Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քաղաքական Դաշտի Գրագիտացումը` Անցնցում

Փետրուար 17, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21615_AgnargՆերհայաստանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտի թէժացումի միտումները մտահոգիչ տեսք եւ տարողութիւն ստանալու նախադրեալներ կը պարզեն: Անառարկելի են քաղաքական դաշտի գրագիտացման համար հնչող կոչերը, ընդգծուող վճռակամութիւնը` հարստապետական կարգերուն վերջ տալու եւ այդ նպատակով քաղաքականութիւն-հարստութիւն սերտաճման գործընթացը կասեցնելու:

Այս երեւոյթը նոր չէ մեր երկրին մէջ եւ չէ պայմանաւորուած հասարակական մէկ ուժով եւ մէկ անձով: Երեւոյթը առկայ է ոչ միայն խորհրդարանական խմբակցութիւններու մէջ, այլ նաեւ ուղղակի կը յատկանշէ մեծամասնական ընտրակարգով խորհրդարանական դիրքեր գրաւած, օրէնսդիր կեանքի զարգացումներուն համարեա չմասնակցող, բայց քաղաքական ներկայութիւն ապահոված համակարգը:

Մեծամասնական ընտրակարգի այսօրուան դրոյթը քաղաքականութեան եւ գործարարութեան սերտաճելի համատեղման ամէնէն խօսուն նուիրականացումի եղանակն է: Ահա թէ ինչու խորհրդարանական ընտրակարգի 100/100 համամասնականի անցումը հիմնովին նպաստած պիտի ըլլար քաղաքական դաշտի գրագիտացման ձեւաւորման եւ կայացման:

Գործարարութեան տարանջատումը քաղաքական դաշտէն կարեւոր ելակէտ կրնայ նկատուիլ յաւելեալ ժողովրդավարացման, օրէնսդիր կեանքի ճիշդ ուղիով զարգացման, քննարկումներու աշխուժ մասնակցութեան:

Այս առաջադրանքը նոր չէ անշուշտ եւ տեսականօրէն հնչած է երկար ատենէ ի վեր: Պարզ է, որ հիմա ցոյց տրուող վճռակամութիւնը յանկարծակիութեան իրավիճակ ստեղծած է հայաստանեան ներքաղաքական դաշտին մէջ: Նման յանկարծակի վճռակամութեան եւ անոր հետեւող քայլերու յայտարարութիւնն ու իրականացման արագակշռոյթ բնոյթը բնականաբար անցնցում չեն ըլլար:

Այս բոլորին պատճառներուն ու շարժառիթներուն փնտռտուքը տեղի տուած է տարատեսակ մեկնաբանութիւններու եւ ենթադրութիւններու վրայ հիմնուած վերլուծումներու: Սկսեալ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդին Մոսկուա կատարած այցելութենէն, կազմակերպած խորհրդաժողովին բարձրաձայնած կարգախօսերէն, անցնելով մինչեւ նոյն կուսակցութեան անդամին դէմ իրականացուած ծեծը, նման բռնարարքի պատուիրատուին մասին կատարուած ենթադրութիւնները, հասնելու համար գերպետական մակարդակներէ ներշնչուած եւ ուղղակի կամ անուղղակի պատուիրուած գործողութիւններ: Նման խորհրդածութիւնները չեն բացառեր նոյնիսկ ռուս-թրքական պայմանաւորուածութիւններու իբրեւ արդիւնք ներհայաստանեան դաշտը բեւեռացնելու եւ ատով իսկ Կալիփոլիի կողքին 100-ամեակի նշումի չէզոքացման նոր միջոցառում հրամցուցած ըլլալու կարելիութիւնը: Շարժառիթներու փնտռտուքի ոլորապտոյտին մէջ չմտնելով փորձենք կեդրոնանալ ստեղծուած իրավիճակի փաստին վրայ, կարենալ որոշ հետեւութիւններ ընելու համար:

ԲՀԿ-ի առաջնորդը, նախքան հանրապետութեան նախագահին ելոյթը, որ ի դէպ հռետորաբանութեամբ, ոճով եւ օգտագործուած բառապաշարով աննախադէպ էր` համեմատած իր  նախորդ բոլոր ելոյթներուն, արդէն կոչ ըրած էր համաժողովրդային շարժման համար երկրի տարածքին շտապներու ձեւաւորման:

Այս կ՛ենթադրէր արդէն, որ ինքնուրոյն կամ թելադրուած, առանց 100-ամեակի հաշուարկը ընելու, ան ներքաշուած էր ենթադրեալ առաջադրանքին` ներհասարակական լարուածութիւն ստեղծելու ծուղակը:

Նման հակազդեցութիւն նախագահական մակարդակով կրնայ բացատրուիլ 100-ամեակէն առաջ երկրին անկայունացման միտող շարժման արգելակումի որոշումով: Այս վարկածը կրնայ համոզիչ չթուալ, եթէ հակափաստարկներ աւելի տիրական ձեւով ընդգծեն` օգտագործուած եղանակէն դուրս այլ միջոցներով ենթադրեալ անկայունութիւնը կանխելու անհրաժեշտութիւնը:

Խնդիրը այն է այս պարագային, որ կանխարգիլման այս եղանակը կը յաջողի՞ երկիրը դուրս բերել լարուածութենէ, թէ դուռ կը բանայ այդ առումով թէժացման նոր մագլցողականութեան:

Եթէ պահ մը ընդունինք, որ արտաքին ներշնչումներով եւ ծրագրուած իրավիճակներու յառաջացումով կը բացատրուի ներկայ պատկերը, ապա պէտք է սպասել նաեւ ներազգային պառակտումի այլ քայլեր սփիւռքի մէջ եւս: Սփիւռքեան կարգ մը շրջանակներու հետ երկխօսութեան սկսելու Անգարայի մօտեցումները կրնան այլատեսակ կերպերով դրսեւորումներ ունենալ:

Զգօնութեան եւ սթափութեան հրամայականը չի վերաբերիր միայն Հայաստանի Հանրապետութեան: Այս առումով սփիւռքը եւս թիրախային կէտի վրայ կրնայ յայտնուած ըլլալ հակաքայլեր եւ նման իրավիճակներ առաջադրող հակառակորդին կողմէ:

Այժմ սակայն, ուշադրութեան կիզակէտը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է: Քաղաքական դաշտը պէտք է գործարարազերծել եւ օժտել քաղաքական գրագիտութեամբ: Առանց ցնցումներու: Ցնցումները ոչ միայն անտեղի են ժամանակի առումով, այլ կրնան ծառայել հակառակորդին:

Ամէն պարագայի խնդիր կայ թէ՛ հայ հասարակութեան եւ թէ՛ ընդհանրապէս բոլորին փաստելու, որ տեղի ունեցածը քաղաքական հաշուեյարդար չէ  ընդդիմադիր գործիչի նկատմամբ: Իսկ ասոր համար անհրաժեշտ է, որ քաղաքական դաշտի քաղաքականացումը, գրագիտացումը եւ առեւտուրի ու քաղաքականութեան տարանջատումը ունենան համակարգային ու սկզբունքային բնոյթ: Միւս կողմէ, քաղաքական հաշուեյարդարի մտայնութիւնները ցրուելու ճանապարհը այն է, որ ձեռնարկուելիք քայլերը  տեղի ունենան իրաւական գետնի վրայ եւ փաստարկուած ըլլան օրէնքի տառին խստագոյն պահպանման նախանձախնդրութեամբ: Միաժամանակ յարգելով  սեփական ճշմարտութիւնը ապացուցելու ընդդիմութեան իրաւունքը, ներկայ կարեւոր ժամանակահատուածին խիստ անհրաժեշտ է, որ քաղաքական գործընթացները չվերաճին  երկիրը անկայունութեան տանող ծայրայեղ դրսեւորումներու:

 «Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ազգային Ժողովէն Յետս Կոչած Է Հայ-Թրքական Արձանագրութիւնները

Յաջորդը

Քոլօ Թուրէ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Միջազգային Ասպարէզը

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

Մարտ 24, 2023
Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով  Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»
Գլխաւոր լուրեր

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»

Մարտ 24, 2023
Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար  Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ  Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի  Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In