ԱՐՄԷՆ ԱՄԱՏԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք 1965 փետրուարին «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ լոյս տեսած անդրադարձ մը, որ կը պարունակէ շահեկան տեղեկութիւններ փետրուարեան ապստամբութեան մասին:
Ծանօթ է պատմութիւնը:
Պիտի գոհանանք քանի մը արագ հաստատումներով:
- 2 դեկտեմբեր 1920-ի յետ բանակցութեանց, Լըկրտնի պատուիրակութեան եւ Դրօ Տէրտէրեանի խորհրդային յեղափոխութեան իշխանութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ կը կնքուէր 8 կէտերէ բաղկացեալ համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ Հայաստան կ՛ընդունէր խորհրդային կարգերու հաստատումը իր սահմաններէն ներս` այն հիմնական հասկացողութեամբ, որ պիտի պահէր ներքին անկախութիւնը, գոհացում պիտի տրուէին հողային իր կարգ մը իրաւունքներուն, հայկական բանակի հրամանատարական կազմն ու Դաշնակցութեան անդամները պատասխանատուութեան պիտի չենթարկուէին մինչեւ խորհրդայնացումի թուականը կատարուած գործերու համար, խորհրդային կառավարութիւն մը միջոցներ ձեռք պիտի առնէր Հայաստանի Սոցիալիստական Խորհրդային Հանրապետութեան ապահովութեան պաշտպանութեան համար եւ այլն եւ այլն:
2 դեկտեմբեր 1920 թուակիր այս համաձայնագիրը նոյնութեամբ տեղ կը գտնէր, 1921-ին խորհրդային իշխանութեան կողմէ հրատարակուած պաշտօնական հաւաքոյթի մը մէջ, որ կը կրէ «Ժողովածու գործող դաշնագիրներ» անունը:
Պատմութիւնը զգացումի չի հաւատար առ հասարակ:
Իսկ մեր կեանքին մէջ, տարաբախտօրէն, զգացումներն են, որ կը վարեն մեզ:
Գրեթէ կը մոռնանք, որ հանրապետական Հայաստանի կառավարութիւնը, ներսէն թէ դուրսէն սովետեւթուրք գործակցութեան չարադէպ ճնշումներուն, դաւերուն ու խաբէութեանց ենթակայ, երկու սուրի մէջ եւ ուժասպառ` նախ կը համակերպէր խորհրդայնացումի ճակատագրին, ապա նաեւ կը հրաւիրէր ժողովուրդը պաղարիւնով դիմաւորելու ստեղծուած նոր կացութիւնը եւ մնալու օրինապահ:
Տարբեր խօսքով, ո՛չ միայն չէր փորձեր անկարելին` պոլշեւիկեան մուրճին ու թրքական սալին միջեւ անզօր ու ապարդիւն կռիւը շարունակելու համար, այլեւ կ՛ուզէր հաւատալ յեղափոխական դրօշի տակ ու Լենինի պաշտօնական պատգամով Սոց. Հայաստանին անկախութիւն խոստացող նոր իշխանութեան:
Լոկ այս պատմական փաստի լոյսին տակ կարելի չէ ժխտել դաշնակցական կառավարութեան հին ու անխախտ դաւանանքը. հայութեան գոյութիւնը վեր նկատել բոլոր մասնակի շահերէն, նկատել աներկրորդելի մտահոգութիւն` այն խորունկ հաւատքով ու համոզումով, որ երբ կը փրկես համրանքն ու հայրենիքը, փրկած կ՛ըլլաս այդ նոյն ժողովուրդին ու հայրենիքին ապագայ ազատութիւնն ու անկախութիւնը:
Ոչ ոք կրնայ մեղադրել դաշնակցութիւնը եւ Հայաստանի հանրապետական կառավարութիւնը, որ` չփորձեց լեզու գտնել համայնավար իշխանութիւններու հետ»:
Այս ծակ իմաստութեան ջատագովանքը կ՛ընեն յաճախ դարավերջիկ «հայրենասէր»ները: Անոնք, որոնք Դաշնակցութիւնը մեղապարտ հռչակելու համար չեն վարանիր պատմութիւնն իսկ ներկելու…
Յամին 1920, դեկտեմբեր 2-ին, պոլշեւիկին ու թուրքին «եղբայրական դաւակցութեամբ` հայուն եւ Հայաստանի դէմ, հանրապետական կառավարութիւնը հարկադրուեցաւ համակերպիլ հայրենիքի խորհրդայնացման պարտադրանքին` համրանքի փրկութիւնն ու հողային ապահովութիւնը գերիվեր նկատելով ամէն կարգի մտահոգութենէ:
Եւ պաշտօնապէս կնքուած երկողմանի համաձայնագրի հիման վրայ, որ կ՛երաշխաւորէր Խորհրդային Հայաստանի «անկախութիւնն» ու դաշնակցական ղեկավարութեան եւ զինուորական հրամանատարութեան ապահովութիւնը, խորհուրդ տուաւ ժողովուրդին, պաշտօնէութեան թէ դաշնակցական շարքային ընկերներուն` մնալ հանգիստ, խաղաղ եւ օրինապահ:
2.- Ի՞նչ Պատահեցաւ Սակայն:
Պատմութիւնը կ՛ըսէ, եւ ո՛չ ոք կրնայ այս ճշմարտութիւնը ծեփել մուրով կամ սուտով, թէ 2 դեկտեմբերի 1920-ին իսկ յետմիջօրէի ժամերուն, հազիւ իշխանութեան գլուխ անցած պոլշեւիկները դարձան անզուսպ գազան:
Կարմիր բանակը Դիլիջան-Քանաքեռի գծով Ազրպէյճանէն տակաւին Հայաստան չմտած` ծայր տուին վայրագութիւնները: Կողոպուտ ու թալան: Հալածանք եւ խուժդուժութիւն:
1920 դեկտեմբեր 2-էն մինչեւ 1921 փետրուար 17` Հայաստան Յեղկոմն ու Չեկան, ձեռք ձեռքի, մէկը գազանացած ու միւսը` արիւնարբու, արիւն ու աւեր սփռեցին հայրենիքի մէջ` անխնայ հալածելով, բանտարկելով, աքսորելով, գնդակահար կամ կացինահար խողխողելով, քանդելով եւ կեղեքելով, լրբանալով ու բռնանալով քաղաքային թէ զինուորական բնակչութեան վրայ:
Բանտերը լեցուեցան պետական թէ զինուորական ղեկավար դէմքերով` Շանթ, Աղբալեան, Դարբինեան, Նաւասարդեան, Համազասպ, Յովսէփ Տէր Դաւթեան, Բաշխի Իշխանեան, Վարոս Բաբայեան, Արշալոյս Աստուածատուրեան…
1921-ի յունուար 24-ին հայկական բանակի մաս կազմող 1200-էն աւելի սպաներ, որոնց կարգին` Նազարբէկեանի ու Սիլիկեանի նման ծերունազարդ զինուորականներ, հետիոտն քշուեցան դէպի սառնամանիք, ձմրան ցուրտին ու բուքին: Խնդրանք, պահանջ, բողոք` մնացին ապարդիւն: Մէկ օրէն միւսը, խորհրդային իշխանութիւնը կ՛ուրանար իր պաշտօնական յանձնառութիւնները եւ կը մերժէր լսել:
Պարպուեցան հայ գիւղացիին մառանները` իւղ, ալիւր, ցորեն, հագուստ կապուստ…
Որբերն ու որբանոցներն անգամ զերծ չմնացին թալանէն ու հալածանքէն:
Արգելափակուած յայտնի դէմքերու տապարահար խոշտանգումի լուրը սուգ ու զայրոյթ տարածեց հայրենիքի մէկ անկիւնէն միւսը:
Համակերպած գիւղացին ու կոտորածներուն ականատես քաղաքացին սկսան մեղադրել հանրապետական կառավարութեան ու դաշնակցութեան ղեկավար դէմքերը` զանոնք պատասխանատու հռչակելով համատարած սարսափին ու գազանութեան:
18 փետրուարի նախօրեակին Հայաստանի ներքին հակակշիռը անկարելի էր դարձած` օրուան առաջնորդներուն համար:
Համակերպումի եւ հանդուրժողութեան զգացումին յաջորդած էր շղթայազերծ ընդվզումն ու անդիմադրելի պոռթկումը:
Ժողովուրդներու կեանքին մէջ անխուսափելի կը դառնայ տարերային ըմբոստութիւնն ու անսանձելի ծայրայեղութիւնը, երբ բռնակալ եւ բարբարոս իշխանութիւններ զանգուածներու մէջ կ՛արմատացնեն այն համոզումը, թէ համակերպումն ու հանդուրժողութիւնը չարաչար կը գործածուին, եւ կրաւորականութիւնը կը շփոթուի ամբողջական ստրկութեան հետ:
Շա՜տ ճիշդ է փետրուարեան ողբերգութեան ականատես վաստակաւոր հանրային գործիչի մը այն բնորոշումը, թէ «Քարե՜րը պիտի աղաղակէին», եթէ 1921 փետրուարի 17-ին, կէս գիշերէն դէպի արշալոյս, Հայաստանի հայութիւնը չպատռէր դաժան բռնակալութեան քողը հայրենիքի մէկ սահմանէն միւսը ու չապստամբէր գազանին դէմ:
Սողուն պէտք է ըլլայ մարդ գլուխ ու ճակատ չբարձրացնելու համար զինք յօշոտող բարբարոսին դէմ:
Ու անոնք, որոնք այսօր «խոհեմութիւ՜ն» կը քարոզեն ազատութեան արեւուն տակ, ուրիշ բան ըրած չեն ըլլար, բայց եթէ… դատապարտել հայը, որ չէ կրցեր գետնաքարշ ու անպատիւ սողուն դառնալ:
Եթէ 18 փետրուար 1921-ին հայութիւնը ապստամբեցաւ բռնաւորին ու գազանին դէմ, պատճառը այն է միայն, որ անհանդուրժելի եւ անշնչելի գտաւ ստեղծուած դժոխային կացութիւնը ու հաշտուեցաւ մահուան գաղափարին հետ:
«Գիտացեալ մահու» իմացում մը կայ փետրուար 18-ի էջին վրայ, ուր հայ մարդը արժանի չէ իր ազգութեան անունին, երբ… «արկածախնդրութիւն» կը փնտռէ արութեան եւ արժանապատուութեան խոյանքի մը ետեւ: