Մամլոյ Հաղորդագրութիւն – 1
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական մարմինին հրաւէրով, երկուշաբթի, 9 փետրուար 2015-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հալէպի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող մարմինին առաջին նիստը, նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, մասնակցութեամբ հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու:
Սրբազան հայրը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնաժողովին հրատարակած Հայոց ցեղասպանութեան Համահայկական հռչակագիրին եւ շեշտեց սուրիահայութեան կարեւոր դերակատարութիւնը Հայ դատի եւ պահանջատիրական գործընթացի աշխատանքներուն մէջ, հակառակ Սուրիոյ պատերազմական ծանր պայմաններուն:
Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ մակարդակով կայանալիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները:
Այնուհետեւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն թելադրուեցաւ ապրիլեան ձեռնարկներու ընթացքին Անմոռուկ ծաղիկը որդեգրել որպէս պաշտօնական նշանակ:
Աւարտին, սրբազան հօր եւ վերապատուելիին ներկայութեամբ ընտրուեցաւ Հալէպի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող մարմինին դիւանը` հետեւեալ ձեւով.
Ատենապետ` Ժիրայր Ռէյիսեան, ատենապետ` Հրանդ Աթթարեան, ատենադպիր` Լարա Տիրարեան, ատենադպիր` Վարդուկ Պարտագճեան
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
«Կենդանի Յոյս» Կրթական Ֆոնտ
Ուրբաթ, 30 յունուար 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թիւով 129 համալսարանականի հաւաքը` «Կենդանի յոյս» կազմակերպութեան հրաւէրով:
Ներկայ էին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ Վահան Ծ. վրդ. Պէրպէրեան, Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան, Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան եւ Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեան, ինչպէս նաեւ այս կալուածին մէջ հմտութիւն ունեցող կղերականներ եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:
Յանուն Բերիոյ թեմի ազգ. կրօնական ժողովին, արաբերէն լեզուով բացման խօսք արտասանեց Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իրարմէ հեռու ապրող քրիստոնեաներ կրնան հարազատ չզգալ իրարու նկատմամբ, սակայն անոնց կը միացնէ եկեղեցին: Բոլորիս նպատակն է աշխատիլ մէկ ուղղութեամբ եւ ժողովուրդին կեանքին մէջ մեր յաջողութիւնը տեսնել երիտասարդ ուսեալ սերունդի տիրական ներկայութեան մէջ:
Քահանայ հայրը հայրը յայտնեց, թէ «Կենդանի յոյս»-ի նիւթական յատկացումները կը գոյանան միութիւններու եւ անհատ բարերարներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններու հասոյթով եւ կ՛օգտագործուին մարդոց հոգեւոր թէ կրթական կեանքի բարելաւման համար:
Առ այդ, հիմնարկի ապագայատեսիլ ծրագիրներէն օգտուողները պերճախօս վկաները պէտք է հանդիսանան այս հաստատութեան վաւերական գործունէութեան:
Հաւաքը կազմակերպող եւ համադրող բժիշկ Ճոնի Հատտատ իր բացման խօսքով անդրադարձաւ աղօթքի զօրութեան եւ մեր ամէնօրեայ կեանքէն օրինակներ վեր առնելով` յոյս ներշնչեց երիտասարդ համալսարանականներուն: Ապա նշեց, թէ ուսանողական այս հաւաքը ուրախ լուրերու պատգամ մը կը պարունակէ, անդրադարձ մը, նպատակադրուած ծրագիր մը, որ կ՛ընդգրկէ տարբեր շրջանակներէ ժամանած 129 ուսանողներ, որոնք երեք հանգրուանով պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ` օգտուելով «Կենդանի յոյս»-ի բարիքներէն: Ան յոյս յայտնեց, որ այս ծրագրէն օգտուող կամ մասնագիտացող մեր ուսանողները իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն հանրային կեանքի հարստացման:
Անհուն ուրախութիւն էր, երկրորդ տարին ըլլալով, անգամ մը եւս մէկտեղուած տեսնել մեծ թիւով համալսարանական երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք յոյսով ու ակնկալիքներով կը նային ապագային, եւ յաջողութեան ջահը իրենց ձեռքերուն կը վերադառնան մեր ժողովուրդին` իրենց բարոյական պարտքը հատուցելու:
Բժիշկ Հատտատ, որ գործնապէս կը մասնակցի մեր գաղութի հաւաքական կեանքի հզօրացման, համբերութեամբ ու խոնարհութեամբ իր գործը կը կատարէ եւ կը տքնի յաղթահարելու մեր դժուարութիւնները, պատգամեց, որ ամէն բանէ առաջ էական է բարձրագոյն ուսման տիրանալ եւ մասնաւորեց, թէ կրթանպաստի ծրագիրը կ՛ընդգրկէ ոչ միայն առիթ տալ ուսանողներուն` օգտուելու գիտութեան նորութիւններէն, այլ նաեւ զանոնք դաստիարակելով պատրաստել համայնքի մեր ընտրեալները, որոնց ուսերուն պիտի դրուի մեր ժողովուրդին ապագան տնօրինելու պատասխանատուութիւնը:
Յաջորդաբար խօսք առին կարգ մը ուսանողներ, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ շեշտեցին, որ այս ֆոնտը, անտեսելով տնտեսական ներկայ ճգնաժամը, կազմակերպեց այս կրթանպաստը, որպէսզի ուսանողները մասնակցին հաւաքական կեանքի հզօրացման աշխատանքին եւ բարի օրինակ հանդիսանան շրջապատին:
Յայտագիրի յաջորդ բաժինով տեղի ունեցաւ Աւետարանի ընթերցում, որմէ ետք հաւատքի զօրութեան պատգամով խօսք առաւ Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան` ներկայացնելով «Յիսուս փոթորիկը կը խաղաղեցնէ» նիւթը: Տէր հայրը Աստուծոյ խօսքէն քաղած իր պատգամով կ՛ուզէր պարզաբանել, թէ ո՞վ է մեր մեծագոյն բարեկամը, որ իր բարեգթութեան օրհնութիւնը կը շնորհէ մեզի եւ տառապեալ ժողովուրդը պատեհութիւն կ՛ունենայ խաղաղ ու երջանիկ ապրելու երկրի վրայ:
Ներկաները նկարուելէն ետք հիւրասիրուեցան, իսկ ուսանողները իրենց կրթանպաստի Ա. բաժինի կողքին ստացան մէկական Աւետարան:
Հաւաքը վերջ գտաւ Վահան Ծ. վրդ. Պէրպէրեանի «Պահպանիչ»-ով:
Այս առիթով կը շնորհաւորենք «Կենդանի յոյս»-ի պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Ս. Ծննդեան տօնի առիթով Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, որուն ձեռամբ շուրջ 400 հայ համալսարանականներ կրթանպաստ ստացան:
Այսպէս, հակառակ տիրող պատերազմական պայմաններուն եւ կենցաղային հրատապ հարցերուն, ժողովուրդը կը շարունակէ գոյատեւել շնորհիւ իր համայնքապետներուն, բարեսիրական միութիւններուն եւ պատասխանատուներուն, որոնց նուիրումի խօսուն մէկ վկայութիւնը համալսարանականներու զօրակցութիւնն է:
ՀՌԻՓ ԿԱՆԱՆԵԱՆ