ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Իսրայէլի նախագահ Ռուվեն Ռիվլինի յունուար 28-ի ելոյթը` Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ, լուրջ բանավէճի նիւթ դարձաւ:
Ռիվլին, որպէս Քնեսեթի (Իսրայէլի խորհրդարան) նախագահ եւ անդամ, երկար տարիներ պայքարած է, որպէսզի Իսրայէլը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սակայն նախագահ դառնալէն ետք, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպաման, Ռիվլին նոյնպէս չկամեցաւ վերահաստատել իր սկզբունքային դիրքորոշումը այս հարցին առնչութեամբ:
Անցեալ ամիս նախագահ Ռիվլին հզօր ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ` Ողջակիզման զոհերու յիշատակի միջազգային օրուան արարողութեան ժամանակ: Ցաւօք, Իսրայէլի նախագահը երկու լուրջ սխալ թոյլ տուաւ: Ան Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանեց ջարդ եւ այդ մեկնաբանութիւնը հաւասարակշռելու համար անդրադարձաւ արցախեան պատերազմի ժամանակ Խոջալու գիւղին մէջ տեղի ունեցած ազրպէյճանցիներու սպանութիւններուն:
Ահա հատուած մը` ՄԱԿ-ի մէջ Ռիվլինի ունեցած ելոյթէն.
«Երբ 1915 թուականին կը կոտորէին հայ ժողովուրդի զաւակները, Աւշալոմ Ֆէյնպըրկը` Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ դաշնակիցներուն հետ գործակցող «Նիլի» հրէական լրտեսական ցանցի ղեկավար անդամներէն մէկը, գրած էր, կը մէջբերեմ. «Ես ցասումէն ատամներս կրճտացնելով կը մտածէի, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ յաջորդը: Երուսաղէմի ճանապարհին, երբ կը քալէի օրհնուած եւ սուրբ հողին վրայով, ես ինծի հարց տուի, թէ ինչպիսի՞ ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք, արդեօք այժմ 1915 թուակա՞նն է, թէ Թիթոսի կամ Նաբուգոթոնոսորի դարաշրջանը: Արդեօք մոռցա՞ծ եմ, որ հրեայ եմ: Ես նաեւ հարցուցի ես ինծի` արդեօք իրաւունք ունի՞մ լալու միայն իմ ժողովուրդի ողբերգութեան վրայ. միթէ Երեմիա մարգարէն արիւնոտ արցունքներ չէ՞ր թափած նաեւ հայերու համար»: Աւշալոմ Ֆէյնպըրկ այս մէկը գրած է ճիշդ 100 տարի առաջ…Վարանումի եւ ժխտումի 100 տարի: Սակայն այդ տարիներու Իսրայէլի հողին վրայ, Երուսաղէմի մէջ, ուր ես ծնած եմ, ոչ մէկը կը համարձակէր հերքել տեղի ունեցած ջարդը: Երուսաղէմի բնակիչները, իմ ծնողներս եւ ընտանիքի անդամներս տեսած են այդ աղէտէն վերապրած սովալլուկ ու թշուառ հազարաւոր հայ փախստականները: Անոնք Երուսաղէմի մէջ ապաստան գտան, եւ մինչեւ այսօր անոնց ժառանգորդները կը շարունակեն այնտեղ ապրիլ»:
Իսրայէլի «Բաց» համալսարանի փրոֆեսոր, ականաւոր մտաւորական Եայիր Օրոն, զայրացած է իր նախագահին բառերու ընտրութենէն` հակառակ անոր հետ ունեցած իր անձնական մտերմութեան: Օրոն եղած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վաղեմի ջատագով եւ այդ առնչութեամբ` քանի մը գիրքերու հեղինակ: Այժմ ան կը դասաւանդէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ:
Յունուար 31-ին, երբ ես դասախօսութիւն կու տայի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, Երեւանի նորաբաց Կոմիտասի թանգարանին մէջ, փրոֆ. Օրոն մօտեցաւ ինծի եւ հարցուց, որ արդեօք կրնա՞յ դիմել լսարանին: Թոյլտուութիւն ստանալէ ետք ան կարդաց իր անձնական յայտարարութիւնը, զոր վերնագրած էր` «Ներողութիւն կը խնդրեմ իմ հայ եղբայրներէս»:
«Իսրայէլի նախագահ Ռուվեն Ռիվլին հանդէս եկած է ուշագրաւ ելոյթով մը` շատ յուզիչ նախադասութիւններով անկեղծօրէն եւ խորապէս ներկայացնելով հայ ժողովուրդին տառապանքները: Սակայն ան միտումնաւոր կերպով չօգտագործեց «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը` ո՛չ եբրայերէնով, ո՛չ անգլերէնով»: Փրոֆ. Օրոն շարունակեց` բացայայտելով, որ նախագահ Ռիվլին անձամբ ըսած է իրեն, թէ` «չէ փոխած իր կարծիքը, սակայն չի կրնար այդ մէկը (ցեղասպանութիւնը) յայտարարել` իբրեւ Իսրայէլի նախագահ: Ասիկա ես կրնամ հասկնալ: Սակայն ելոյթի վերջին վայրկեանին մէկը, հաւանաբար` Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութենէն, գուցէ նոյնիսկ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանը, անոր թելադրեց, որ ներառէ հետեւեալ սարսափելի նախադասութիւնը. «Արդեօք ցեղասպանութեան դէմ մեր պայքարը` այս Ընդ. ժողովին պայքարը, բաւարար չափով արդիւնաւէ՞տ էր: Արդեօք անիկա արդիւնաւէ՞տ էր Պոսնիոյ մէջ: Արդեօք արդիւնաւէ՞տ էր Խոջալուի սպանութիւնները կանխելու համար»:
Փրոֆ. Օրոն շարունակեց իր քննադատական ելոյթը. «Պարո՛ն նախագահ, դուք Խոջալուի անունը յիշեցիք ցեղասպանութեան պարունակին մէջ: Դուք շատ լաւ գիտէք ցեղասպանութեան եւ ջարդերու տարբերութիւնը…ո՞վ առաջարկեց ձեզի, պարո՛ն նախագահ, ո՞վ խնդրեց, որ ընէք այս սարսափելի սխալը: Դուք չօգտագործեցիք ցեղասպանութիւն եզրը Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակելու ատեն: Ցեղասպանութեան եզրի գործածութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի գիւղի մը վերաբերեալ անընդունելի՛ է…Դուք չէք համարձակիր ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործել Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ, իսկ այս գիւղին արիւնահեղութիւնը, որուն անունը, վստահ եմ, չէիք գիտեր ձեր ելոյթէն քանի մը վայրկեան առաջ, կը բնորոշէք որպէս ցեղասպանութիւն: Ատիկա սրբապղծութի՛ւն է, եւ ատով դուք կը դաւաճանէք Ողջակիզումի եւ անոր զոհերու յիշատակին»:
Արդարամիտ փրոֆեսորը իր սրտի խօսքը աւարտեց` խոստանալով. «Իմ հա՛յ եղբայրներ, թոյլ տուէք իմ եւ իսրայէլացի բազմաթիւ հրեաներու անունով ներողութիւն խնդրել ձեզմէ: Մենք ձեզի հետ ենք: Մենք չենք դադրեցներ մեր պայքարը, մինչեւ Իսրայէլ չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը