրի մարզի Հացիկ գիւղին մէջ վերաբացումը պիտի կատարուի հիմնադրամի միջոցներով վերանորոգուած դպրոցին: Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամը արդէն 10 տարի է կ՛աշխատի Արմաւիրի մարզի Բաղրամեանի տարածաշրջանի գիւղական համայնքներուն մէջ: Վերջին 4 տարիներուն ընթացքին ծրագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Արագածոտնի մարզի Թալինի տարածաշրջանի գիւղական համայնքները: Հաղորդենք, որ ծրագրէն օգտուողներուն ընդհանուր թիւը կը կազմէ 30 հազար, որուն 7 հազարը մանուկներ են:

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Երեւանի Մէջ
Ծրագրուած Ձեռնարկներու Ներկայացում

Երեւանի աւագանին 10 փետրուարին գումարած 5-րդ նստաշրջանի անդրանիկ նիստին միաձայնութեան թեր քուէարկութեամբ համաձայնութիւն տուած է անուանի պատմաբան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Բաբկէն Յարութիւնեանին, ականաւոր պետական գործիչ, վաստակաւոր երկրաչափ Արտեմ Գէորգեանին, ինչպէս նաեւ գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ Սամուէլ Մկրտչեանին յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակներ տեղադրելու վերաբերող որոշումներուն: Աւագանին քուէներու մեծամասնութեամբ համաձայնութիւն տուած է նաեւ ստեղծագործական շարք մը միութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու գոյքահարկի գծով արտօնութիւններ սահմանելու վերաբերող նախագիծերուն:

Նիստին աւարտին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի առաջարկով աւագանիի ՀՀԿ խմբակցութեան անդամ, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը աւագանիի անդամներուն համառօտ կերպով ներկայացուցած է այն նախաձեռնութիւնները, որոնք նախատեսուած են Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ:

Գարնան Տեղի Պիտի Ունենան Աղձքի Դամբարանի
Պեղումներու Լայնածիր Աշխատանքներ

0211tamparan-(1) 0211tamparan1«Այս տարի պիտի սկսի տարածաշրջանին մէջ միակ պահպանուած վաղմիջնադարեան դամբարանի` Աղձքի, պեղումներու լայնածաւալ աշխատանքները»: Այս մասին յայտարարած է մշակոյթի նախարարութեան պատմական մշակութային ժառանգութիւն գիտական հետազօտական կեդրոնի փոխտնօրէն, ծրագրի կատարող եւ արշաւախումբի ղեկավար Յակոբ Սիմոնեան: Անոր համաձայն, երեք տարի տեւողութեամբ ծրագիրը կ՛ենթադրէ յուշարձանի հիմնովին պեղում, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ ապագային հոն ստեղծել զբօսաշրջութեան մեծ կեդրոն:

«Աղձքի պեղումները բացառիկ են մեր ինքնութեան, պետականութեան, ինքնաճանաչման առումով, որովհետեւ Աղձքը վաղմիջնադարեան կառոյցներէն միակն է, որ ունի յստակ թուագրութիւն: Այնտեղ թաղուած են, ինչպէս Խորենացին կ՛ըսէ, մեր բնիկ տէրերը», նկատել տուած է Յակոբ Սիմոնեանը:

«Աղձքի Արշակունեաց դամբարանը միշտ եղած է երկրի ղեկավարներու ուշադրութեան առարկան: Վազգէն Սարգսեանի ժամանակ ծրագիր կար, որ այնտեղ պէտք էր դառնար հայոց բանակի սպաներու երդման արարողութեան վայր: Վարչապետ Մարգարեանի ժամանակ սեպտեմբերի վերջին կիրակին այնտեղ կը նշուէր Նախնեաց յիշատակի օրը: Իսկ անցեալ տարի սեպտեմբերին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան այցելեց գիւղ, որուն իբրեւ արդիւնք` որոշուեցաւ պետական միջոցներով գումար յատկացնել Աղձքի դամբարանի պեղումներուն համար», յայտնած է Յ. Սիմոնեան:

Ծրագրին համար նախատեսուած է 50 միլիոն դրամ, որուն ծիրին մէջ ամբողջութեամբ պիտի բացուի տարածքը, որովհետեւ բացի դամբարանէն, տարածքին մէջ գոյութիւն ունի 5-րդ դարու պազիլիք եկեղեցի մը, որ վերակառուցուած էր 19-րդ դարուն: Տարածքին մէջ նաեւ ժամանակին կը գործէին դպրոց, այլ շինութիւններ, որոնք դարեր շարունակ ենթարկուած են թալանի, իսկ վերջին 200 տարին մօտակայքը կը գտնուէր ազրպէճանական գիւղ, որուն բնակիչները տարածքը կը գործածէին իբրեւ ածուխի պահեստ:

«Նաեւ պէտք է յստակացնել, արքայական դամբարա՞նն է աւելի վաղ, թէ՞ եկեղեցին: Եթէ մենք կրցանք պարզել, որ եկեղեցին աւելի վաղ ժամանակի կառոյց է, ապա անիկա կ՛օգնէ մեզի յստակ ըսելու, որ չորրորդ դարուն Հայաստանի մէջ արդէն եղած է զարգացած եկեղեցաշինութիւն», նկատել տուած է Յակոբ Սիմոնեան:

Viva-cell-logo1

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արեւելեան Պէյրութի Եւ Արուարձաններու Ռմբակոծումները Եւ Փաղանգաւոր Արաբական Զսպիչ Ուժերու Կռիւները

Յաջորդը

Քան՞ի Տարեկան Է Ազրպէյճանցի Ժողովուրդը. Կրկին Ապշերոնեան Մահմետականների Ինքնութեան Շուրջ ( Բ. Մաս )

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 29, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 22, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 15, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In