Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդան` Տիպարը Հայ Հաւատացեալին

February 17, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

20150212_102913«Մատներու վրայ կարելի է հաշուել այսօր այն ժողովուրդները, որոնք 2015 թուականին կրնան խօսիլ իրենց անցեալին մասին: Մանաւանդ  1564 տարիներ առաջ պատահած դէպքեր յիշելով:

Մենք հարուստ անցեալ ունեցող ժողովուրդ ենք, այդ ալ Աստուծոյ շնորհքին արդիւնքն է:

Անցեալը կը յիշենք, կը ցաւինք, կը պարծենանք ոչ այն նպատակով, որ անցեալին մէջ կ՛ուզենք ապրիլ, այլ անցեալի օրինակներէն եւ դէպքերէն մեկնելով մենք զմեզ աւելի լաւ ճանչնալ կ՛ուզենք»:

Այս խօսքերով արթնամտութեան կոչ ուղղեց պատուելի Սեւակ Թրաշեանը, Վարդանանցի առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ:

Հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ ինքնութեան պայքարին նուիրուած այս անկիւնադարձային տօնը իր այժմէական հնչեղութեամբ ամէն տարի կը նշուի, յատկապէս գաղութիս եկեղեցիներուն եւ կրթական կառոյցներուն մէջ:

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Վարդանանց տօնին նուիրուած միացեալ պաշտամունքը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 12 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ:

Պաշտամունքը առաջնորդեց վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, այս առթիւ հոգեշունչ աղօթքներ մատուցեցին վեր. Հրայր Չոլաքեան եւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան:

Օրուան պատգամաբեր պատուելի Սեւակ Թրաշեան շեշտելով անցեալի իրադարձութիւններուն կարեւորութիւնը մեր պատմութեան մէջ` ըսաւ. «Մենք ալ այսօր 1564 տարիներ ետք Տէր Զօրէն անցնելով նոյնը կը վկայենք:

Եթէ հարցնելու ըլլանք, ի՞նչ առնչութիւն, ի՞նչ կապ ունի Վարդանանցը մեր ներկայ իրականութեան հետ, պիտի ըսենք` իբրեւ հայ քրիստոնեաներ` մեր ինքնութեան հիմքն է Վարդանանքը:

Այսօր մեզի սպառնացող յազկերտները շատ են, եւ անոնց կողքին ճակատներն ալ շատ:

Մենք անցեալէն օրինակ կրնանք քաղել, յատկապէս մեր հաւատքի կեանքին մէջ`

1.- երբ կը գիտակցինք, թէ մեր կեանքերուն Տէրը ով է.
2.- երբ լաւ կը ճանչնանք Աստուծոյ խօսքը.
3.- երբ մասնակից կ՛ըլլանք եկեղեցւոյ եւ անոր առաքելութեան.
4.- երբ չենք զիջիր մեր Աստուածատուր իրաւունքէն, խղճի ազատութենէն.
5.- երբ պատրաստ կ՛ըլլանք նոյնիսկ մեր հաւատքին համար սուղ գին վճառելու:

Մեր ազգային կեանքին մէջ`

1.- երբ հայ ըլլալը սեպենք Աստուծմէ մեզի տրուած շնորհք.
2.- երբ հայ ժողովուրդը մտահոգող նիւթերը մեր հարցերը ըլլան.
3.- երբ հայկական դպրոցը եւ անոր գոյատեւումը անհրաժեշտ սեպենք.
4.- երբ մեր պատմութիւնը լաւապէս ճանչնանք.
5.- երբ յիշելու եւ պահանջելու խնդրին մէջ առաջին շարքերուն վրայ ըլլանք եւ ոչ ետեւի:

Վարդանանք մեռան վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց: Մենք Ապրինք վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»:

Այս խօսքերով պատուելի Թրաշեան եզրափակեց իր հոգեպարար պատգամը:

Ապա հայրենասիրական եւ հոգեւոր երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ. աւետ. Թորոսեան վարժարանի աշակերտները, խմբավարութեամբ` Նեկտար Փալազեանի: Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն ասմունքեց Ռոզիկ Քէօսէեան` Ժագ Ս. Յակոբեանի  «Գեղօն Վարդանանք»-ի, իսկ Յակոբ Քէլլուկեան տուտուքի վրայ նուագեց Մ. Եկմալեանի «Լռեց» :

Օրուան նուիրահաւաքէն գոյացած գումարը, ըստ վերջին տարիներու աւանդութեան, կը տրամադրուի Թեհրանի Հայ աւետ. եկեղեցիներուն:

Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի առաքելական օրհնութեամբ:

Նախանուագն ու վերջանուագները դաշնամուրի վրայ նուագեց Եսթեր Քիլաղպեան:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ

Յաջորդը

Անո՛ւնդ, Հալէ՛պ, Ինչպէ՞ս Մոռնամ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.