Հարցազրոյցը վարեց` ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
22 փետրուար 2015-ին Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան թաղական խորհուրդներու ընտրութիւններ: Այս մասին եւ ընդհանրապէս ընտրութեան վերաբերող մանրամասնութիւններուն, օրէնքներուն եւ ընթացքին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով հարցազրոյց կատարուեցաւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Եկեղեցիներու թաղական խորհուրդները ի՞նչ տեսակի պարտականութիւններ ունին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Թաղական խորհուրդներու պարտականութիւններն են շրջանի եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը, ծխական վարժարանին զօրակցութիւնը, շրջանի զաւակներուն ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութեան ապահովումը, աղքատներուն խնամակալութիւնը, շրջանին մէջ վէճերու քննութիւնն ու արդար ու խաղաղ լուծումներու որդեգրումը եւ Ազգային վարչութեան որոշումներուն գործադրութիւնը: Յայտնեմ, որ թաղական խորհուրդները կ՛ընտրուին ժողովուրդին կողմէ, եւ որոնց մաս կը կազմեն 5, 7 կամ 11 անդամներ:
Հ.- Ովքե՞ր կ՛ընտրեն եւ ովքե՞ր կրնան մաս կազմել թաղական խորհուրդներուն:
Պ.- Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ իրւաքանչիւր զաւակ, որ 20 տարիքը բոլորած է եւ ընտրելու իրաւունքէն դատականօրէն զրկուած չէ, կրնայ մաս կազմել խորհուրդներուն, պայմանաւ որ սահմանուած ժամանակի ընթացքին վճարած ըլլայ իր ազգային տուրքը: Իսկ 30 տարիքը բոլորած անհատները իրաւունք ունին ընտրուելու, երբ կ՛ամբողջացնեն վերոնշեալ պայմանները եւ կ՛ունենան բարոյական վարկ եւ աշխատելու պատրաստակամութիւն:
Հ.- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք թաղական խորհուրդներուն գործունէութիւնը:
Պ.- Թաղական խորհուրդներուն մաս կազմող մեր հայորդիները սիրայօժառ կը կատարեն իրենց վստահուած գործերը, ինչ որ մեծապէս գնահատելի է, սակայն մենք այսօր կարիքը ունինք նոր ուժերու: Մեր թաղական խորհուրդներուն անդամները միայն պէտք չէ սահմանափակուին կիրակի օրերը եկեղեցի յաճախելով եւ համապատասխան կազմակերպչական աշխատանքներ իրականացնելով, այլ պէտք է ըլլան նախաձեռնող, փնտռեն ու գտնեն նորութիւններ, ունենան առօրեայ հարցերը արժեւորելու մօտեցում եւ թիկունք կանգնին ծուխի քահանային: Հաւաքական աշխատանքով միայն մենք կրնանք յաջողութեան հասնիլ եւ ձեռքբերումներ արձանագրել:
Հ.- Իգական սեռին պատկանող անհատները կրնա՞ն մաս կազմել թաղական խորհուրդներուն:
Պ.- Լիբանանի հայոց թեմի թաղական խորհուրդներու կանոնագրութեան 3-րդ յօդուածը կու գայ հաստատելու, որ սեռի խտրութիւն գոյութիւն չունի, եւ ուստի, իգական սեռի ներկայացուցիչներն ալ կրնան ունենալ իրենց գործօն եւ կարեւոր մասնակցութիւնը: Արդէն մեր կառոյցներուն եւ ի մասնաւորի մեր եկեղեցիներուն մէջ իգական սեռը իր ծառայութիւնն ու ներդրումը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ: Ուրեմն, մեր փափաքն է, որ յառաջիկային կայանալիք թաղական խորհուրդներու ընտրութիւններէն ետք, մեր խորհուրդներուն մէջ ունենանք իգական սեռին մաս կազմող հայորդիներ: Կինը, իր մայրական յատկութիւններով, լաւապէս գիտէ գուրգուրալ, եւ այդ վերաբերմունքը պէտք է արտայայտուի մեր խուրհուրդներուն մէջ: Տակաւին, Աստուածաշունչի Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ կինը միշտ ալ ունեցած է դրական ներկայութիւն Աստուծոյ ծրագիրներուն իրականացման մէջ:
Հ.- Ե՞րբ տեղի պիտի ունենան թաղական խորհուրդներուն ընտրութիւնները:
Պ.- 22 փետրուար 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն երեկոյեան ժամը 5:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան ընտրութիւնները: Յոյսով ենք, որ նոր խորհուրդները նոր թափով կը շարունակեն գործունէութիւնը եւ իրենց շուրջ կը համախմբեն երիտասարդութիւնը:
Հ.- Այսօր մեր երիտասարդութիւնը մեր ազգային-հոգեւոր կեանքէն ընդհանրապէս հեռու է: Եկեղեցի-երիտասարդութիւն կապերը ինչպէ՞ս կարելի է ամրացնել:
Պ.- Այո՛, յստակ իրականութիւն է, որ մեր երիտասարդները հեռու են մեր եկեղեցիէն, մեր ազգային կառոյցներէն: Այս առնչութեամբ, նոր թաղական խորհուրդները մեծ գործ ունին կատարելիք: Խորհուրդները ծուխի հոգեւոր խորհուրդներուն հետ գործակցաբար պէտք է մշակեն յատուկ ծրագիրներ, հետեւին երիտասարդներու առօրեային, ուսման, դժուարութիւններուն, բացայայտեն ու քաջալերեն անոնց կարողութիւնները, հետաքրքրուին, արժեւորեն ու գործ վստահին: Երիտասարդները մեր ներկան ու ապագան են, եւ մենք, եթէ կ՛ուզենք մեր եկեղեցւոյ ապագան երաշխաւորել, պէտք է մեր դռները բանանք ու երիտասարդութեան հետ ունենանք ամուր, հաստատ եւ հաւատքի ու համոզմունքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ: