ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ֆայատիէի եւ արեւելեան Պէյրութի կռիւներէն եւ անոր յաջորդած իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանան ներխուժումէն ետք, երկրին քաղաքական իրավիճակը հետզհետէ սկսաւ սուր բնոյթ ստանալ: 9 ապրիլ 1978-էն սկսեալ Պէյրութի մէջ պատահեցան ամբողջական անդորրութիւնը խախտող միջադէպեր, որոնք իրենց անդրադարձը ունեցան դէպքերու հետագայ հոլովոյթին վրայ:
Արդարեւ կիրակի, 9 ապրիլ 1978-ին Պէյրութի կեդրոնական Նահատակաց հրապարակին վրայ ծագեցաւ վէճ մը` քանի մը զինուորականներու եւ քաղաքայիններու միջեւ: Արաբական զսպիչ ուժերէն միաւոր մը միջամտեց եւ ձերբակալեց երկու քաղաքայիններ:
Երկու ժամ ետք, Շիահ-Այն Ռըմմանէ թաղերուն մէջ, թաղեցի երկու անձերու միջեւ ծագած վէճ մը արագօրէն բարդացաւ եւ իւրաքանչիւրին զօրավիգ կանգնեցաւ կողմ մը: Բախումը շուտով սաստկացաւ եւ կողմերը գործածեցին ծանր զէնքեր ու Էր.Փէ.Ժէ.ներ: Արաբական զսպիչ ուժերը պատուար կանգնեցան կողմերուն միջեւ եւ յաջողեցան դադրեցնել ընդհարումը:
Քանի մը ժամուան հանդարտութենէ ետք, երկուշաբթի, 10 ապրիլի բախումները սաստկացան Շիահ-Այն Ռըմմանէ ճակատին վրայ: Արաբական զսպիչ ուժերը միջամտեցին` դիրք գրաւելով կռուող կողմերուն միջեւ, բայց արձակազէններու գործի լծուելուն պատճառով չկրցան լռեցնել կրակը: Զսպիչ ուժերուն հրահանգուեցաւ առանց ազդարարութեան կրակել փողոցներուն մէջ երեւցող ամէն զինեալի վրայ, եւ ամէն տեսակի զէնք գործածել լռեցնելու համար որեւէ կրակ: Այս հրահանգին լոյսին տակ, զսպիչ ուժերը ռմբակոծեցին այս կամ այն թաղին մէջ գտնուող կարգ մը շէնքեր, ուրկէ կրակ բացուեցաւ:
Ամբողջ գիշերը ռումբերու, Էր.Փէ. Ժէ.ներու եւ հրասանդներու ու այլ զէնքերու որոտին տակ անցընելէ ետք, երեքշաբթի, ապրիլ 11-ին կռիւները վերսկսան: Կէսօրուան մօտ, կռուող երկու կողմերը մեծ պատրաստութիւններ սկսան տեսնել եւ կարեւոր կեդրոնացումներ ըրին բախումները սաստկացնելու համար:
Արաբական զսպիչ ուժերը նոր կեդրոնացումներ կատարեցին եւ դիրքեր գրաւեցին Սայտայի հին ճամբուն վրայ, Մար Մըխայէլ եկեղեցիէն մինչեւ Թայունէի բոլորակը: Սակայն արձակազէններու գնդակները կը շարունակուէին ընդմիջաբար: Զսպիչ ուժերը անխնայ ռմբակոծեցին այն շէնքերը, ուրկէ կրակ կը բացուէր:
Չորեքշաբթի ապրիլ, 12-ին կռիւները սաստկացան եւ ընդգրկեցին այլ շրջաններ: Շիահ-Այն Ռըմմանէ ճակատին վրայ արձակազէններ կը շարունակէին կրակ բանալ արաբական զսպիչ ուժերուն վրայ, որոնք կռիւները դադրեցնելու եւ կարգ ու կանոնը հաստատելու համար ուժեղ կերպով կը ռմբակոծէին ամէն վայր, ուրկէ կրակ կը բացուէր: Էշրեֆիէի կարգ մը թաղեր եւս ռմբակոծուեցան: Այն Ռըմմանէի մէջ տասնեակ մը շէնքեր փուլ եկան, եւ կարգ մը շէնքերու մէջ հրդեհ ծագեցաւ: Ծանր գնդացիրի գնդակներու տարափ տեղաց նաեւ Պաապտայի վրայ:
Այն Ռըմմանէ, Շիահ, ինչպէս նաեւ մերձակայ թաղերուն մէջ, երեք օրուան բախումներէ ետք, հինգշաբթի, ապրիլ 13-ին զինադուլ հաստատուեցաւ եւ արաբական զսպիչ ուժերէն, լիբանանեան բանակէն եւ փաղանգաւոր ու ազատական կուսակցութիւններէն կազմուած մարմին մը սկսաւ հսկել կրակի դադրեցման ու ապահովութեան հաստատման:
*
* *
Հարաւային Լիբանանէն պարպումի երեք գործողութիւններով, իսրայէլեան բանակը քաշուեցաւ երեսուն դիրքերէ եւ պարպեց ընդհանուրը 550 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն: Այսպիսով իսրայէլացիներուն գրաւած գիծը կը մնար «ապահովութեան գօտին», որ իրենց կատարած զինուորական գործողութեան հիմնական նպատակն էր: Մեկնելով ծովային Ռաս Պայատա շրջանէն, գրաւեալ գիծը կ՛անցնէր Թըպնինի հարաւէն եւ կը հասնէր դէպի արեւելք, Թայպէի հարաւային շրջանը:
*
* *

Ֆրենժիէ եւ Ժըմայէլ ընտանիքներուն միջեւ յարաբերութիւնները լարուած էին: Նախկին նախագահ Սիւլէյման Ֆրենժիէ բարեկամական մօտիկ կապեր ունէր Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատի հետ, իսկ տղան` Թոնի, նախագահին եղբօր` Ռիֆաթ Ասատի սերտ բարեկամն էր: Մինչ Պեշիր Ժըմայէլ Իսրայէլի բարեկամն ու դաշնակիցը դարձած էր: Նաեւ` փաղանգաւորները կ՛աշխատէին Լիբանանի մէջ քրիստոնէական գօտիի մը ստեղծման եւ երկրի բաժանման հեռանկարով. բան մը, որ կը հակադրուէր Ֆրենժիէներու քաղաքական ուղեգիծին:
Լարուած յարաբերութիւններու այս շրջանին, Էհտէնի շրջանի փաղանգաւոր պատասխանատու Ժուտ Պայէհ ուզեց ակումբ բանալ Էհտէնի մէջ, բայց 8 յունիս 1978-ին սպաննուեցաւ Թոնի Ֆրենժիէի կողմէ ղրկուած վեց անձերու կողմէ:
Պեշիր Ժըմայէլ հարցը լուծելու համար մարոնիներու Անթոնիոս Խըրէյշ պատրիարքի միջնորդութեան դիմեց, բայց պատրիարքին միջնորդութիւնը ապարդիւն անցաւ: Ի վերջոյ փաղանգաւոր զինուորական հրամանատարութիւնը որոշեց փոխվրէժի դիմել եւ Ժուտ Պայէհը սպաննողները, որոնք Ֆրենժիէներու ամարանոցը կը մնային, սպաննել:
Պեշիր Ժըմայէլի կարգադրութեամբ, 1200 փաղանգաւոր միլիսներ, Էլի Հըպէյքայի եւ Սամիր Ժահժահի գլխաւորութեամբ, յունիս 12-էն 13 լուսցող գիշերուան ընթացքին ուղղուեցան Էհտէն: Փաղանգաւորները յունիս 13-ի առաւօտեան ժամը 4-ին, հեռաձայնի գիծերը կտրելէ ետք կայծակնային ներխուժումով մը յարձակման անցան Էհտէնի ապարանքին վրայ եւ սպաննեցին բոլոր հոն գտնուողները` Թոնի Ֆրենժիէն, կինը` Վերան եւ երեք տարեկան աղջնակը` Ժիհանը, ինչպէս նաեւ շուրջ երեսուն թիկնապահներ եւ մերձաւորները, ապա երեք դիրքերէ կրակի տուին վիլլան:
Թոնիի տղան` Սիւլէյման, այդ գիշեր տուն չէր գտնուեր եւ այդպէսով փրկուեցաւ:
*
* *
Չորեքշաբթի, 28 յունիս 1978-ին Պեքաայի հիւսիս-արեւելեան գիւղերու մէջ աւելի քան երեսուն անձեր առեւանգուեցան եւ ապա սպաննուեցան:
Շաբաթ, 1 յուլիսի յետմիջօրէին Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ բախումներ սկսան, իսկ Այն Ռըմմանէի ճակատը բռնկեցաւ:
Ռմբակոծումը հազիւ սկսած, հինգ պայթումներ ցնցեցին Այն Ռըմմանէն, եւ քանի մը վայրկեանի ընթացքին ամբողջ շրջանը պատերազմական գօտիի վերածուեցաւ: Ծուխն ու մուխը պատեցին երկինքը:
Այն Ռըմմանէի հետ բռնկեցան նաեւ շրջանին միւս թաղերը` մինչեւ Ֆըրն Շըպպէք, Թահուիթա, Հազմիէի մուտքը, Սայտայի հին ճամբան, Շիահի արեւելեան մուտքերը եւ Թայունէ:
Միւս կողմէ, Տըպպաս հրապարակէն քիչ մը վար, դէպի Պուրճ, անծանօթ մը ձեռնառումբ մը նետեց չորս զինեալներու վրայ, բայց փախուստ տալու պահուն սպաննուեցաւ իր զոհերէն մէկուն կողմէ, որ միայն վիրաւորուած էր:
Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ, երբ անձնական ինքնաշարժով Ատիպ Իսհաք ճամբէն կ՛ուղղուէր դէպի շրջանի ակումբը, ստիպուեցաւ կանգ առնել արաբական զսպիչ ուժերու անցարգելին առջեւ: Սուրիացի զինուորները ինքնութիւնը ստուգելէ ետք խուզարկեցին ինքնաշարժը, ապա Պեշիր Ժըմայէլ եւ անոր երեք թիկնապահները տարուեցան արաբական զսպիչ ուժերու շրջանային կեդրոնը, ուրկէ սակայն քառորդ ժամ ետք ազատօրէն դուրս ելան, կարճատեւ հարցաքննութենէ ետք:
Բայց` ձերբակալման լուրը արդէն տարածուած էր ու մեծ թիւով փաղանգաւոր զինեալներ փողոց իջած էին:
Մինչ այդ Այն Ռըմմանէ սաստկօրէն կը ռմբակոծուէր. ամէն կողմ` հրդեհներ, աւերում, քանդում, մեծ թիւով զոհեր ու աւելի մեծ թիւով վիրաւորներ: 200 հազար բնակիչ ունեցող շրջանը վեց ժամ անընդհատ ռմբակոծուեցաւ այնպիսի սաստկութեամբ, որ շրջանին զինեալները շատ քիչ առիթ ունեցան հակազդելու:
Վեց ժամ տեւած ռմբակոծումները դադրեցան Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատի անձնական հրահանգով:
Կիրակի, յուլիս 2-ի առաւօտուն Այն Ռըմմանէի մէջ զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէր: Ժողովուրդը ապաստանարաններու մէջ լուսցուցած էր եւ շատեր կը զգուշանային դուրս ելլելէ: Արձակազէններ եւ վարձկաններ գործի անցած էին, անշարժացնելով շրջանի արեւմտեան մուտքերը, Սայտայի հին ճամբան եւ Շիահի մուտքերը:

Արեւելեան եւ արեւմտեան թաղերը իրարմէ բաժնող սահմանին վրայ, Հատէթէն մինչեւ Թանգարան, Սոտեքոյի մուտքէն մինչեւ Ամփիր, Ռիվոլիէն մինչեւ Նաւահանգիստ եւ Ֆաթթալ շէնք, լարուած մթնոլորտ կը տիրէր: Յետմիջօրէի ժամը 15:35-ին ամբողջ ճակատը բռնկեցաւ: Ռումբերուն առաջին թիրախը հանդիսացաւ փաղանգաւորներու Սայֆիի կեդրոնական ակումբը, ապա փաղանգաւոր-ազատական ակումբը Արզ պողողտային վրայ, եւ Կուրօ պողոտային վրայ գտնուող ակումբները:
Տըպպաս – Պուրճ Սայֆի – Նաւահանգիստ շրջանը ինկաւ բուռն ռմբակոծման տակ: Արեւելեան շրջանի բազմաթիւ թաղերուն մէջ հրդեհներ ծագեցան:
Փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսներու տկար հակազդեցութեան դիմաց, արաբական զսպիչ ուժերու հրետանին անզսպելի դարձաւ:
Էշրեֆիէն թնդաց, Քարանթինան ցնցուեցաւ, Սիուֆին ինկաւ աննահանջ թնդանօթներու գոռոցին տակ, իսկ Քարմ Զէյթուն եւ Սին Էլ Ֆիլ հանդարտ վայրկեան իսկ չունեցան: Բազմահազար ռումբեր եւ հրթիռներ քանի մը ժամուան ընթացքին ծանր վնասներու ենթարկեցին շրջան մը, որ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին այդքան վնաս չէր կրած: Տորայէն մինչեւ Պուրճ, Քարանթինայէն մինչեւ Սիուֆի եւ Սին Էլ Ֆիլ, ռումբերը բազմաթիւ հրդեհներ յառաջացուցին:
Այնուհետեւ, երեկոյեան դէմ կարգը հասաւ Այն Ռըմմանէի եւ Ֆըրն Շըպպէքի: Նոյն կացութիւնը տիրեց հոն եւս. մահ, աւեր եւ քանդում:
Կէս գիշերուան մօտ ռմբակոծումը սաստկացաւ. Մար Մըխայէլի վրայ` կրատներ, Սին Էլ Ֆիլի վրայ` օրկ սթալին հրթիռներ, Սասին հրապարակին վրայ` 155 միլիմեթրնոց հրթիռներ, եւ բազմատեսակ ուրիշ ռումբեր եւ հրթիռներ ինկան ամէն կողմ, չինայելով նաեւ Պուրճ Համուտի եւ հայաբնակ այլ շրջաններու, ուր մարդկային կորուստներու կողքին մեծ եղան նիւթական վնասներու:
Հիւանդանոցներու մէջ, հակառակ տեղացող ռումբերու, վիրաւորներ ընդունուեցան, որոնց մեծ մասը վիրաբուժական գործողութեանց ենթարկուեցաւ:
Նաւահանգիստի շրջանին մէջ մթերանոց մը եւ ապա նաւ մը հրդեհուեցան:
Նախագահ Հաֆէզ Ասատի հրահանգով կէս գիշերին զինադուլ հաստատուեցաւ:
Երկուշաբթի, յուլիս 3-ի առաւօտուն արեւելեան շրջաններու ռմբակոծումը վերսկսաւ: Ռմբակոծուած վայրերը նոյնը ըլլալով հանդերձ նոր թաղեր եւս ցնցուեցան եւ նոր ճամբաներ անգործածելի դարձան, յատկապէս Նահրի կամուրջը, ուր ինկան զոհեր որոնցմէ մէկը` հայ: Զօհրապ Քէշիշեան զոհ գնաց արձակազէնի մը փամփուշին:
Սոտեքօ-Թանգարան, Շիահ-Այն Ռըմմանէ Մար Մըխայէլ եւ Սին Էլ Ֆիլ – Նահր պողոտայի մուտքը ծանր բախումներ արձանագրուեցան:
Փաղանգաւորներու հրետանին հակադարձեց եւ ռմբակոծեց արեւմտեան Պէյրութի թաղերը` Զոքաք Պլաթ, Մուսայթպէ, Պարպիր, Հըրշ, Թայունէ, Այն Մըրէյսի եւ Ղըպէյրի:
Արաբական զսպիչ ուժերը բարձր շէնքերու վրայ, ռազմագիտական կէտերու մօտ նոր դիրքեր գրաւեցին:

Երեքշաբթի, յուլիս 4-ի առաւօտուն, համեմատական հանդարտութենէն օգտուելով, քաղաքացիք յաջողեցան կարելի չափով ուտեստեղէն ու հաց ապահովել: Բայց կէսօրը հազիւ անց, արաբական զսպիչ ուժերը վերստին ռմբակոծեցին Էշրեֆիէն: Քիչ ետք, ռմբակոծումները տարածուեցան մինչեւ Այն Ռըմմանէ: Հեռաձայնի գիծերը խանգարուեցան, իսկ փաղանգաւորներու ձայնասփիւռը դադրեցաւ սփռելէ, երբ տասնեակ մը ռումբեր ինկան «Լիբանանի ձայն»-ի շէնքին մօտակայքը: Քիչ ետք ձայնասփիւռը վերսկսաւ սփռել զինուորական քայլերգներ:
Յուլիս 4-էն 5 լուսցող գիշերուան ընթացքին ռմբակոծումները շարունակուեցան բոլոր առանցքներուն վրայ` Սէյֆի, Կուրօ, Ժըմմէյզէ, Էշրեֆիէ, Ֆըրն Շըպպէք, Պատարօ, Հազմիէ եւ Այն Ռըմմանէ:
Չորեքշաբթի, յուլիս 5-ին արեւելեան Պէյրութի ու անոր բոլոր արուարձաններուն ռմբակոծումը աննախընթաց սաստկութեան հասաւ: Սուրիական բանակային նոր միաւորներ Պէյրութ մտան եւ նոր դիրքեր գրաւեցին: Բանակային հրանօթները մաղէ անցուցին արեւելեան Պէյրութի թաղերն ու արուարձանները: Երկաթի եւ կրակի հեղեղ մը տեղաց թաղերուն վրայ. Էշրեֆիէի, Այն Ռըմմանէի, Ֆըրն Շըպպէքի եւ Պատարոյի ռմբակոծումը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր:
Կացութեան գահավէժ ընթացքին ի տես նախագահ Իլիաս Սարգիս յուլիս 6-ին վճռական կերպով տրամադրութիւն յայտնեց հրաժարելու իր պաշտօնէն: Արիւնաքամ Լիբանանի ամբողջական խաղաղութիւն վերադարձնելու, անոր գերիշխանութիւնը պահպանելու, ժողովուրդի ծաղկումի երթը շարունակելու բանալիները իրենց ձեռքերուն մէջ պահող ներքին թէ արտաքին ղեկավարները իրենց պատասխանատուութեանց առջեւ դնելու նախագահին այդ քայլը բուռն բողոք մըն էր երկրին մէջ տիրող հեղձուցիչ մթնոլորտին:
*
* *
Պէյրութի եւ արուարձաններու ռմբակոծումներու լոյսին տակ, «Ազդակ» 5 յուլիս 1978-ի թիւով եւ «Որպէսզի լոյսը չմարի» խմբագրականով կը գրէր, որ Լիբանան ամէնէն կարճ ու ականուած ճամբէն վերադարձաւ իր սեւ օրերու ողբերգութեան:
Ներկայ տագնապով լիբանանեան կնճռոտ հարցը կը մտնէ նոր հունի մը մէջ եւ կը ստանայ պայթուցիկ տարողութիւն, կ՛ըսէր «Ազդակ»: շեշտելով, որ հակադրութեան սաստկացումը ամբողջովին աննախատեսելի հարցականներու առջեւ կը դնէ լիբանանեան հայրենիքը:
Ոչ մէկ կասկած որ լիբանանեան ճակատին եւ արաբական զսպիչ ուժերուն միջեւ բռնկած բախումները խորքին մէջ անդրադարձն են միջին արեւելեան բեմին վրայ վերստին թափ առնող մեծապետական կամ շրջանային լարուածութեան ու անոր նոր դրսեւորումներուն, կը մեկնաբանէր «Ազդակ», նշելով որ որքան ալ ծանր ըլլան կորուստներ, այս հայրենիքը այլեւս կատարած է իր վերջնական ընտրութիւնը, որ խաղաղութեան ճամբով վերակառուցումն է իր պետականութեան, հողային ամբողջականութեան եւ բարգաւաճումին: