ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Սեւ ամպերը պատած են հայրենի երկինքը. ներհայաստանեան քաղաքական ու հասարակական դաշտը իր ներկայ ընթացքով կ՛ուղղուի դէպի խոր ճգնաժամ: ԲՀԿ-ՀԱԿ-Ժառանգութիւն եռեակին կողմէ 20 փետրուարին հանրահաւաք կատարելու վերաբերեալ Երեւանի քաղաքապետարանին ներկայացուած դիմումնագիրը մերժուեցաւ, սակայն ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան «Ազատութիւն» կայանին յայտնեց, որ հանրահաւաքը «անկասկած պիտի կայանայ», իսկ Ազգային ժողովի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան չբացառեց, որ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենան բաց նստացոյց եւ շուրջօրեայ հանրահաւաքներ:
Ապրիլի 24-ին` Երեւանի մէջ նախատեսուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկէն շուրջ երկու ամիս առաջ, ներքաղաքական մակարդակի վրայ օգտագործուող բառապաշարի եւ նպատակներու կտրուկ արմատականացումը չի համապատասխաներ, իբրեւ ազգ ու պետութիւն, մեր շահերուն:
Ներքաղաքական կեանքի ապակայունացումը, նախատեսուած զանգուածային ցոյցերը եւ վերջիններուս զուգորդուելիք ձերբակալութիւններն ու հաւանական բախումները կրնան միայն նպաստել Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի նշման թրքական ձեռնարկին ու անոր ետին գտնուող նպատակին յաջողութեան: Թրքական կողմին համար փրկութիւն մը եղող ներհայաստանեան կեանքի այսպիսի սրումը կրնայ յանգեցնել 24 ապրիլին Երեւանի մէջ նախատեսուած արարողութիւններուն ականահարման, ներառեալ միջազգային ղեկավարներու մասնակցութեան պատկերի մթագնման` այդպիսով ամբողջացնելով Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկը շուքի մէջ ձգելու թրքական ծրագիրը եւ նպաստելով անոր յաջողութեան:
Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի դերակատարները կը գտնուին զգաստանալու հրամայականին առջեւ: Անոնք պէտք է մտաբերեն անկրկնելի 24 ապրիլ 2015-ի նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը: Աւելի՛ն, 29 յունուարին Համահայկական հռչակագիրի միաձայնութեամբ որդեգրումէն մէկ ամիս ետք որեւէ պառակտումը մերժելի նահանջ մը պիտի ըլլայ` համարեայ ողբերգութիւն մը: Հարկ է անյապաղ լարուած ականը վնասազերծել եւ ուրուագծուող պայթումը կանխարգիլել: Վաղը կրնայ արդէն ուշ ըլլալ: