Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Փարիզ
Լուսին Տինքի Հեղինակած
«Սարոյեան Լենտ» Շարժանկարը
Յունուար 31-ին, Փարիզի մէջ, «Անաքօ» տափանաւուն վրայ տեղի ունեցաւ Լուսին Տինքի «Սարոյեան լենտ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնին ներածականը կատարեց փրոֆ. Տիգրան Գույումճեան:
Հարկ է նշել, որ բաւական անդրադարձ կատարուած է Սարոյեանի Հայաստան այցելութեան մասին: Սակայն Թուրքիոյ եւ անոր ծնողներուն ծննդավայր Պիթլիս այցելութիւնը մնացին անարձագանգ հակառակ Պետրոս Զոպեանի հրատարակած գիրքին` «Դէպի Պիթլիս` Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ» եւ Սարոյեանի հեղինակած «Պիթլիս» թատերախաղին: Այս աշխատութիւններու Պոլսոյ մէջ հրատարակութիւնը եւ Լուսին Տինքի ժապաւէնը կու գան վերարծարծելու Սարոյեանի ինքնութեան փնտռտուքի եւ գրական ստեղծագործութեան կարեւոր ներշնչումի աղբիւրներէն մէկուն մասին անդրադարձը:
Լուսին Տինք` Հրանդ Տինքի եղբօր դուստրը, Սարոյեանի մասին իր ժապաւէնը նկարահանած է Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք: Սարոյեանի ինքնութեան հարցադրումը, «ուխտագնացութիւնը դէպի իր ծնողներուն ծննդավայրը, Արեւմտահայաստան վերադարձը` գեղարուեստական ճամբով կ՛իւրացուի երիտասարդ շարժադիրին կողմէ: «Սարոյեան լենտ» շարժանկարը այժմէական է նաեւ, որովհետեւ ներկայիս Արեւմտահայաստան այցելութիւնը ընդհանրացած երեւոյթ է, սակայն Սարոյեան եղած է այն առաջին արկածախնդիրը, կամ` այն առաջիններէն մէկը, որ յանդգնած է այդ քայլին դիմելու:
«Սարոյեան լենտ» շատ զգայուն եւ նրբին կերպով շարժագրուած է: Սարոյեան տիպարը կը տեսնենք` կա՛մ ետեւէն դիտուած, կա՛մ անոր ստուերին միջոցով: Խորհրդածութիւններու ճանապարհորդութիւն մըն է, որուն ընթացքին խօսք կը տրուի թուրք լուսանկարիչ Ֆիքրեթ Օթեամին, որ կը վկայէ ճամբորդութեան մասին, եւ` Տիգրան Գույումճեանին, որ կ՛անդրադառնայ Սարոյեան տիպարին:
Աւստրիա
Հայաստանի Մշակոյթի Նախարար Յասմիկ
Պօղոսեանի Աշխատանքային Այցը Աւստրիա
Յունուար 18-20 Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Աւստրիոյ Հանրապետութիւն:
Յունուար 18-ին ան ներկայ գտնուեցաւ Աւստրիոյ Կարինթիա երկրամասի մայրաքաղաք Քլակենֆուրթի «Քոնցերթհաուս» համերգասրահին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած, երգահան եւ դաշնակահար Կարէն Ասատուրեանի երգչախումբի եւ ճազային քառեակի համար գրած «Աղօթքի անիւ» պատարագի անդրանիկ ցուցադրութեան:
Յունուար 19-ին նախարարը աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Աւստրիոյ արուեստներու եւ մշակոյթի, սահմանադրութեան եւ լրատուամիջոցներու դաշնային նախարար, դոկտ. Ժոզեֆ Օսթերմայերի հետ: Անոնք ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Աւստրիոյ վարչապետարանի միջեւ արուեստի եւ մշակոյթի ծիրէն ներս համագործակցութեան մասին: Ապա ճաշի ընթացքին քննարկուեցան մշակոյթի եւ արուեստի առնչուող երկկողմ եւ բազմակողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Յունուար 19-ին նախարար Պօղոսեան մասնակցեցաւ Հայաստանի դեսպանութեան կից գործող «Հայաստան» կեդրոնին մէջ դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած հայ արուեստին եւ Հայաստանի զբօսաշրջային հնարաւորութիւններուն նուիրուած ձեռնարկին:
Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան խօսք առնելով` կարեւոր նկատեց նոյն օրը ստորագրուած հայ-աւստրիական մշակութային համագործակցութեան յուշագիրը եւ ներկայացուց երկու երկրներուն միջեւ ընթացող եւ նախանշուող գործակցութեան հանգրուանները մշակոյթի ծիրէն ներս:
Այնուհետեւ նախարար Յասմիկ Պօղոսեան նախարարութեան կողմէ սահմանուած «Գրանշան» 2013թ. առաջին մրցանակի վկայականը յանձնեց աւստրուհի Լիզա Շուլցի:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 145-ամեակին նուիրուած հեղինակի կեանքն ու ստեղծագործութիւնները ներկայացնող խտասալիկներու հաւաքածոյին շնորհահանդէսը, որ ներկայացուց նախագիծի հեղինակ Ռուբէն Տօնիկեան: Վիեննաբնակ հայաստանցի երաժշտագէտ Վիգէն Կզարթմեան ներկայացուց Կոմիտասին նուիրուած իր «Ծիրանի ծառ» երաժշտական նախագիծը:
Վրաստան
Վահան Տէրեանի Ծննդեան
130-Ամեակի Նշում
Փետրուար 9-ին Գանձայի մէջ, Վահան Տէրեանի տունթանգարանի երդիքին տակ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` նուիրուած Վահան Տէրեանի ծննդեան 130-ամեակին:
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Տէրեանի տուն-թանգարանին մէջ գործող ասմունքի խմբակի սաները, որոնք մեկնաբանեցին Տէրեանի բանաստեղծութիւնները, երգերը, խօսքերը, իսկ Ն. Սիրականեան կարդաց հատուածներ «Հայ գրականութեան գալիք օրը», «Հոգեւոր Հայաստան» յօդուածներէն:
Միացեալ Նահանգներ
«Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէի
ՀՅԴ 125-Ամեակի Տօնակատարութիւն
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, կիրակի, 25 յունուար 2015-ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակի տօնակատարութիւնը` Եդուարդ Մկրտիչեանի հանդիսավարութեամբ: Մկրտիչեան, սրամիտ կատակներով հանդիսութեան բացումը յայտարարելէ ետք, հրաւիրեց ՀՄԸՄ «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտ քոյրերն ու եղբայրները` դրօշակի արարողութիւն կատարելու: Անոնք, կատարեալ կարգապահութեամբ կատարելէ ետք դրօշակի արարողութիւնը, մեկնաբանեցին ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները` բուռն ծափերու տարափին տակ բաժնուելով բեմէն եւ գրաւելով իրենց տեղերը:
Հանդիսավարը, ոգեւորուած, բեմ հրաւիրեց խմբապետական կազմը եւ հանդիսականներուն դառնալով` ըսաւ. «Ասոնք են մեր ապագան եւ յոյսը, որոնք նուիրուած են դաստիարակելու նորահաս սերունդը: Ապրի՛ք»: Ապա բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչ Պօղոս Հանտեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, անդրադարձաւ ՀՅԴ կազմակերպչական աշխատանքի զանազան երեւոյթներուն եւ Դաշնակցութիւնը նմանցուց պտղատու ծառի մը` շեշտելով, որ` «այսօր համախմբուած ենք միասնաբար ոգեկոչելու ՀՅԴ-ի 125-ամեակը»:
Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի խօսքը անգլերէն լեզուով ներկայացուց Շահէ Օհանեան: Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտներէն Ռուբէն Համամճեան (երգ) եւ Յովիկ Օհանեան (ասմունք)` արժանանալով ներկաներու բուռն ծափերուն:
Հանդիսավարը բեմ բարձրանալով` ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց հանդիսութեան պատգամաբերին` Կարօ Մոմճեանի կեանքի զանազան հանգրուանները, ապա զայն բեմ հրաւիրեց` իր խօսքը փոխանցելու:
Կարօ Մոմճեան ներկայացուց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125 տարիներու գործունէութեան պատկերը` ընդգծելով այս կուսակցութեան յատկանշական նկարագիրի երեւոյթները: «Դաշնակցութիւնը ծնած է ծառայելու: Ան ծառան է հայ ժողովուրդին: Ան ծառայեց եւ կը ծառայէ բազում զոհողութիւններով: Իր շարքերուն մէջ հաւասարութեան սկզբունքը կը տիրէ. բոլորն ալ համահաւասար են, կը ծառայեն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հայ երիտասարդներու դաստիարակութեան», ըսաւ ան եւ շարունակեց. «ՀՅԴ-ն պէտք է զեկուցէ ժողովուրդին եւ ներկայացնէ իր կատարած աշխատանքներուն հաշուեյարդարը»:
Ապա խօսելով Դաշնակցութեան տարեդարձներու տօնակատարութիւններուն մասին` պատգամաբերը պատմականօրէն հաստատեց, թէ անոնք պէտք է կատարուին դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին:
Մոմճեան նաեւ անդրադառնալով Ծաղկաձորի մէջ ՀՅԴ-ի Ընդհանուր ժողովին` հաստատեց. «Այդ ժողովը քննարկեց Միջին Արեւելքի կացութիւնը` Եգիպտոսի, Լիբանանի, Իրաքի եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ հայութեան ներկան»:
«ՀՅԴ իր աշխատանքը կեդրոնացուց սփիւռքի տարածքին: Սփիւռքը այն վայրն է, ուր զանազան երկիրներէ եկած եւ համախմբուած են արեւելահայն ու արեւմտահայը` իրենց հետ բերելով իրենց երկիրներու սովորութիւնները: ՀՅԴ յաջողեցաւ իր ազգակերտման գործին մէջ, իր աշխատանքը կեդրոնացուց եւ, հնոցի մը մէջ դնելով զանազան տեսակի հայեր, կրցաւ կազմել մէկ ազգ` զանազան միութիւններով, որոնք ունէին տարբեր-տարբեր գործելակերպ եւ մտածելակերպ: Պետութի՛ւնը միայն կրնայ ստեղծել միութիւն», ըսաւ ան:
Մոմճեան շարունակելով իր խօսքը` յայտնեց. «Շատ հաւանական է, որ ՀՅԴ ընդհանուր ժողովը անդրադարձած ըլլայ նաեւ ֆիզիքական մեր գոյութեան (ձուլումին), ինչպէս նաեւ` Ղարաբաղի հարցին»:
Պատգամաբերը իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ մտածումներով. «Մենք միջոց ենք. ամէն ինչ գնայուն է, միայն հայրենիքը մնայուն է», ապա կրկնեց երգին բառերը` «Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն» եւ «երկաթէ շերեփներ պէտք են, ատոր մասին պէտք է մտածել»:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ սկաուտներու «Ձայն տուր» երգով, որուն ընկերակցեցան ներկաները:
Ազգային Թիւֆէնքեան Մանկամսուրի
Հիմնադրութեան 40-Ամեակը
Յունուար 23-ին «Տաղլեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովանին վայելող Ազգային Թիւֆէնքեան մանկամսուրի հիմնադրութեան 40-րդ տարեդարձը:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ողջունեց մանկամսուրին առնչուած մարմինները` մաղթելով բարի երթ ու նորանոր նուաճումներ: Ան յարգանքով յիշեց կրթարանին հիմնադիրները, որոնց տեսլականին շնորհիւ 40 տարի առաջ ծնունդ առաւ Թիւֆէնքեան մանկամսուրը եւ ապրեցաւ վերելք` շնորհիւ նուիրեալ սերունդներու:
Ան գնահատեց վարժարանին զօրակիցներն ու հովանաւորները, մասնաւորաբար գլխաւոր բարերարները` Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեան ամոլը:
Առաջնորդ սրբազանը յայտարարեց, որ վարժարանին պատասխանատուները խորհրդակցելէ ետք Ազգային վարչութեան ու Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին հետ, ձեռնարկած են գնել մանկամսուրին կից գտնուող բնակարանը, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդարձակել վարժարանը եւ ընդունիլ աւելի մեծ թիւով աշակերտներ, աւելցնելով, որ բարերար Թիւֆէնքեան ամոլը սիրայօժար կերպով այս նպատակին համար կը նուիրէ 100 հազար տոլար:
Համազգայինի «Անի» Պարախումբի
Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը
Ազգային Առաջնորդարան
Յունուար 27-ին Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Համազգայինի «Անի» պարախումբի միաւորին ներկայացուցիչները` պարուսոյցներ Եղիա Հաշօլեան, Սիւզի Դարբինեան-Բարսեղեան, միաւորի վաչութեան անդամներ` Նուարդ Չալեան եւ Սեդա Գոնիալեան-Ֆրունճեան եւ հանդիպում ունեցան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին հետ:
«Անի»-ի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազանին` պարախումբի 40-ամեակի ելոյթին իր ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ` որովհետեւ խնդրամատոյց եղած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որպէսզի շքանշանով պատուէ երկու արուեստագէտները:
Առաջնորդ սրբազանը անգամ մը եւս գնահատեց «Անի» պարախումբը, պարուսոյցներն ու անոնց նուիրեալ գործակիցները, նաեւ դրուատիքով անդրադարձաւ ՀՅԴ 124-ամեակի տօնակատարութեան օրը պարախումբին ներկայացուցած «Սարդարապատ» պարային պատկերին մասին` մաղթելով նորանոր նուաճումներ:
Աւարտին ներկայացուցիչները յուշանուէր մը յանձնեցին առաջնորդ սրբազանին, անոր զօրակցութեան համար իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն:
Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու
Ուսուցչական Կազմերու Միօրեայ Համագումար
Յունուար 24-ին Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան»սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչական միօրեայ համագումար:
Կիրակնօրեայ վարժարաններու Վարիչ մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Թորոսեան, որ կը վարէր համագումարը, հրաւիրեց համաատենապետ Յակոբ Ջաղացպանեանը, որ շեշտեց մաքուր նկարագիրի տէր սերունդ մը պատրաստելու կարեւորութիւնը հայ ազգի յարատեւման մէջ:
Պօղոս աբղ. Թինքճեան ներկայացուց օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը, որմէ ետք Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը ներկայացուց օրուան յատուկ տօնին «Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական ժողով»-ին իմաստն ու կարեւորութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ դաւանանքին մէջ, շեշտելով, որ կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչին պարտականութիւնն է կրօնական եւ ազգային նկարագիր դրոշմել մանուկին հոգիին մէջ:
Խաչիկ սրկ. Շաննագեան ներկայացուց «Օգտագործել համացանցի աղբիւրներ, որոնք օգտակար են մեր կիրակնօրեայ վարժարաններուն» նիւթը:
Զեփիւռ Յովհաննէսեան բացատրութիւն տուաւ Տեառնընդառաջի մասին, ապա անդրադարձաւ մանուկի մը մտային դաստիարակութեան կարեւորութեան վրայ:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան` որպէս Սրբադասութեան Յանձնախումբի անդամ, իր ելոյթին մէջ լուսաբանութիւններ տուաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի եւ 1.5 միլիոն նահատակներու սրբադասման մասին, յայտնելով, որ 23 ապրիլ 2015-ին տեղի պիտի ունենայ սրբադասման արարողութիւնը Հայաստանի մէջ: Սրբազանը նաեւ նկատել տուաւ, որ հետագային, հաւաքական սրբադասման կողքին, պիտի կատարուին անհատական եւ խմբային սրբադասումներ:
Իր խօսքի աւարտին սրբազանը բարձր գնահատեց թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններուն առաքելութիւնը եւ ուսուցչական կազմերուն նուիրումը եւ թելադրեց, որ հաւատքով, նուիրումով ու սերտ գործակցութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:
Պետական Վարժարաններ Յաճախող
Աշակերտներու Յանձնախումբի 20-Ամեակ
Յունուար 25-ին Կլենտէյլի «Անուշ» ճաշարանին մէջ նշուեցաւ Պետական վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու ուսումնական եւ դպրոցական կարիքներուն բաւարարութիւն տուող Ազգային առաջնորդարանի յատուկ յանձնախումբի` «Սի. Էյ. Էս. Փի. Էս.»-ը հիմնադրութեան 20-րդ տարեդարձը:
Օրուան հանդիսավար` Ալեքս Քալոկնոմոսի ողջոյնի խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ յանձնախումբին աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզ մը, եւ ապա` պարային պատկեր մը:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան գնահատանքի արտայայտութիւններով վեր առաւ յանձնախումբին 20 տարիներու ծառայութիւնները եւ դրուատեց նուիրեալները: Ան շեշտեց, որ «Սի. Էյ. Էս. Փի. Էս.» իր առաքելութիւնը անվհատ կը շարունակէ 20 տարիէ:
Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող «Սի. Էյ. Էս. Փի. Էս.»-ը կը վայելէ անոր ամբողջական զօրակցութիւնը, սակայն անիկա կարիքը ունի նաեւ ժողովուրդին բարոյական ու նիւթական աջակցութեան: Ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին` կանգնելու «Սի. Էյ. Էս. Փի. Էս.»-ի կողքին:
Աւարտին սրբազանը գնահատեց «Սի. Էյ. Էս. Փի. Էս.»-ի հիմնադիր սերունդէն երկու անդամներ` Մետիա Քալոկնոմոսը եւ Ռուբիկ Կիւրճեանը, որոնք մեծ նուիրումով կը շարունակեն իրենց սկսած գործը: Երկու երախտաւորները յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան եւ առաջնորդ սրբազանին ձեռամբ ստացան «Սի. Էյ. Էս. Փի. Էս.»-ի կողմէ պատրաստուած գնահատանքի յուշանուէրներ` իրենց օգտաշատ եւ անձնազոհ ծառայութեան համար: Մեծարեալները շնորհակալութեան խօսք արտասանեցին, ապա Ռ. Կիւրճեան արտասանեց «Սի. Էյ. Էս. Փի. Էս.»-ի խօսքը:
Ճիովաննի Վեփխվածէի «Իմ Թիֆլիսը»
Ցուցահանդէսը
Փետրուար 6-14, վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Ճիովաննի Վեփխվածէի «Իմ Թիֆլիսը» խորագիրը կրող իւղաներկ գործերուն անհատական ցուցահանդէսը:
Ցուցադրուած էին 30 պաստառներ հին Թիֆլիսի Հավլաբարի, Մէյտանի, Շէյթան պազարի, Հանքային բաղնիքներու, շքամուտքերու, իտալական բակերու պատկերներ:
Բացման հանդիսութեան ելոյթ ունեցան «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Չիդիլեան, Վրաստանի հայ նկարիչներու միութեան նախագահ, մանրանկարիչ Մերուժան Շահումեան, արուեստագէտ Ալեքսանտր Փիրատով, սրբապատկերներու մեծ վարպետ Միխայիլ Մճետլիշվիլի:
Վեփխվածէ իր խօսքին մէջ նշեց, որ թիֆլիսեան թեման շատ կը խօսի իր սրտին եւ զայն նկարած է տարբեր ժամանակներ եւ առիթներով: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլորին իր արուեստը գնահատելու եւ անհատական ցուցահանդէս կազմակերպելու համար:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր ելոյթին մէջ Վեփխվածէն անուանեց բարի, հաւատքով լի, Աստուծմով ապրող մարդ, որուն արուեստը ներշնչուած է սիրով:
Չեխիա
Չեխ Լուսանկարիչ Եւ Պլոկըր
Լատիսլաւ Վիթվիչքայի`
Արցախին Նուիրուած Ցուցահանդէս
Փետրուար 3-ին չեխական «Ֆրիթեք Միսթեքի» գրախանութին մէջ տեղի ուենցաւ 1 ամիս առաջ բացուած լուսանկարիչ Լատիսլաւ Վեթվիչքայի «Լեռնային Ղարաբաղ. երկիր, որ աշխարհը մոռցած է» ցուցահանդէսին պաշտօնական փակումը:
Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ ներկայացուած լուսանկարները ապացոյց են, թէ արուեստագէտը որքան տպաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղ իր տուած այցելութիւններէն:
«Քափիթոլա» գրատան տնօրէն Եան Պեխեր ընդգծեց որ ցուցահանդէսին բացումը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է ներկաներուն մօտ: Վեթվիչքա անդրադարձած է Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի մասին,ներկայացուցած է քաղաքական ու մշակութային կեանքը, ինչպէս նաեւ` հայկական ազգային խոհանոցին առանձնայատկութիւնները: